Ապարանք մըն է մեր մայրենին, փառահեղ եւ բարեզարդ բնակարան, թէ՛ իշխանի եւ թէ՝ մշակի։ Այդ քարաշէն տունը հայրենի, մեծ ու շքեղ, լայնանիստ, ուր ծներ եւ մեծցեր ենք, մենք շիներ ենք բառ առ բառ, ու ամէն նոր դար զայն ընթարձակեր ենք սրահներով զարդարուն։ Այսօր երբ մեր ապարանքի արեւելեան սենեակներու մէջ չենք բնակիր, արցախեան բարբառի շատ սիրելի «լոխ լյաւա» արտայայտութիւնը իր բնօրրանի մէջ այլեւս չի հնչեր, աւելին՝ Քաշաթաղի, Տողի եւ եւս տասնեակ մը հայ մելիքի ապարանքները ենթակայ են նոր սեփականատիրոջ հաճոյքին, -մի գուցէ նախ կիսաւեր ապա աւերակ դառնալու ճակատագրին-, ես ալ որոշեցի «ապարանք» բառի մասին գրել եւ հասկնալ, թէ ո՚վ բնակեր է անոր մէջ եւ գրական ի՚նչ յարդարանքով պաճուճեր է զայն։ Ուստի, յարգելի այցելուներ, այժմ, բառարան եւ գրական ժողոուածու կոչուած ոսկեայ բանալիներս հանեմ, «ապարանք»ի դարպասը լայն բանամ, բանանք նաեւ անոր ծանրաքաշ, թաւշեայ վարագոյրները, լուսաւորուի ընդունարանը ու մենք քալենք բարձրաձեղուն սենեակներու մէջ զմայլելով տաղանդաւոր գրիչներու մանրակրկիտ աշխատանքին։
Ոսկեղէն ապարանքներ
«Ապարանք» բառի առաջին քարերը շարեցինք հինգերորդ դարուն։ Աստուածաշունչ մատեանի հայերէն թարգմանութեան մէջ 74 անգամ գործածեցինք զայն։ Անոր էջերու մէջ ութը ածական իջեւանեցաւ բառիս աջ թեւի վրայ. ապարանք՝ ընտիր, մեծամեծ, արքունի, թագաւորի, դատաւորի, փարաւոնի, փղոսկրեայ, փայտակերտ։ Ոսկեդարու հայ հեղինակները նպաստեցին անոր շինութեան, գրի առնելով հետաքրքրական պատկերներ ինչպէս՝ «Բարձրաւանդակ տանիս ապարանից», Ագաթանգեղոս, «Շինուածս անթիւ ապարանացն», Ղազար Փարպեցի։ Մայրենի ապարանքի յաջորդ բնակիչը պիտի ըլլար վանական բանաստեղծ մը՝ Գրիգոր Նարեկացին…
Ապարանքի վերնատունը
Կասկած չկայ, թէ իր բարձրադիր վանքի առջեւ ամէն առաւօտ յայտնուող Վանայ ծովու գեղատեսիլ համայնապատկերն էր Գրիգոր Նարեկացիի սիրելի ապարանքը, լիճն էր անոր աւազանը եւ շրջապատող լեռներն էին անոր պարիսպները։ Բանահիւս Նարեկացին այդ շքեղ պալատի մէջ բաւարարուեցաւ համեստ խուցով մը լոկ, կիսամութ, անզարդ, իսկ իր Մատեանի մէջ ստեղծեց լուսաւոր ապարանքներ. «Ապարանք բարձրութեան», «Ապարանք խրախճանութեան», «Արքայական ապարանք»։
Գիւղս Ապարանք է
