ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Վասն

Ի՞նչպէս թե­­­րացանք մեր լե­­­զուա­­­սիրու­­­թեան մէջ։ Ի՞նչպէս ան­­­տե­­­­­­­սեցինք մեր նախ­­­կին, գրա­­­բարեան բա­­­ւակա­­­նին գոր­­­ծա­­­­­­­ծական «վասն» նախ­­­դի­­­­­­­րը ու մնա­­­ցինք լոկ եր­­­կու՝ «հա­­­մար» եւ «մա­­­սին» բա­­­ռերու հետ։ Մինչդեռ, «վասն» բա­­­ռը, կը յի­­­շէ՞ք, ըն­­­տիր էր, կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծուէր գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան գրակ­­­անութեան մէջ։ Ուստի, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, այ­­­սօր կ՛առա­­­ջար­­­կեմ, վասն ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան, ըլ­­­լանք բա­­­րեխիղճ, թեր­­­թենք հայ­­­կա­­­­­­­կան գրա­­­կանու­­­թեան ոս­­­կեղնիկ էջե­­­րը եւ յի­­­շենք «վասն մե­­­րոյ փրկու­­­թեան» գրո­­­ւած քա­­­նի մը աղօթք եւ «վասն սի­­­րոյ» գրո­­­ւած քա­­­նի մը երգ, ապա մաղ­­­թենք որ այս աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը հաս­­­նի իր աւար­­­տին առանց դառ­­­նա­­­­­­­լու «բա­­­զում աշ­­­խա­­­­­­­տանք վասն ոչին­­­չի»։


Աղօ­­­թեա՛ վասն մեր

«Վասն» բա­­­ռը հա­­­յոց լե­­­զուի մէջ յայտնուեցաւ որ­­­պէս հո­­­գեւոր գրա­­­կանու­­­թեան սի­­­րելի բա­­­ռը։ Հայ հա­­­ւատա­­­ցեալը իր աղօթքնե­­­րու մէջ զայն առա­­­տօրէն գոր­­­ծա­­­­­­­ծեց, անոր հետ հիւ­­­սեց բազ­­­մա­­­­­­­թիւ աղա­­­չանքներ։ Հա­­­յը իր հա­­­ւատամ­­­քի մէջ ըսաւ. «Վասն մե­­­րոյ փրկու­­­թեան իջեալ ի յերկնից՝ մարմնա­­­ցաւ, մար­­­դա­­­­­­­ցաւ, ծնաւ կա­­­տարե­­­լապէս»։ Որ­­­պէս Քրիս­­­տո­­­­­­­սի ծննդեան ճրա­­­գալոյ­­­ցի շա­­­րական Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցին գրեց. «Ան­­­կա­­­­­­­նիմք առա­­­ջի քո, սուրբ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին, եւ աղա­­­չեմք զա­­­նարատ զկոյսդ, բա­­­րեխօ­­­սեա՛ վասն ան­­­ձանց մե­­­րոց»։ Ապա, հա­­­յը իր Փրկչի խա­­­չելու­­­թեան օրը երեք ան­­­գամ եր­­­գեց. «Սուրբ Աս­­­տո­­­­­­­ւած, Սուրբ եւ հզօր, Սուրբ եւ ան­­­մահ, որ խա­­­չեցար վասն մեր»։ Բա­­­նաս­­­տեղծ եւ քա­­­րոզիչ Արիս­­­տա­­­­­­­կէս վար­­­դա­­­­­­­պետ Խար­­­բերդցին, 1620-30 թո­­­ւական­­­ներն էին, գրեց խրա­­­տական տաղ եւ ըսաւ. «Զմեղսն խոս­­­տո­­­­­­­վանե­­­ցէք, վասն մե­­­ղաց ի սուգ կա­­­ցէք»։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, երբ յա­­­ջորդ ան­­­գամ ըն­­­թերցե­­­լու ըլ­­­լաք Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչ մա­­­տեանը, յի­­­շեցէ՛ք, թէ հայ գրա­­­շարը 2600 ան­­­գամ քով քո­­­վի դրած է «վ», «ա», «ս» եւ «ն» տա­­­ռերը։ Սուրբ Գիր­­­քի մէջ դուք կը կար­­­դաք իմաս­­­տուն, խրա­­­տական եւ խորհրդա­­­ւոր խօս­­­քեր, ինչպէս՝ «Մին­­­չեւ ՛ի մահ մար­­­տի՛ր վասն ճշմար­­­տութեան», «Լա­­­րեա, ուղղեա եւ թա­­­գաւո­­­րեա վասն ճշմար­­­տութեան», «Նո­­­խազ մի յայ­­­ծեաց վասն մե­­­ղաց»։ Իսկ ան­­­հա­­­­­­­մար են սուրբ գրա­­­յին այն բա­­­ռերը որոնք «վասն» բա­­­ռի աջ կող­­­մը յայնտուեցան: Ահա տաս­­­նեակ մը. վասն՝ հա­­­ցի, մե­­­ղաց, պոռնկու­­­թեան, ան­­­գի­­­­­­­տու­­­թեանն, յան­­­ցա­­­­­­­նաց, փրկու­­­թեան, կնոչ, ոչ­­­խա­­­­­­­րացն, ման­­­կան, լու­­­սոյն։

Վասն ծխա­­­խոտի

Միշտ չէ, որ «վասն» բա­­­ռը ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ հո­­­գեւո­­­րակա­­­նի գրի­­­չին։ Ժո­­­ղովրդա­­­կան բա­­­նահիւսու­­­թեան եւ տա­­­ղասա­­­ցու­­­թեան մէջ ան յա­­­ճախ յայտնո­­­ւեցաւ ըն­­­տիր գոր­­­ծե­­­­­­­րու մէջ։ 1500-ական­­­նե­­­­­­­րուն երբ հա­­­յուն վի­­­ճակո­­­ւած էր պանդխտու­­­թիւնը, անա­­­նուն ձեռք մը գրեց յու­­­զիչ տաղ եւ նկա­­­րագ­­­րեց գաղ­­­թա­­­­­­­կանի վի­­­ճակը. «Վայ­­­րի հա­­­ւուկ մի եմ, բռնած ու բե­­­րած դրած զիս ի նեղ զըն­­­դան, / Չու­­­րա­­­­­­­խանայր սիրտ բա­­­ժանե­­­լոյս յըն­­­կե­­­­­­­րացս, որ չեմ յիմ երամ։ / Սրտա­­­բեկեալ եմ, մի­­­ջակո­­­տոր, ճար չու­­­նիմ, զի՞նչ լի­­­նիմ գե­­­րիս»։ Այս եր­­­գին անո՞ւնը. «Տաղ վասն ղա­­­րիբու­­­թեան»։ Այլ գրիչ­­­ներ ժո­­­ղովուրդը բա­­­րոյա­­­պէս դաս­­­տիարա­­­կելու նպա­­­տակով գրե­­­ցին կա­­­տակերգ առակ­­­ներ։ Մէ­­­կը՝ եղ­­­բայր-խնա­­­մի դար­­­ձած գայ­­­լի, ար­­­ջի եւ աղո­­­ւէսի կեղծ հա­­­մերաշ­­­խութեան մա­­­սին էր, անու­­­նը՝ «Տաղ վասն ծի­­­ծաղե­­­լոյ», իսկ կայ մէկ այլ առակ սնա­­­փառու­­­թեան վնաս­­­նե­­­­­­­րու մա­­­սին՝ «Տաղ վասն ագ­­­ռա­­­­­­­ւի»։ Դուք կ՚ու­­­զէ՞ք ձեր ար­­­տի մէջ գանձ գտնել։ Կը յանձնա­­­րարեմ ըն­­­թերցել Վար­­­դան Այ­­­գեկցիի «Կտակ վասն գան­­­ձի» առա­­­կը, եթէ ակ­­­ռա­­­­­­­յի ցաւ ու­­­նիք, ու­­­րեմն կար­­­դա­­­­­­­ցէք Պար­­­սամ Տրա­­­պիզոն­­­ցիի «Վասն ակ­­­ռա­­­­­­­յի» ծի­­­ծաղա­­­շարժ տա­­­ղը, իսկ եթէ ծխող էք, ար­­­տօ­­­­­­­նեցէք, որ Յով­­­հաննէս տա­­­ղասա­­­ցը «Վասն թու­­­թունի» խրա­­­տական տա­­­ղի մէջ ձե­­­զի բա­­­ցատ­­­րէ այդ «ան­­­պի­­­­­­­տանի» վնաս­­­նե­­­­­­­րը. «Ով որ սո­­­վոր է ի թու­­­թուն, / Բա­­­զում վնաս գոր­­­ծէ հո­­­գոյն, / Վնաս հո­­­գոյն եւ վիշտ մարմնոյն, / Ձե­­­ռօք աւեր առ­­­նէ զիւր տուն»։

