Հետզհետէ աւելի տարածուն երեւոյթ մը ստացած է հասարակութեան մէջ ծաւալող անփութութիւնը։
Օր չանցնիր որ սքանտալային բնոյթ ունեցող գայթակղութիւններ յայտնաբերուին եւ այդ գայթակղութիւնները, թէ իրաւաբանական գետնի վրայ եւ թէ հասարակութեան մօտ չգտնեն ակնկալուած հակազդեցութիւնը կամ բողոքը։
Նախորդ շաբաթ Զմիւռնիա Եգէական Համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ շատ պարզ բողոքի ցոյց մը։ Ուսանողներ բողոքեցին ճաշարանէ ներս գործադրուող սակերու յանկարծակի յաւելումին դէմ։ Այդ բողոքը կատարեցին պատառաքաղ կամ դգալները իրար զարնելով աղմուկ բարձրացնելու միջոցաւ։ Այս պարզունակ բողոքի դէմ համալսարանի իբրեւ թէ անվտանգութեան պաշտօնեաները շարժման անցան, փորձեցին արգելք ըլլալ այդ աննշան բողոքի ցոյցին եւ բռնի միջամտեցին երիտասարդներուն։ Անոնցմէ մէկը կատարուած բռնութիւնը նկարահանեց բջջային հեռախօսի տեսախցիկով։ Զարմանալով տեսայ թէ, երբ անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնեաներ քաշքշելով դուրս կը հանէին բողոքող ուսանողները անդին շատեր կը շարունակէին իրենց ճաշը։
Նախապէս անհաւատալի երեւոյթ մըն է այս։ Կ՚ակնկալուէր որ նման միջամտութեան դիմաց բոլոր ուսանողները միասնաբար դիմադրէին եւ արգելք ըլլային այդ բերման ենթարկելու գործողութեան։ Գործողութիւն մը՝ որ բնականաբար պիտի ձախողէր ուսանողներու միասնական կամքի դիմաց։ Բայց այդպէս չեղաւ եւ անոնք յաջողեցան բողոքող ուսանողները դուրս հանելու, որուն յաջորդեց դատական գործընթաց։ Համալսարանի վարչութիւնը ուսանողները կը մեղադրէր զանգուածային բողոքով, համալսարանի կարգը խանգարելու համար։
Կը տեսնենք որ այս տեսակի անփութութիւնը սահմանուած չէ համալսարանի աշակերտութիւնով։ Ընդ հակառակը յաճախակի երեւոյթ է, որուն կը հանդիպինք զանազան առիթներով։
Այս մտածումներու մէջ էի, երբ վրայ հասաւ նոր անկարգութիւն մը։ Այս անգամ թրքերէն մամուլը կը հաղորդէր Գատըգիւղի Հայոց Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ նախկին թաղականներէն մէկուն միջամուխ եղած զեղծարարութիւնը։
Այս տեսակի լուրերը ափսոս, որ չեն արժանանար պատշաճ հակազդեցութեան։ Կարծես կատարուածէն աւելի այդ մէկուն տեսանելի դարձած ըլլալը մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ, քան ինքը եղելութիւնը։ Եթէ թրքական թերթի այդ լրատուութիւնը տեղի չունենար մեծ հաւանականութեամբ մենք դարձեալ պիտի յաջողէինք լռութիւն պահելով քօղարկել այս կատարուածը։
Նշենք որ անտեսելու այս մշակոյթը երկար ժամանակներէ ի վեր տեսանելի է նաեւ Թուրքիոյ ընկերաքաղաքական անցուդարձներու մէջ եւս։ Զեղծարարութեան անհաւատալի պնդումները կը մնան թանձր անտարբերութեան ետին եւ մեղադրուողները շատ աւելի ուժեղ ձայնով եւ ոչ համոզիչ պատճառաբանութիւններով կը փորձեն արդարանալ միշտ պատասխանատուութիւնը բեռցնելով ուրիշներու ուսերուն։
Աւազակը բռնուած է ճիշդ ալ գողութեան պահուն եւ ամէն ինչ յստակ է իրեն դէմ, բայց ան տակաւին կը փորձէ անդրադառնալ ըսելով թէ կատարուածը զրպարտութիւն մըն է իր դէմ եւ ինք արդէն սուրբ մըն է, նոյնիսկ վեր բոլոր սուրբերէն։ Ալ աւելի կարեւորը այն է, որ բնաւ քիչ չեն այդ կեղծ սրբութեան հաւատացողները։
Կարծես թէ հասարակական ապականացում կոչուածը ճիշդ ալ այս եղանակներով կը թափանցէ հաւաքականութեան մէջ եւ կը ոչնչացնէ բոլոր զգայնութիւնները։ Որպէս հայ համայնք մեր արդար իրաւունքն է աւելի գոհացուցիչ բացատրութիւններ պահանջել նախ եւ առաջ Գատըգիւղի թաղական խորհուրդէն։ Այս կազմը շատ երկար տարիներ յաջողած է առանց մեծ աղմուկներու արժանանալու, փակ դռներու ետին շարունակել իր առաքելութիւնը։ Բայց յայտնի է, որ հոն եւս կը տիրեն որոշ անկարգութիւններ, որոնք երբեք չեն հրապարակուիր աւելի մեծ կասկած ստեղծելով ամբողջ կազմի մը վրայ։