Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էղտողան Թուրքիոյ Խորհրդարանի վերաբացման առթիւ արտասանած ճառախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ արցախեան վերջին զարգացումներուն։ Էրտողան արցախահայութեան տոհմիկ զտումը, բնաջնջումը եւ զանգուածային արտագաղթը որակեց «Արդարութեան յաղթանակ»։
Հրանդ Տինք ալ անցեալին ըսած էր հետեւելը. «Ժողովուրդ մը եթէ նոյնիսկ բամպակներու փաթթելով ոսկեայ օդանաւի մը մէջ տեղափոխէք այլ տեղեր, նոյնն է՝ կատարուածը ցեղասպանութիւն է»։
Միւս կողմէ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով ալ 2 Հոկտեմբերին յայտարարեց թէ «Փութին չստիպեց Փաշինեանը Ղարաբաղը Ատրպէյճանին տալու համար»։ Ան ալ իր կարգին գտած եղաւ կատարուածի մեղքը Հայաստանի կառավարութեան բեռցնելու եղանակը։
Այս մերձեցումներու դիմաց կատարեալ խայտառակութիւն է ՄԱԿ -ի պատուիրակութեան հայաթափ եղած Ստեփանակերտ երթալով Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ իրեն տրամադրուած տեղեկութիւններով հանդէս գալը։ Դիտելով ՄԱԿ-ի պատուիրակութեան թուրքիացի, փաքիստանցի, հունգարացի եւ ալպանացի անդամներէ բաղկացող կազմը, ալ աւելի կը յստականայ գայթակղութեան ծաւալը։
Թուրքիոյ մէջ այժմ կը ծրագրուի յաջորդ քայլերը։ Այս վերջերս իբրեւ թէ կարգ մը քաղաքացիներ ահազանգ կը հնչեցնեն Մեծամօրի աթոմակայանի հաւանական վտանգի շուրջ։ Դիտել տալով թէ աթոմակայանը միայն 16 քմ. հեռաւորութիւն ունի Թուրքիոյ Իգտիր քաղաքէն, դիմողները կը պահանջեն որ դադրեցուի անոր աշխատութիւնը, յանուն տարածաշրջանի անվտանգութեան։
Ճիշդ է, որ աթոմակայանները լուրջ սպառնալիք մըն են իրենց շրջակայ տարածքներու բնակիչներուն համար։ Այս գիտնալով է թէ արեւմտեան երկիրներ սկսած են իրենց երկիրներու աթոմակայանները փակելու գործընթացը։ Այս մասին առաջնատար եղաւ Գերմանիան, բայց Թուրքիոյ նման երկիրներ մեծ եռանդով լծուած են աթոմակայանի տիրանալու աշխատանքներուն։
Գալով Հայաստանի, Մեծամօրի աթոմակայանը փակելու փորձը բաւականին սուղ արժած էր նորայայտ հանրապետութեան համար։
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած քաղաքական ուժը իշխանութեան գալէ անմիջապէս ետք բնապահպանման մտահոգութիւններով փակեց Մեծամօրի կայանը եւ Երեւանի քաուչուքի գործարանը։ Այդ պահուն քաղաքական գործիչները չէին կրցած կանխատեսել վրայ հասնող շրջափակումը եւ ուժանիւթի մեծ կարիքը։ Արդարեւ շուտով ետքայլ եղաւ Մեծամօրը փակելու որոշումէն, բայց ան կրկին արտադրութեան բերելը բաւական երկար ժամանակ պահանջեց։
Կը շարունակուի Հայաստանի ներկայ վիճակէն օգտուելով աւելին պահանջելու թրքական ռազմավարութիւնը։ Էրտողան եւ Ալիեւ կը յամառին Զանգեզուրի միջանցքի մը նիւթը օրակարգի վրայ պահելու։ Յստակօրէն յայտնենք թէ առաջարկուածը լուրջ սպառնալիք մըն է Հայաստանի պետականութեան դիմաց։
Արդէն Ատրպէյճանական քարոզչամեքենան սանձարձակ կերպով կը խօսի Թուրանի երազանքի մասին։
Պահը զգօնութիւն կը պահանջէ։ Իրաւունք չունինք եղածները դուրսէն դիտելով ուս թօթուելու։ Մարտահրաւէրը յստակ է, բայց մարտի եղանակները անորոշ։ Այդ անորոշութիւնը փառատելու միակ միջոցն է միասնական խորհրդակցութիւնը եւ ապա գործակցութիւնը։ Ցաւալի է այն, որ հայերս այս պահուն բաւական հեռու ենք այդ միջոցը գործադրելէ։