Ամէնն վասն ագա­­­հու­­­թեան

«Վասն» բա­­­ռը, օրեր եղան ճա­­­կատագ­­­րա­­­­­­­կան, յայտնո­­­ւեցաւ ազ­­­գա­­­­­­­յին, քա­­­ղաքա­­­կան լրջա­­­գոյն գոր­­­ծե­­­­­­­րու մէջ որ­­­պէս խո­­­րագ­­­րի կա­­­րեւոր բա­­­ղադ­­­րի­­­­­­­չը։ Այդ գիր­­­քե­­­­­­­րու ամե­­­նէն յայտնին է Եղի­­­շէ պատ­­­մի­­­­­­­չի ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւ­­­նը, որ կո­­­չուե­­­ցաւ «Վասն Վար­­­դա­­­­­­­նայ եւ հա­­­յոց պա­­­տերազ­­­մին»։ Այս գիր­­­քի հե­­­ղինա­­­կու­­­թե­­­­­­­նէն 1500 տա­­­րի ետք Վա­­­հան Թէ­­­քէեան բա­­­նաս­­­տեղծը խա­­­չապաշտ մար­­­տիկնե­­­րը փա­­­ռաբա­­­նող երկտող մը գրեց. «Վասն Յի­­­սու­­­սի, վասն հայ­­­րե­­­­­­­նեաց / Յա­­­ռա՜ջ Վար­­­դա­­­­­­­նի ձայ­­­նը հո՛ն գո­­­ռաց»։ Թա­­­դէոս Սե­­­բաս­­­տա­­­­­­­ցին 1551 թո­­­ւակա­­­նին գրի առաւ եր­­­կա­­­­­­­րաշունչ տաղ մը, պատ­­­մեց 1514-1555 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու թուրք-պարսկա­­­կան պա­­­տերազ­­­մը եւ բա­­­ցատ­­­րեց, թէ այդ պա­­­տու­­­հա­­­­­­­սը ին­­­չու պա­­­տահե­­­ցաւ հա­­­յոց աշ­­­խարհին. «Մե­­­ղաք, զպա­­­տուի­­­րանն ան­­­ցաք, Քրիս­­­տո­­­­­­­սի մեք ոչ լսե­­­ցաք, / Վասն այն ատե­­­լի եղաք, յայ­­­լազգեաց ձեռն մատ­­­նե­­­­­­­ցաք: / Վասն այն չա­­­րի դի­­­պեցաք, որ ըն­­­տիր մարդ իս­­­կի չկայ»։ Սե­­­բաս­­­տա­­­­­­­ցին այդ ըն­­­տիր աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թիւնը անո­­­ւանեց «Վասն շարժման Կար­­­միր Գլխոյն, որ եկեալ այ­­­րեաց եւ աւե­­­րեաց զՀա­­­յոց աշ­­­խարհս մին­­­չեւ Երզնկան»։ Տա­­­թեւի վան­­­քի վա­­­նահայր Գրի­­­գոր Տա­­­թեւա­­­ցին 1400-ին գրի առաւ «Վասն ագա­­­հու­­­թեան» քա­­­րոզը, իսկ մէկ այլ նշա­­­նաւոր գոր­­­ծիչ՝ Ամիդ քա­­­ղաքի հո­­­գեւոր առաջ­­­նորդ Մկրտիչ Նա­­­ղաշն ալ գրի առաւ նոյ­­­նա­­­­­­­նուն բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը եւ մե­­­զի բա­­­ցատ­­­րեց թէ աշ­­­խարհի վրայ ին­­­չու կան չա­­­րիք­­­ներ. «Ինչ թա­­­գաւորք եւ մեծ իշ­­­խանք, / Որ հե­­­ղելով իրար կռուան… / Զինչ որ արիւն յեր­­­կիր հե­­­ղան, ամէնն վասն ագա­­­հու­­­թեան»։

