Նախորդ երկու յօդուածներու մէջ, կը յիշէ՞ք յարգելի ընթերցող, հայկական գրականութեան «խառն» էջերը թերթելով՝ համոզուած էինք, թէ խառն էր աշխարհը. ժամանակները խառն. հոգիները խառն։ «Խառն» բառի կոկիկ պատմութիւնն էր ան։ Կարդացեր էինք նաեւ, թէ աշխարհը կը պատրաստուէր մեծ խառնակութեան մը։ Ապա, մամուլի մէջ ե՚ս լսեցի պատերազմի թմբուկները. խլացնող. խելագարող։ Մտածելով, թէ այս աղմուկի եւ թոհուբոհի պատճառը «թմբուկ» բառն է՝ որոշեցի գրի առնել իր հնչեղ պատմութիւնը։ Ձեզ կը վստահեցնեմ. անոր գրական անցեալը այնքան սահմռկեցնող չէ, որքան անոր ձայնը այսօր։ Ուստի, գիշերային այս անդորր ժամուն, ձեր բազկաթոռի մէջ, լուսամփոփի մեղմ լոյսի տակ, դուք խաղաղօրէն ունկնդրեցէք անոր առասպելախառն եւ հեշտալուր հէքիաթը։
Թմբուկին հեռաւոր ձայնը
Չենք գիտեր, թէ Հայկական լեռնաշխարհի վրայ առաջին անգամ ո՚վ հարուածեց թմբուկը եւ արձակեց անոր դոփիւնը։ Բարեբախտաբար սակայն լեզուաբան այրեր կարծիք յայտներ են, թէ ի՚նչ է «թմբուկ» բառի արմատը։ Պարսկական բառ է ան, կ’ըսեն. ծագումն է تنبک (tonbak, tombak) բառը։ Հարուածային այս մորթապատ նուագարանը յոյներու եւ լատիններու τύμπανον - tympanum կոչածն է։ Ինչպէս բոլորին ծանօթ է, այս մեծաձայն նուագարանը միանուագ է։ Թեռեւս սա է պատճառը, թէ ածանց եւ բարդ բառերու բազմաձայնութեան մը ծնունդ չէ տուած ան։ «Թմբուկ» բառով շինուած՝ ունինք հազիւ չորս, կը հասկնա՞ք, ընդամէնը չորս բառ. թմբկահար, թմբկահարիկ, թմբկահարութիւն եւ թմբկաթաղանթ։ Իսկ «թմբկագործ» բառը, աւա՜ղ, մնացեր է 19րդ դարու բառարաններու մէջ։ Այս բառերը իրենց գրական հնչումները ունեցեր են միջնադարուն։ Մինչեւ այսօր ալ լսելի են անոնց արձագանքները. «Իշխանք ʼի մէջ օրիորդաց թմբկահարաց», «Զմարմնաւոր թմբկահարութիւնս ընդ հոգեւորսն», «Կայթէր կաքաւէր թմբկահարիկ աղջիկն», «Բախեալ զթմբուկն յաղթութեան»։
Լռեց ուրախութեան թմբուկը
Աստուածաշունչ մատեանը յայտնի է թմբուկի արձակած ձայնով։ Ահա քանի մը եղանակ. «Երգեցէ՚ք Տեառն թմբկօք», «Ուրախութեամբ եւ արուեստականօք թմբկաց», «Զթմբուկն ի ձեռն իւր»։ Թմբուկ բառը 21 անգամ հնչեր է Սուրբ Գիրքի մէջ։ Ներկայանալի թիւ՝ նուագարանի մը համար։ Իսկ յաջորդ երկու տողիկներու մէջ ան դարձեր է քնարական. «Կոյսդ Իսրայելի. Դարձեալ առցես զթմբուկ քո… Լռեցին ուրախութիւնք թմբկաց»։
Այսպէս խօսեցաւ թմբուկը
Հարսնիքի ժամանակ, կամ պատերազմի դաշտին՝ ահեղաձայն է թմբուկը,- կասկած չկայ։ Ան հնչեղ է եղած նաեւ գրական արտայայտութիւններու մէջ։ Ամենէն սարսափելին անշուշտ «Պատերազմի թմբուկներ» կոչուած դարձուածքն է։ Թմբուկ հարուածելը հին հայերու համար «Թմբուկ ածել» էր։ Մեր հիները նաեւ ըսին. «Թմբուկ ի գումար զօրաց», իրիկնային հաւաքի թմբկահարութիւն, «Թմբուկ դառնալ», փորը ուռիլ, «Թմբուկ պատռել», ուժգնօրէն թմբկահարել, «Դափիւն թմբկի», թմբուկի ձայնը, «Դափել, կամ արկանել թմբուկ», թմբուկ նուագել։ Իսկ թմբուկը հարուածելու ծառայող փայտէ ձողիկները կոչեր ենք՝ «Դափիչ թմբկի»։ Թմբուկը նաեւ մտաւ մեր ականջի մէջ, դարձաւ անոր թրթռացող թաղանթը՝ «Թմբուկ ականջաց»։
Սասունի թմբուկը
Երբ Սասունցի Դաւիթը քանդեց Ծովասարի որսատեղիի պարիսպները եւ ազատ արձակեց գազանները, Մսրայ Մելիքը զայրացաւ, այնքան եղաւ բարկացած եւ կատղած՝ վէրք բացաւ իր ձեռքի մէջեւ, իր իսկ արիւնով գրեց հրաման սպառնաձայն.
