Քովի սիւնակներուն մէջ պատահական չէ, որ աշխարհի վրայ գործող դժբախտութիւնները վերագրեցինք ենթադրեալ չար ձեռքի մը։ Կարծես թէ այդ ձեռքի գոյութիւնը համատարած ընդունելութիւն գտած է, բայց տարակուսանք կայ ձեռքի տիրոջ մասին։
Կ՚արժէ պահ մը վերյիշել Խորհրդային միութեան տարանջատման շրջանը։ Այդ տարիներուն աշխարհի գերտէրութիւնները օրակարգի բերին «համաշխարհայնացում» կոչուած հասկացողութիւնը։
Ժամանակակից փիլիսոփաներ միտքեր յղացան նոր շրջանի կանխատեսումներով։ Անոնցմէ մէկն ալ Սամուէլ Հանթինկթըն, որ նկարագրեց քաղաքակրթութիւններու բախումի տեսութիւնը։ Հանթինկթընի համաձայն ԻԱ դարը քաղաքակրթութիւններու պատերազմի դարը պիտի ըլլար, քանի որ դասակարգներու պատերազմի շրջանը փակուած է Խորհրդային Միութեան փլուզումով։ Այժմ կը նախատեսուի ազգայնամոլութեան աճ, որու հետեւանքով յառաջիկայ տասնամեակներուն յաճախ պիտի փոխուէր աշխարհի երկիրներու քարտէսը։
Այժմ այդ կանխատեսումին իրականացման ականատես կ՚ըլլանք։ Այդ է պատճառը, որ Ի դարու երկու համաշխարհային պատերազմներէ ետք գոյացած ընկալումները կը մոռցուին իրենց տեղը զիջելով հող նուաճելու համար մղուած բռնութիւններու։ Թիզ մը հողի համար դիւրաւ կը զոհուին բիւրաւոր կեանքեր, որու աւարտին յաղթական կամ պարտեալ ոչ մէկը շահաւոր դուրս կու գայ։
Ուրեմն կարելի է պնդել թէ այս սխալ ռազմավարութիւնը ոչ միայն անմարդկային, նաեւ հակամարդկային է։ Միայն կեղծիքն է, որուն փողը սուր կը հնչէ։ Այո՛ այդ պորազան-ը ամօթ չի ճանչնար։ Այսօր կ՚աղաղակէ Կազզէի դէմ կատարուած շրջափակումը մեղադրելու համար, առանց յիշելու թէ լուռ մնացած էր Արցախի ինը ամիս տեւող շրջափակումին դիմաց։
Խաղաղ բնակիչներուն ուղղուած յանցագործութիւն է շրջափակումը, անկախ գործադրողէն։ Այսօր միայն Արցախի շրջափակման դէմ ձայն բարձրացնողները իրաւունք ունին Կազզայի շրջափակումին առարկելու։ Մնացեալը կեղծիք է, կեղծաւորութիւն, նոյնիսկ աւելի յանդուգն խօսինք ստորնութիւն։ Համամարդկային ընկալումներ չունեցողները պարտին յաւիտեանս լռել ամէն տեսակ անմարդկայնութեան դիմաց։
Ընդամէնը հինգ օրէ ի վեր շարունակուող պատերազմը բաւարար եղաւ որպէսզի հակասեմիթ կամ հակաիսլամ բնոյթով ատելութեան ամենանողկալի արտայայտութիւնները ողողեն ԶԼՄ-ներու էկրանները կամ էջերը։
Ցաւալի այլ երեւոյթ է, որ մակարդակի կորուստը սահմանուած չէ անպատասխանատու հասարակ մարդկանցով։ Երկիրներ ղեկավարող ամենաբարձր դիրքերու մարդիկ եւս այդ ցածր մակարդակի թելադրանքով ու լեզուով կը խօսին։ Բացառուած չեն նաեւ իրենց անուններուն կցուած ակադեմական տիտղոս ունեցողները։ Անոնք ալ տարուած են այս համաշխարհային աղտէն։
Կ՚երեւի թէ նոր ժամանակներու համաշխարհայնացումը համաձայնած է լկտիութեան սահմանները վերացնելու նիւթին շուրջ։
Ուրիշ ի՞նչ կրնանք ըսել, եթէ Իսրայէլի սեփական երկիրը պաշտպանելէ անճարակ պաշտպանութեան նախարարը կը յայտարարէ թէ զանց կ՚առնէ պատերազմական բոլոր սահմանափակումները։ Այլ խօսքով ազատ կը թողու արգիլուած զէնք գործածելու, խաղաղ բնակիչներ սպաննելու, հիւանդանոց կամ դպրոցները թիրախաւորելէ խուսափելու նման բոլոր համաշխարհային կանոնադրութիւնները։
Համաշխարհայնացում ըսելով աշխարհի առանցքը դուրս եկած է իր հունէն եւ այժմ կը տառապինք անոր հետեւանքներով։