Շաբաթ մը առաջ, յարգելի ընթերցող, գրած էի, թէ աշխարհը կը պատրաստուէր մեծ խառնակութեան մը։ Յօդուածիս մէջ կարդացեր էիք «խառն»բառի կոկիկ պատմութիւնը, տեսեր էիք, թէ աշխարհը, ինչպէս նաեւ հայոց աշխարհը, մի՚շտ ալ եղեր էր «խառն». քաղաքական գործերը՝ «խառնաշփոթ», մարդիկը՝ «խառնամիտ», անկողինները՝ «խառնագնաց»։ Իսկ յօդուածիս աւարտին, բոլորս ալ համաձայներ էինք, թէ երբեմն ցանկալի էր «խառն»ըլլալ։ Դանիէլ Վարուժանի «Բարտիները» բանաստեղծութեան մէջ դիտեր էինք վիպական պատկեր մը, ուր, գիշերախառն ժամուն, գիւղի մէջ, աստղերու տակ, գետակի առջեւ թեթեւ սիւք մը յանկարծ եկաւ՝ երիտասարդի մազերը իր սիրածի մազերուն խառնեց։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, նոյն սիւքը, խնդրենք, որ մեզ տանի հայկական գրականութեան խառնարանը եւ մենք էջ առ էջ թերթենք այդ սիրելի խառնակոյտը եւ մոլեգնօրէն ընթերցենք քանի մը խառնակութիւն։
Քնարաձայն խառնակութիւններ
«խառն»բառը, այդպէս չէ՞, անկարգութիւն կը յիշեցն»։ Սակայն, հակառակ այս ընդհանրացած կարծիքին, Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը Վենետիկի իր մենաստանի խաղաղութեան մէջ ստեղծեց այնպիսի տողիկներ, որոնք մեզի ցոյց տուին, թէ բառս կրնայ ըլլալ խիստ յուզական. քնարական։ Ահա, Ալիշանի գրիչին պատկանող քանի մը արտայայտութիւն. «Հեշտախառն բաժակ», «Աստուածախառն պատգամ», «Խառնաձայն կամք», «Տրտմախառն ողջունի կնիք»։ Իսկ յաջորդները, չորս հոգեգրաւ գեղեցկութիւններ, կը յուզեն մեզ. «Մասեաց լերին ի հոգեխառն», «Քաջին մահախառն անմահ», «Կարկտախառն ի վայր թափելով անձրեւ», «Իսկ երբ իջաւ առաւօտուն հովն հանդարտ / Եւ կապուտակ ծովին խառնեց կարմիր վարդ»։ Ալիշանը 1904-ին, «Հայաստան յառաջ քան զլինելն Հայաստան» աշխատասիրութեան մէջ բացատրեց նաեւ, թէ մեր երկրի նախաջրհեղեղեան հողի անմահական մշակներու վաստակը «զուարճախառն» էր։
Կանոնաւոր խառնակութիւն
1860 թուականին Շապին Գարահիսար ծնած, իր ծննդավայրի, ապա Պոլսոյ, Տրապիզոնի, Թիֆլիսի եւ դարձեալ Պոլսոյ մէջ ուսուցչական եւ իրաւաբանական ասպարէզներուն ծառայած Յարութիւն Շահրիկեանը հեղինակն է «Ազգային սահմանադրութիւնը» աշխատասիրութեան։ Այդ գիրքի մէջ Շահրիկեան կը նկարագրէ Սահմանադրական ազգային յանձնաժողովը. «Սահմանադրութեան ուրուագծին համեմատ՝ Գ.) Կրօնական գործոց տեսչութիւնը՝ «Կրօնական ժողովոյն», քաղաքական գործոց տեսչութիւնը՝ «Քաղաքական ժողովոյն», եւ խառն գործոց տեսչութիւնն ալ՝ յիշեալ երկու ժողովներուն մէկտեղ գալովը կազմուած «Խառն Ժողովոյն» վերաբերեալ ըլլայ»։ Խառն ժողով… Մենք գիտենք, թէ Յակոբ Պարոնեանը ի՚նչ կը մտածէր այդպիսի ժողովներու մասին։ Ան ափսոսանքով պիտի ծիծաղէր անշուշտ. «Ո՚չ Քաղաքական կայ, ո՚չ Թաղական եւ ոչ Կրօնական ժողով… միշտ Խառն ժողով կ՚ըլլայ. կանոնաւորը տեսած չունինք». Ատամնաբոյժն արեւելեան, 1868։
