ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պայքար կեղծիքի դէմ

Երկու գիր­քեր, որոնցմէ առա­ջինին անդրա­դար­ձած ենք թեր­թիս չոր­րորդ էջի վրայ։ Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան փլուզման շրջա­նին մա­սին փաս­տա­ցի գի­տելիք­ներ պա­րու­նա­կող, այդ գիր­քէն ետք, այս ան­գամ խմբագ­րա­տան մէջ հիւ­րընկա­լեցինք մի այլ հե­ղինակ, որ այ­ցե­լու­թեան եկած էր թե­ւին տակ ու­նե­նալով իր հե­ղինա­կած պատ­մա­կան ու­սումնա­սիրու­թիւն մը։

Ան խօս­քի սկսաւ նշե­լով թէ մենք հա­մաքա­ղաքա­ցիներ եղած ենք եւ ինք որ­պէս պատ­մութեան ու­սուցիչ ցան­կա­ցած է իր ծննդա­վայ­րի ան­ցեալը ու­սումնա­սիրել։ «Յե­րիւ­րա­ծոյ եւ շատ ան­գամ ալ սուտ ու սխալ առաս­պել մըն է մեր բնօր­րա­նի մա­սին փո­խան­ցո­ւածը։ Շան ան­գամ մար­դիկ փոր­ձած են բո­լորին հա­ճելի թո­ւացող պատ­մութիւն մը հիւ­սել եւ այդ մէկն ալ իրո­ղու­թեան նման փո­խան­ցել յա­ջորդ սե­րունդնե­րուն։ Ես շատ կա­նուխ տա­րիք­նե­րուս անդրա­դար­ձած էի այս խաբ­կանքին, բայց հա­զիւ հի­մա է, որ ծա­ւալուն պրպտումնե­րէ ետք կը հաս­տա­տես թէ, ո՞ր սու­տե­րու վրայ հիմ­նո­ւած է այդ պատ­մութիւ­նը»։

Հե­տաքրքրա­կան էր այս պա­տու­մը, որ մտա­ծել կու տար թէ ար­դեօք ի՞նչ ծա­ւալի կը հաս­նի այս երկրի մէջ պատ­մութեան աղա­ւաղու­մը։ Ան­շուշտ որ նման կեղ­ծա­ւորու­թեան հա­մար պատ­րո­ւակ­նե­րը կամ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րը շատ են։ Մա­նաւանդ ալ ազ­գա­յին գի­տակ­ցութեան մը ձե­ւաւո­րուե­լէն ետք մար­դիկ կա­րիք զգա­ցին իրենք եւ իրենց նախ­նի­ները փա­ռաբա­նող հե­րոսա­պատումնե­րու։ Անոնց իրա­ւացի ըլ­լա­լը կամ չըլ­լա­լը այդքան ալ մեծ նշա­նակու­թիւն չու­նէր։ Մար­դիկ կեր­տե­ցին պատ­մութիւն մը, որ հա­ճելի կը թո­ւէր իրենց եւ դիւ­րաւ հա­ւատա­ցին այդ ար­հեստա­կան պա­տու­մին։

Մու­ոթա­ֆա Այան ընդհա­նու­րին հա­կասող կեր­պար մըն է կ՚երե­ւի, որ չէ հա­մակեր­պած այդ սու­տին եւ փոր­ձած է իրո­ղու­թիւնը տես­նել։ Այստեղ կա­րեւոր դե­րակա­տար մըն է անոր ըն­տա­նեկան ար­մատնե­րը, որոնք եւս խիստ վի­ճելի են։ Կամ առ­նո­ւազն գո­նէ ոչ յստակ։ Ան ծնած է Սու­շեհրի գա­ւառը, որ ան­ցեալին եղած է հա­յաբ­նակ վայր մը։ Ու­րեմն իր պա­տումն ալ սկած է այդ վայ­րի պատ­մութիւ­նը ու­սումնա­սիրե­լով։ Սա­կայն ինչպէս ինք ալ կը վկա­յէ եր­բեք դիւ­րին ու­սումնա­սիրու­թիւն մը չէ եղած այդ, քա­նի որ բո­լորին հա­ճելի թո­ւացող կեղ­ծի­քը շրջե­լը ինքնին ար­դէն իսկ վտան­գա­ւոր գոր­ծընթաց մըն է։ Վերջ ի վեր­ջոյ կրնաս շատ ծանր մե­ղադ­րանքնե­րու են­թարկո­ւիլ։ Չէ որ մար­դիկ ու­րախ են իրենց կուլ տո­ւած սու­տե­րով։ Ու­րա՛խ եւ ապա­հով։ Իսկ այդ բո­լորը հար­ցա­կանի վե­րածել, մինչ այդ ըն­դունո­ւածը մէկ ան­գա­մէն շրջել շա­տերու հա­մար անըն­դունե­լի պի­տի դառ­նար։

Իս­կա­պէս ալ մե­զի հա­մար շատ հե­տաքրքրա­կան է նման այ­ցե­լու­թիւննե­րը։ Իւ­րա­քան­չիւր այ­ցե­լու­թիւնով կար­ծես նոր հո­րիզոն մը կը բա­ցուի մեր դի­մաց եւ խնդիր­նե­րը կը դի­տենք բո­լորո­վին տար­բեր տե­սան­կիւնէ։

Ար­դէն գի­տենք խա­բելու տրա­մադիր մար­դոց մա­սին։ Բայց այս ան­գամ կը հան­դի­պինք այնպի­սինե­րու, որոնք ուխտած են սու­տի դէմ իրո­ղու­թիւնը պաշտպա­նելու եւ խաբ­կանքը մէկ­դի ընե­լու։

Պա­տահա­կան չէ որ անոնց ճամ­բան կը զու­գա­դիպի «Ակօս»ի խմբագ­րա­տուն եւ ինչպէս այս օրի­նակին մէջ կը տես­նենք, այս տե­սակի մար­դիկ նա­խապէս ալ հան­դի­պած են զա­նազան հա­յերու, որոնք փո­խանակ զի­րենք խրա­խու­սե­լու, ընդ հա­կառա­կը թե­լադ­րած են զգոյշ ըլ­լալ, որ­պէսզի գլուխնին փոր­ձանք մը չի գայ։

Ճիշդ է աշ­խարհ կը շրջի, բայց կ՚ար­ժէ հարցնել թէ ար­դեօք ինչպէ՞ս կամ ի՞նչ գի­նով։