ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Խմբագրատան ուրախ անակնկալներէն

Յա­ճախ պա­տահած երե­ւոյթ է, օտար­ներ կ՚այ­ցե­լեն խմբագ­րա­տուն, կը զրու­ցենք որոշ ժա­մանակ եւ ապա եր­կա­րամեայ ծա­նօթ մը ըլ­լան կար­ծես, ջերմ ող­ջա­գու­րո­ւելով հրա­ժեշտ կ՚առ­նեն մեզ­մէ։ Այդպէս պա­տահե­ցաւ 7 Նո­յեմ­բեր երեք­շաբթի օր ցե­րեկո­ւայ ժա­մերուն, երբ իմաց տո­ւին թէ եր­կու հիւ­րեր այ­ցե­լու­թեան եկած են։ Իս­կոյն պար­զե­ցին այ­ցե­լու­թեան նպա­տակը։ Մեհ­մետ Այ­թունչ Ալ­թայն էր, որ յայտնեց թէ «Ակօս»ի խմբագ­րութիւն եկած են բան­տարկու­թեան եր­կար տա­րինե­րուն իրենց անվճար ստա­ցած «Ակօս» թեր­թի հա­մար­նե­րուն հա­մար յա­տուկ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լու։

«Բա­րեկամ մը զիս բա­ժանոր­դագրած էր «Ակօս»ին։ Ան տրա­մադիր եղած էր բա­ժանոր­դագրու­թեան գու­մա­րը վճա­րելու, բայց դուք մեր­ժած էիք -բանտ ղրկո­ւած «Ակօս»նե­րէն դրամ չենք գան­ձեր- ըսե­լով»։

Ճիշդ էր, Հրանդ Տին­քի որ­դեգրած սկզբունք մըն էր ցան­կա­ցող բան­տարկեալին «Ակօս»ի անվճար բա­ժանոր­դագրու­մը։ Իր մա­հէն ետք ալ նոյն հա­ւատար­մութեամբ շա­րու­նա­կուե­ցաւ այդ սո­վորու­թիւնը։ Ինչպէս որ «Հա­րազատ­ներ կը փնտռեն» խո­րագ­րով ծա­նու­ցումնե­րը, նոյնպէս ալ բան­տարկեալ­նե­րու բա­ժանոր­դագրու­մը կը դի­տուի իբ­րեւ զօ­րակ­ցութիւն եւ կը գոր­ծադրո­ւի անվճար կեր­պով։

Եկող­նե­րը եր­կու ըն­կերներ էին, որոն­ցմէ առա­ջինը Մեհմետ Այ­թունչ Ալ­թայ 31 տա­րուայ ազա­տազրկու­մէ ետք է, որ կը վե­րադառ­նար ազատ կեան­քի։ Իսկ իրեն ըն­կե­րակ­ցող Մուսթա­ֆա Եաշար 17 տա­րիներ ազա­տազրկո­ւելէ ետք այժմ ազատ ար­ձա­կուած է։

Այ­ցե­լու­թիւնը առիթ դար­ձաւ որ կրկին մտա­ծենք քաղ­բանտար­կեալ­նե­րու պայ­մաննե­րուն մա­սին։ Նոյ­նիսկ պի­տի կրնանք մտա­ծել թէ երա­նելի ժա­մանակ­ներ եղած են այն օրե­րը, երբ մեր խմբագ­րա­տու­նէն ու­ղարկո­ւած թեր­թե­րը կը յանձնո­ւէին ըն­թերցող­նե­րուն։ Դար­ձեալ Ալ­թայ է, որ կը պատ­մէ թէ բան­տարկու­թեան վեր­ջին տա­րինե­րուն չէր ստա­նար իրեն ու­ղարկո­ւած Ակօս­նե­րը։

Բան­տարկեալ­նե­րուն իրա­ւունքնե­րը սահ­մա­նափա­կելու հա­մար ան­հա­ւատա­լի հնարքներ կը գոր­ծադրո­ւին։ Անոնցմէ մէկն ալ կա­տարո­ւած է հինգ տա­րիներ առաջ հրա­պարա­կուած շրջա­բերա­կանով մը։ Ըստ այդ կա­նոնադ­րութեան բան­տարկեալ­ներ պի­տի կա­րենա­յին ստա­նալ միայն այն պար­բե­րական­նե­րը, որոնց փո­խար­ժէ­քը վճա­րուած էր ան­ձամբ իրենց կող­մէ։ Այ­սինքն ոեւէ մէ­կը նոյ­նիսկ իրա­ւունք պի­տի չու­նե­նար իր հա­րազա­տը բա­ժանոր­դագրել այս կամ այն պար­բե­րական մա­մու­լին։

Այս մա­սին մեր հիւ­րը երե­ւոյ­թը նկա­րագ­րեց հե­տեւեալ կեր­պով. «Երբ որ զիս ազատ պի­տի ար­ձա­կէին, այդ հինգ տա­րինե­րու «Ակօս»ի հա­ւաքա­ծոն հսկայ ծրար մը ըլ­լա­լով ձեռքս տո­ւին։ կա­րելի չէ այս մարդկանց միտ­քը կամ մտա­ծելա­կեր­պը հասկնալ»։ Իրաւ ալ որ­քան շատ բա­ներ կա­յին, որոնց մտա­ծելա­կեր­պը հասկնալ լուրջ դժո­ւարու­թիւն պի­տի դառ­նար 31 տա­րուայ ընդհա­տու­մէ ետք։

«Սա վեր­ջին ամիս­նե­րուն իմ դի­մաց յայտնո­ւած գլխա­ւոր մար­տահրա­ւէրն էր հասկնալ, ըն­կա­լել եւ ապա այդ հի­ման վրայ գոր­ծա­ծել բջջա­յին հե­ռախօ­սը։ Բնա­կանա­բար մեր աւան­դա­կան ըն­կա­լումնե­րուն հա­մաձայն հե­ռախօ­սը ձայ­նա­յին հա­ղոր­դակցու­թեան մի­ջոց մըն էր։ Հասկցանք որ այդ մէ­կը ժա­մանա­կի ըն­թացքին աւե­լի գոր­ծա­ծական դար­ձել է եւ նոյ­նիսկ կա­րիք չու­նի ոեւէ կա­պով մա­տակա­րարո­ւելու։ Բայց չեմ կրցած ըն­կա­լել թէ, այդ փոք­րիկ գոր­ծի­քը բա­ցի ձայ­նե­րը հա­ղոր­դե­լէ, պի­տի հա­ղոր­դէ նաեւ նկա­րը, գրու­թիւննե­րը ան­հա­ւատա­լի ծա­ւալով եւ նոյնքան ան­հա­ւատա­լի արա­գու­թեամբ»։

Քիչ մըն ալ մխի­թարան­քի հա­մար կը յայտնեմ թէ ես ալ նման դժո­ւարու­թիւններ ու­նիմ, այդ գիւ­տին հետ, որ օրըս­տօ­րէ կը շա­րու­նա­կէ ալ աւե­լի բար­դա­նալ։

Խմբագ­րա­տու­նը ի զուր չէ որ միշտ կը խոս­տա­նայ ու­րա­խալի անակնկալներ։