ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Դիմառնութիւն Հայկական Գրականութեան Մարդկային Դէմքը Բ.

Նախորդ յօ­­դուա­­ծիս մէջ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, տե­­սած էիք, թէ հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մէջ լե­­զու առած՝ կեր­­գէին կամ կ՚ող­­բա­­­յին բնու­­թեան տար­­րե­­­րը։ «Դի­­մառ­­նութիւն» կո­­չուած գրա­­կան արո­­ւեստն էր ան, որ խօ­­սելու, լսե­­լու, մտա­­ծելու եւ դա­­տելու կա­­րողու­­թիւն կու տայ գե­­տերուն, ծա­­ռերուն, աստղե­­րուն… Այդ հին պատ­­մութիւննե­­րու մէջ դուք լսեր էիք վար­­դի եւ սո­­խակի սի­­րաբա­­նու­­թիւնը, տօ­­նական գի­­նիի ու­­րա­­­խու­­թիւնը, իսկ վեր­­ջա­­­ւորու­­թեան՝ ականջ տո­­ւեր էիք աշու­­ղի եւ իր քա­­ման­­չա­­­յի զրոյ­­ցին։ Հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մարդկա­­յին դէմքն է դի­­մառ­­նութիւ­­նը, ուր ան­­շունչ առար­­կան, որ­­պէս բա­­րեխիղճ սրտա­­կից՝ թարգմա­­նիչը կ՚ըլ­­լայ մար­­դու նե­­րաշ­­խարհին։ Այդ բա­­րի դէմ­­քե­­­րը այնքան բազ­­մա­­­թիւ էին, որ ես չէի կրնար ունկնդրել մէ­­կը, բայց ան­­տե­­­սել միւ­­սը, ուստի որո­­շեցի այ­­սօր հիւ­­րընկա­­լել «վշտա­­հար» քա­­ղաք մը, «այ­­րիացած» գետ մը, «անշնորհք» դրա­­մը, եւ «կա­­րօտա­­կէզ» կռունկը։ Այժմ անոնք պատ­­մութեան էջե­­րէն դուրս հո­­սին կամ թռչին ու պատ­­մեն իրենց պատ­­մութիւ­­նը։

1736 թո­­ւակա­­նին գրա­­կան աշ­­խարհ մտաւ Կ. Պո­­լիս ծնած բա­­նաս­­տեղծ, երա­­ժիշտ, գիտ­­նա­­­կան, հրա­­տարա­­կիչ, կրթա­­կան լու­­սա­­­ւոր­­ման ռահ­­վի­­­րայ, հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան վե­­րակազ­­մութեան գոր­­ծիչ Պաղ­­տա­­­սար Դպի­­րը։ Ան «Առ մա­­մօնայն» տա­­ղի մէջ ներ­­կա­­­յացուց դրա­­մի եւ նիւ­­թա­­­կան հարստու­­թեան կոր­­ծա­­­նիչ իշ­­խա­­­նու­­թիւնը մար­­դու վրայ եւ դառն խօս­­քեր ուղղեց դրա­­մին։ Իսկ մա­­մօնան, դրա­­մը, իբ­­րեւ թէ ականջ ու­­նէր, լսեց Պաղ­­տա­­­սար Դպի­­րի յան­­դի­­­մանա­­կան խօս­­քե­­­րը.

Ուստի՞ ծնար, ով բռնա­­ւոր…

Թէ՛ թա­­գաւորք եւ թէ՛ կայ­­սերք

Քո օգ­­նե­­­լոյդ են միշտ կա­­րօտ,

Մինչ կո­­րու­­սիչ ես դու հոգ­­ւոց

Եւ ծնա­­նիս ան­­հուն չա­­րիս։

Օրեր եղան, հա­­յը դառ­­նութիւն տե­­սաւ։ Ան պանդխտա­­ցաւ եւ իր սիր­­տը հա­­մակուեցաւ հայ­­րե­­­նի կա­­րօտով։ Այն ժա­­մանակ, տա­­րագիր հա­­յը իր թախ­­ծոտ եր­­գե­­­րու մէջ դի­­մեց կռունկին.