Անխառն գեղջկուհին
Ո՞վ է ամենէն աւանդապահ եւ անխառն հայը։ Հայ գեղջկուհին, անկասկած։ «Գեղջկուհին» յօդուածի մէջ Րաֆֆին նկարագրեց իր ժամանակի բնակավայրերը եւ անոնց հայ ազգաբնակչութեան բարոյական սկզբունքները։ Այդ օրերուն աղջիկ ու տղայ անխառն էին. Դասարանները անխառն. խաղալը անխառն. լողալը անխառն։ Րաֆֆին կը զարմանայ, թէ Թիֆլիսի մալականուհիները Գուր գետի մէջ, ի՜նչ ամօթ, տղամարդոց հետ «խառն, բազմութեան աչքի առջեւ, լողանում են»։ Հեղինակը կը նկարագրէ հայութիւնը. «Մեր գիւղերու մէջ անկարելի է տեսնել, որ մինչեւ անգամ 4-5 տարեկան աղջիկներն իրանց հասակակից տղաների հետ լողանային առուակների մէջ»։ Մէկ այլ պատկեր՝ փողոցի կեանքէ. «Մեր գիւղերում չէ կարելի տեսնել, որ հասակ առած աղջիկներ խառն տղաների հետ խաղային փողոցներում կամ հրապարակների վրայ»։ Բայց հեղինակը ազգի լուսաւորութիւնը կը տեսնէ որոշ խառնակութեան մը մէջ. «Ցանկալի կը լինէր, որ բոլոր գիւղական դպրոցներում աղջիկները եւ տղաները միասին սովորէին… Եւ այս տեսակ խառն երկսեռ դպրոցներն աւելի լաւ կը լինէր, որ կանանց ձեռքը յանձնուէին»։
Խառն ժամանակներ
Եղիշէ Չարենցը 1933 թուականին նկատեց, թէ հայկազնեան պարտէզը նորոգումի պէտք ունի. «Այս հինաւուրց պարտէզը դեռ խառն է ու խռիւ… / Պահանջում է ջանք ու խոնջենք, որ ճիւղքերը ծռի / Եւ մատուցէ պտուղներ վայելքի եւ ոստեր / Իմաստութեան»։ Իսկ Համօ Սահեանը նկատելով նոյն վիճակը, ամբողջ քերթուած մը գրեց, որպէսզի հայը բարեխիղճ ըլլայ իր երկրի եւ հողի հանդէպ.
Ժամանակները խառն են ու խրթին.
Հողմը ննջում է, հովն՝ ըմբոստանում…,
Հողը գժւում է, ջուրն իմաստնանում,
Մեռած յոյսերը ծնւում են կրկին,
Ու սիրտս կրկին բան չի հասկանում։
Քաղցրախառն յիշատակներ
Մարմարա Ծովու փրփրախառն ալիքնե՞րն էին պատճառը, Պոսֆորի գիշերախառն մայրամուտնե՞րը, թէ՝ տրտմախառն անձրեւները աշնան. չենք գիտեր. բայց ափսոս, որ խառնուած էր Եղիա Տէմիրճիպաշեանի հոգին։ Անհանդարտ էր տղան, անհաստատ, անխաղաղ։ Օր մը գանգատեցաւ։ Յետահայեաց դառն ակնարկ մը. «Զիս ի՜նչ ըրիք, ո՜ խոհանք եւ խորհրդածութիւնք… Ո՜, բանաստեղծութիւն, դեռ եւս մանուկ՝ ինձ մատուցիր դու սիրոյ բաժակն անյատակ. այն օշարակն երկնի ցօղով ու երկրի լեղիով խառն»։ Նոյն օրերուն, քաղաքի ասիական ափի վրայ Զապէլը Եսայեանը բարձր, մթին նոճիներու շուքի տակ դիտեց Սկիւտարի սրտագրաւ վերջալոյսը, պահ մը կանգ առաւ, շնչեց գերեզմանոցի անսահմանելի եւ տարտամ հոտը՝ «… կէս մը գինով, ռետինի եւ անանուխի բուրմունքէն խառնուած»։ Ինտրան նոյն ծովահայեաց արուարձանի մէջ լսեց Կիրակմուտքի զանգակը, որ կը հնչէր Սուրբ Խաչ երեքդարեան եկեղեցւոյ զանգակատունէն։ Այդ «հինաւուրց