Լենինը մարդը կը բնութագրէ «գործիք սարքող կենդանի» ըլլալով։ Իրաւացի հաստատում մըն է այդ, քանի որ մկանի ուժէն դուրս, իր խելքով հնարած գործիքներով կեանքը դիւրացնելը միայն մարդ արարածի յատուկ է։
Առաջին անգամ մեր ո՞ր նախահայրն էր, որ իր բազկի ուժէն աւելի ազդեցիկ գտաւ քարի կարծրութիւնը։ Ո՞վ էր որ լարուած աղեղէն արձակուած նետի ազդեցութիւնը գուշակեց։ Անյայտ է թէ նետը օրինակ առաւ նիզակը, թէ ոչ հակառակը։
Ապա եկաւ երկաթը մշակելու ժամանակները։ Շատ երկար տարիներ որսի կամ պատերազմի պահուն օգտուեցանք սրածայր պողպատներէ։ Նախ գիւտը ըրինք չինացիներու միայն ուրախութեան համար օգտագործած վառօդին իբրեւ զէնք շահագործման։ Յետոյ վրայ հասաւ շոգիի ուժէն օգտուելու շրջանը։ Ճնշուած շոգիի ուժը անհաւատալի առիթներ կը ստեղծէր։
Մեր օրերէն դիտելով կարելի է ըսել թէ մինչեւ հոս խօսեցանք շատ նախնական դրութիւններու մասին։ Այսօր հեռավար դրութեամբ կ՚իրականացնենք այնպիսի գործեր, որոնք կը գերազանցեն Ժիւլ Վերնի երեւակայութեան սահմանները իսկ։
Գիտութիւնը ընդմիշտ ընկալած ենք մարդու կեանքը դիւրացնող յատկութիւնով։ Այսօր այդ յատկութիւնը խիստ վիճելի դարձած կ՚երեւի։ Տարակարծութիւնը կը ծագի գիտութեան պատճառած աւերին անդրադառնալով։ Շատ երկար տարիներ միտքով իսկ չէինք անցներ թէ ցանկացած նիւթը ճնշումով իր անօթէն դուրս ժայթքեցնող Ֆրէօնի կազը ի վերջոյ կրնար ծակել երկնակամարի օզոնի շերտը։ Իսկ այդ շերտի բացակայութիւնը կատարեալ սարսափ կրնար յառաջացնել ամբողջ մարդկութեան, աւելի ճիշդ երկրագունդի կենդանութեան։
Այս երեւոյթի մէջ պարտինք ուրիշ մերձեցումով մը ուսումնասիրել գիտութիւնը։ Ան իր էութեամբ բնականաբար անվնաս է, ընդհակառակը օգտաշատ։ Բայց երբ տիրող դրամապաշտ համակարգը կ՚օգտագործէ գիտութիւնը, մեր սպառած սննդամթերքը անգամ կը վերածուի թոյնի։ Աւանդական եղանակով մշակուած բանջարեղէնը ունի իր բնական բուսման եղանակը։ Բայց դրամապաշտ համակարգի պահանջը անսահման սպառում է եւ չարտօնէր որ լոլիկը սպառենք ամրան եղանակին, իսկ կաղամբ կամ շոմինը ձմրան։ Օգտուելով քիմիագիտութեան ընձեռած առիթներէն ներկայ հասարակութիւնը բոլոր տեսակի սնունդներուն կը հասնի տարուայ բոլոր ամիսներուն։ Սակայն այդ ալ ունի իր անպատեհութիւնը, քանի որ քիմիական միջոցները այդ անմեղ բանջարեղէնները կրնան վերածել թոյնի։
Միայն այդքանն ալ չէ։ Դրամապաշտ համակարգի պահանջները կը սպառնան նաեւ մարդկային կենցաղին։ Մեծ ընկերութիւններ իրենց բարձրաստիճան կին աշխատողներուն կը յանձնարարեն խուսափիլ յղութենէ։ Անոր փոխարէն կը խոստանան դիմագրաւել կին աշխատողներու հաւկիթներու սարեցման գործողութեան ծախսերը։ Խորհուրդ կու տան որ այսպէսով անոնք դուրս չեն մնար արդիւնաբեր աշխատանքէ, եւ թոշակառու դառնալէ ետք ալ այդ երբեմնի հաւկիթները մի ոմն սերմի հետ բեղմնաւորելով կը վայելեն մայրանալու հրճուանքը։
Դրամապաշտ համակարգի մէջ գիտութիւնը ոչ թէ մարդկութեան ի նպաստ, այլ շահոյթի գործիք դառնալով ինքնաբերաբար կը դադրի մարդկանց ծառայելէ։
Գիտութեան իւրաքանչիւր նուաճում շուտով կը վերածուի հակամարդկային մեքենականութեան։ Այդ ե՞րբ էր, ուր Փենթակոնի շրջանակները մեծ հպարտութեամբ կը ներկայացնէին գետնափոր եօթյարկանի ապաստարանը ռմբակոծելու կարող հրթիռները։
Կրկնենք Ճիվանու խօսքերը՝ «Խելքի աշեցէք»։