Կռունկ, ուսկի՞ց կու գաս,

Ձայ­­նի­­­կըդ ՛ի հո­­գիս,

Իս­­կի մեր աշ­­խարհէն

խապ­­րիկ մի չու­­նի՞ս։

Ինտրան (Տի­­րան Չրա­­քեան) 1906 թո­ւակա­­նին, որ­­պէս ան­­մա­­­հու­­թեան ներշնչման աղ­­բիւր՝ խօ­­սեցաւ երկնաս­­լաց, ան­­հունին սե­­ւեռող նո­­ճինե­­րու հետ. «Ո՜վ մշտա­­կոթող, խուռն ու սեւ նո­­ճիք»։ Րաֆ­­ֆին իր հայ­­րե­­­նիքի թշո­­ւառ վի­­ճակը ող­­բա­­­լու, յոյս եւ մխի­­թարու­­թիւն գտնե­­լու հա­­մար խօ­­սեցաւ ծո­­վակի հետ. «Ձա՚յն տուր, ով ծո­­վակ, ին­­չո՞ւ լռում ես. / Ող­­բա­­­կից լի­­նել չկա­­մի՞ս դժբախ­­տիս»։ Զար­­թօնքի շրջան էր։ Հայ քնա­­րեր­­գա­­­կը կը փոր­­ձէր բնու­­թեան տար­­րե­­­րուն հետ խօ­­սիլ եւ անոնց պատ­­մել իր փա­­փաք­­նե­­­րը։ Այս տե­­սակի բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու լա­­ւագոյն օրի­­նակ­­նե­­­րէն մէկն է Մկրտիչ Պէ­­շիկ­­թաշլեանի «Գա­­րուն» քեր­­թո­­­ւածը։ Բա­­նաս­­տեղծը նախ խօ­­սեցաւ հո­­վիկի հետ. «Ո՚հ, ի՜նչ անուշ եւ ինչպէ՚ս զով / Առա­­ւօտուց փչես, հո­­վիկ… / Բայց չես, հո­­վիկ, իմ հայ­­րե­­­նեաց, / Գնա՛, ան­­ցի՛ր սրտէս ի բաց», ապա խօ­­սեցաւ «սրտա­­գին» թռչնի­­կի եւ «ակա­­նակիտ» վտա­­կի հետ. «Բայց չես, թռչնիկ, իմ Հայ­­րե­­­նեաց, / Գնա՛, եր­­գէ՛ սրտէս ի բաց… / Բայց չես, վտակ, իմ հայ­­րե­­­նեաց, / Գնա՛, հո­­սէ՛ սրտէս ի բաց»։

Դի­­մառ­­նութեան լիար­­ժեք ձեւն է, երբ առար­­կան կը ներ­­կա­­­յանայ որ­­պէս բա­­նական անձ, որ օժ­­տո­­­ւած է մտա­­ծելու, խօ­­սելու եւ գոր­­ծե­­­լու կա­­րողու­­թիւննե­­րով։ Այդ տե­­սակի լա­­ւագոյն օրի­­նակն է Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի «Ողբ Եդե­­սիոյ» քեր­­թո­­­ւածը։ Այդ գրու­­թեան առիթն էր 1144 թո­­ւակա­­նին Հա­­լէպ քա­­ղաքի Զան­­գի ամի­­րայի կող­­մէ Եդե­­սիոյ գրա­­ւու­­մը եւ աւե­­րու­­մը։ Այս եր­­կի մէջ քա­­ղաքը կը յայտնո­­ւի որ­­պէս վշտա­­հար, որ­­դե­­­կորոյս մայր, որ կող­­բայ իր դժբախ­­տութեան։ Քա­­ղաքը կը մտա­­բերէ իր ան­­ցեալի փա­­ռաւոր, բա­­րեկե­­ցիկ օրե­­րը, ապա իր կոր­­ծա­­­նու­­մը, իր զա­­ւակ­­նե­­­րուն սպա­­նու­­թիւնը, կամ գե­­րեվա­­րու­­թիւնը։ Քա­­ղաքը կանի­­ծէ թշնա­­միին, ող­­բակցու­­թեան կը հրա­­ւիրէ քրիս­­տո­­­նեայ աշ­­խարհը եւ հա­­ւատք կը յայտնէ, թէ պի­­տի գայ ար­­դա­­­րու­­թեան եւ հա­­տուցման օրը։ Առա­­ջին պատ­­կե­­­րի մէջ կը տես­­նենք եղե­­րամայր մը..

Զքօղս ի գլխոյս մեր­­կա­­­նալով,

Զիմ պա­­տառեմ ծած­­կոյթ զար­­դի,

Փետ­­տեմ զվարսս իմ ցան­­կա­­­լի,

Խզեմ զհերս անխնա­­յելի,

Քա­­րամբք ծե­­ծեմ զկուրծս սրտի,

Բա­­խեմ զե­­րեսս իմ ապ­­տա­­­կի,

Նստիմ ի սուգ ի տան մթի,

Որ­­պէս օրէն է սգա­­ւորի։

Ապա գուրգու­­րա­­­ցող մայրն է, որ կը խօ­­սի իր վաս­­տա­­­կի մա­­սին.

