ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Անկարելի է գիտնալ թէ քանիերորդ անգամն է, բայց ահա կրկին ճամբայ ելած եմ դէպի Հայաստան։ Կը յիշեմ իմ առաջին ուղեւորութիւնը 1986 թուականի Սեպտեմբերին, երբ կ՚իրականանար մուրազ մը, այցելելով ԽՍՀՀ։
Աւելի քան 40 ուխտաւորներ լուսահոգի Կարպիս Ուղուրլուեանի առաջնորդութեամբ, Կարսի Աքեաքայի սահմանադուռէն անցանք Կիւմիր, կամ ալ այդ ժամանակներու անուանումով Լենինական։
Պոլսյ Պատրիարքարանի միաբաններէն Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Մութաֆեան այդ ուխտագնացութենէ վերադարձին Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուելով արդէն կը կոչուէր Մեսրոպ Սրբազան։
Երեւանը իր չքնաղութեամբ, բնակիչներու ջերմ եռանդով, արուեստի ու մշակոյթի տաճարներով, խումբի բոլոր անդամներուն հետ միասին հմայած էր նաեւ ինձ։ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք մասնակցած էի Մուսա Լերան աւանդական տօնախմբութեան։ Երկու շաբաթ տեւողութեամբ այդ ուխտագնացութեան իւրաքանչիւր օր բացառիկ ապրումներ, հրաշալի հանդիպումներ ու ծանօթացումներ կը պարգեւէր բոլորիս։
Կը յիշեմ այն արտակարգ պահը, երբ Լենինականի ճամբուն վրայ հանդիպեցանք Ուճան գիւղը, ուր մեծ հօրս Վարդանի զինընկերները խորհրդային վարչակարգը յանկարծակիին բերելով մէկ գիշերուան մէջ կանգնած էին իրենց զօրավարի՝ Անդրանիկի յուշարձանը։
Արդէն դրական բազում կանխապաշարներով եկած էի Հայաստան, բայց տեսածներս գերազանցեցին իմ երազանքը։
Գիտեմ որ իմ հաստատումը անհաւատալի պիտի թուի բոլոր անոնց համար, որոնք սեփականաշնորհուած բնակարանները ընտանիքի անդամներու թիւով ինքնաթիռի տոմսի փոխարէն ծախեցին ու լքեցին սեփական երկիրը։ Անոնք հետագային աւելի նուազ մեղաւոր դարձան երկրի բոլոր հարստութիւնը շորթելու համար շարժման անցած պատեհապաշտ աւազակներու նկատմամբ։
Յաջորդ այցելութեան համար հարկ եղաւ ինը տարի սպասել։ Այս երկրորդ այցելութեան օրերուն Հայաստան փորձուած էր իրարայաջորդ աղէտներով։ 1988-ի երկրաշարժը, վրայ հասնող իշխանափոխութիւնը ու վերջապէս Արցախեան պատերազմի զոհերու թիւը վերացուցած էր քաղաքամայր Երեւանի շէնշող տրամադրութիւնը։
96-ին դարձեալ այցելութիւն մը եւ բնականաբար բաղդատութիւն մը մէկ տարուայ ընթացքին արձանագրուած յառաջընթացի մասին։ Թէեւ յառաջընթացը նկատելի էր մայրաքաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ միայն, բայց այդ ալ բաւարար էր ապագայի նկատմամբ յոյսեր սնուցելու համար։
Այդ յոյսերը համազգային պիտի ըլլային եթէ պատահած չըլլար Խորհրդարանի դէմ յարձակումը եւ զոհուած չըլլային երկրի ամենայուսադրիչ քաղաքական գործիչները յանձին Կարէն Տեմիրճեանը, Վազգէն Սարգսեանը եւ իրենց հետ զոհուած վեց երեսփոխանները։
Այդ դաւադրական բնոյթի յարձակումէն ետք ալ աւելի թափ ստացաւ դէպի օտար երկիրներ գաղթելու աղէտը։
Մենք վառ պահեցինք յոյսը, Հայաստանի հանրապետութեան վերելքի ու վերածաղկման մասին։
Այսօր բաղդատմամբ անցեալին շատ աւելի լուրջ վտանգներ կը սպառնան մեր երկրին։ Բայց ի դէմ բոլոր այդ պայմաններուն Երեւան կը շարունակէ պահել իր յատուկ ձգողութիւնը։ Իզուր չէ որ Զուարթնոց օդակայանէն դէպի կեդրոն տանող ճանապարհի վրայ մեր շրթները կը թոթովեն՝ «Երեւան, Երեւան Իմ միակ օթեւան։ Ես կ՚անցնիմ կը գնամ, դու կ՚ապրիս յաւիտեան»։