Անոյշ խօսինք, անոյշ ըլլանք… Այսպիսի խօսք մի գուցէ գոյութիւն չունենայ մայրենիի մէջ, սակայն, յարգելի ընթերցող, որպէսզի նոր տարին ընթանայ եւ աւարտի անուշութեամբ՝ որոշեցի գրել «նուշ» բառի մասին, որ եղեր է անոյշ գոյական մը հայ բանաստեղծներու եւ երգահաններու համար։ Ուստի այսօր յուշիկ-յուշիկ փարատենք հայկական ուշ-միջնադարեան գրականութեան մշուշը շարականագիր Շնորհալիէն մինեւ աշխարհիկ աշուղներ, եւ յիշենք քանի մը քաղձրանոյշ խօսք, առանց մոռնալու նաեւ մեր առողջութիւնը, քանզի ըստ միջնադարեան բժշկութեան եւ ըստ Ամիրտովլադ Ամասիացիի, նուշը որպէս պտուղ պարունակեր է բազմաթիւ օգուտներ։
Փափուկ մաշկի գաղտնիքը
Միջնադարուն մարդիկ գիտէին, թէ նուշի սերմը կը պայծառացնէ ուղեղի աշխատանքը եւ աչքի տեսողութիւնը։ Սա թանկագին գիտելիք չէ՞ նաեւ մեզի համար։ Առաւելաբար, նուշը կը բուժէ արտաքին վէրքերը։ Հայկական Լեռնաշխարհի վրայ նուշը, անոր կաթը եւ ձէթը կ՚օգտագործէին որպէս սնունդ եւ անշուշտ որպէս բժշկութեան միջոց։ Նուշի մասին տեղեկութիւններ գրի առած է Ամիրդովլաթ Ամասիացին։ Ըստ մեր յայտնի բնագէտ, բժիշկ, մատենագիր, դեղագործ եւ բառարանագէտի, եթէ թաց նուշը ուտէք կճեպի հետ ան կ՚օգնէ լինդերի ու բերանի խոռոչի հիւանդութիւններուն, կ՚իջեցնէ ջերմը, ան օգտակար է չոր հազի, արիւնաթքութեան եւ միզապարկի բուժման մէջ, կը մաքրէ կուրծքը, շաքարի հետ ուտելու պարագային կ՚առատացնէ սերմնարտադրութիւնը, եւ վերջապէս նուշը օգտակար է թոքերու համար։ Ստամոքսի ցա՞ւ ունիք. պէտք է ուտել բոուած նուշ։ Ականջի ցաւէ՞ կը տառապիք. օգտագործեցէք նուշի իւղ։ Իսկ, յարգելի տիկնայք, եթէ դուք կ’ուզէք փափուկ, առանց շիկաբիծերու եւ պիսակներու մաշկ ունենալ՝ ձեր դէմքին, կը խրատէ Ամասիացին, քսեցէք նուշ։
Գարնան նշենի
Նշենին կը ծաղկի ապա կը դառնայ ուտելի։ «Նուշ» բառն ալ դարերու ընթացքին տեսեր է բազմաթիւ գարուններ ու ջերմացեր՝ դարձեր է անոյշ ածական եւ պիտանի գոյական։ Ահա այդ համեստ հնգեակը. նշաձէթ, նշատերեւ, նշակաթ, նշաջուր եւ նշաշաքար։ Բառը մեզի պարգեւեց խրատական խօսք մըն ալ. «Մի՚ լինիր փոյթ իբրեւ զնշենի, որ յառաջն ծաղկի, եւ ապա ուրեմն լինի ուտելի»։ Բառը գաղթեց նաեւ հիւսիս, վրաց եւ ուդի լեզուներու մէջ դարձաւ «նուշի»։ Աւելի տպաւորիչը աշուղներ ներշնչող ածականներն են։ Բազմաթիւ չեն անոնք, լոկ երեք բառ, հայկական գեղարուեստական գրականութեան մէջ գեղեցիկ հայուհիներու հմայիչ աչքի համար գործածուած երեք ածական՝ նշաձեւ, նշակերպ, նշանման։
Ուշացած նուշը
