ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Բանտ

Բառի մը ազա­տագ­րումը

Այ­սօր երբ բազ­մա­թիւ հայ այ­րեր բան­տարկո­ւած կը մնան օտար բան­տե­րու մէջ եւ երբ հա­յու երե­ւակա­յելու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու սահ­մաններն ալ ազա­տազրկուած են,- ան­կասկած ժա­մանա­կաւո­րապէս, բայց ո՚չ՝ ցմահ,- որո­շեցի գրել «բանտ» բա­ռի պատ­մութիւ­նը ու դա­տել, թէ ի՚նչ միտ­քեր ար­գե­լափա­կուեր են անոր մթին էջե­րու մէջ։ Ուստի, յար­գե­լի ըն­թերցող, մենք բա­րեխղճու­թեամբ, աս­պե­տի մը ազ­նուու­թեամբ, ժա­մանակ կո­չուած բան­տա­պետի գօ­տիէն քա­շէնք բա­նալի­ներու ծանր փունջը, մօ­տենանք հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան դա­րաւոր եւ ժան­գո­տած դար­պա­սին, եւ ազա­տագ­րենք ըն­տիր տո­ղերու եւ տա­ղերու խմբակ մը, ան­տես եւ անշշուկ, անոնց շնոր­հե­լով աշ­խարհի լոյ­սը։

Հան ի բան­տէ զանձն իմ

Ո՞վ էր առա­ջին հայ բան­տարկեալը։ Ի՞նչ յան­ցանք գոր­ծեց ան։ Ո՞վ ար­ձա­կեց զինք բան­տե­լու վճի­ռը։ Չենք գի­տեր։ Բայց, ճշգրտօ­րէն ար­ձա­նագ­րո­ւած է «բանտ» բա­ռի պատ­մութիւ­նը, ինչպէս բան­տարկեալի մը ման­րակրկիտ օրա­տետ­րը։ Լե­զուա­բան եւ բա­ռարա­նագէտ այ­րեր հաս­տա­տեր են, թէ «բանտ» բա­ռը փո­խառու­թիւն մըն է, ու­նի իրա­նական ար­մատ, bent, bend, որ բուն կը նշա­նակէ «կա­պանք, շղթայ, կապ»։ Բառս 94 ան­գամ յայտնո­ւեցաւ Աս­տո­ւածա­շունչի մէջ, «բան­տա­պահ» բա­ռը՝ վեց ան­գամ, «բան­տարգե­լ» բա­յը՝ մէկ։ Իսկ ՃԽԱ (թիւ 141) սաղ­մո­սի մէջ Դա­ւիթը աղա­չեց. «Տէր, հան ի բան­տէ զանձն իմ»։

Բան­տա­կեաց բա­ռեր

Հայ­կա­կան հնա­գոյն մա­տենագ­րութեան մէջ «բանտ» բա­ռի «մեղ­սա­կից­նե­րը»,- «բանտ» բա­ռով շի­նուած բարդ եւ ածան­ցեալ բա­ռերը նկա­տի ու­նիմ-, բազ­մա­թիւ ան­գամներ յայտնո­ւեցան պատ­կե­րաւոր ար­տա­յայ­տութիւննե­րի մէջ։ Ահա 5-8-րդ դա­րէն ի վեր հայ­կա­կան բա­ռարան­նե­րու աննշոյլ էջե­րուն ծա­ռայող քա­նի մը բառ եւ ար­տա­յայ­տութիւն. ԲԱՆ­ՏԱ­ԿԱԼ. «Մի­թէ բան­տա­կալ կա­պանաց նա ոք իցէ ար­ձա­կիչ», ԲԱՆ­ՏԱ­ԿԱՆ. «Բա­զում բան­դա­կանաց թո­ղու­թիւն արա­րեալ», ԲԱՆ­ՏԱ­ՊԱՆ. «Որ Քրիս­տո­սի բան­տա­պահքն էին, ոչ պատ­ժե­ցան», ԲԱՆ­ՏԱ­ՊԵՏ. «Պա­տուի­րեցին բան­տա­պետին զգու­շութեամբ պա­հել զնո­սա», ԲԱՆ­ՏԱՐԳԵԼ. «Խա­ւարա­մուտ իբ­րեւ զբան­տարգել», ԲԱՆ­ՏԱՐԳԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ. «Բան­տարգե­լու­թիւնն բազ­մօ­րեայ ʼի խոր վի­րապին»։ Մեր գրա­բարա­խօս նախ­նի­ները ու­նե­ցան նաեւ «բան­տարկուած» ար­տա­յայ­տութիւններ, ինչպէս՝ «Դնել ի բան­տի», «Ար­կա­նել ի բանտ», «Խու­սել ի բան­տէ», «Ելա­նել ի բան­տէե։ Իսկ այ­սօր յան­ցա­ւորը «Բանտ կ՚իյ­նա­յ», «Բանտ կը դրո­ւի» կամ «Բանտ կը մտնէ»։ Յի­շենք նաեւ բան­տարկու­թեան եր­կու ահ­ռե­լի ձե­ւերը. «Մշտնջե­նական բան­տարկու­թիւն», եւ «Ցմահ բան­տարկու­թիւն»։

