Ծնունդն ու մահը իրարու հակադրուած երկու եղելութիւններ են։ Եթէ ծնանք, բնականաբար պիտի մահանանք ալ։ Այդ առումով մահը պիտի դիմաւորենք իր բնականութեան մէջ։ Բայց ինչ կայ որ մարդ էակը ծնունդէն մինչեւ մահ հասնող ճանապարհին կը վայելէ կեանք մը, եւ այդ կեանքի ընթացքին ալ, նայած իր դիրքին կամ առաքելութեան կը շփուի իրեն ժամանակակից զանազաններու հետ։ Եթէ կեանք մը անցած է համեստ գիւղի մը սահմաններով, շփումներն ալ սահմանափակ մնացած են այդ գիւղի տարածքին հետ։ Իսկ եթէ հակառակն է, բնականաբար շփուած մարդկանց թիւը կ՚աճի եւ նոյնիսկ կեանքիդ մէջ չտեսած մարդիկ կ՚ողբան, սուգ կը պահեն գացողին ետեւէն։ Յիշենք Հոլիվուտեան աստղերը եւ անոնց նմանները աշխարհի վրայ։
28 Հոկտեմբեր շաբաթ առաւօտ էր, որ հեռախօսը գոյժեց մօրեղբօրս մահուան բօթը։ Յանկարծակի էր այս մահը, քանի որ ան մահացու հիւանդութիւն մը չէր ունեցած։
Մանրամասնութիւնները լսելով մխիթարուեցայ թէ ան նախքան վերջին շունչը այդքան ալ չէր տառապած։ Նոյնիսկ զգացած էր պատահարը եւ իր որդւոյն ալ փոխանցած էր «Ես կ՚երթամ» ըսելով։
Մեզի մնաց անհամար յիշատակներ։ Մօրենական կողմէ ընտանիքի ամենաերէցն էր ան։ 1938 թուի ծնունդ էր Մերուժան Ղեւիկեանը։ Ծնած էր Պոլսոյ Սամաթիա թաղը, ցեղասպանութենէ մազապուրծ փրկուած ընտանիքի իբրեւ հինգերորդ զաւակը կամ ալ առաջին որդին։ Մայրս ամենամեծն էր եւ ծնած էր 1922 թուին Տրապիզոն։ Տակաւին քառասունքը չէր լրացած, երբ հասաւ Պոլիս։ Յաջորդող երեք մօրաքոյրերս ալ մահացան երիտասարդ հասակով։ Իսկ վերջին մօրաքոյրս, որ կրտսերագոյնն է, եղբօր մահուան լուրը լսելով փութաց Իսթանպուլ։
Քեռիս չորեքշաբթի օր կը յուղարկաւորենք իր 60 տարիէ ի վեր բնակած Եէշիլգիւղ թաղի եկեղեցիէն։ Վերջին հանգստարանը կ՚ըլլայ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ ընտանեկան դամբարանը։
Հոն թաղուած են մեծ հայրս Վարդան, մեծ մայրս Արուսեակ, մայրս Սիրանոյշ, մօրաքոյրերս Սիւզան, Վիքթորիա եւ Հայկանոյշ։ Իսկ Մերուժանը մեծ մօրս Արուսեակին ցեղասպանութեան տարիներուն անյայտ կորած կրտսեր եղբօր անունն է, որ տրուած է քեռիիս։
Մերուժան յաջողեցաւ կեանքի պայքարին մէջ։ Ուրախ ամուսնութիւն մը ըրաւ եւ ունեցաւ երկու զաւակներ։ Ապա նաեւ հարս ու փեսայ եւ թոռներ։
Կայ նաեւ աւելին։ Ան ճարտար վարպետ մըն էր իր ոսկերչութեան ասպարէզին մէջ եւ պատրաստեց բազմաթիւ աշկերտներ, որոնք ապագային եւս վարպետ դարձան միշտ պանծացնելով իրենց ուսուցիչի, Մերուժան վարպետի համբաւը։
Պահ մը տատամսեցանք յուղարկաւորութիւնը իր ծննդավայր Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ կամ Եշիւլգիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին կատարելու տարակարծութեան մէջ։ Վերջապէս գերակշռեց 60 տարուայ մօտեցող թաղեցիութիւնը։
Տարակուսանքի բոլոր պահերուն «Արդեօք ինք ի՞նչ կը որոշէր» հարցումին պատասխանը որոնեցինք։ Գերակշռեց տրամաբանականը։
Մօրաքոյրս քեռիիս տան շեմին «Ահա կը վերջանայ Ղեւիկեաններու ցեղը» ըսաւ։ Այդ պահուն յայտնի է որ կ՚ակնարկէր իր ծնած ու մեծցած Իզճիթիւրք փողոցի փայտաշէն տունը։ Թէ ոչ պիտի իմանար թէ Հիլտան, ես եւ Սօսին, Միլենն ու Արծիկը, Վիքթորիան ու Սեւանը եւս Ղեւիկեաններու շառաւիղներ ենք։ Այսպէս Պուրճուն եւ Պէյզան, Սարվէնն ու Միքայէլը, Սարօն եւ Մարալը, Սասունն ու Վարդանը, Թալիան ու Թարան բոլորն ալ իրենց հետ կը պահեն քեռիիս ժպիտը, կենսուրախ վարքը եւ տակաւին երկար ժամանակ չէն թողուր որ վերջանայ Ղեւիկեաններու ցեղը։