ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Դարադարձի խոհեր

29Հոկ­տեմ­բեր 1923 թո­­ւակա­­նին նո­­րան­­կախ Թուրքիոյ Խորհրդա­­րանը պաշ­­տօ­­­նապէս յայ­­տա­­­րարեց երկրի վար­­չա­­­ձեւը իբ­­րեւ հան­­րա­­­պետու­­թիւն։

Ար­­դէն 1920 թո­­ւակա­­նի 23 Ապ­­րի­­­լէն սկսեալ Ան­­գա­­­րայի մէջ կեան­­քի կո­­չուած էր նոր խորհրդա­­րան մը, որ կը փո­­խարի­­նէր Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան։ Շատ գե­­տեր հո­­սած էին վեր­­ջին քա­­նի մը տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին եւ Ա. Աշ­­խարհա­­մար­­տէն պար­­տութիւ­­նով դուրս եկած կայսրու­­թիւնը յօ­­ժարած էր յաղ­­թա­­­նակած գեր­­պե­­­տու­­թիւննե­­րու լու­­ծին։ Մուսթա­­ֆա Քե­­մալի ապստամ­­բութիւ­­նը յա­­ջողե­­ցաւ այդ լու­­ծը վե­­րաց­­նե­­­լու, հա­­մակեր­­պե­­­լով այդ նոյն գեր­­տէ­­­րու­­թիւննե­­րու ակնկա­­լու­­թիւննե­­րը գո­­հաց­­նե­­­լով։

Արեւմտեան պե­­տու­­թիւննե­­րու գլխա­­ւոր մտա­­հոգու­­թիւնն էր Խորհրդա­­յին Միու­­թեան մեր­­ձե­­­ցող թրքա­­կան պե­­տու­­թիւն մը։ Մուսթա­­ֆա Քե­­մալ, որ յա­­ջող զօ­­րավա­­րի կո­­չու­­մին կող­­քին զի­­նուած էր նաեւ պե­­տական գոր­­ծի­­­չի դի­­ւանա­­գէտի յատ­­կութիւննե­­րով, յա­­ջողե­­ցաւ այս վեր­­ջիննե­­րուն եւս վստա­­հեց­­նել թէ նոր պե­­տու­­թիւնը պի­­տի որ­­դեգրէ արեւմտա­­մէտ, ըն­­կե­­­րատնտե­­սական սկզբունքներ։

Մեր աշա­­կեր­­տութեան տա­­րինե­­րուն տի­­րող դաս­­տիարա­­կու­­թեան շնոր­­հիւ կը կար­­ծէինք թէ հան­­րա­­­պետու­­թիւնը եւ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւնը եթէ ոչ նոյն, բայց գո­­նէ իրար ծնող գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւններ են։ Տա­­րինե­­րու հո­­լովոյ­­թով քա­­նի սկսանք ու­­սումնա­­սիրել հան­­րա­­­պետու­­թիւն եւ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւն եզ­­րե­­­րը, տե­­սանք որ անոնք կրնան բո­­լորո­­վին տար­­բեր երե­­ւոյթներ ու­­նե­­­նալ։ Օրի­­նակի հա­­մար՝ Դա­­նիան մին­­չեւ օրս թա­­գաւո­­րու­­թիւն է, ուր կը տի­­րէ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան ամե­­նածա­­ւալուն գոր­­ծադրու­­թիւնը։ Ատոր փո­­խարէն անու­­նը հան­­րա­­­պետու­­թիւնով բնու­­թագրո­­ւած բազ­­մա­­­թիւ եր­­կիրներ կան, որոնք շատ հե­­ռու են ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան սկզբունքնե­­րէն։

