ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երազելն անգամ անոյշ է

Ուրախա­ցանք Պեր­լին քա­ղաքը կի­սող պա­տին փլուզման պատ­կե­րը տես­նե­լով։ Բ. Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի աւար­տին, իբ­րեւ պար­տո­ւած եր­կիր Գեր­մա­նիա ակա­մայ հար­կադրո­ւեցաւ հա­րազատ երկրի տա­րան­ջատման։

Կար­ճա­տեւ եղաւ այդ ու­րա­խու­թիւնը։ Մար­դիկ շու­տով մո­րացան «Ան­գամ մըն ալ եր­բե՛ք» կար­գա­խօսի իմաս­տը։ Պուշ կրտսե­րէն ետք, իբ­րեւ յի­մարու­թեան մարմնա­ցում Թրամբ եկաւ բազ­մե­լու ԱՄՆ նա­խագա­հի աթո­ռին։ Գաղ­թա­կան­նե­րու մուտքը ար­գի­լելու հա­մար դի­մեց ամե­նանախ­նա­կան մի­ջոցին, երբ պատ հիւ­սեց Մեք­սի­քայի սահ­մա­նի եր­կայնքով։ Պատ հիւ­սե­լու ճա­րը ձեռնտու թո­ւեցաւ այ­լոց եւս։ Իս­րա­յէլ պա­տով ան­ջա­տեց իր եր­կի­րը Պա­ղես­տի­նէն։ Թուրքիա պա­տեր հիւ­սեց հա­րաւա­յին սահ­մա­նի եր­կայնքին։ Յու­նաստան Մա­րիցա գե­տեզ­րին եթէ ոչ պա­տեր, այլ փշա­թելե­րով ամ­րա­ցուց Թուրքիոյ սահ­մա­նը։ Այժմ եւ­րո­պացիք Մի­ջերկրա­կանի ափե­րը եւս կ՚ամ­րացնեն ժայ­ռա­կոյ­տե­րով։

Մենք որ հեգ­նանքով ու ծի­ծաղով դի­տած ենք մարդկու­թեան այս թշո­ւառ ճա­րահա­տու­թիւնը, այ­սօր մենք ալ խոր­հուրդ պի­տի տանք Զան­գե­զու­րի հա­րող շրջան­նե­րը բարձր պա­տերով անա­րիկ պա­հել։

Իս­կա­պէս ճա­րահա­տու­թիւն մըն է այս, քա­նի որ ոչ Իլ­համ Ալիեւ եւ ոչ ալ Ռե­ճեփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան նպա­տակ չու­նի խօս­քէ հասկնա­լու։ Անոնք եր­կուստեք յա­մառ պա­հան­ջա­տիրու­թեամբ կը հո­լովեն Զան­գե­զու­րի մի­ջանցքի մա­սին։

Հա­յաս­տա­նի լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւններ վեր­ջերս կը հա­ղոր­դեն թէ բո­լոր աշ­խա­տանքնե­րը աւար­տած են Մար­գա­րայի ան­ցա­կէտի վրայ։ Այ­սինքն Հա­յաս­տան-Թուրքիա սահ­մա­նակէ­տը պատ­րաստ է շա­հագործման։ Սա­կայն այս մա­սին Թուրքիա կը հրա­ժարի կամք դրսե­ւորե­լէ եւ այս զար­գա­ցու­մը անար­ձա­գանգ կը մնայ Թուրքիոյ կող­մէ։

Եթէ Մար­գա­րայի ան­ցա­կէտը պատ­րաստե­լու փո­խարէն Զան­գե­զու­րը բարձր պա­տերով կամ ժայ­ռա­բեկոր­նե­րով անան­ցա­նելի դարձնէինք, վստահ եղէք որ Թուրքիոյ գրա­ւոր եւ տե­սողա­կան լրա­տուա­միջոց­նե­րը շա­բաթ­ներ շա­րու­նակ իրենց օրա­կար­գի գլխա­ւոր նիւթ կը դարձնէին այս զար­գա­ցու­մը։

Հա­յաս­տան բա­զում ան­գամներ յայ­տա­րարեց թէ Ատրպէյ­ճա­նի եւ Թուրքիոյ հաս­կա­ցողու­թեամբ «մի­ջանցք» բա­նալը երկրի հո­ղային ամ­բողջու­թիւնը խան­գա­րող իմաստ ու­նի եւ ան­կախ պե­տու­թիւնը եր­բեք պի­տի չար­տօ­նէ նման ոտնձգու­թեան։

Նոյն եղա­նակով հա­րեւան եւ մա­նաւանդ սահ­մա­նակից եր­կիր Իրան ալ բա­ցայայտ կեր­պով յայ­տա­րարեց այս պա­հան­ջի դի­մաց իր դժկա­մու­թիւնը։

Ու­րեմն կրկնենք՝ խօ­սակ­ցին հետ պէտք է խօ­սիլ իր հասկցած լե­զուով։

Այս մա­սին նաեւ օրի­նակ կրնանք բե­րել պատ­մա­կան դէպ­քե­րը։

Չի­նացիք թրքա­կան ար­շա­ւանքնե­րը կա­սեց­նե­լու հա­մար չէ որ հիւ­սած էին աշ­խարհի ամե­նաեր­կար պարսպա­պատը։

Ցա­ւալի է հա­զարա­մեակ­ներ ետք ան­հա­մաձայ­նութիւ­նը վերջնա­կանա­պէս լու­ծե­լու հա­մար հար­կադրո­ւած ըլ­լանք նման նախ­նա­կան լու­ծումի մը։ Բո­լորս գի­տենք թէ մարդ արա­րածը պէտք էր ու­նե­նալ բա­նակա­նու­թիւն, որ­պէսզի քա­ղաքակրթու­թիւնը յա­ռաջըն­թաց ար­ձա­նագ­րէ։ Բայց այդ կա­րողու­թե­նէ զուրկ ենք շնոր­հիւ Ալիեւի եւ Էր­տո­ղանի նման քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու։

Բա­րեբախ­տա­բար Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը գի­տակ­ցե­լով իրենց պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան, ան­տես պի­տի առ­նեն այս ան­հե­թեթ առա­ջար­կը եւ պի­տի շա­րու­նա­կեն դի­ւանա­գիտա­կան եւ պե­տական լրջու­թեան հա­մապա­տաս­խան քայ­լե­րով։

Ի՞նչ ըսեմ, երա­զելն ան­գամ անոյշ է։