Գրա­կան բան­տեր

Ե. դա­րուն Մով­սէս Խօ­րէնա­ցին ող­բաց Հա­յոց աշ­խարհին եւ բա­ցատ­րեց, թէ ին­չո՚ւ էր մեր հայ­րե­նիքը խեղճ։ Պատ­մա­հայ­րը թո­ւեց բազ­մա­թիւ պատ­ճառներ, որոնցմէ մէկն էր՝ «Կա­պումն գլխա­ւորաց եւ բանտք յայտնեաց», այ­սինքն՝ գլխա­ւոր մար­դիկ կը կա­պուին, յայտնի ան­ձե­րը կը բան­տարկուին։ 10-րդ դա­րուն Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին Մա­տեան Ող­բերգու­թեան եր­կի մէջ մեր մայ­րե­նիին շնոր­հեց իւ­րա­յատուկ խօս­քեր. «Տար­տա­րոսն ներ­քին ար­գե­լակա­նացն բան­տի», «Աննշոյլ բանտ» եւ «Բանտն բար­կութեան»։ Ապա սուրբը խօսք ուղղեց Տի­րոջ եւ աղա­չեց. «Հա՚ն զիս ի բան­տէս, ար­ձա­կեա՚ ի կա­պան­ցաս»։

Ննջի՛ր, ման­կիկ

Օր մը, 1600-նե­րու վեր­ջին տա­րինե­րուն, Երէ­միա Չէ­լէպի Քէօմիւրճեանը կա­տարեց շատ ծանր գործ. ան գրի առաւ վա­ղամե­ռիկ աղջնա­կի մը յի­շատա­կը յա­ւեր­ժացնող բա­նաս­տեղծու­թիւն. հողն էր անոր բան­տը. «Վճիռն ան­դարձ է Աս­տո­ւածու­թեան. / Մա­տաղ մա­նուկ հա­սակին, / Զգետ­նով ի հող զիս զնտա­նեցին… / Հո­ղոյն քօ­ղով ի խա­ւար բանտ ար­կին»։ Իսկ Նար-Դո­սի նոյ­նանման քեր­թո­ւածի մէջ հո­ղը ազա­տու­թիւն էր. «Ննջի՚ր, ման­կիկ դու ան­բիծ, / Ննջի՚ր, ան­մեղ դու տատ­րակ. / Խա­ղաղու­թիւն է տի­րում / Այդտեղ — փոք­րիկ շիր­միդ մէջ. / Այդտեղ չկան բանտ, շղթայ»։

