ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Դիմառնութիւն՝ Հայկական Գրականութեան Մարդկային Դէմքը

Դուք տե­­սա՞ծ էք մայ­­րա­­­ցած քա­­ղաք կամ վշտա­­հար գետ։ Գու­­ցէ այդ երե­­ւոյ­­թը չէ պա­­տահած ձե­­զի, բայց հայ գրող­­ներ տե­­սեր են այդ պատ­­կերնե­­րը եւ գրա­­կան գոր­­ծի են վե­­րածեր։ Դի­­մառ­­նութիւն կամ մարդկայ­­նա­­­ցում կո­­չուած արո­­ւեստն է ան, որ լե­­զու եւ ականջ կու տայ ան­­շունչին։ Հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թիւնը հա­­րուստ է դի­­մառ­­նութեան քնքոյշ նմոյշնե­­րով։ Այ­­սօր, կը փա­­փաքիմ ձե­­զի ներ­­կա­­­յաց­­նել գրա­­կան այն եր­­կե­­­րը, որոնց մէջ ան­­շունչ առար­­կան, ինչպէս քա­­ղաք մը, գետ մը կամ լու­­սի­­­նը գե­­ղադէմ՝ կը խօ­­սի, կը լսէ, կը դա­­տէ՝ քնա­­րական ոճով կը պատ­­մէ իր պատ­­մութիւ­­նը։

Բնու­­թեան տար­­րե­­­րը անձնա­­ւորե­­լու արուես­­տը նոր չէ։ Մար­­դը հա­­ւատա­­ցեր է, թէ բնու­­թիւնը ու­­նի շունչ. ամէն ծառ, ամէն ծով, ամէն ծա­­ղիկ ու­­նի ոգի։ Անոնք նոյ­­նիսկ կու­­նե­­­նան ծննդա­­բերու­­թեան ցաւ, ինչպէս եր­­կիրն ու եր­­կինքը ու­­նե­­­ցան, երբ պի­­տի ծնէր Վա­­հագ­­նը. «Երկնէր եր­­կին, երկնէր եր­­կիր, երկնէր եւ ծովն ծի­­րանի», Մով­­սէս Խո­­րենա­­ցի։ Այժմ մե­­զի ներ­­կա­­­յանան հայ­­կա­­­կան միջ­­նա­­­դարեան գրա­­կանու­­թեան տա­­ղասաց­­նե­­­րը իրենց ըն­­տիր պատ­­կե­­­րացումնե­­րով։

1300 թո­­ւականն է։ Երզնկա քա­­ղաքի եւ անոր շրջա­­կայ լեռ­­նե­­­րու մէջ կը դե­­գերի տա­­ղեր­­գու, բնու­­թեան եւ սի­­րոյ առա­­ջին եր­­գի­­­չը՝ Կոս­­տանդին Երզնկա­­ցին։ Տա­­ղասա­­ցը «Օրհնեալ է հայրն անսկիզբն» տա­­ղի մէջ մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ արե­­ւը ի՚նչ կեր­­պա­­­րանք ստա­­ցաւ այն պա­­հուն երբ Քրիս­­տոս մա­­հացաւ.

Արե­­գակն քօղ ար­­կեալ՝

խա­­ւարա­­նայր մի­­ջօրէին

եւ ծած­­կեալ լոյսն լուսնին՝

յա­­րիւն դառ­­նայր յայնմ ժա­­մին։

Արե­­ւը, ինչպէս վշտա­­հար կին, կամ մայր, սե­­ւերով ծած­­կո­­­ւեցաւ՝ խա­­ւարե­­ցաւ։ Երզնկա­­ցին գրեց նաեւ պայ­­ծառ պատ­­կեր մը։ Օր մը, երի­­տասարդ գե­­ղեց­­կուհի մը յայտնո­­ւեցաւ, արե­­գակ­­նա­­­փայլ տեսք ու­­նէր ան, տպա­­ւորեց Երզնկա­­ցիին, ցնծու­­թիւն պար­­գե­­­ւեց անոր։ Կի­­նը, այս տա­­ղի մէջ դար­­ձաւ պայ­­ծառ արեւ. «Ասեն՝ արեւ ծա­­գեցաւ ի մէջ գի­­շերիս, / Երբ փայ­­լես յան­­կարծա­­կի յերկրին երես»։