Ես մայր էի բազ­­մորդի,

Ան­­թիւ ծնայ դուստր եւ որ­­դի,

Զորս մայ­­րա­­­բար դիեցու­­ցի,

Գե­­ղեց­­կա­­­տիպ յօ­­րինե­­ցի,

Վա­­յել­­չա­­­պէս զար­­դա­­­րեցի։

Իսկ այժմ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կը փա­­փաքիմ մէջ­­բե­­­րել հայ­­կա­­­կան դի­­մառ­­նա­­­կան քեր­­թո­­­ւած­­նե­­­րու ամե­­նէն սի­­րուա­­ծը՝ Ռա­­փայէլ Պատ­­կա­­­նեանի 1856 թո­­ւակա­­նին հե­­ղինա­­կած, բո­­լորին ծա­­նօթ, եր­­գի վե­­րածո­­ւած «Արաք­­սի ար­­տա­­­սու­­քը»։ Հե­­ղինա­­կը «քայ­­լա­­­մոլոր» կը շրջէ Արաք­­սի «պղտոր» ափե­­րուն վրայ, ապա գե­­տին կը հարցնէ, թէ ին­­չո՚ւ պար չու­­նի, ին­­չո՚ւ սգա­­ւոր է։ Վրդոուած՝ գե­­տը լե­­զու կառ­­նէ, կը յի­­շէ ան­­ցեալի գե­­ղածի­­ծաղ օրե­­րը, երբ հայ­­րե­­­նիքը ու­­նէր թագ եւ ի՚նքը թա­­գու­­հի մըն էր. «Կար ժա­­մանակ, որ ես էլ, / Շքե­­ղազարդ հար­­սի պէս, / Հա­­զար ու բիւր պչրան­­քով / Փախ­­չում էի ափե­­րէս»։ Աւա՜ղ, ան­­ցեր են այդ ժա­­մանակ­­նե­­­րը։ Օտար­­ներ ոտ­­նա­­­կոխ ըրեր՝ պղտո­­րեր են ջու­­րե­­­րը։ Իսկ այդ հար­­սը, այժմ այ­­րի մըն է վշտա­­հար.

Խի­­զա՜խ, ան­­մի՚տ պա­­տանի,

Նիրհս ին­­չո՜ւ դա­­րեւոր

Վրդո­­ւում ես, նո­­րոգում

Իմ ցա­­ւերը բիւ­­րա­­­ւոր։

Ապա, կը բա­­ցատ­­րէ, թէ ին­­չո՚ւ կը մնայ այ­­րի.

Սի­­րելիի մա­­հից յե­­տոյ

Ե՞րբ ես տե­­սել, որ այ­­րին

Ոտից գլուխ պճնո­­ւի

Իր զար­­դե­­­րով թան­­կա­­­գին։

Որի՜ հա­­մար զար­­դա­­­րուիմ,

Որի՜ աչ­­քը հրա­­պու­­րեմ…

Օտար փե­­սայ չու­­զե­­­լով,

Ես միշտ այ­­րի կը մնամ։

Ապա գե­­տը կառ­­նէ որ­­դե­­­կորոյս մօր ձայ­­նը.

Մինչ իմ որ­­դիք,— ո՞վ գի­­տէ —

Ծա­­րաւ, նօ­­թի, ան­­տէ­­­րունչ

Օտար աշ­­խարհ յա­­ծում են

Թոյլ ոտ­­քե­­­րով կի­­սաշունչ...

Եւ գե­­տը ու­­նի իր հրա­­ժեշ­­տի խօս­­քը.

Քա­­նի որ իմ զա­­ւակունք

Այսպէս կու մնան պան­­դուխտ՝

Ինձ միշտ սգո­­ւոր կը տես­­նէք։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, դուք չկար­­ծէք, թէ դի­­մառ­­նութիւ­­նը, իր ծա­­ղիկ­­նե­­­րով եւ թռչուննե­­րով՝ միջ­­նա­­­դարու տա­­ղարաննրու մէջ թա­­ռամած գրա­­կան արո­­ւեստ մըն է։ Դի­­մառ­­նութիւ­­նը այ­­սօր ալ մեր յու­­զումնե­­րը կը փո­­խադ­­րէ եւ զա­­նոնք ար­­տա­­­յայ­­տիչ կը դարձնէ։ Այս գրու­­թեանս ար­­դիւնքը ըլ­­լայ այն, որ ձեր նե­­րաշ­­խարհի թարգմա­­նը ըլ­­լան վարդն ու սո­­խակը, ո՚չ թէ՝ վշտա­­հար քա­­ղաք­­ներն ու գե­­տերը։ Հա­­զիւ ամիս մը առաջ տօ­­նած ըլ­­լա­­­լով քա­­ղաքա­­մայր Երե­­ւանի ծննդեան 2805րդ ամեակը, կը փա­­փաքիմ ոգե­­ւորիչ եր­­գով մը՝ Պա­­րոյր Սե­­ւակի դի­­մառ­­նա­­­կան պատ­­կերնե­­րով օժ­­տո­­­ւած ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեամբ մը ձե­­զի հրա­­ժեշտ տալ, ուր լե­­ռը հայր է, գե­­տը՝ մայր, իսկ Երե­­ւանը՝ անոնց սի­­րելի զա­­ւակը.

Երե­­ւան դար­­ձա՜ծ իմ Էրե­­բու­­նի,

Դա­­րեր ես ան­­ցել, բայց մնա­­ցել ես պա­­տանի։

Քո Մա­­սիս հօ­­րով, քո Արաքս մօ­­րով,

Մե­­ծանաս դա­­րով, Երե­ւա՜ն։