Թուրքիա անցնող 100 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին ընդմիշտ ճօ­­ճուե­­ցաւ այս եր­­կու ըն­­կալմումնե­­րու մի­­ջեւ։ Խաբ­­կանք մըն էր նաեւ ընտրու­­թիւննե­­րու առ­­կա­­­յու­­թիւնը, որոնք աւե­­լի քան 30 տա­­րիներ կա­­յացան բաց քո­­ւէար­­կութիւն եւ գաղտնի հա­­շուար­­կումի բնոյ­­թով։ Բան մը որ ի հի­­մանէ հա­­կառակ է ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան դրու­­թեան։ Հա­­զիւ 1950-էն ետք ի զօ­­րու եղաւ գաղտնի քո­­ւէար­­կութիւն եւ բա­­ցայայտ հա­­շուար­­կումի սկզբունքը։ Բայց այդ թո­­ւակա­­նէն ետք ալ երկրի բա­­նակը յե­­նելով իրեն վե­­րագ­­րո­­­ւած եր­­կի­­­րը խնա­­յելու պար­­տա­­­կանու­­թեան, երեք ան­­գամ դի­­մեց զի­­նուո­­րական յե­­ղափո­­խու­­թեան մի­­ջոցաւ իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թեան։

Այ­­սօր երբ սահ­­մա­­­նափակ ոգե­­ւորու­­թեամբ կը փոր­­ձո­­­ւի հան­­րա­­­պետու­­թեան դա­­րադար­­ձը նշել, դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով զանց կ՚առ­­նո­­­ւի այս ու նման թե­­րացումնե­­րը։ 50-60 տա­­րի առաջ մե­­զի ուղղո­­ւած լո­­լոզու­­մը կը շա­­րու­­նա­­­կուի նոյն թա­­փով։

Թե­­րեւս այս է պատ­­ճա­­­ռը, որ հան­­րա­­­պետու­­թեան դա­­րադար­­ձը ամե­­նաշատ գո­­վազդնե­­րու նիւթ դար­­ձած է։ Յա­­տուկ դրա­­մատու­­ներ, վար­­պե­­­տօրէն նկա­­րահա­­նուած գո­­վազդնե­­րով կը փա­­ռաբա­­նեն հան­­րա­­­պետու­­թիւնը։ Կը գո­­վեր­­գեն հան­­րա­­­պետա­­կան շրջա­­նին կա­­նանց ըն­­կե­­­րային կեան­­քի մէջ ար­­ձա­­­նագ­­րած նո­­ւաճումնե­­րը։ Այդ ընե­­լու պա­­հուն դրա­­մատու­­նե­­­րը առան­­ձին չեն։ Գո­­վազդնե­­րու նոյն բնոյ­­թի շար­­քով անոնց կը միանան նաեւ պիս­­քուվիթ կամ այլ թխո­­ւած­­քե­­­ղէն ար­­տադրող ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րը, կամ Ամե­­րիկեան դրա­­մապաշ­­տութեան խորհրդա­­նիշը դար­­ձած կա­­զով ըմ­­պե­­­լիք­­նե­­­րու ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րը։

Այս ջերմ ոգե­­ւորու­­թեան վրայ պաղ ջուր աւելցնե­­լու հա­­մար չէ, այլ եղած չե­­ղածը աւե­­լի ճշգրիտ ըն­­կա­­­լելու հա­­մար խոր­­հուրդ կու տանք վերստին ըն­­թերցել Սե­­ւան Նշա­­նեանի «Սխալ Հան­­րա­­­պետու­­թիւն» պատ­­մա­­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը։

Իս­­կա­­­պէս ալ սխա­­լու­­թիւն մը կայ ըսուածին եւ կա­­տարո­­ւածին մի­­ջեւ։ Եթէ ոչ ո՞վ պի­­տի հա­­մար­­ձա­­­կէր Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Սեզ­­կին Թան­­րը­­­քու­­լուն մե­­ղադ­­րե­­­լու իր այդքան ճշգրիտ հաս­­տա­­­տումնե­­րուն հա­­մար։

Միշտ գնա­­հատե­­լով ձեռքբե­­րումնե­­րը պար­­տինք նշել, որ հան­­րա­­­պետու­­թեան սխալ­­նե­­­րը, որ­­պէսզի յա­­ջող դարն ալ չըն­­թա­­­նայ նոյն սխալ­­ներով։