զանգիւնը» ներգործեց բանաստեղծին։ Ան եկեղեցի երթալու ձգտում մը ունեցաւ՝ «Հանդարտող ու հաւանաբար տխրող կեանքը վայրկեան մը քաղցրախառնելու…,. շատ կանուխ սկսած ծերութիւնը գաղջ ու խուսափուկ մանկականութեամբ մը բարեխառնելու» համար։ Ժաք Սայապալեանը, աշուն էր, ականատես եղաւ բնութեան խօլ պարի մը եւ մեզի պարգեւեց հետեւեալ պատկերը. «Չոր տերեւներով լեցուած ցամաք առուակի մը առջեւ կը կենամ… Հովի յանկարծական հոսանքէ մը մղուած այդ չոր տերեւները հողին վրայէն վեր կը ցատկեն, անգիտակից խենդ պար մը կը սկսին դառնալ օդին մէջ, դարձդարձիկ, խառն ի խուռն»։
Գիրկընդխառն տողիկներ
Պոլիսէն շատ հեռու, հայկական գրականութեան արեւելեան հորիզոններու վրայ, Վահան Տէրեանը 1908 թուականին թախծախառն (այս բառը իսկապէս գոյութիւն ունի) միտքերու մէջ գրեց «Մթնշաղի անուրջներ» ժողոուածուն։ Զգայացունց գիրք էր ան, որու 84 քերթուածներու մէջ հնչեցին մեղմ ու անոյշ մրմունջներ։ Նախ տեսանք, թէ գիշեր էր. լռած էր կեանքը. լռած էր աղմուկը։ Այդ խորհրդաւոր ժամուն իրար խառնուածն էին՝…, թող Տէրեանը պատմէ.
Մի անծանօթ ձեռք
նուրբ մթնշաղում
Անցեալն ու ներկան
իրար է խառնում,
Իմ սրտում ոսկէ
անձրեւ է մաղում։
Ապա, եկաւ ան, ճերմակ հագած այդ քոյր գեղեցկուհին, աննշմար, մեղմաքայլ. բանաստեղծը շշնջաց.
Աչքերդ փակիր,
ինձ քնքոյշ գրկիր,
Սուտ կեանքին խառնիր
երազանքը սուտ։
Ապա տղան տեսաւ աստղախառն երկինք, «…Երկինքը վառեց ոսկէ բուրվառներ», մայրամուտը կը ներկէր աշխարհը, «Լոյսերը քնքոյշ գրկեցին անոյշ երկինք, ծով ու հող», եւ բանաստեղծը փափաքեցաւ որ անծանօթ ձեռք մը խառնէ իր հոգին. «— Ա՜խ, եթէ մէկը իմ հոգին այդ մեղմ լոյսերին խառնէր / Եւ փայփայէր իմ հոգնատանջ սրտի թախիծը մաշող»։
Երգախառն մեղեդիներ
Աշխարհի մէջ, յարգելի ընթերցող, այսօր երբ միտքերն են խառն, տուներն են խառն, օրերն են խառն եւ վիճակներն են խառն, պէտք է հեռանալ այս աղմուկէն, ինչպէս Վարուժանը եւ իր հարսը ըրին, նստեցան բարտիներու տակ, կամ՝ ինչպէս նախորդ յօդուածիս մէջ առաջարկած էի, թէ դուք Նեմրուտ լերան խառնարանի ծայրին՝ երկրորդի մը հետ պէտք է որ դիտէք մայրամուտը Վանայ ծովու։ Այդ պահուն թող խառնուին իր ու ձեր մազերը. պահ մը լուռ մնաք գիրկընդխառն. որպէսզի խառն բառը կարենայ ցոյց տալ, թէ ան սէր եւ ջերմութիւն ալ կրնայ պարունակել։
Ահա հասանք առասպելախառն յօդուածիս աւարտին։ Անսալով Գուրգէն Մահարիի խրատին, թէ «Երգը զէնքի պէս զգոյշ գործածիր, երբ խառն է դարը», կ’առաջարկեմ ունկնդրել տաղասաց, երգահան Նաղաշ Յովնաթանի «Թասերն չինի» երեքդարեան կենսուրախ երգը, ուր սեղանակիցները զուարթ են, ազնիւ եւ անխառն.
Այս մէջլիսումս տխուր եւ դառն մարդն չէ խառն.
Յիշէ՚ք Յովնաթան, խմէ՚ք գինի, ձեզ անոյշ լինի,
Թասերն չինի, կարմիր գինի, ձեզ անոյշ լինի…