Ամանորի շեմին հաճելի եւ իմաստալից սովորութիւն է անցնող տարուայ հաշուեյարդարը։ ԶՀՄ-ներ յատուկ հաղորդումներով կը վերյիշեն նախորդ տարուայ ուշագրաւ անցուդարձերը։ Ընթերցողը կամ դիտողը զարմանքի կը մատնուի մտածելով թէ այդ բոլորը պատահած են ընդամէնը անցնող 12 ամիսներու ընթացքին։ Ապա վրայ կը հասնի բարեմաղթութիւններու շարքը։ Մարդիկ բարի ու միամիտ զգացումներով կը ցանկան, որ նոր տարին բարեբեր ըլլայ համայն մարդկութեան համար։
Չենք անդրադառնար, որ անցնող ու գալիք բոլոր տարիները հաւասարապէս օժտուած են բարիքով ու չարիքով։ Շատ անգամ նոյն դէպքը՝ որ ոմանց համար բարիք կը նշանակէ, ահռելի չարիք է ուրիշներու համար։
2023 տարեթիւը Արցախի հայաթափումն է մեզ համար։ Իսկ նոյն թուականը հայոց կողմէ գրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրում կը նշանակէ Ատրպէյճանի հաշւոյն։ Այդպէս է, զարգացումները դիտանկիւնի համաձայն իմաստ կը ստանան։ Մէկուն ուրախութիւնը միւսին թախիծն է նաեւ։
Այս հեւքով աշխարհ 365 անգամ շրջեցաւ իր առանցքին շուրջ եւ աւարտեց արեւի շուրջ կատարած իր դարձը։ Այդ դարձի ընթացքին քանի՞ մահեր պատահեցան եւ քանի՞ ծնունդ տեղի ունեցաւ։ Իւրաքանչիւր ծնունդի համար յիշենք բանաստեղծներու խօսքերը։ Նազըմ Հիքմեթ. «Բարի գալուստ նորածին։ Ահա քեզ կը սպասեն սովը, պատերազմները եւ բազում հիւանդութիւններ։ Եկած է քու ապրելու հերթը։ Բարի գալուստ քեզ»կ՚ըսէ մատնանշելով անխիղճ իրողութիւնը։
Ահմետ Արիֆ նորածինի կերպարը կը բնութագրէ իր քրոջ որդւոյն կերպարին մէջ։ Խրատներ կը փոխանցէ «Սրանք իժերն ու կարիճներն են։ Ճանչցիր իրենք եւ այդպէս աճիր։ Սա վիշտն ու տառապանքն է, այս ալ համբերութիւն։ Սա պատիւն է մեր ճակտին, տիրացիր սրանց ու այդպէս աճիր» ըսելով։
Կեանքը հերթափոխութիւն մըն է։ Ինչպէս կ՚ըսէ Ճիվանին. «Կու գան ու կ՚երթան»։ Ոչ միայն ցախորդ օրերը, այլ ամէն ինչ, ամէն բան, ամէն ոք կու գան ու կ՚երթան։ Այս գիտակցութիւնով է, որ յաճախ կը մաղթենք «Աստուած հերթը չի խանգարէ»։ Մի այլ բանաստեղծ՝ Արսէն Ճանեան ակնարկելով իր ծերունազարդ մօր, իր քերթուածներուն մէջ չէ բայց անձնական զրոյցի մը ընթացքին ըսած էր. «Մայրս հասուն պտուղ մըն է, ամէն վայրկեան կրնայ իյնալ ճիւղէն»։
Կը գիտակցինք բնութեան կանոնին ու կը համակերպինք հասուն պտուղին ճիւղէն իյնալու երեւոյթին։ Անտանելին կեանքի ծաղիկ հասակին, լոկ ոմանց ռազմատենչ քաղաքականութեան համար հողին տակ մտնողներու երեւոյթն է։ Պարտութիւն կրողները կը սգան իրենց կորուստին։ Յաղթանակ տարածները շուտով կը մոռնան այդ յաղթանակի համար կեանքէ փրցուած իրենց զաւակները, որոնք թիւով աւելի քիչ չեն պարտուողներէն։
Թուրքիոյ բանակը իր յայտարարութեամբ 12, իսկ հակառակորդի պնդումով 36 զոհեր ունեցաւ մէկ օրուայ ընթացքին։ Սպայակոյտի նախագահը այդ զոհերու ընտանիքներու կսկիծը սփոփելու համար յայտարարեց թէ իրենք բազմապատիկ աւելի կեանքեր խլած են հակառակորդէն։
Եկէք այս գրութիւնը աւարտենք անգամ մը եւս լսելով Ճիվանիի խրատը. «Խելքի աշեցէ՛ք»։