Քա­ղաքա­կան բան­տարկեալ­ներ

Բանտ բա­ռը գոր­ծա­ծելով հայ գրո­ղը ար­տա­յայ­տեց քա­ղաքա­կան միտք, կամ նկա­րագ­րեց ազ­գիս դժբախտ վի­ճակը։ Առա­ջինը Ռաֆ­ֆին էր։ «Սա­մուէլ» վէ­պի մէջ ան հա­մոզո­ւած ըսաւ. «Հռո­մայե­ցո՞ց մօտ։ Պարսկի բան­տը ինձ հա­մար աւե­լի տա­նելի է, քան թէ նրանց կեղ­ծա­ւորու­թեամբ լի պա­լատ­նե­րը… Թո՜ղ Հա­յոց եր­կի­րը ազատ լի­նի, այ­նուհե­տեւ իմ տան­ջանքնե­րը կը թե­թեւա­նան այդ մթին բան­տում»։ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը «Նե­մեսիս» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ ար­տա­յայ­տեց կե­ցուածք. «Ամէն շղթայ կը բեկ­տի, / Եւ կը փլչի ամէն բանտ… / Պիտ՛ կոր­ծա­նենք ապա­րանքներ ու բան­տեր»։ Իսկ հէգ տղան օր մը գրեց «Հօրս բան­տի մէջ» բա­նաս­տեղծու­թիւնը, եւ մենք կա­րեկից դար­ձանք անոր. «Մութ բան­տիդ մէջ գար­նան վար­դե­րը ամ­բողջ / Պի­տի լեց­նել ու­զէի»։ Երո­ւանդ Օտեան մե­զի պատ­մեց Զօհ­րա­պի եւ Վարդգէ­սի դէ­պի Տիգ­րա­նակերտ աք­սո­րէն դրո­ւագ մը. «Տիար­պէ­քիրի բան­տը ար­դէն ծա­նօթ է ին­ծի, աղէկ բանտ մը չէ, բայց աւե­լի գէ­շերը կան։ Կը տես­նաք սա գոր­գը, Տիար­պէ­քիրի բան­տին մէջ իմ ըն­կերս եղած է, հի­մակ ալ միասին կ՚եր­թանք կոր։ Հին բան­տա­կից­ներ ենք»։ Իսկ տի­կին Զա­պէլ Եսա­յեանը «Աւե­րակ­նե­րուն մէջ» գիր­քի «Բան­տարկեալ­նե­րը» հա­տուա­ծի մէջ բա­ցատ­րեց, թէ ի՚նչ պա­տահե­ցաւ ապ­րե­լու իրա­ւունքը պաշտպա­նած հա­յերուն. «Բո­լոր անոնք, որ չու­զե­ցին մեռ­նիլ, բո­լոր անոնք, որ ու­զե­ցին իրենց կի­ները եւ տղաք­նե­րը պաշտպա­նել, կա՛մ բան­տարկո­ւած են, կամ փախստա­կա՚ն»։

Փղոսկրեայ բան­տը

Դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, տե­սա՛ծ էք ան­պատ, ան­պա­րիսպ, աներ­կաթ բանտ։ Հայ գրա­գէտը տե­սաւ բան­տի այդպի­սի այ­լե­ւայլ տե­սակ­նե­րը եւ պատ­կե­րաւոր տո­ղեր յօ­րինեց։ Ահա ան­նիւթա­կան բան­տե­րու ըն­տիր ժո­ղոուա­ծու մը. «Ան­բախտ հա՛յ. Հայ­րե­նիքդ՝ քեզ բանտ», Ռաֆ­ֆի, «Աշ­խարհքը բանտ… Ջա­հիլ օրեր / Ի՜նչ եմ անում էս բան­տում», Յով­հաննէս Թու­մա­նեան, «Շա­բաթէ մը ի վեր բան­տո­ւած սե­նեակիս մէջ», Տիգ­րան Չէօկիւ­րեան, «Փղոսկրէ աշ­տա­րակը որը ես բանտ կը հա­մարեմ», Զա­պէլ Եսա­յեան, «Դա­րի ոճն էր այդ, դպրո­ցը բանտ էր», Խա­չատուր Աբո­վեան։ Իսկ ըստ Յա­կոբ Պա­րոնեանի ազ­գա­յին երես­փո­խանա­կան ժո­ղովի կա­ռավա­րիչ Ստե­փան Աս­լա­նեանի եօթը տա­րուայ ատե­նապե­տու­թիւնն էր բանտ. «Եթէ այ­սօր օրա­կար­գը աչ­քէ ան­ցունե­լու ըլ­լանք՝ կը տես­նենք, որ ու­րիշ բան չէ, եթէ ոչ բանտ մը՝ որուն մէջ եօթը տա­րիէ ի վեր բան­տարկո­ւած խնդիր­ներ կան, զորս հարցնող փնտռող չկայ»։

