Նոր Տարուան ու Ծննդին յօդուածը գրելու համար սկսած ենք մտմտալու։ Չեմ կրցած ձերբազատուիլ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի Սուրբ Ծննդեան պատգամի տեղի տուած մտածումներէն։
Սրբազան Պատրիարքը 2024-ի Ծննդեան պատգամին մէջ հասարակութիւնը կը հրաւիրէր համեստութեան։ Այս ընելու պահուն զանազան մէջբերումներ կը կատարէր հայկական եւ մանաւանդ ալ քրիստոնէական գրականութեան ընտիր էջերէն։ Մաթէոսի, Մարկոսի, Փիլիպոսի կողքին Ներսէս Շնորհալիի տաղերէն մէջբերումներով կը հարստացնէր իր միտքը եւ Յիսուսիս ծննդեան եւ մկրտութեան խորհուրդին մէջ դուրս կը բերէր խոնարհութեան ու հեզութեան բազում երեւոյթներ։
Ինք իր մէջ խիստ պատշաճ շարադրութիւն մըն է Պատրիարք Սրբազանի Սուրբ Ծննդեան պատգամը։ Ան իր քրիստոսավայել արձագանգը կը գտնէ բոլոր հաւաքականութիւններուն մէջ։ Սակայն երբ այս տողերը կը կարդանք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի գրիչէն, ակամայ կը տարուինք յիշել երկրի Կրօնից Տեսուչի վերջերս յաճախակի դարձած պատգամները։ Ալի Էրպաշ ալ խօսքը ուղղելով երկրի արքատ հասարակութեան, կը հաւաստիացնէ թէ անոնք Աստուծոյ աւելի սիրելի ծառաներէն են, եւ Երկնաւոր կեանքի փառքերը շատ աւելի շռայլօրէն պիտի մատուցուի իրենց անդենական երթալէ ետք։
Սղաճի զգլխեցուցիչ համեմատութիւններու հասած պայմաններու տակ Կրօնից Տեսուչի խօսքը խաբկանքի կատարեալ տպաւորութիւն կը գործէ։ Մանաւանդ ան այս բանը ընելու պահուն իր կողքին չունի հոգեւոր գրականութեան այդ ընտիր նմոյշները, որոնք ի սկզբանէ շնորհուած են Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։
Խնդիրը արդար աշխատանքի վարձատրութեան դէմ իշխանութեան դժկամութիւնն է։ Մէկ կողմ կուտակուած են իրենց ունեցուածքը բազմապատկող դրամատէրերը եւ անոնց դիմաց ալ աշխատուժի վարձատրութեամբ օրապահիկը հայթայթող ամբոխները։ Ընկերատնտեսական համակարգը ընդմիշտ կը գործէ հարուստները ալ աւելի հարստացնելու եւ աղքատներն ալ ալ աւելի սնանկացնելու համար սարքուած մեքենականութեամբ։
Եթէ ապրուստը աշխատանքով ապահովողներու դիմաց աղքատութեան, խոնարհութեան, հեզութեան բարքը հիւսէք, նոյնիսկ ամենապատշաճ շարադրութիւնները տհաճ կը ստացուի։
Վերջապէս միաստուածային բոլոր կրօններու համար այպանելին ագահութիւնն է, այլ ոչ պահանջատիրութիւնը։ Ագահութիւնն է, որ մահացու մեղքերու շարքէն կը համարուի։ Վերեւ նշուած Սուրբ Գրային բոլոր խրատները ագահութեան դէմ են։ Իսկ Ալի Էրպաշ իր խօսքը կ՚ուղղէ արդար իրաւունքը պահանջող զանգուածներուն։ Եթէ խնդիրը այս կողմէն դիտենք անվարան պիտի ըսենք թէ ի տարբերութիւն իր ծառաներուն Յիսուս Քրիստոս կամ Մուհամմէտ մարգարէ եթէ մեր օրերուն ականատես ըլլային հեռու պիտի մնային հարուստը հարստացնող իշխանաւորներէ եւ թեւանցուկ պիտի պայքարէին արդար աշխատանքի վարձատրութեան ալ արդար կերպով հատուցման համար։ Այդ վարձատրութիւնը դրախտի խոստումներով քարոզելը չի կրնար աստուածահաճոյ առաքելութիւն համարուիլ։
Այս պահուն կ՚արժէ հարցնել, եթէ Աստուծոյ համար աղքատները նախապատիւ են, հապա դուք ինչո՞ւ հարուստներու եւ անոնց թագաւորութեան փողը կը հնչեցնէք։