1600-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն Կար­­նոյ գա­­ւառի Սա­­լաձոր գիւ­­ղի մէջ կը ծնի Դա­­ւիթ Սա­­լաձոր­­ցի տա­­ղասա­­ցը։ Կար­­նոյ դաշ­­տը, յատ­­կա­­­պէս գար­­նան եղա­­նակին, զմայ­­լե­­­լի է։ Բնու­­թիւնը զար­­դա­­­րուած կըլ­­լայ տե­­սակ տե­­սակ ծա­­ղիկ­­նե­­­րով։ Բա­­նաս­­տեղծը չի կրնար ան­­տարբեր մնալ այդ գե­­ղեց­­կութեան։ Հմայ­­քի այդ տպա­­ւորու­­թեամբ Սա­­լաձոր­­ցին կը գրէ «Գո­­վասանք ծաղ­­կանց» յայտնի տա­­ղը, ու կը նկա­­րագ­­րէ բնու­­թեան զար­­թօնքը։ Բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ Սա­­լաձոր­­ցին կը գո­­վաբա­­նէ իր լեռ­­նաշխար­­հի 100-ի չափ ծա­­ղիկը։ Տա­­ղի մէջ իւ­­րա­­­քան­­չիւր ծա­­ղիկ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ իր իւ­­րա­­­յատուկ նկա­­րագի­­րը, իր քնքշու­­թիւնը։ Այդ ծա­­ղիկ­­նե­­­րէն մէկն է ծափ­­ծի­­­լը։ Դաշ­­տա­­­յին սպի­­տակ ծա­­ղիկ է ծափ­­ծի­­­լը, որ ու­­նի դե­­ղին գլխիկ։ Տա­­ղի մէջ ան սի­­րու­­նա­­­զարդ, գրա­­ւիչ կին է. «Ծափ­­ծիլն սպի­­տակ է հա­­գել, դե­­ղին քա­­շել վե­­րայ գլխուն»։

Հայ տա­­ղասաց­­նե­­­րը բնա­­կան երե­­ւոյթնե­­րուն տո­­ւին նաեւ ունկնդրե­­լու ու­­նա­­­կու­­թիւնը։ Ծա­­ռը, ծա­­ղիկը, սո­­խակը բա­­նաս­­տեղծի հեզ եւ սրտա­­մօտիկ զրու­­ցա­­­կից­­ներ եղան։ Այդ տա­­ղերը յու­­զիչ են, քնա­­րական, քան­­զի տա­­ղասա­­ցը, որ լե­­ցուեր է յուզմու­­քով՝ իր սէ­­րը, ցա­­ւը, յոյ­­սը, կա­­րօտը կը պատ­­մէ իր ստեղ­­ծած կեր­­պա­­­րին։ Այս տե­­սակ բա­­նատո­­ղերու առա­­ջին­­նե­­­րէն է Մով­­սէս Խօ­­րէնա­­ցիի Ող­­բը, ուր խօս­­քը ուղղո­­ւած է հայ­­րե­­­նիքին. «Ող­­բամ զքեզ, Հա­­յոց աշ­­խարհ»։ 1300-ին Ֆրի­­կը դի­­մեց իր սրտին. «Իմ սի՚րտ, վա­­տին մի լսեր, ու չա­­րին տեղ իս­­կի մի տալ»։ Ֆրի­­կը ու­­նէր պարզ լե­­զու, աշ­­խարհիկ բար­­բառ։ Ֆրի­­կը բա­­ցատ­­րեց, թէ ին­­չու իր լե­­զուն պարզ էր. «Ֆրի­­կը հան­­ցեղ պարզ է խօ­­սել, որ ամե­­նայն մարդ իմա­­նայ»։ Իսկ օր մը Ֆրի­­կի հո­­գին հան­­դի­­­մանեց իր անհնա­­զանդ եւ մե­­ղաւոր մարմնոյն. «Հո­­գիս ի մար­­մինս ասաց. Այ տխմար, ողորմ ու լա­­լի»։

