Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ կը լսեմ կամ կը դիտեմ լուրերը՝ պետական-պաշտօնական լրատուամիջոցներու մէջ շռայլօրէն սփռուած, կամ՝ ընկերային ցանցերու մէջ խճճուած՝ ափսոսանքով կը շարժեմ գլուխս, քանզի չեմ գիտեր, թէ ո՚րն է ճշմարիտը եւ որն է՝ սուտը։ Ցաւելով, թէ համաշխարհային այս մոլորեալ վիճակէն շատ կը տուժէ հայապատկան արժէքներու ինքնութիւնը, տեղի կ’ունենայ անոնց խեղաթիւրումը՝ իր վանքներէն մինչեւ գորգերը,- ցանկի վրայ խոցուած սրտով ներառէք նաեւ հայուն երգը, պարը, հացը, հողը, ջուրը եւ տարազը, առաւելաբար, դեռ խռովայոյզ սրտով կը սպասենք սուտ մարգարէներու եւ սուտ վկաներու գալստեան,- որոշեցի «սուտ» բառի ճշմարիտ պատմութիւնը գրի առնել, որպէսզի յօդուածս առկայծող ճրագի մը նման լուսաւորէ այս խաւարը եւ մենք կարողանանք գրական անցեալի մէջ գտնել եւ հաճոյքով ընթերցել քանի մը արդարամիտ տաղասացի տողիկը եւ աւարտին, լսենք քանի մը երգահանի անսուտ խօսքերը։
Թեւաւոր սուտեր
«Սուտ» բառը ունի իր հաստատ ստուգաբանութիւնը։ Բնիկ հայկական բառ է ան, կը համեմատուի յոյներու ψευδής (pseudēs) եւ լատիններու pseudo «սուտ» բառերու հետ։ Ոսկեդարուն «սուտ» բառը, որ պարզունակ միավանկ մըն էր լոկ, ճիւղաւորուեցաւ, բարդացաւ, կարելի է ըսել՝ դարձաւ թեւաւոր, ինչպէս սուտ խօսքը բերնէ բերան կը տարածուի, ապա կը դառնայ անճանաչելի։ Հայկական հին մատենագրութեան մէջ, ուստի, ունեցեր ենք,- Եղիշէն, Փարպեցին, Ագաթանցեղոսը, Կորիւնը, Փաւստոսը վկայ,- «սուտակ», «սուտակասպաս», «սուտապատում», «սուտքրիստոս», «ստագիր», «ստադատ», «համապազասուտ», «երդմնասուտ» բառերը։ Իսկ այսօր ունինք նոր արտայայտութիւններ. սուտի–մուտի, սուտիկ–մուտիկ, սուտլիկ–մուտլիկ եւ սուտուփուճ։
Արտայայտիչ սուտեր
Հայը, որ պատկերաւոր մտածողութիւն ունի, իր սուտերն ալ յաջողեր է դարձնել՝ արտայայտիչ։ Դարձուածքներու բառարանները հարուստ են «սուտ» արտայայտութիւններով, ինչպէս՝ «ստի տոպրակ», «սուտ հանել», «սուտը բռնել», «սուտ դուրս գալ»։ Մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին ականջալուր եղած էք անկասկած, թէ քաղաքագէտի համար՝ իր հասցէին ուղղուած քննադատութիւնները պարզապէս «Բացարձակ սուտ» եւ «Լկտի սուտ» են։ (Հայկական մամուլ)։ Իսկ ձեզի կը խրատեմ հեռու մնալ մարդու «Սուտ ճգնաւոր» կոչուած տեսակէն, քանզի այդ անձնաւորութիւնը, ըստ հայերէնի բացատրական բառարանի՝ «արտաքուստ բարեպաշտ եւ առաքինի ձեւացող, բայց իրօք խաբեբայ» մարդ է։
Իմաստալից սուտեր
«Սուտ» բառը ճկուն է։ Որպէս ածական ան դիւրութեամբ կը մօտենայ «լուր», «խօսք» եւ «խոստում» գոյականներուն։ Ան կ’ընդունի նաեւ հետեւեալ իմաստները. ոչ-իրական, չպատահած, գոյութիւն չունեցած, ցուցադրական, կեղծ, խաբեբայ, գիտական տեսակէտէ անընդունելի, ստախօս, անհաւանական, զուր, անիրականալի եւ անիմաստ։ Հայ հեղինակը նկատելով իմաստներու այս բազմազանութիւնը ստեղծեց պատկերաւոր նկարագրութիւններ։ Ահա քանի մը իրական օրինակ. «Սուտ սիրով խաբել», Վահան Տէրեան, «Շղարշով պալատ է մտնում էն սուտ թագուհին», Յովհաննէս Թումանեան, «Ձեր գրքերը սուտ են», Աւետիք Իսահակեան։ Իսկ Վանեցի բանաստեղծ, արձակագիր եւ թարգմանիչ Մարտիրոս Դաբաղեանը (Վեսպեր), որ Երեւանի բանասիրական համալսարանի մէջ ատրպէյճաներէն կը դասաւանդէր, խրատական ձայնով գրեց. «Աշխարհը սուտ է տղաս»։
