ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ամբարտաւանը

Ամբարտա­ւանու­թիւնը սո­վորա­կան երե­ւոյթ մըն է Թուրքիոյ քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ։ Այդ դաշ­տին վրայ խօս­քը ստի­պուած չէ իմաստ ու­նե­նալու։ Պայ­ման չէ որ ըսո­ւածը հա­ւաս­տի ըլ­լայ։ Կ՚ըսես ու կ՚անցնիս այն ինչ որ քե­զի հա­մար հա­ճելի կը թո­ւի, կամ գո­նէ շա­հաւէտ։ Քե­զի վի­ճակո­ղը ցե­խար­ձա­կելն է։ Թող դի­մացի­նը մտա­ծէ թէ ինչպէս պի­տի մաքրէ այդ ցե­խին կեղ­տը։

Զրպար­տութիւ­նը բա­ցար­ձակ ազա­տու­թիւն կը վա­յելէ Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան շու­կա­յին վրայ։ Կա­րեւոր եղա­ծը ըն­կա­լում մը գո­յաց­նելն է։ Այդպի­սի օրի­նակ մըն էր, երբ ազ­գայնա­կան­նե­րու «Յաղ­թա­նակ» (Զա­ֆէր) կու­սակցու­թեան պետ Իւ­միթ Էօզ­տաղ հա­լածան­քի նիւթ կը դարձնէր մեծն Կո­միտաս վար­դա­պետի յի­շատա­կը։ Ան նախ կը փոր­ձէր ստո­րագ­նա­հատել Կո­միտաս վար­դա­պետը, զինք ներ­կա­յաց­նե­լով Դաշ­նակցա­կան քա­հանայ մը։ Ապա նիւ­թը կը կա­պէր օփե­րայի մե­նակա­տար Փեր­վին Չա­քարի, Կո­միտա­սի մշա­կած քրտե­րէն երգ մը կա­տարե­լուն։ Յայտնի է որ ցե­ղապաշտ քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չը ան­հանգստա­ցած է հայ երա­ժիշ­տի քրտե­րէն երգ մշա­կելէն։ Ան տա­կաւին իր թու­նա­ւոր լե­զուով կը պնդէ թէ Կո­միտա­սը թրքա­տեաց քա­հանայ մըն է եւ Դաշ­նակցու­թեան ան­դամ։

Մենք մին­չեւ օրս ոեւէ աղ­բիւրի մէջ չէինք հան­դի­պած Կո­միտաս վար­դա­պետի ՀՅԴ-ի ան­դա­մակ­ցութեան մա­սին։ Յայտնի է որ Իւ­միթ Էօզ­տաղ այս մա­սին մեզ­մէ շատ աւե­լի խոր գի­տելիք­ներ ու­նի, որոնց ապա­ւինե­լով կ՚ընէ այս պնդումնե­րը։ Ես վստահ եմ թէ պի­տի գտնո­ւին այսպէս մտա­ծող հա­յեր եւս։ Բայց այստեղ կա­րեւոր եղա­ծը այս ան­հիմն պնդումնե­րուն ար­ժա­նի պա­տաս­խա­նը չստա­նալն է։ Տե­ղի ան­տե­ղի ամէն առի­թով իշ­խող կու­սակցու­թեան զօ­րակ­ցե­լու հա­մար մեծ ջան­քեր վատ­նող եւ շատ ան­գամ ալ ամ­բողջ ժո­ղովուրդի մը անու­նով ելոյթ ու­նե­ցող Պատ­րիար­քա­րանը այս ու նման յար­ձա­կումնե­րու դի­մաց կը սի­րէ լռու­թիւն պա­հել։ Նոյ­նիսկ պի­տի չզար­մա­նանք, երբ քննա­դատու­թիւննե­րու դի­մաց այդ աթո­ռը յայտնէ թէ իրենք հո­գեւո­րական­ներ են եւ չեն ու­զեր քա­ղաքա­կանու­թեան մի­ջամուխ ըլ­լալ։

Իրա­կանու­թեան մէջ անոնց խու­սա­փածը, ոչ թէ քա­ղաքա­կանու­թիւնն է, այլ հա­րազատ ժո­ղովուրդին ար­ժա­նապա­տուու­թեան տէր կանգնի­լը։ Չըլ­լայ որ այդ ճամ­բով ան­հանգստաց­նեն իրենց հո­վանա­ւորող­նե­րը։ Հո­վանա­ւորող­ներ՝ որոնց ջան­քե­րով խար­դա­խուե­ցաւ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան բո­լոր կարգ ու կա­նոնը եւ հա­սարա­կու­թիւնը հար­կադրո­ւեցաւ չա­րեաց փոք­րա­գոյ­նը ընտրե­լու։

Այ­սօր ալ եթէ այս զրպար­տութիւ­նը ան­պա­տաս­խան պի­տի մնայ ափ­սո­սանք մեր հա­ւաքա­կան դժբախ­տութեան վրայ։

Խնդի­րը այնքան լայ­նա­ծաւալ է, որ երբէք սահ­մա­նուած չէ մեր դժբախ­տութեամբ։ Տա­կաւին երեկ էր, թէ Իս­րա­յէլի պե­տու­թեան բարձրա­գոյն պաշ­տօ­նակա­տար­նե­րը Պա­ղէս­տի­նի ամ­բողջ ժո­ղովուրդը ահա­բեկիչ հռչա­կեցին։ Ի՞նչ ար­ձա­գանգ լսո­ւեցաւ այս մա­սին։

Տա­կաւին այ­սօր Եւ­րո­միու­թեան բան­բեր Ժո­զէֆ Պո­րէլ ատրպէյ­ճա­նի կա­ռավա­րու­թեան դէմ պա­հան­ջա­տէր կը դառ­նայ ար­ցա­խահա­յոց վե­րադար­ձի մա­սին։ Չեմ հասկցած թէ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ կո­չուա­ծը ի սկզբա­նէ յի­մար կը ծնին, թէ ոչ պաշ­տօն ստանձնե­լէ ետք այս աս­տի­ճան կը յի­մարա­նան։

Թե­րեւս եր­կու հար­ցումն ալ սխալ է, քա­նի որ իրենց նա­ւը կը ծփայ խա­ղաղ ջու­րե­րու վրայ եւ բուն յի­մար­նե­րը մենք ենք, որ ընկղմած նա­ւու մէջ այս յի­մար­նե­րուն խօս­քե­րը կը լսենք։