«Նուշ» բառը հայկական ազգային-հոգեւոր գրականութեան մէջ, կը ցաւիմ ըսելու, մնաց անպտուղ։ Ես երկար քալեցի մեր քնարերգութեան մրգաստանի մէջ եւ ի զուր փնտռեցի «նուշ» մը։ Աւա՜ղ, հազիւ մէկ-երկու ակնարկութիւն։ Մէկը Սուրբ Գիրքէն էր՝ «Երեք նշաձեւ սկահ մէկ ճիւղի վերայ գնդակով եւ ծաղիկով», միւսը Ներսէս Շնորհալիի գրիչէն. «Արեգակն արդար զհուր սիրոյ ծագեալ / Ծաղկեալ նշենեաց ի յերկրորդին սկզբանց»։ Իսկ պանդուխտ հայու համար նուշն անհամ էր, այնքան ժամանակ որ ան բաժնուած մնար իր հարազատներէն։ Այդ յուզիչ միտքը իր արտայայտութիւնը գտաւ «Տաղ ղարիպի» բանաստեղծութեան մէջ. «Եթէ նուշ ու շաքար խառնեն բերեն, կերակուր զորն ինձ կու տան, / Չ՚ուրախանար սիրտս բաժանեալ ընկերացս, չեմ յիմ երամս։ Սրտաբեկեալ եմ, միջակոտոր»։
Նուշ բերնիկն անոյշ
«Նուշ» բառը քաղցրացաւ ուշ-միջնադարուն, երբ աշուղներ զայն պաշտեցին ինչպէս եարի գեղեցկատիպ բերնիկը, շրթունքը եւ աչքը։ Անանուն տաղասաց մը ըսաւ. «Շողս առեալ շրթանց, / Յայդ նուշ շէքէր բերնէդ, / Խօսիկ մի ծախէ»։ Մէկ այլ տաղասաց գանգատեցաւ, թէ եարը նուշ կը ծախէ, օտարին աժան կը ծախէ, իսկ իրեն համար շատ սուղ է. «Մտիկ իմ եարին էրէք, / Որ նուշ ու շաքար կու ծախէ, / Ով կ՚երթայ՝ նայ արժան կու տայ, / Ես կերթամ՝ նայ սուղ կու ծախէ»։ 1500 թուականներուն Մարտիրոս Խարասարցին գովաբանեց իր եարը. «Աչեր ունիս թուխ եւ անուշ, / Կարմիր երես, ճերմակ եւ նուշ»։ Ղարիբ Մկրտիչ բանաստեղծն ալ էր հմայած. «Ծոցդ գզած բամբակ, ճերմակ, քնքոյշ է, / Պռկներդ շէքէր, շէրպէթ ու նուշ է»։ Սայաթ Նովան 1742 թուականին զմայլած դիտեց իր սիրածի պատկերը եւ գրեց. «Լիզուտ միղր, յա՛ր, բերանտ մէ փնջան. / Պռունգնիրտ նուշ՝ շաքարի արանքում»։ Հայկական քնարերգութեան մէջ Նահապետ Քուչակն էր որ իր եարին եւ նուշին աննման տողիկներ ընծայեց։ Ահա այդ խօսքերը, որոնք 1550-էն մինչեւ այսօր մնացեր են թարմ ու դալար. «Ա՜յ իմ նուռ ու նուշ բերան, նուռ ու նուշ ծաղիկ ու ռահան», «Բերանդ է աղուշ մաղուշ, պռկըներդ է արմաւ ու նուշ»։ Օր մը Քուչակը իր եարը տեսաւ ծառի մը շուքի տակ անհոգ նստած։ Տղան տխրեցաւ. «Նստեր է ծառին շուքը, նուշ դրեր շաքար կու ծախէ. / Ամենուն աժան աժան, իս մոռցեր՝ նուշ կու ծախէ»։ Սիրահար տղան ի՞նչ ընէր նուշը առանց եարի. «Թէ նուշ թէ շաքար կ՚ուտեմ, առանց քեզ չի երթալ ի կուլ»։
Նոր օրուայ նուշը