Վասն ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեան

Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, դուք չկար­­­ծէք, թէ «վասն» բա­­­ռով սկսող ամէն մէկ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն խո­­­ժոռա­­­դէմ է, յան­­­ցա­­­­­­­ւոր կամ մե­­­ղաւոր։ Հա­­­յը այդ բա­­­ռը օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծեց նաեւ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւն ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Սա­­­կաւա­­­թիւ են այդ օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը, սա­­­կայն յոյժ զո­­­ւար­­­ճա­­­­­­­լի։ Յով­­­հաննէս Թլկու­­­րանցին օր մը տե­­­սաւ իր եարը եւ գրեց. «Տաղ Յո­­­վանէ­­­սի վասն սի­­­րոյ։ Ես քո սի­­­րուն չեմ դի­­­մանար, հա­­­լալ արա, հան­­­սը մե­­­ռայ»։ Մէկ այլ օր, գա­­­րուն էր, դար­­­ձեալ տե­­­սաւ իր եարին, որ­­­պէս գար­­­նան գե­­­ղեցիկ պատ­­­կեր. «Վասն սի­­­րոյ եւ բնու­­­թեան։ Տե­­­սայ պատ­­­կերք մի գե­­­ղեցիկ, / զէտ զա­­­րեգակն, որ լոյս կու տայ. / Ծոցդ է դրախտ ան­­­մա­­­­­­­հու­­­թեան / ի յետ դարձնէ զե­­­լած հո­­­գին»։ 1500-ական­­­նե­­­­­­­րուն Մար­­­տի­­­­­­­րոս Խա­­­րասար­­­ցին ճոխ սե­­­ղան­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար կը գրէր կեն­­­սուրախ եր­­­գեր։ Այն եր­­­գը որ Այ­­­բէն մին­­­չեւ Քէ հայ­­­կեան տա­­­ռերու կար­­­գով գո­­­վաբա­­­նեց գի­­­նին՝ կո­­­չուե­­­ցաւ «Տաղ վասն ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեան», եւ սկսաւ խնճոյ­­­քը. «Այբն ասէ. / Այ­­­սօր ըմ­­­պեմք, / Բենն ասէ. Բե­­­րէք գի­­­նի. / Ու­­­րախ լեր, ու­­­րախ լեր, ու­­­րախ լեր»։

Գո­­­վասանք վասն խո­­­րագ­­­րի

«Վասն» բա­­­ռը իր փայ­­­լուն շրջա­­­նը ապ­­­րե­­­­­­­ցաւ հայ­­­կա­­­­­­­կան գրատ­­­պութեան երեք հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րու մէջ: 1600-1800 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­ւոր գիր­­­քեր լոյս տե­­­սան, որոնց խո­­­րագ­­­րի մէջ փա­­­ռաւո­­­րապէս բազ­­­մած կը մնայ «վասն» բա­­­ռը։ Ձե­­­զի հա­­­մար ընտրե­­­ցի ու­­­թեակ մը անուն, որոնց տպագ­­­րա­­­­­­­վայ­­­րերն ալ նոյնչափ հե­­­տաքրքրա­­­կան են։ Ահա այդ ըն­­­տիր ցան­­­կը. «Գիրք հա­­­մառօտ վասն իս­­­կա­­­­­­­պէս եւ ճշմա­­­րիտ հա­­­ւատոյ», Նոր Ջու­­­ղա, «Կրթու­­­թիւն վասն ման­­­կանց», Տրիեստ, «Աղօթք վասն հայ­­­րե­­­­­­­նեաց», Փա­­­րիզ, «Ժա­­­մագիրք հա­­­մառօտ վասն ման­­­կանց», Կալ­­­կա­­­­­­­թա, «Հա­­­մառօ­­­տու­­­թիւն քրիս­­­տո­­­­­­­նէական վար­­­դա­­­­­­­պետու­­­թեան՝ վասն նո­­­րավարժ ման­­­կանց», Աստրա­­­խան, «Ճառ վասն տասնհրա­­­մանեան հա­­­ւատոյ», Շու­­­շի, «Տետ­­­րակ աղօ­­­թամա­­­տոյց վասն ջեր­­­մե­­­­­­­ռանդ աղօ­­­թասի­­­րաց», Երու­­­սա­­­­­­­ղեմ, «Հայ­­­նակ եւ մա­­­ճըռ­­­նակ։ Հունգա­­­րական]Այբ ու Բե­­­նի- վասն պի­­­տոյու­­­թեան հայ տղոց», Վիեն­­­նա։ Ո՛չ, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, «վասն» բա­­­ռը Մա­­­տենա­­­դարա­­­նի կամ Ազ­­­գա­­­­­­­յին Գրա­­­դարա­­­նի մէջ ցու­­­ցադրո­­­ւող բառ մը չէ- դեռ։ Կան հա­­­մար­­­ձակ հե­­­ղինակ­­­ներ, որոնք 21-րդ դա­­­րուն կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն «վասն» բա­­­ռը իրենց գիր­­­քե­­­­­­­րու մէջ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծել, վասն լե­­­զուա­­­սիրու­­­թեան եւ վասն վա­­­յել­­­չութեան մե­­­րոյ գրա­­­կանու­­­թեան։ Ահա երեք աչ­­­քա­­­­­­­ռու օրի­­­նակ. «Պոէմ վասն շէն­­­քի եւ շի­­­նու­­­թեան», Երե­­­ւան, «Վասն հի­­­ւան­­­դաց», Ծաղ­­­կա­­­­­­­ձոր, «Նա­­­մակ­­­ներ ռումբե­­­րու տակ։ Վասն հայ գրքի», Հա­­­լէպ։

