ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հեղինակազրկութեան վնասները

Վերջին եր­կու շա­բաթ­նե­րուն Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան օրա­կար­գի վրայ ամե­նաշատ խօ­սուած նիւ­թե­րէն մէ­կը եղաւ եր­կու բարձրա­գոյն դա­տարան­նե­րու՝ Վճռա­բեկ Ատեանի եւ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարա­նի բուռն հա­կամար­տութիւ­նը։

Ամէն ինչ սկսաւ երես­փո­խան ընտրուելէ ետք բան­տարկու­թիւնը շա­րու­նա­կուող փաս­տա­բան Ճան Աթա­լայի դի­մու­մով։

Աթա­լայ ձեր­բա­կալո­ւած էր բո­լորո­վին ան­հիմն մե­ղադ­րանքնե­րով։ Անոր կը վե­րագ­րո­ւէր «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի ցոյ­ցե­րուն մաս­նակցե­լով կա­ռավա­րու­թիւնը տա­պալե­լու յան­ցանքը։ Պատ­գա­մաւոր ընտրո­ւելէն ետք ըստ գոր­ծող կա­նոն­նե­րու եւ օրէնքնե­րու ան պէտք էր ազատ ար­ձա­կուէր եւ սկսէր Խորհրդա­րանէ ներս իր գոր­ծունէու­թեան։ Կա­մայա­կան որո­շու­մով մը չկի­րար­կո­ւեցաւ այդ մէ­կը եւ Աթա­լայ իբ­րեւ վերջին ատեան դի­մեց Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարան։ Այս վեր­ջի­նը Ար­դար հա­մարեց կա­տարուած դի­մու­մը եւ վճռեց թէ բռնագ­րա­ւուած է անոր իրա­ւունքնե­րը, ուստի պէտք է ան­մի­ջապէս վերջ տալ կա­լան­քին եւ գո­յացած վնա­սին հա­մար ալ հա­տու­ցել։ Բայց բո­լորս գի­տենք որ Թուրքիոյ դա­տական հա­մակար­գը վա­ղուց կորսնցու­ցած է ար­դա­րու­թեան երաշ­խիք ըլ­լա­լու յատ­կութիւ­նը եւ բո­լորո­վին քա­ղաքա­կանա­ցած։

Այս պայ­մաննե­րու տակ է, որ չկա­տարո­ւեցաւ Վե­րին Ատեանի վճի­ռը եւ աւե­լին՝ Վճռա­բեկ Ատեանը շատ ծանր քննա­դատու­թիւնով դա­տական քննու­թիւն պա­հան­ջեց Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարա­նի դա­տաւոր­նե­րուն դէմ։ Ամ­բողջ հա­սարա­կու­թիւնը շունչը բռնած կը սպա­սէ թէ ին­չի պի­տի հան­գի այս տա­րօրի­նակ դրու­թիւնը։

Ակա­մայ կը մտա­ծեմ, ցա­ւալի է ըն­դունա­կու­թիւն կո­չուա­ծը, քա­նի որ ան ի սկզբա­նէ ար­գելք մը կը դառ­նայ ան­հա­տական դա­տողու­թեան դի­մաց։ Հպա­տակիլ հզօ­րին եւ այդպէ­սով զերծ մնալ հա­ւանա­կան փոր­ձանքէն։ Մենք այս բա­նը կը տես­նենք նաեւ մեր ներ­հա­մայնքա­յին ապ­րումնե­րու մէջ։ Կայ ակ­նե­րեւ սխալ, որ մի­ջամ­տութեան կը կա­րօտի, բայց ան որ պի­տի մի­ջամ­տէ կը խու­սա­փի վախ­նա­լով թէ յան­կարծ գրգռած կրնայ ըլ­լալ որոշ կիր­քեր։

Շատ հե­տաքրքրա­կան նմա­նու­թիւններ կան Թուրքիոյ դա­տական հա­մակար­գի եւ մեր հա­մայնքա­յին ապ­րումնե­րու մի­ջեւ։ Մենք ալ գի­տենք թէ ինչն է ճիշ­դը եւ ինչն է սխա­լը, բայց փո­խանակ մեր գիտ­ցա­ծը բարձրա­ձայ­նե­լու, կը սպա­սենք թէ փո­թորի­կը հան­դարտի եւ ամէն ինչ աւե­լի տե­սանե­լի ըլ­լայ, որ­պէսզի մենք ալ ներ­կա­յանանք եւ ըսենք մեր կար­ծի­քը։ Այս ընե­լու ժա­մանակ ինքնա­բերա­բար կը խու­սա­փինք հզօր­նե­րու բար­կութե­նէն։ Այս մէ­կը տե­սանք, երբ բո­լորո­վին ան­հիմն պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րով պե­տու­թիւնը մի­ջամ­տեց Պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րուն։ Սխալ որո­շու­մը հե­զասահ կեր­պով կուլ տո­ւինք պե­տու­թեան բոր­բո­քու­մէն խու­սա­փելու մար­մա­ջով։

Օրի­նակի հա­մար ոչ ոք առար­կեց հի­ւան­դա­նոց ու­նե­ցող հիմ­նարկնե­րու ընտրու­թիւննե­րուն կա­մայա­կան յե­տաձգման դէմ։ Այդ մէ­կը թե­լադ­րող օրի­նաւոր ոչ մէկ պատ­ճառ գո­յու­թիւն ու­նէր։ Այս պա­հուն ալ նմա­նը կը տես­նենք, երբ անի­մաս­տօ­րէն տա­րի մը եւս կը յե­տաձ­գո­ւի հի­ւան­դա­նոց­նե­րու հո­գաբար­ձութեանց ընտրու­թիւնը։ Աւե­լի քան տա­սը տա­րինե­րէ ի վեր այդ պաշ­տօ­նին վրայ մնա­ցած հո­գաբար­ձունե­րը դժգո­հելու պատ­ճառ մը չեն տես­ներ այս անի­մաստ կա­մայա­կանու­թեան դի­մաց։ Ընդ հա­կառա­կը կար­ծես աւե­լի ու­րախ են ընտրու­թիւննե­րու յե­տաձ­գումը տես­նե­լով։ Հա­պա ժո­ղովուրդը ըսե­լիք որե­ւէ խօսք չու­նի՞ այս մա­սին։ Սա միահե­ծան վար­չա­կար­գի բնա­կան հե­տեւանքնե­րէն է։ Ինչպէս որ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հը կ՚ու­զէ բո­լոր լծակ­նե­րը իր ձեռ­քին ու­նե­նալ, նոյնպէս հա­մայնքէ ներս ալ կան այնպի­սի վար­չա­յին­ներ, որոնք եր­բեք չեն յօ­ժարիր օրի­նակա­նի գոր­ծադրու­թեան։

Կա­մայա­կանու­թիւնը կը խոր­տա­կէ ամ­բողջ հա­մայնք մը։