ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յուսալքութիւնը մահ է

Եկած ենք տարեվերջի մը շեմին։ Այս տարուայ վեր­ջընթեր յօ­դուածն է, որ կը կար­դաք։ Ապա­գայի ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու մէջ բազ­մա­թիւ դէպ­քեր պի­տի յի­շատա­կուին 2023-ի հաս­ցէագ­րումով։

Նոյ­նիսկ տա­րին տա­կաւին չա­ւար­տած ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նեան ապ­րումնե­րու, ըլ­լայ Թուրքիոյ զար­գա­ցումնե­րու կամ հա­մաշ­խարհա­յին վե­րիվայ­րումնե­րու առու­մով որ­քան զար­մա­նալի եղե­լու­թիւններ կը գրան­ցո­ւին։ Տա­րես­կիզբին ո՞վ կը մտա­բերէր թէ ար­ցա­խահա­յու­թիւնը քա­նի մը օրո­ւան թա­փառու­մէ ետք պի­տի կորսնցնէ իր բազ­մա­հազար տա­րինե­րու պա­պենա­կան եր­կի­րը։

Կա­զա իր սո­վորա­կան առօ­րեան պի­տի ապ­րէր, եթէ «ՀԱ­ՄԱՍ» յան­կարծա­կի յար­ձա­կու­մով մը ցի­րու­ցան չը­նէր Իս­րա­յէլի բա­նակի այդքան մեծ վստա­հու­թիւն ընդձե­ռած անվտան­գութեան գմբէ­թը։

Հի­մա շա­տեր կը մտմտան ար­դեօք այդ գմբէ­թը պա­տահա­կանօ­րէն ան­գործա­ծելի դար­ձաւ՝ թէ ոչ, ալ աւե­լի մտա­հոգիչ վար­կա­ծով մը, այս մէ­կը Նե­թան­յա­հուի հետ ծրագ­րո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն մըն էր ակնկա­լուած հե­տեւանքնե­րը ապա­հովե­լու հա­մար։

Իս­կա­պէս կան հար­ցումներ, որոնք կրնան սար­սափ պատ­ճա­ռել։ Սա­կայն հե­տեւան­քը պարզ է բո­լորիս հա­մար՝ 7 Հոկ­տեմբե­րէն այս կողմ սպա­նուած պա­ղէս­տինցի­ներու թի­ւը, եթէ նկա­տի ու­նե­նանք աւե­րակ­նե­րուն տա­կը մնա­ցած­ներն ալ պի­տի գե­րազան­ցէ 20 հա­զարը։

Իս­կա­պէս մեծ ող­բերգու­թեան մը մա­սին է, որ կը խօ­սինք։ Ճիշդ է՝ Կա­զայի մէջ պա­տահած­նե­րը անըն­դունե­լի են, բայց ան­դին կայ շատ աւե­լի մտա­հոգիչ, այլ երե­ւոյթներ։

Թուրքիոյ մէջ ակա­նատես կ՚ըլ­լանք պե­տական հա­մակար­գի հետզհե­տէ փճաց­ման։ Ինչպէս կ՚ըլ­լայ, որ ամ­բողջ պե­տու­թիւն մը պա­տանդ դառ­նայ հա­մաշ­խարհա­յին յան­ցա­գործ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ձեռ­քը։ Օր չանցնիր, որ յան­ցա­գործ աշ­խարհի հան­րա­ծանօթ դէմ­քեր բեր­ման են­թարկո­ւին Թուրքիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Նիւթ մը՝ որու պրպտու­մով ան­հա­մար կեղտ հրա­պարակ պի­տի թա­փի տե­ղի տա­լով նո­րանոր հար­ցումնե­րու։

Այս բո­լորը ու­նին իրենց բա­ցատ­րութիւննե­րը։ Բայց իւ­րա­քան­չիւր բա­ցատ­րութիւն իր հետ պի­տի բե­րէ գայ­թակղու­թեան նոր էջ մը։

Այդ է պատ­ճա­ռը, որ նման խայ­տա­ռակու­թիւննե­րը մին­չեւ տեղ մը կը պար­զո­ւին եւ ապա ամէն ինչ կը մնայ թանձր մշու­շի մը ետին։

Այս օրե­րուն յա­ճախ կը խօ­սուի ֆութպո­լային դաշ­տե­րու վրայ ծա­ւալած անօ­րինու­թիւննե­րու մա­սին։ Մեր զար­մանքով իրա­զեկ դար­ձածնե­րը շա­տերու հա­մար բո­լոր ծալ­քե­րով յայտնի խար­դա­խու­թիւններ են։

Այդ աշ­խարհի մար­դիկ գի­տեն ամէն ին­չի գոր­ծադրման, կի­րարկման եղա­նակ­նե­րը։ Մենք ենք որ ափի­բերան կը մնանք լսե­լով այս բո­լորը։

Իս­կա­պէս ալ ման­րա­մաս­նութիւննե­րով ծրագ­րո­ւած խա­ղի մը ակա­նատես­ներն ենք եւ ամէն ինչ կը կա­յանայ որոշ ծրագ­րի մը հի­ման վրայ։

Այդ միամիտ­նե­րու ափ­սո­սանքներն են, որ յա­ճախ կ՚ընդվզին. «Թուրքիան այս բա­նին ար­ժա­նի չէր» ըսե­լով։

Այս հաս­տա­տու­մը ընել կա­րելի է երկրի Կրթու­թեան Նա­խարա­րի հաս­ցէին, քա­նի որ այս վեր­ջինս կը յա­մառի ուսման հա­մակար­գը որոշ աղանդնե­րու փո­խան­ցե­լու ռազ­մա­վարու­թեան վրայ։ Իր ըրա­ծը կ՚ար­դա­րաց­նէ ըսե­լով որ, «Եթէ այդ աղանդնե­րը չ՚ըլ­լան, ուսման հա­մակար­գին պի­տի իշ­խան, այնպի­սի մար­դիկ, որոնց ցուցմունքով երի­տասար­դութիւ­նը լեռ պի­տի բարձրա­նայ ահա­բեկիչ ըլ­լա­լու հա­մար»։

Իս­կա­պէս ալ ան­հա­ւատա­լի պնդում մը, բայց որ­պէս իրո­ղու­թիւն բազ­մած է մեր դի­մաց եւ ամե­նաբարձր աթո­ռէն կը քա­րոզէ այս միտ­քե­րը։ Այս պայ­մաննե­րու տակ իրաւ ալ ինչպէ՞ս պի­տի դի­մաւո­րենք նոր տա­րի մը, ի՞նչ յոյ­սեր պի­տի սնու­ցենք այս տա­րեմու­տի առ­թիւ։

Կա­րելի՞ է կ՚ար­ծել թէ տա­րին շրջե­լով ամէն ինչ լաւ պի­տի ըլ­լայ։

Բայց ինչպէս կ՚ըսէ Տա­րօն Աճե­մօղ­լու յու­սա­հատե­լու պա­հուն իսկ իրա­ւունք չ՚ու­նինք յու­սալքուելու։