Բանտ սի­րոյ քո

Օր մը, պայ­ծառ գա­րուն էր, ի՚նչ զար­մա­նալի բան, սէ­րը դար­ձաւ բանտ։ Սի­րելիի աչ­քերն էին դար­պա­սը անոր եւ թե­ւերն էին եր­կա­թեայ ճիւ­ղե­րը։ Քնա­րեր­գակ բա­նաս­տեղծը յօ­ժար էր հոն ցմահ բան­տարկու­թեան։ Այդ բան­տի առա­ջին զո­հերէն էր Ռու­բէն Սե­ւակը, որ դժգո­հելով ըսաւ. «Ին­չո՞ւ, ին­չո՞ւ զիս սի­րեցիր, / Փոք­րիկ աղ­ջիկ, քե­զի մե՜ղք էր. / Փոք­րիկ ծո­ցիդ թի­թե՜ռ պէտք էր. / Դուն ծեր ար­ծի՚ւ մի բան­տե­ցիր»։ Վար­դան Յա­կոբեանը խոս­տա­ցաւ յա­ւերժ նե­րող մնալ. «Բան­տում ես ինձ, / ինձ հետ էլ՝ քեզ,- / ու­զած-չու­զած՝ / ես նե­րում եմ»։ Եղի­շէ Չա­րեն­ցի հա­մար ցնծու­թիւն էր բան­տարկու­թիւնը. «Դու վառ ծի­ծաղի մի հնչիւն — / Դէ­պի իմ տխրու­թիւնը նե­տած, — / Ինչքան ինձ քո բան­տում փա­կես — / Հո­գիս սի­րելու է քեզ այնքան»։ Սրբու­հի Տիւ­սա­բի գրի­չը «Սի­րանոյշ» վէ­պի մէջ ար­տադրեց ջերմ, կրքոտ բան­տեր. «Ինքնա­յօժար բան­տարկու­թիւն ծո­վեզե­րեայ տան մէջ», «Ես պի­տի ու­նե­նամ միայն սեւ շղթա­ներ, բանտ մը եւ բան­տա­պահ», «Դա­տապար­տե­ցիր զիս բան­տարկու­թեան, եւ ես եր­բէք չգան­գա­տեցայ»։ Էջ­միած­նի միաբան, Պոլ­սոյ նո­ւիրակ, Նի­կոմի­դիոյ առաջ­նորդ, եր­գա­հան, բա­նաս­տեղծ Պետ­րոս Ղա­փան­ցին ալ բան­տարկո­ւած էր սի­րոյ տեն­չանքի մէջ։ Սա­կայն իր սի­րոյ առար­կան չէ՚ր գրկա­բաց սի­րու­հի մը, այլ մէկ ու­րիշ գե­ղեց­կուհի, քա­ղաք­նե­րու թա­գու­հի՝ ար­քա­յանիստ Պո­լիսը. «Բա­ցի՛ր, բա­ցի՛ր, իմ կար­միր վարդ աննման / Ի բանտ սի­րոյ քոյ մատ­նե­ցայ գե­րեն­ման»։