Գեղահասակ Դանիէլ Վարուժանը, թէեւ մարմնապէս հեռու Վանայ ծիծաղախիտ ծովէն եւ Քուչակէն, հաղորդակից եղաւ աշուղական քնարին եւ ըսաւ. «Ով իմ սիրուն / Բերանդ նուշ / Կ՚հեղու սրտիս մէջ թովչք մ՚անհուն / Ով իմ Անոյշ / Բերանդ նուշ»։ Իսկ վիպագիր եւ բանաստեղծ Կոստան Զարեանը «Տատրագոմի հարսը» բանաստեղծութեան համար երբ ստեղծեց տարաբախտ Սանանի կերպարը անոր տուաւ նուշի աչքեր. «Սանա՜ն... Սա՜նան... նորա նուշաձեւ, երկայն ու կուռ թարթիչների տակը վառուած աչքերում երազանք էր կայծակլտում»։ Իսկ ի՞նչ էր Աւետիք Իսահակեանի երազանքը. քաղցր համբոյր մը լոկ. «Նուռ պաչ կ՚ուզեմ, նուշ պաչեր»։
Երեւանեան գեղեցկութիւններ
Երբ կը փորձէի քալել մեր գրականութեան մրգաստանի մէջ, հիացիկ, ապշած, երեւանեան մայթերու եւ թերթերու վրայ հանդիպեցայ բազմաթիւ մեծատառ գովազդներու։ Հասկցայ, թէ նուշ բառը մեր հայրենակիցներու, յատկապէս տիկնանց համար, ստացեր է բոլորովին թարմ, նրբաճաշակ նոր իմաստ։ Փափաքեցայ այդ երկու-երեք գրաւիչ խորագիրները ձեզի համար մէջբերել մի գուցէ, եթէ ո՚չ հիմա, օր մը գործածելի դառնայ. «Նշաձեւ եղունգները էլ աւելի են նրբացնում կնոջ ձեռքերը», Նelani Nail Studio, Երեւան, «Ինչպէ՞ս ստանալ նշաձեւ աչքեր», բժ. Արարատ Հէքիմեան, Երեւան, «Նշաձեւ, համաչափ աչքերը դիմայարդարման համար ամենաունիվերսալն են», Ori՞ame, Երեւան, «Նորաձեւ մատնայարդարում նուշաձեւ եղունգների համար - դիզայնի գաղափարներ», Արմոնիսիմ կայքէջ, Երեւան։ Ըստ երեւոյթին մայրաքաղաքի պողոտաներու վրայ կան նշաձեւ աչքերու եւ եղունգներու տէր բազմաթիւ գեղեցկուհիներ։ Իսկ այդ աչքերը կտաւի վրայ փոխադրող յայտնի վրձինն է հայրենի գեղանկարիչ Ալեքսանդր Գրիգորեանը, որ յայտնի է որպէս «նշաձեւ աչքերի տիրակալը»։ Անոր դիմանկարներու յատկանիշն է նշաձեւ խոշոր աչքերը։
Նշահամ եղանակներ
Հայկական երգարուեստը քաղցրացաւ նուշով։ Այլեւս, երբ հրաժեշտի ժամը կը մօտենայ, ես կ՚առաջարկեմ ականջ տալ քանի մը հատին։ Առաջինը հարսանեկան երգ մըն է. «Մեր թագւորին ծաղիկ պիտէր ծաղկունաց, / Ծաղիկն էլ նշենի պիտէր ծաղկունաց»։ Հարսանեկան հրապարակի մէկ հեռաւոր, մութ եւ խորհրդաւոր անկիւնի մէջ տղայ մը եւ աղջիկ մը երգախառն ջերմ խօսքեր կը փոխանակեն. «Տղայ.— Ունքդ կամար, աչքդ նուշ է։ Աղջիկ.— Մեղր ու շաքրից սէրդ անոյշ է»։ Մէկ այլ երգ կը նկարագրէ հայուհիները. «Հայաստանի աղջիկները. Եարն անոյշ է, լեզուն նուշ է»։
Այսօր յարգելի ընթերցող խօսքը անոյշ նուշով պէտք է ընդհատել, քանզի յօդուածը հասեր է իր աւարտին։ Կը մաղթեմ որ ունենաք նուշի նման անոյշ տարի, արժանանաք նուշ պաչերուն, ինչպէս Իսահակեանի իղձն էր համեստ։ Որպէս հրաժեշտ ականջ տանք Կոմիտաս վարդապետի ձայնագրած քաղցր երգերուն.
Հուշիկ, նուշիկ
Նազով կը գաս յուշիկ, նուշիկ,
Հուշիկ, նուշիկ սիրուն աղջիկ
Մեր դռան նշի ծառ, եա՜ր, ա՚րի, եա՜ր,
Ոսկի մատնիքդ տար, ա՚նջիգեար եա՜ր։