Սուտ եւ ախմար գրիչ
Միջնադարեան Հայաստանի գրիչը (մատեաններ ընթօրինակող) պարտաւոր էր իր անձը ուրանալու եւ համեստութիւն ցոյց տալու՝ յաճախ ինքզինք վարկաբեկելով։ Շատ տեսած եմ տաղասացներ կամ վանական գրիչներ, որոնք իրենց անունի առջեւ դրած են «եղկելի», «անարհեստ», «անարժան» ածականները։ Այդ ածականներու ցանկի վրայ այսօր, յարգելի ընթերցող, կ’առաջարկեմ աւելցնել «սուտ» բառը, քանզի քիչ չեն այն մատենագիրերը, որոնք «սուտ» են կոչուած։ Ահա քանի մը պատմական օրինակ հայկական յիշատակարաններէ. «Մեղաւոր Գալուստ սուտ գրչիս», «Ես եղկելիս՝ սուտ Աբրահամ», «Կոստանդին եպիսկոպոս. մի սուտ գիտութիւն ընկալցի եւ մի չար գործեսցի», 1299, «Գրեցաւ սուրբ Աւետարանս ձեռամբ Յովանէս քահանայի սուտ եւ ախմար գրչի եւ անարժանի», 1474։
Սուտ խրատներ
Հայ տաղասացը իր համեստ գրիչով փորձեց ազգին դաստիարակել եւ ցոյց տալ, թէ կեանքի մէջ ի՚նչ բան սուտ է եւ ի՚նչ բան՝ արժանի։ Անոր գիրը հասկնալի է։ Աշխարհիկ։ Չ՞է, որ ան ազգը կրթելու նպատակով կը գրէ։ Այժմ կը փափաքիմ, որ այդ անկեղծ այրերը խօսին իրենց խրատական եւ իմաստուն միտքերը. «Սուտ մի՛ խօսիր սատանի պէս… Տէր, թէ՛ ոսկի, թէ՛ արծաթ, թէ՛ մեղք զոր ունիմ, / Համայն սուտ եւ չնչին», Սուքիաս։ Ան նաեւ խոստովանեցաւ, որ մոլորեալ է, որովհետեւ սիրեց՝ «զաշխարհս սուտ, անցաւոր»։ Նոյն խոստովանութիւնը կատարեց Վրթանէս Առնկեցի տաղսացը, թէ ի՚նքն ալ շուտով խաբուեցաւ. «Այս սուտ կենցաղոյս վերայ / ե՚ս միայն շուտով խաբեցայ»։ Աւետիք վարդապետ Եւդոկացին զղջաց, որովհետեւ ապրեցաւ «ի սուտ կենցաղոյս խենէշ պճնելով, / Գոռօզ եւ հպարտ շրջագայելով»։ Յակոբ Սսեցին նկարագրեց իր ապրած ժամանակը. «Ճշմարտութիւնն նուազեցաւ, / Սուտ եւ եալանն (թրք.՝ սուտ) առաջ ընկաւ»։ Եփրեմ վարդապետը մեզի բացատրեց, թէ ինչպէ՚ս փոխուեցաւ իր ժամանակի հոգեւոր կեանքը. «Սուտ մարգարէք բազումք ելան, / Սուտ առաքեալք եւս յայտնեցան, / Սուտ հայրապէտք եւ եւս ելան»։ Սարգիս Հալէպցին ողբաց իր մեղքերու վրայ. «Սկսեալ ողբամ, թէ ինչ դարձայ, / Աստ հեշտացայ եւ փափկացայ / Եւ բարձրացայ, ա՛յ, սուտ խօսեցայ»։ Սայաթ-Նովան ըսաւ, թէ պատրաստ է իր լեզուն զոհելու. «Թէ սուտ խօսիմ, լիզուս կտրէք, գուզէ արէք բանհոքի, / Վիրեւն Աստուած, ներքեւն յիս - լիզուիս սուտ չի մոդենայ։ Էս մուխամմազ է. Արութինի ասած»։
Սիւդ մի խօսիր