Միայն Նարեկացին չէ, որ իր բնաշխարհը դիտեց որպէս շքեղ ապարանք։ Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ անհամար գիւղեր կոչուեցան այդ անունով։ Այո, հոն, գիւղ մը կայ հեռու, մեր գիւղը, աւերակ, անբնակ, չենք գացած, չենք տեսած, բայց ան «սրբազան ապարանք» է մեզի համար։ Կը փափաքի՞ք փոքր ճանապարհորդութիւն մը կատարել եւ այցելել հայրենի քանի մը Ապարանք։ Ահա մեր ուղեգրութիւնը. «Ապարանք», գիւղ Սիւնիքի Երնջակ գաւառի մէջ, «Ապարանք», գիւղ Բալուի մէջ, «Ապարանք» (Ապարանից, Ապրանից), շրջակայ երբեմնի 34 հայկական բնակավայրերու հոգեւոր կեդրոն վանք Երզնկայի մէջ, իսկ վերջինը՝ «Ապարանք», գիւղ եւ վանք Մոկք աշխարհի Միջա (Մամռտանք) գաւառի մէջ. գիւղը Խիզանէն ո՚չ շատ հեռու՝ լեռնային, դժուարամատոյց վայրի վրայ է, իսկ Գրիգոր Լուսաւորչի հիմնած, Նարեկացիի գրական ուշադրութեան արժանացած(*) եպիսկոպոսանիստ վանքը՝ անտառապատ լերան փէշին։ Միթէ կը գտնե՞նք հայրենակից մը հոն, որ մեզի գաւաթ մը պաղ ջուր տայ, որպէսզի բոլորս զովանանք եւ գոհանանք։
Լքուած ապարանքը
Ու միջնադարուն Հայկական Լեռնաշխարհ կոչուած բաւականին ընթարձակ ապարանքի արեւելեան դահլիճն էր Արցախը՝ ուր իշխաններն ու մելիքները կառուցեցին ապարանքներ։ «Մելիքական ապարանքներ» անունով յայտնի այդ պալատ, ամրոց, դեղակները հայկական ժողովրդական բնակարանային եւ պաշտպանական ճարտարապետութեան գեղեցիկ օրինակներն են։ Այսօր յարմար կը տեսնեմ մէկ-երկու ապարանքի եւ շինող-սեփականատէր մելիքի անունը յիշել. «Քաշաթաղի ապարանք», Մելիք Հայկազ Ա., «Ականաբերդի ապարանք», Դոփեաններ, «Մոխրաթաղի ապարանք», Մելիք Ադամ, «Հոռեկաւանի ապարանք», Յովհաննէս շինարար։ Անշուշտ, բախտաւոր են այն ընթերցողներս, որոնք առիթը ունեցեր են մասնակցելու Արցախեան գինիի փառատօներէն մէկուն, որոնք տեղի կ’ունենային 1737 թուականին Դիզակի մելիք Եգանի կողմէ կառուցուած Տողի մելիքական ապարանքի տարածքի վրայ։
Գրիչով շինեցի ապարանքներ
Հայ գեղապաշտ գրիչը 19-րդ դարու վերջին տարիներուն ստեղծեց քնարական ապարանքներ։ Անոր շինանիւթերն էին նրբակերտ բառեր, բազմերանգ ածականներ, գրական պայծառ պատկերներ։ Ըստ այդ սերունդի՝ «ապարանք» բառը երազային էր, իշխանավայել պերճութիւն եւ սիրոյ օրրան։ Դանիէլ Վարուժանին թուաց, թէ ինքը սպիտակափայլ շքեղութեան մը արքան էր. «Ապարանքին մէջ մարմար կախարդական Երազին, / Ուր աստղակուռ ջահեր լոյս անձրեւելով կը վառին, / Ես Արքայ մ՚եմ այս գիշեր Արեւելքի ճոխութեանց»։ Աւետիք Իսահակեանին թուաց, թէ իշխանազուն մըն է ինքը՝ փափաքեցաւ գեղջուկ աղջկան մը ձեռքը բռնել եւ զայն տանիլ ապարանք. «Չքնա՚ղ աղջիկ, դու վհո՞ւկ ես, թէ փերի… / Երթանք հօրս ապարանքը մարմարի»։ Իսահակեանը քերթուածներու մէջ այլ ապարանքներ ալ կառուցեց, ինչպէս՝ «Լուսակերտ ապարանք» եւ «Ապարանք գեղանի», ապա մեզի պարգեւեց զմայլելի պատկեր մը. «Ապարանքի եբենոսեան դռներից երազանոյշ մուշկ ու կնդրուկ է բուրում»։ Իսկ Երուանդ Սրմաքէշխանլեանը նկարագրեց ամիրայի մը պոլսական ապարանքը։ Ահա, թէ ի՚նչ տեսք ունէր ան. «Պերճ ու հոյակապ ապարանք», «Մեծափարթամ ապարանք», «Ճոխ ու աղմկալի ապարանք»։ Բայց, օր մը, հայկեան ապարանքը շքեղ եւ երազը լուսաւոր, Սիամանթօն էր ականատեսը, քանդուեցաւ, «լայնանիստ պատերը իրարու վրայ կործանեցին», «մոխրացա՜ւ սենեակը կապոյտ», «փշրեցաւ հայելին ոսկեծիր»։ Ակնցին այդ սարսափի օրը վերածեց քերթուածի ու որոշեց անոր բացումը կատարել հետեւեալ տողով. «Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ»։
Թղթակազմ ապարանքներ
Չորս, այո, բոլորն ալ Երեւանի մէջ լոյս տեսած, ընդամէնը չորս գիրք հրատարակած ենք «ապարանք» խորագրով։ Բոլորին ալ ներածութիւնը այժմ ծանօթ է ձեզի։ Երկու հատը պատմական ուսումնասիրութիւններ են. «Նոր Ջուղա։ Խոջայական ապարանքների գեղարուեստական յարդարանքը», 1930, «Արցախի եւ Սիւնիքի մելիքական ապարանքները», 2001, իսկ յաջորդ երկուքը գրական են. «Ապարանքի Սուրբ Խաչի պատմութիւնը- Գրիգոր Նարեկացի», 2005, եւ «Եթերային ապարանք- Բանաստեղծութիւններ», 2016։
Ապարանքը մամուլի մէջ
Յարգելի ընթերցող, հայրենի մամուլի մէջ որոնեցի ապարանքներու նուիրուած հարուստ լուրեր, ճանապարհորդական տոմսեր, պատկերազարդ նկարագրութիւններ… Ապարդիւն։ Լոկ գտայ քանի մը դժբախտ վերնագիր. «Գիւղը չունի մանկապարտէզ, բայց գիւղապետը ունի ապարանքներ», «Տունս գոմ եմ անուանել, որովհետեւ կողքի տներն ապարանքներ են», «Չունենք ապարանքներ եւ մեր պաշտօնը չենք օգտագործել բիզնեսներ հիմնելու ու խլելու համար»։ Իսկ եթէ դուք հայրենիքի մէջ ապարանքի մը սեփականատէրն էք, ականջ տուէք կառավարութեան նոր որոշումին. «Ապարանքների հարկն աւելանալու է»։
Սարի ապարանքը
Այսօր, յարգելի ընթերցող, աւարտեցինք բանաւոր ապարանքի կառուցումը։ Եթէ կարծենք, թէ զարդարանք մը, պատշգամ մը ծովահայեաց կամ որմնանկար մը աչքառու կը բացակային անկէ՝ յաջորդ սերունդները շարունակեն մեր աշխատանքը, քար մը շարեն պատի վրայ, հոր մը բանան անոր քով, ինչպէս Եգան մելիքի ապարանքը, որ 150 տարի տեւեց որ դառնայ մեծատուն։ Որպէս հրաժեշտի խօսք թոյլ տուէք, որ հայրենի բանաստեղծ Արմէն Ալաւերդեանի խօսքը մէջբերեմ, «Ապարանքս սարին լինէր»։ Նոյնպէս ես կը մաղթեմ, որ ձեր ապարանքը, եւ մեր մայրենին, ըլլան բարձրադիր, բազմայարկ, բազմամարդ, աղմկալի եւ փարթամ, միշտ կանգնած մնան ամուր քարի վրայ եւ ամէն սերունդ զայն զարդարէ ամէն դար։
(*) 983 թուականին Ապարանից վանքի Ս. Աստուածածին եկեղեցուոյ օծման հանդէսին ներկայ Գրիգոր Նարեկացին Ստեփանոս եպիսկոպոսի խնդրանքով կը գրէ վանքի պատմութիւնը ու կը նկարագրէ եկեղեցուոյ փառաւոր նկարները, գեղեցիկ քանդակները, շքեղ սպասքն ու վարագոյրները։