Իմաս­տուն բան­տարկեալը

Բան­տը, դժո­ւար է հա­ւատալ, թէ իմաս­տութեան աղ­բիւր ըլ­լար։ Բան­տի գա­ղափա­րը իրօք կեան­քի եւ ճշմար­տութեան ըն­տիր գա­ղափար­նե­րու ծնունդ տո­ւած է։ Ահա, Խրի­մեան Հայ­րի­կը, որ «Յի­սու­սի վեր­ջին շա­բաթ եւ խա­չի ճառ» գրու­թեան մէջ կը փոր­ձէ հասկնալ, թէ ին­չո՚ւ մար­դիկ Տի­րոջ ահա­ւոր տի­րու­թեան հան­դէպ եր­կիւղ չու­նին՝ երբ աշ­խարհի իշ­խա­նու­թիւնը ոս­տի­կանով եւ սու­րով կը հրա­մայէ. «Եր­կայնա­միտ (համ­բե­րող) եւ ազատ ես, ո՛չ ոս­տի­կան ու­նիս, ո՚չ սուր, եւ ո՛չ՝ բանտ. քո ոս­տի­կան մար­դոյն սրտի խիղճն է. քո ազատ օրի­նագիր­քը՝ Աւե­տարանն է. քո բանտ եւ շղթայն՝ եկե­ղեց­ւոյ գաւ­թին ազա­տավայրն է»։ Մէկ այլ իմաս­տուն այր, Վար­դան Յա­կոբեանը, նախ պատ­մեց Գան­ձա­սարի քա­հանա­յի բան­տարկման ոդի­սակա­նը՝ «Խորհրդա­յին կար­գե­րի հաս­տա­տու­մից յե­տոյ, Ար­ցա­խում միան­գա­մից վե­րացան բազ­մա­թիւ գոր­ծող եկե­ղեցի­ներ։ Գան­ձա­սարի քա­հանան 30-ական թո­ւական­նե­րին ձեր­բա­կալո­ւեց, մէկ տա­րի Բա­քուի բան­տում մնա­լուց յե­տոյ ազա­տուեց միայն այն պայ­մա­նով, որ այ­լեւս չվե­րադառ­նայ Ղա­րաբաղ (Ար­ցախ)»։ Յա­կոբեանը, ապա, իմաս­տա­սիրեց ազա­տու­թեան մա­սին. «Պա­տու­հաններ չկան, պա­տու­հաններն իրենց մի­ջից ստեղ­ծում են բան­տարկեալ­նե­րը… Ազա­տու­թիւնը զգա­ցում է, կա­րող է մարդ բան­տում ազատ լի­նել, իսկ ազա­տու­թեան մէջ՝ բան­տում»։

