ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արագածոտնի մարզ Թալինի տարածաշրջանին՝ Արագած գիւղէն 5 քմ դէպի արեւմուտք՝ Ախուրեան գետի ձախ`արեւելեան ափին, վեր կը խոյանայ վաղ միջնադարեան Հայաստանի փոքր կեդրոնագմբէթ պաշտամունքային կառոյցներէն մէկը՝ Գրիգորաշէն վեցախորան եկեղեցին։
Ան կառուցուած է դեղնաւուն սրբատաշ քարէ եւ կը գտնուի կիրճի զառիթափ եզրին, այն դիրքով, որ տեսանելի ըլլայ գետի աջ ափէն, հաւանաբար, այժմ չպահպանուած երբեմնի բնակատեղիէն։
Մեզ ցաւօք չէ հասած շինարարական արձանագրութիւն կամ կառուցման ժամանակի մասին որեւէ մատենագրական վկայութիւն, սակայն մասնագէտները, հաշուի առնելով մի շարք ճարտարապետական առանձնայատկութիւններ, կառոյցը կը թուագրեն 6-րդ դարի առաջին կէսով։ Ժամանակագրական բնութագիր պարունակող յատկանիշներէն առաջին հերթին պէտք է ուշադրութիւն դարձնել քառաստիճան որմնախարսխին, որ կը հանդիպինք միայն վաղ միջնադարին եւ հիմնականին մինչեւ 7-րդ դար։ Այդ հարիւրամեակին արդէն նման որմնախարիսխներ այլեւս չեն յայտնաբերուած։
Գրիգորաշէնը կը պատկանի փոքր կեդրոնագմբէթ, բազմախորան եկեղեցիներու տեսակին, եւ հայ իրականութեան մէջ մեզ յայտնի 13 վեցախորան եկեղեցիներէն միակն է, որ այսօր կանգուն է։ Այն համեմատաբար լաւ պահպանուած է, եթէ հաշուի առնենք կառուցման ժամանակը։ Չափերը այնքան ալ մեծ չեն՝ հիմքէն մինչեւ գմբէթի գագաթ եղած բարձրութիւնը 12 մեթր է, սակայն բացառիկ է իր ճարտարապետութեամբ։
Ունի արտաքուստ բազմանիստ 6 պայտաձեւ խորաններ, որոնց միջեւ եռանկիւնաձեւ, կամարակապ որմնախորշերն են։ Անոնցմէ մէկուն խորքը փորագրուած է վարպետի տառային նշան`գեղագիր «Կ»։ Անկէ ենթադրուած է, որ բոլոր վեց որմնախորշերու հեղինակը «Կ» սկզբնատառով անուամբ (Կարապե՞տ, Կիրակո՞ս) վարպետն է։ Կառուցուածքային տեսակէտէն ամենաուշագրաւ ու հետաքրքրականը քառակուսի վեցանիստ թմբուկով գմբէթն է։ Անոր վերին մասը պսակուած է երկշարք քիւով։ Նիստերու վրայ բացուած են լուսամուտներ։ Չորս աւելի լայն լուսամուտներ ունեն վեց խորաններէն չորսը`բացառութեամբ արեւելեանի եւ հիւսիսարեւելեանի։ Հարաւային թեւին բարձրուստ փորագրուած է արեւային ժամացոյց։ Եկեղեցու միակ մուտքը հարաւարեւմտեան կողմէն է։
Կառոյցի թմբուկի հիւսիսային պատուհանի պսակին փորագրուած է Գրիգոր, որ, ըստ վիմագրագէտ, արուեստաբան Ալեքսանդր Մանուչարեանի, եկեղեցւոյ ճարտարապետի անունը։ Այդ հիմք ընձեռած է եկեղեցին կոչելու Գրիգորաշէն։ Ի դէպ, սա կառուցող ճարտարապետի մասին ամենահին յիշատակութիւններէն մէկն է մեր իրականութեան մէջ։
Ահա այսպիսի բացառիկ պատմամշակութային եւ հոգեւոր կառոյցներով հարուստ է Թալին աշխարհը։