Ինձ պէտք են, պէտք են
հազար-հինգ հազար…
թմբուկ զարնող,
Սասունայ վերէն թալանեմ
բերեմ, թալանեմ բերեմ։
Եղաւ պատերազմ։ Սասունը յաղթանակեց։ Եղաւ խաղաղ կեանք։ Եղաւ ուրախ օր։ Բացուեցաւ հայոց առաւօտը։ Զէնքի տեղ մանգաղ եւ գերանդի բռնեց կտրիճը։ Կապուտակ ծուխը բարձրացաւ կտուրներէն։ Ապա, Սասունի ուրախ թմբուկը հնչեց.
Դը՚մբ, հա՜, դրը՚մբ,
թմբուկ զարկին։
Սրտակից թմբուկը
«Թմբուկ» բառը, հակառակ իր ահեղ տեսքին եւ ձայնին, օրեր եղան, դարձաւ մեղմաձայն, քնարական, երբ երկու միջնադարեան տաղասաց բարեխղճութեամբ մշակեցին զայն։
Առաջինը 1500-ներուն ապրած Գրիգոր Վանեցին էր. «Խրատ հոգեւոր եւ առակաւոր վասն սայլի» բանաստեղծութեան մէջ ան խօսեցաւ սայլ դարձած ծառի մը հետ։ Բանաստեղծը կողկողացող սայլէն խրատ ստացաւ, թէ, կեանքը դատարկ է եւ պէտք չէ ըլլալ սնափառ։ Սայլը ճռնչալով յիշեց իր անցեալի անվերադարձ փառքը։ Ան ըսաւ թէ հին օրերուն սիրունատես մանուկներ կը նստէին իր շուքի տակ եւ «…Թմբուկ եւ քնար առեալ երգէին»։ Իսկ Պետրոս Ղափանցին 1772 թուականին բացատրեց, թէ խրատ առնելու համար իմաստուն մարդուն աչքի մէկ թարթը բաւ է, իսկ խուլին՝ թմբուկ չբաւէ. («Երգարան», Պետրոս Ղափանցի, Կ. Պոլիս, 1772, էջ 130)։
Գիտնոց արանց եւ իմաստնոց կատարելոց,
Թարթիւ աչաց նշանացեալ է բաւական,
Այլ շինացւոց՝ անտոհմ, անվարժ մերապիսեաց,
Դափ եւ թմբուկ անցուցանել՝ չէ՛ բաւական։
Սեբաստիոյ թմբուկը
Մաղաքիա Օրմանեանը «Ազգապատում» աշխատասսիրութեան մէջ ըսաւ, թէ ռուսական բանակի հայ կամաւորականներու Հայագունդի իւրաքանչիւր վաշտը ունէր 800 զինուոր, 80 ենթասպայ, 40 սայլապան, հրամանատար մը եւ 8 թմբկահար։ Իսկ Հ. Ղուկաս Ինճիճեանը «Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի» աշխատասիրութեան մէջ գրեց, թէ Սեբաստիոյ բերդէն ամէն օր երկու անգամ կը լսուէր թմբուկի ձայն, մէկը արեւածագին, միւսը՝ մայրամուտին, եւ այդ գործը վստահուած էր հայերուն. «Յայս բերդ կրկին անգամ յաւուրն հարկանեն թմբուկ. որոյ հարակնօղք են հայք»։
Բանաստեղծ թմբուկը
«Թմբուկ» բառի երկրպագու բանաստեղծն է Ղեւոնդ Ալիշանը։ Անոր գրիչին կը պատկանին բազմաթիւ քնարական արտայայտութիւններ։ Ահա երեք քաղցրահնչիւն տողիկներ. «Բոմբիւնք թմբկաց տոփեն լերանց ի լերինս. Հայկայ հրաւէր վառէ զորդիս դիւցազինս», «Վազեն մանկունք թմբկահար / Ընդ Բագրեւանդ ճանապարհ», «Հնչեցին երգք հարսանեաց, դոփեցին թմբուկք տօնականք»։ Յովհաննէս Թումանեանը «Լոռեցի Սաքօն» քերթուածի մէջ մեզի նկարագրեց խնճոյքի գրական պատկեր մը. «Խնջոյք են սարքում, / Զուռնա են ածում, թմբուկ են զարկում»։ Շահան Շահնուր ըսաւ, թէ դար մը առաջ Պոլիսն էր մեր մայր թմբուկը, ոչ՝ Կովկասը. «Հանճարը կրնայ ծնիլ գաւառի խորը, բայց մայրաքաղաքն է, որ զայն կը նուիրագործէ։ Ան է, որ կը տարածէ համբաւը, ըլլալով արձագանգիչ թմբուկ։ Եւ մեր մայրաքաղաքը Պոլիսն էր։ … Կովկասահայ զանգուածը մնացած էր ռուսամոլ, ծիծաղելի սնոպիզմով եւ անպատրաստ, իր ցրուածութեա՚մբն իսկ, թմբուկի դերին»։ Վերջապէս, 1922 թուականին Գեղամ Սարեանի քնարը հարստացաւ նոր, պայծառ հնչիւններով։ Բանաստեղծը խանդավառուած էր վերածնած եւ ծաղկող հայրենիքով.
Հազար թմբուկ խփեն թող,
Այս առաւօտ։
Հինաւուրց թմբուկը
«Թմբուկ» բառը բազմատաղանդ է, կարելի է ըսել՝ բազմաձայն։ Միջնադարուն ան դարձաւ ճարտարապետական շինուածք՝ եկեղեցւոյ գմբէթի վարի գլանաձեւ մասը՝ իր «ութանիստ» եւ «բոլորշի» տեսակներով։ Տիգրանակերտի մէջ տեղանուն էր ան՝ «Թմբկահարներու աշտարակ», քաղաքի պարսպաշարի համալիրի աշտարակներէն մէկը։ 1962 թուականին բառս դարձաւ գիրք. 1910-ին Բաղէշ ծնած, Նախիջեւանի, Նոր Բայազետի եւ Լենինականի մանկատուներու մէջ մեծցած, Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն բանակի ատամնաբոյժ, Երեւանի բժշկական ուսումնարանի դասախօս, 50-ի չափ մանկական թատերախաղերու հեղինակ, բանաստեղծ, թատերագիր Վիկտոր Վարդանեանի բանաստեղծութիւններու ժողոուածուն՝ «Թմբուկ»։ Իսկ 1973 թուականին, եւ սա «Թմբուկ» բառի կատարած ամենէն հանրայայտ եւ պատկերաւոր դերն էր, ան Ներքին Բազմաբերդ գիւղի մէջ նկարահանուեցաւ, որպէս շարժանկար. Սասունցիներու հայկական, աւանդական հարսնիքը ներկայացնող, 23 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող «Հինաւուրց թմբուկ» ֆիլմը։
Յաղթական թմբուկը
«Թմբուկ» բառը, կը հաւատա՞ք, 17 Նոյեմբեր 1875 թուականին Կոստանդնուպոլսի «Français» թատրոնի մէջ բեմ բարձրացաւ, երբ «Լէպլէպիճի Հորհոր աղա» երաժշտախառն թատերախաղի անդրանիկ բեմադրութեան մէջ հանդիսատեսը զայն լսեց լէպլէպի ծախողներու խմբերգի մէջ։ Այս ոգեւորիչ երգով այսօր յարգելի ընթերցող ձեզի հրաժեշտ կու տամ, մաղթելով որ աշխարհի մեծ խառնակութեան աւարտին այլեւս հնչէ մե՚ր թմբուկը.
Մենք քաջ տոհմի զաւակներն ենք, չենք վախի…
Ուրեմն՝ յառա՚ջ, զարկենք թմբուկ յաղթական։