Բան­տի բար­բա­ռը

Բա­լամուտ։ Տու­լիկ։ Բա­րիգ։ Եթէ դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող ծա­նօթ չէք այս բա­ռերուն, կը նշա­նակէ, թէ դուք երե­ւելի կամ անե­րեւոյթ յան­ցանքի մը պատ­ճա­ռով չէք «հիւ­րընկա­լուած» Նու­պա­րաշէ­նի (տի­կին­նե­րու հա­մար՝ Աբո­վեանի) բան­տի մէջ։ Այս բա­ռերը կը պատ­կա­նին հայ­կա­կան բան­տա­յին բա­ռապա­շարին։ Այ­սօր, կ՚առա­ջար­կեմ, որ լսենք քա­նի մը ար­տա­յայ­տութիւն, որ յա­տուկ է այդ յար­գե­լի են­թամշա­կոյ­թին։ ԲԱ­ԼԱՆ­ԴԵՕՌ. բան­տի մէջ կե­րակուր բաշ­խող։ ԲԵՐԴ. բանտ։ ԲԵՐ­ԴԻ ՊՈՒ­ԾԵՈՎ­ԿԱ. մատ­նիչ։ ԾԱ­ԿՈՒԻԼ. Բան­տարկեալի մը մա­սին դա­տաւոր­նե­րուն տե­ղեկու­թիւն հա­ղոր­դել։ ՉԵ­ՖԻՐ. բան­տի թունդ թեյ։ ՍՌՈԿ ՎԵՐՑՆԵԼ/ՇԱ­ԼԱԿԵԼ. բան­տարկո­ւիլ, մե­ղադ­րանքը իր վրայ առ­նել։ ՔՈՅ­ՐԻԿ. միասե­ռական, զոր բան­տի մէջ կ՚օգ­տա­գոր­ծեն սե­ռական գոր­ծո­ղու­թեան նպա­տակով, նուրբ շար­ժուձեւ ու­նե­ցող տղայ։ ԱԹԱՆ­ԴԱ/ԱԹԱՆ­ԴԻ. նա­խազ­գուշա­ցում վտան­գի մա­սին՝ բան­տարկեալնրու յա­տուկ ձայ­նե­րով կամ նշան­նե­րով։ ԲԱ­ԼԱՄՈՒՏ. վէճ, իրա­րան­ցում։ ԲԱ­ՐԻԳ. թմրե­ցու­ցիչ ծա­խող։ ԵՂՕ. Եղ­բայր, գո­ղերու իրար դի­մելու ձեւ։ ԵՐ­ԳԵԼ. մատ­նել, տե­ղեկու­թիւն տալ դա­տական մար­միննե­րուն։ ԼՈԽ. բան­տա­խու­ցի ներ­քին օրէնքնե­րէ ան­տե­ղեակ, ան­փորձ, միամիտ մարդ։ ՏՈՒ­ԼԻԿ. բանտ ու­ղարկո­ւող փոք­րիկ ծան­րոց, որ կը պա­րու­նա­կէ սնունդ եւ ծխա­խոտ։ Վեր­ջա­պէս՝ ՔԵ­ՐՈԲ. օրէն­քով գող։ Առե­րես հան­դիպման ժա­մանակ, լաւ յի­շէնք այս ար­տա­յայ­տութիւ­նը, գո­ղին կը դի­մեն «քե­րոբ ջան» ձե­ւով։ «Բանտ» բա­ռի ածա­կանա­ձեւ տար­բե­րակն ալ՝ «բան­տա­յին», ու­նի իր սե­փական ար­տա­յայ­տութիւննե­րը. բան­տա­յին՝ տա­րածք, են­թամշա­կոյթ, մի­ջավայր, լե­զու, պայ­մաններ, ըն­կե­րու­թիւն, խօ­սուածք, վար­չա­կազմ, վարք, բարք, կեանք եւ ղե­կավա­րու­թիւն։ Ճիշդ է. բան­տարկեալ­նե­րը ու­նին իրենց ներ­քին «ղե­կավա­րու­թիւնը»։ Կ՚ար­ժէ նաեւ յի­շել, թէ Հա­յաս­տա­նի 12 բան­տե­րու մէջ այ­սօր ազա­տազրկո­ւած կը մնայ 2145 բան­տարկեալ։ Հայ­րե­նի բան­տե­րը կը գտնո­ւին քնա­րական անուններ ու­նե­ցող, զբօ­սաշրջիկ­նե­րու հա­մար գրա­ւիչ, պատ­մութեամբ հա­րուստ վայ­րե­րու մէջ. Էրե­բու­նի, Վա­նաձոր, Կօշ, Սե­ւան, Հրազ­դան, Գո­րիս, Աբո­վեան (տիկ­նանց եւ ան­չա­փահա­սերու հա­մար), Ար­թիկ, Ար­մա­ւիր, Նու­պա­րաշէն եւ Վար­դա­շէն (օտար­նե­րու եւ զի­նուոր­կաննե­րու հա­մար)։

Նա­զելիի բան­տը

Բան­տի մէջ ամէն խուց իր երգն ու­նի։ Այ­լա­պէս, ինչպէ՚ս պի­տի անցնէին օրերն ու ժա­ները։ Մենք ալ, մեր բան­տար­կուած այ­րե­րուն եւ կա­նանց նո­ւիրենք երգ մը, որ­պէս մխի­թարու­թիւն եւ ժա­մանց։ Բո­լորին սի­րելի Գու­սան Շա­հէնի սի­րային մէկ երգն է ան, հրա­ժեշ­տի քաղցր մե­ղեդի մը։ Լսենք եւ յու­սանք, որ շու­տով ապ­րե­լու իրա­ւունքի ար­ժա­նի այ­րե­րը ազատ ար­ձա­կուին.

Գէօզալ մինչ երբ խռով մնաս…

Խօ­սիր ինձ հետ ջա­նիդ մա­տաղ,

Ես քո բե­րող նա­նիդ մա­տաղ,

Ազա­տիր քո սի­րոյ բան­տից նա­զելի ինձ.

Էշ­խիդ կրակ, դի­ւանիդ մատաղ։