Յով­­հաննէս Թլկու­­րանցին՝ «Տաղ ի վե­­րայ մա­­հու» տա­­ղի մէջ, իր ծե­­րու­­թեան օրերն էին, սար­­սա­­­փեցաւ մա­­հուան տե­­սիլ­­քի առ­­ջեւ. «Է՜, մահ, քա­­նի զքեզ յի­­շեմ, կու դո­­ղամ ու սար­­սա­­­փիմ ես»։

Վա­­նայ լի­­ճի հա­­րաւ-արե­­ւելեան ափի վրայ Խա­­ռակո­­նիս գիւ­­ղի մէջ 1490-նե­­րուն ծնաւ Նա­­հապետ Քու­­չա­­­կը։ Ըստ նոյն գիւ­­ղի ս. Թէոդո­­րոս եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տի տակ պահ­­պա­­­նուած շիր­­մա­­­քարի ար­­ձա­­­նագ­­րութեան, ան մա­­հացած է 1592 թո­­ւակա­­նին։ Մեր առա­­ջին աշուղ Քու­­չա­­­կի մար­­մինն ու հո­­գին օր մը կը զրու­­ցեն.

[Մար­­մի­­­նը]

«Ա՛յ հո­­գի, դու ո՞ւր կեր­­թաս, երբ քեզ­­նո՛վ եմ ես կեն­­դա­­­նի»։

[Հո­­գին]

«Ես զքեզ խի­­կար կու գիտի.

Երբ տունն ի քա­­կել առ­­նու,

տէրն ներսն այլ ի՞նչ բան ու­­նի»։

Զմայ­­լե­­­լի խո­­հա-իմաս­­տա­­­սիրա­­կան եր­­կխօ­­սու­­թիւն է սա։ Քու­­չա­­­կը յայտնի է նաեւ իր սի­­րային քա­­ռեակ­­նե­­­րով։ Սի­­րավառ տղան, օր մը իր եարը հիւր կըն­­դունի։ Տղան չու­­զեր, որ գի­­շերը վեր­­ջա­­­նայ։ Այս քա­­ռատո­­ղի մէջ գի­­շերը եւ առա­­ւօտը, մարդկայ­­նա­­­ցած, կամ դէմք առած՝ սէ­­րը խրա­­խու­­սող եւ սէ­­րը նա­­խան­­ձող ան­­ձե­­­րու դե­­րը կը կա­­տարեն.

[Գի­­շե՛ր],

դուն յեր­­կան կե­­ցիր,

տա­­րեկ մի եղիր, թէ կա­­րես,-

Իմ եարն ինձ հիւր եկեր,

զետ հա­­զար տա­­րու, թէ գի­­տես.

[Առա­­ւօ՛տ],

դու յետ կե­­ցիր,

որ զմեր խաղն չա­­ւիրես.

Գաս, զլոյսն ի վրայ բե­­րես

ու զիս իմ եարէս բա­­ժանես։

Նա­­ղաշ Յով­­նա­­­թանը՝ «Տաղ սի­­րոյ» գոր­­ծի մէջ իր սիր­­տը բա­­ցաւ սո­­խակին եւ վար­­դին. «Ուստի՞ կու գաս, քաղցր բլբուլ, քե­­զի բա­­րեւ, ես քեզ եմ ղուլ»։ Իսկ վար­­դը, այ­­սինքն քաղցրա­­բոյր եւ սի­­րու­­նա­­­տես եարը, պի­­տի ըլ­­լար բա­­րեխիղճ եւ պի­­տի զո­­վաց­­նէր Յով­­նա­­­թանի այ­­րած սիր­­տը.

Քո կրա­­կի մէջ ընկնող մարդն՝

Այլ մե­­ղադիր չեղ­­նիլ ին­­ձի։

Այսչափ բա­­ներս քեզ հա­­մար ա,

Այլ դու ե՞րբ կու խղճաս ին­­ձի։

Սո­­խակի եւ վար­­դի լե­­զու առած սի­­րաբա­­նու­­թեան գե­­ղեց­­կա­­­գոյն օրի­­նակ­­նե­­­րէն է Կոս­­տանդին Երզնկա­­ցիի «Տաղ գար­­նան ազ­­նիւ է» եր­­կը.