Հայկական ամէն քաղաք, ամէն գաւառ ունեցեր է ստելու իր իւրայատուկ ձեւը։ Ճշմարիտ եմ։ Ես այդ սուտերը թէեւ անձամբ չեմ լսած, սակայն Հրաչեայ Աճառեանը իր Արմատական բառարանի մէջ հաւատարմօրէն արձանագրեր է ամէն մէկը։ Ալաշկերտի, Տիգրանակերտի, Զէյթունի, Խարբերդի, Հաճընի, Համշէնի, Մշոյ, Պոլսոյ հայը խօսեր է «սուդ», Մուսա լեռցին՝ «սէօդ», Ագուլիսի, Գորիսի, Արցախի մեր հայրենակիցները՝ «սօտ», մինչ Միսաք Մեծարենցի եւ Սիամանթոյի համաքաղաքացիները փափուկ ձեւով ըսեր են՝ «սիւդ»։ Ատափազարցի՞ն։ Ան սուտ չի խօսիր։ Նշան Պէշիկթաշլեանը վկայ. «Ատափազարցին. Սուտ չի խօսիր, այլ պոչաւոր ճշմարտութիւններ կ’ըսէ» (Հայ աղբրտիք)։
Գրական սուտեր
Պետրոս Դուրեանը «Զղջում» քերթուածի մէջ նկարագրեց անկողնի քով իրեն հսկող վշտահար մօր արցունքը։ Անոնք, յարգելի ընթերցող, կը փափաքիմ որակել, որպէս հայկական գրականութեան ամենէն գեղեցիկ, ջերմ, եւ ճշմարիտ սուտերը. «Մօրս արտօսրը տեսի՜… / Ո՜հ, ճշմարիտ գորովի / Մարգարիտներ սուտ ու կեղծ…»։ Դանիէլ Վարուժանը գիտէր, թէ իր բանտարկեալ հօր ժպիտը չէր կրնար անկեղծ ըլլալ. «Նշմարելուդ պէս զիս ժպտիլ սկսար. / Բայց այդ ժպիտը բարի, / Այդ սուտ ժպիտն էր նունուֆար մը ծաղկած / Լճի մը վրայ արտօսրի»։ Վահան Տէրեանի քնարը շշնջաց հայկական գրականութեան քնքշագոյն սուտերը. «Քո մութ հայեացքում կայ մի քնքոյշ սուտ», «Սուտ կեանքին խառնիր երազանքը սուտ», «Անունդ թող փարոս լինի ինձ / Սուտ կեանքի եւ դառը մահու դէմ», «Քո համբոյրը, որպէս քաղցր սուտ»։ Նոյնքան քաղցր էր Սիպիլի սուտը. «Սիրտս փայփայող խոստումներ անոյշ, / Որքա՜ն դողացի ձեր սուտ դիւթանքէն»։ Պարոյր Սեւակը սիրոյ սուտ քերթուած մը հիւսեց, 1956 թուականին, Մոսկուայի մէջ. «Ո՞նց սուտ ասեմ. / Ինչպէ՞ս ասեմ, թէ քեզ նման կին չի տեսել / Հաֆեզների պերճ Իրանը»։ Սեւակը ապա իմաստասիրական ստախօսութիւն մը կատարեց. «Սուտ կայ, որ ճիշդ արժէ։ Ու ես հաւատում եմ մեր հնարած ստին»։ Իսկ Ռազմիկ Դաւոյեանը հետահայեաց նայուածքով մը տրտմեցաւ. «Սուտ էր տառապանքն իմ համր ու թաքուն, / Սուտ էին բոլոր երազներս խեղճ, / Սուտ էին բոլոր գիշերներս անքուն»։
Երգել սուտ ու փուճ խօսքեր
Հայկական երգարուեստի մէջ «սուտ» բառը զգայացունց վերելք մը ունեցաւ երբ հրապարակ ելաւ «Սուտ է, սուտ է» երգը։ Երգի առաջին արձանագրութիւնը կատարած էր 1900 թուականին Պոլիս ծնած եւ 1920-ին ԱՄՆ գաղթած Եդուարդ Պօղոսեանը։ Անոր սուտը, անսպասելիօրէն դարձաւ ժողովրդական, մտաւ տունէ տուտ, շրջեցաւ շրթունքէ շրթունք եւ քաղցրալուր զուարճանք մը եղաւ բոլորի համար։ Իսկ տասնամեակ մը առաջ հայրենի երիտասարդ երգչուհի Սիլվա Յակոբեանը հրապարակեց երգ մը եւ իր սէրը չարաշահած մարդուն ուղղեց դառն խօսքեր. «Չեմ սիրում էլ քեզ / Չեմ դառնայ էլ գերի շուրթերիդ / Չեմ ուզում էլ ես հաւատալ սուտ ու փուճ խօսքերիդ / Խաբեցիր դու ինձ, անխնայ սէրը իմ վարեցիր / Մոռացիր դու ինձ հենց հիմա ինձանից հեռացիր»։ Ներեցէք, ընթերցող, եթէ դուք ալ մօտիկ կամ հեռաւոր անցեալի մէջ գտնուած էիք նոյն վիճակի մէջ, եւ այս երգը պատճառ եղաւ, որ դառն յիշատակներ արթննան ձեր մտքին մէջ։ Այդ պարագային, լաւագոյնը, ըստ Սիլվայի, հեռանալ է։ Մինչեւ յաջորդ յօդուածս, ուստի, հաճեցէք խուսափիլ սուտակ, ստախօս, ստաբան, սուտասան, ստալեզու, ստաբարոյ մարդկանցէ եւ անոր բոլոր տեսակներէն։