Եր­­­կու մե­­­ղաւոր­­­նե­­­­­­­րը

Երբ հո­­­գեւոր եղ­­­բայրնե­­­րը նա­­­խան­­­ձե­­­­­­­լով թե­­­րագ­­­նա­­­­­­­հատե­­­ցին Կոս­­­տանդին Երզնկա­­­ցիի «քաղցրա­­­համ» տա­­­ղերը, Երզնկա­­­ցին այդ պա­­­հուն գրի առաւ տաղ մը՝ «Վասն նա­­­խան­­­ձու», եւ բա­­­ցատ­­­րեց այդ նա­­­խան­­­ձի պատ­­­ճա­­­­­­­ռը. «Ոմանք չար են հետ ինձ ու նա­­­խան­­­ձով են յիմ վե­­­րայ, / Վասն իմ գրել բա­­­նիս, որ առ մար­­­դիկ երե­­­ւենայ. / Ասեն թէ՝ Ո՞նց գրէ բան քաղցրա­­­համ ու մեզ կար­­­դայ»։ Իսկ նոր գրա­­­կանու­­­թեան մէջ Թլկա­­­տին­­­ցին էր որ օր մը, դպրո­­­ցի մը շէն­­­քի մէ­­­ջէն լսեց երե­­­խայի մը «խեղդ, նո­­­ւաղած» ձայ­­­նը՝ «Վասն մե­­­ղաց մե­­­րո՜ց… Մե­­­ղաց մե­­­րո՜ց, վասն մե­­­ղաց մե­­­րո՜ց»։ Հե­­­ղինա­­­կին կը բա­­­ցատ­­­րեն, թէ ան պատ­­­ժուած աշա­­­կերտ մըն է պար­­­զա­­­­­­­պէս։

Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, այ­­­սօր ալ ձե­­­զի հրա­­­ժեշտ կու տամ եր­­­գով մը՝ վասն ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեան ձե­­­րոյ։ Գու­­­սան Շի­­­րինի երգն է ան, այ­­­լա­­­­­­­բանու­­­թիւն մը քաղցրա­­­համ, ուր եր­­­կու սի­­­րահար­­­ներ սո­­­խակ եւ վարդ դար­­­ձած կը սի­­­րաբա­­­նին։

Բա­­­ցուիր նա­­­զելի վարդ, ահա գար­­­նան ժա­­­մանակ է,

Սա­­­րերը նո­­­րոգո­­­ւեց, վասն է՞ր չես բաց էլել դու,

Ծաղ­­­կով բա­­­ղը լցո­­­ւեց, վասն է՞ր չես բաց էլել դու,

Հա­­­մաս­­­փիւռը բա­­­ցուեց, վասն է՞ր չես բաց էլել դու

Շու­­­շա­­­­­­­նը տա­­­րածո­­­ւեց, վասն է՞ր չես բաց էլել դու,

Բա­­­ցուիր, իմ անոյշ, քե­­­զանում այդ ի՞նչ նպատակ է։