[Պլպու­­լը]

-Առանց քեզ ո՞նց ել­­նում ի հուն.

Հանց քա­­ղեցիր զշունչս ու հո­­գիս՝

Այլ չի մնաց երեսս քուն։

[Վար­­դը]

-Իմ լու­­սա­­­տու արեւն դու,

Աստղն զո­­հալ եւ մուշտա­­րի,

Շամս ու ղա­­մար իմ թաճս դու։

Վարդ եւ սո­­խակը սի­­րոյ խօս­­քեր փո­­խանա­­կած են նաեւ Մկրտիչ Նա­­ղաշի, Առա­­քել Բա­­ղիշե­­ցիի, Գրի­­գորիս Աղ­­թա­­­մար­­ցիի եւ Պետ­­րոս Ղա­­փան­­ցիի գոր­­ծե­­­րու մէջ։

Սա­­յաթ֊Նո­­վան որ­­պէս սրտա­­կից՝ խօ­­սեցաւ իր քա­­ման­­չա­­­յին հետ եւ գո­­վաբա­­նեց անոր բա­­րեսէր նկա­­րագի­­րը. «Շատ տխուր սիրտ կու խնդաց­­նիս, կու կտրիս հիւնդի դո­­ղը»։

Մար­­տի­­­րոս Խա­­րասար­­ցին ապ­­րե­­­ցաւ 1500-ական­­նե­­­րուն։ Իր անու­­նը մե­­զի կար­­ծել կու տայ, թէ ան ծնած ըլ­­լայ Խար­­բերդի գա­­ւառի Չմշկա­­ծագ գիւ­­ղա­­­քաղա­­քէն 15-16 քմ հա­­րաւ-արեւ­­մուտք, Եփ­­րա­­­տի ձա­­խակող­­մեան սա­­րաւան­­դի վրայ գտնո­­ւող Խա­­րասար գիւ­­ղի մէջ։ Խա­­րասար­­ցին իր տա­­ղերու մէջ նկա­­րագ­­րեց ժո­­ղովրդա­­կան տօ­­նախմբու­­թիւննե­­րը։ Կեն­­սա­­­սէր էր ան եւ իր տա­­ղերու մէջ յայտնի է իր բնա­­ւորու­­թիւնը։ Մար­­տի­­­րոս Խա­­րասար­­ցին հայ­­կա­­­կան քնա­­րեր­­գութեան մէջ առա­­ջինն է, որ եր­­գեց խնճոյ­­քը եւ սե­­ղանի վա­­յել­­քը։ Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ձե­­զի հրա­­ժեշտ կու տամ Խա­­րասար­­ցիի «Բա­­րեկեն­­դա­­­նի տաղ» եր­­գով, որ­­պէսզի դուք տես­­նէք հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան եր­­ջա­­­նիկ երե­­սը։ Այս եր­­գը այբբե­­նական կար­­գով գրո­­ւած է, Այ­­բէն մին­­չեւ Քէ, 36 տող եւ իւ­­րա­­­քան­­չիւր գիր այդ ցնծուն կո­­չունքի հրա­­ւիրո­­ւած յար­­գա­­­լիր անձնա­­ւորու­­թիւն մըն է։ Ու­­րախ վա­­յելում բո­­լորիդ. (Յա­­ջորդ յօ­­դուա­­ծը՝ մեր գրա­­կանու­­թեան այլ երես­­նե­­­րը)

Այբն ասէ. Այ­­սօր ըմ­­պեմք,

Բենն ասէ. Բե­­րէք գի­­նի,

Գիմն ասէ. Գի­­նի անոյշ.

Խէն ասէ. Խնդամք այ­­սօր,

Կենն ասէ. Կա­­րաս բա­­ցէք,

Հօն ասէ. Հար­­բե­­­ցու­­ցէք.

Փիւրն ասէ. Փառք տամք այ­­սօր,

Ու­­րախ լեր, ու­­րախ լեր,

Տան տա­­նու­­տէրս ասպնջա­­կան,

ու­­րախ լեր։