ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բարի վայելում բոլորին

Այլեւս մե­զի հա­մար ալ դժո­ւար գու­շա­կելի է թէ նման նիւ­թը քա­նիերորդ ան­գամ կ՚ար­ծարծո­ւի այս սիւ­նա­կին վրայ։

Խնդի­րը Թուրքիոյ մատ­նո­ւած փտախտն է։ Այս պա­հուն կը յի­շենք Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի «Ո՞ր մէկն ըսեմ, ո՞ր մէկն խոս­տո­վանիմ» տո­ղերը, որոնք աւար­տին կը հաս­նին «Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ» ափ­սո­սան­քով։

Տա­կաւին շատ թարմ է եւ լու­ծումի մը չէ յան­գած Վճռա­բեկ Ատեանի եւ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարա­նի մե­նամար­տը։ Վճռա­բեկ Ատեանը ոտ­նա­կոխե­լով իրա­ւական հա­մակար­գի բո­լոր սկզբունքնե­րը, ձեռ­նոց նե­տեց Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարա­նի երե­սին եւ աւե­լին՝ ծանր մե­ղադ­րանքներ տե­ղացուց այս վեր­ջի­նի վրայ։ Աւե­լին՝ պա­հան­ջեց այս ամե­նաբարձր ատեանին ինը դա­տաւոր­նե­րու պատ­ժո­ւիլը։

Ար­դա­րադա­տական Նա­խարա­րը ընե­լիք ոչինչ ու­նի, բա­ցի քար լռու­թիւն պա­հելէ այս զեղ­ծա­րարու­թեան դի­մաց։

Իրա­ւական հա­մակար­գի եւ յատ­կա­պէս դա­տարան­նե­րու մատ­նո­ւած ճգնա­ժամը բազ­մաբնոյթ է, քա­նի որ այդ հա­մակար­գի բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեանե­րը ահա­զանգ կը հնչեց­նեն դա­տախազ­նե­րու եւ դա­տաւոր­նե­րու ուղղեալ կա­շառա­կերու­թեան մա­սին։

Ամէն վճիռ սակ մը ու­նի, եւ այդ սա­կին հա­մաձայն կը ջնջո­ւին զա­նազան պա­տիժ­ներ։ Պա­հան­ջել հա­կին կը տնօ­րինո­ւի երկրէ դուրս ել­լե­լու ար­գելքի, կամ ալ ընդհա­կառա­կը այդ ար­գելքին վե­րանա­լուն մա­սին։ Նար­քօ առեւ­տուրի պա­րագ­լուխնե­րը ար­ժա­նի գու­մա­րը եթէ հա­տու­ցեն կը ձեր­բա­զատո­ւին ամե­նածանր մե­ղադ­րանքնե­րէն իսկ։

Ին՛չ զար­մա­նալի է, որ այս անօ­րէնու­թիւնը ու­նի բա­զում տա­րինե­րու ան­ցեալ եւ մա­նաւանդ ալ գա­ղափա­րախօ­սական հիմ­քեր։ Այս տե­սակի օրի­նակ է հա­յոց, կամ առ­հա­սարակ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հա­մայնքա­յին կա­լուած­նե­րու յափշտակ­ման դէմ մղո­ւած օրի­նական պայ­քա­րը։ Երկրի ազ­գայնա­կանա­ցած դա­տական հա­մակար­գը մեծ յա­ջողու­թեամբ ապա­հոված է ազ­գա­յին կամ կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու մատ­նո­ւած անար­դա­րու­թիւննե­րը օրի­նակա­նաց­նե­լու։

Ան­ցեալին բա­զում ան­գամներ ակա­նատես եղած ենք ար­դա­րու­թեան այս ճամ­բով ոտ­նա­կոխու­մին։

Կար­ծես այսքա­նը բա­ւարար չըլ­լար, վրայ հա­սաւ ֆե­նոմեն­ներ կո­չեալ կեր­պարնե­րու ահ­ռե­լի մսխու­մի պատ­կերնե­րուն։ Պատ­կերներ՝ որոնք նոյն ինքն հե­ղինակ­նե­րուն կող­մէ շրջա­նառու­թեան դրո­ւած էին եւ ապա փոր­ձանք դար­ձան իրենց գլխուն։ Պար­զո­ւեցաւ թէ կա­տարո­ւածը գե­ղեց­կութեան սրա­հի քօ­ղի ետին դրամ լո­ւալու պարզ կի­րար­կում մըն է։ Կար­ծես այս ալ բա­ւական պի­տի չըլ­լար, որ «Ֆա­թիհ Թե­րիմի Ֆո­նը» անո­ւան տակ գայ­թակղու­թեան նոր ալիք մը բարձրա­նայ։ Այս ան­գամ երկրի հան­րա­յայտ ֆուտպո­լիստներն են բե­մին վրայ։ Հա­մոզո­ւելով մի ոմն դրա­մատան տնօ­րէնու­հիի խոս­տումնե­րուն, առանց վա­րանու­մի փո­ղոցի վրայ տոպ­րակնե­րու մէջ յանձնած են բազ­մա­միլիոն տո­լար­ներ, առանց դոյզն իսկ շփո­թու­թեան կամ կաս­կա­ծի մատ­նո­ւելու։

Այս աս­տի­ճանի միամ­տութիւ­նը յի­մարու­թիւն կ՚որա­կէ դրա­մատան քննի­չը, որ կո­չուած է նիւ­թը ու­սումնա­սիրե­լու եւ պար­զե­լու։

Այս պայ­մաննե­րու տակ է, որ պի­տի գու­մա­րուի նո­ւազա­գոյն աշ­խա­տավարձքը ճշդող յանձնա­խումբը։

Երկրի մը մէջ, ուր սո­վամա­հու­թեան չա­փանի­շը կը կրկնա­պատ­կէ թո­շակա­ռուի ստա­ցածը՝ կամ չորս նո­ւազա­գոյն աշ­խա­տավարձ բա­ւարար չեն թշո­ւառու­թեան սահ­մա­նաչա­փը գե­րազան­ցե­լու, մե­զի կը վի­ճակի վի­ճիլ թէ նա­խագահ Էր­տո­ղան չոր­րորդ ան­գամ եւս ընտրո­ւի՞ այդ պաշ­տօ­նին, թէ ոչ։

Իս­կա­պէս ալ Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ։