ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Լոխ լա­­ւա

«Լոխ լա­­ւա»

Լաւ կը յի­­շեմ։ Չորս տա­­րի առաջ միամիտ լա­­ւատե­­սու­­թեամբ գրեր եմ «լաւ» բա­­ռի պատ­­մութիւ­­նը, երբ հա­­մեմա­­տաբար լաւ տրա­­մադ­­րութեան մէջ էին թէ՚ այս յօ­­դուա­­ծի հե­­ղինա­­կը եւ թէ՝ ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թիւնը։ Այդ օրե­­րուն Ար­­ցա­­­խի քա­­ղաքա­­մայր Ստե­­փանա­­կեր­­տի բնա­­կիչ­­նե­­­րը,- կը փա­­փաքիմ ջեր­­մօ­­­րէն յի­­շել քա­­նի մը հա­­տը՝ հիւ­­րա­­­նոցի ըն­­դունա­­րանի կարմրա­­թուշ աշ­­խա­­­տողու­­հին, առա­­ւօտեան զով ժա­­մերուն հրա­­պարա­­կը աւ­­լող եւ ծա­­ղիկ­­նե­­­րը ջրող հինգ-վեց մա­­միկ­­նե­­­րը, Ամե­­րիա դրա­­մատան մէջ ամէն օր մեր ամե­­րիկեան քսան տո­­լարը հայ­­կա­­­կան դրա­­մի վե­­րածող երի­­տասարդ պաշ­­տօ­­­նեան, Նռե­­նի յու­­շա­­­նուէր­­նե­­­րու խա­­նու­­թի արո­­ւես­­տա­­­սէր տէ­­րը, գե­­տեզե­­րեայ, հա­­մեստ, գեղջկա­­կան «Նո­­ւէր» ճա­­շարա­­նի պե­­խաւոր եւ հաս­­տա­­­բազուկ տէ­­րը՝ Պա­­րոն Նո­­ւէրը, եւ բո­­լոր անոնք, նե­­րառեալ քա­­ղաքի Վահ­­րամ Փա­­փազեանի անո­­ւան թատ­­րո­­­նի բո­­լորին յայտնի եւ սի­­րելի աղ­­բիւր-յու­­շարձա­­նի երեք դի­­մակ­­նե­­­րը, իրենց հա­­րազատ զա­­ւակ­­նե­­­րու պէս կը վե­­րաբե­­րէին իմ աշա­­կերտնե­­րուս ու ժպտուն աչ­­քե­­­րով կ՚ըսէին «լոխ լա­­ւա»՝ ամէն բան լաւ է։ Իսկ այ­­սօր երբ այդ ծաղ­­կա­­­զարդ եւ քան­­դա­­­կազարդ քա­­ղաքի մէջ չկայ հայ մը, որ կա­­րենայ ըսել «լոխ լա­­ւա», ես ալ որո­­շեցի, թէ լաւ կ՚ըլ­­լայ, որ վե­­րայ­­ցե­­­լեմ բա­­ռիս պատ­­մութիւ­­նը, որ­­պէսզի բո­­լորս յի­­շէնք մեր լա­­ւագոյն օրե­­րը եւ յօ­­դուա­­ծի աւար­­տին լսենք քա­­նի մը լա­­ւիմաց տա­­ղասա­­ցի խրատն ու եր­­գը։

Լաւ ար­­մատներ

Բնիկ հայ­­կա­­­կան բառ է ան։ Ստու­­գա­­­բանա­­կան ար­­մատնե­­րը լաւ չեն ու­­սումնա­­սիրո­­ւած։ Մեր լա­­ւագոյն լե­­զուա­­բան­­նե­­­րը եկած են այն եզ­­րա­­­կացու­­թեան, թէ բառս բուն կը նշա­­նակէ «ձեռքբե­­րում, օգուտ, շահ, շա­­հաւէտ»։ Այս ծա­­ռայա­­սէր բա­­ռը կազ­­մեր է յի­­սու­­նի չափ բա­­ղադ­­րեալ ըն­­տիր ածա­­կան, ինչպէս՝ լա­­ւաբա­­րոյ, լա­­ւաթոյր, լա­­ւախօս, լա­­ւօրակ, լա­­ւամիտ՝ ու բա­­րելա­­ւեր է մայ­­րե­­­նիի բա­­ռապա­­շարը։

Լաւ է կոյր աչ­­քը

Ոս­­կե­­­դարուն բա­­ռը զար­­գա­­­ցաւ աւե­­լի լաւ քան եր­­բէք։ Լա­­ւիմաց գրիչ­­ներ գրա­­կանա­­ցու­­ցին անոր պատ­­կե­­­րալից ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը։ «Լա­­ւակամ» ածա­­կանը յի­­շեց Խո­­րենա­­ցին եւ գրեց՝ «Այր հեզ, լա­­ւակամ», «Լա­­ւագոյն»ը՝ Եղի­­շէն, իսկ «Լա­­ւաբար», «Լա­­ւածա­­նօթ» եւ «Լա­­ւահա­­յեաց» բա­­ռերը՝ Ղա­­զար Փար­­պե­­­ցին։ Ղա­­զար Փար­­պե­­­ցիի գրի­­չին կը պար­­տինք հե­­տեւեալ ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը. «Ինձ լաւ լի­­ցի մե­­ռանել, քան եթէ զոք ի հա­­ւատա­­ցելոց վասն անար­­ժան գոր­­ծոյ մատ­­նել անօ­­րինաց»։ Ինչպէ՞ս մոռ­­նանք նաեւ Եղի­­շէ պատ­­մի­­­չի խրա­­տը, թէ՝ «Լաւ է կոյր աչօք քան կոյր մտօք»։

Աս­­տո­­­ւածա­­յին լա­­ւու­­թիւններ

Աս­­տո­­­ւածա­­շունչ Մա­­տեանը երկնա­­տուր խրատ­­նե­­­րու շտե­­մարան է։ Սուրբ Գիր­­քի մէջ, դուք, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կը գտնէք քա­­ռասու­­նի չափ «լաւ» խրատ, այ­­սինքն խօս­­քեր «լաւ» բա­­ռով շի­­նուած։ Հա­­մադ­­րե­­­ցի փոք­­րիկ ընտրա­­նի մը։ Առա­­ջինը կը պա­­տուէ բա­­րի հար­­սը. «Նու (հարս) քո որ սի­­րեաց զքեզ՝ ծնաւ որ­­դի, որ լաւ է քեզ քան զեւթն (եօթը) որ­­դի»։ Իսկ միւսնե­­րը կը բա­­ցատ­­րեն մե­­զի, թէ մարդ ինչպէ՚ս պէտք է որ կա­­ռավա­­րէ իր կեան­­քը. «Լաւ է սա­­կաւիկ ինչ ար­­դա­­­րոյ, քան զբա­­զում մե­­ծու­­թիւն մե­­ղաւո­­րաց», «Լաւ է իմաս­­տութիւն, քան զա­­կանս պա­­տուա­­կանս (գո­­հար­­ներ)», «Լաւ է ամուսնա­­նալ, քան զջեռ­­նուլ», «Մի՚ վրի­­պեր ի բա­­րեկա­­մէ եւ ի հան­­ճա­­­րեղ կնո­­ջէ, զի լաւ է շնորհք նո­­րա, քան զոս­­կի», «Լաւ է բա­­րեկամ մեր­­ձա­­­ւոր, քան զեղ­­բայր ի հե­­ռաս­­տա­­­նէ բնա­­կեալ»։ Վեր­­ջին եր­­կուքը քա­­ղաքա­­կան ակ­­նարկու­­թիւններ ու­­նին. «Լաւ են հա­­րուածք բա­­րեկա­­մի, քան զկա­­մակոր համ­­բոյրս թշնամ­­ւոյ», «Լաւ է յայտնու­­թիւն յան­­դի­­­մանու­­թեան, քան զբա­­րեկա­­մու­­թիւն ի ծա­­ծուկ»։

Մէկ բա­­ռով քա­­նի մը թռչուն

Այս բա­­ռը կը սի­­րէ բազ­­մա­­­թիւ պաշ­­տօններ ըն­­դունիլ։ Մա­­կ բայ է, երբ ըսենք՝ «Տախ­­տա­­­կամա­­ծը լաւ փայ­­լե­­­ցու­­ցի», ածա­­կան է երբ լաւ է՝ մար­­դը, վար­­պե­­­տը, ըն­­կե­­­րը, խօս­­քը եւ միտ­­քը, իսկ գո­­յական կը դառ­­նայ, երբ նա­­խակրթա­­րանի ու­­սուցչու­­հին աշա­­կեր­­տի տետ­­րա­­­կի մէջ կար­­միր մե­­լանով ար­­ձա­­­նագ­­րէ «Լաւ», այ­­սինքն 4, գե­­րազանց 5-ի եւ մի­­ջին 3-ի մի­­ջեւ։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, դուք սո­­րուած էք նաեւ, թէ միշտ չէ որ բա­­ռը կը գոր­­ծա­­­ծուի հա­­ճելի վի­­ճակ­­նե­­­րու մէջ, քան­­զի մար­­դիկ եր­­բեմն կե­­րած կ՚ըլ­­լան «լաւ ապ­­տակ», կամ՝ «լաւ ծեծ»։ Բառս ար­­տա­­­յայ­­տիչ է միեւ­­նոյն ժա­­մանակ. Հայ­­կա­­­կան դար­­ձո­­­ւածքնե­­րու բա­­ռարան­­նե­­­րը ու­­նին «լաւ» օրի­­նակ­­ներ, ինչպէս՝ «Լաւ օրեր», «Լաւ ախոր­­ժակ ու­­նե­­­նալ», «Լաւ աչ­­քով նա­­յիլ», «Լաւ հոտ չգալ», «Լաւ պտուղ չըլ­­լալ»։ Հա­­յը գի­­տէ նաեւ «լա­­ւու­­թեան տակ չմնալ» եւ «Լա­­ւու­­թիւն ընել, ջուր նե­­տել»։

Լա­­ւագոյն խրա­­տը

Ուշ միջ­­նա­­­դարուն հայ տա­­ղասաց­­նե­­­րը լաւ մը իւ­­րա­­­ցու­­ցին այս բա­­ռը։ Ֆրի­­կը (մօ­­տաւո­­րապէս՝ 1234-1315) խրա­­տական խօս­­քե­­­րով հիւ­­սեց եր­­կա­­­րաշունչ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն մը ու զայն կո­­չեց «Բան լաւ»։ Իսկ «Առակ լաւ եւ պի­­տանի» ժո­­ղովրդա­­կան աւան­­դութեան մշա­­կու­­մի մէջ ան խրա­­տեց հե­­ռու մնալ ագա­­հու­­թե­­­նէ։ 1260-1331 թո­­ւական­­նե­­­րուն ապ­­րած Խա­­չատուր Կե­­չառե­­ցին ըսաւ. «Խա­­չատո՛ւր, առ­­նել լաւ է, քան ասել եւ ոչ կա­­տարել, / Աղ­­քատ եւ ար­­դար լաւ է, քան գի­­տուն եւ յոյժ մո­­լորել... / Սա­­կաւ գի­­տու­­թիւն լաւ է, քան գի­­տել եւ ոչ կա­­տարել»։ Նա­­զարէթ անուն տա­­ղասա­­ցը տո­­ւաւ եր­­կու խրատ. «Լաւ է վի­­շապ օձին հպիլ, քան թէ բան­­սարկուին հետ յա­­րիլ», «Լաւ է նե­­ղու­­թեան ժա­­մանակն օգ­­նել եւ մխի­­թարել, քան թէ դիւ­­րութեան ժա­­մանակն սե­­ղան դնել»։ Սիւ­­նիք ծնած Պետ­­րոս Ղա­­փան­­ցին (մահ՝ 1784, Նի­­կոմի­­դիա), որ քա­­հանա­­յական պաշ­­տօ­­­նով ու­­ղարկո­­ւած էր Ռու­­մէ­­­լի, Ղրիմ, Պո­­լիս, Ար­­մաշ եւ Ադ­­րիանա­­պոլիս (Էտիր­­նէ), եւ որ իր կեան­­քի վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն Նի­­կոմի­­դիոյ (Իզ­­միթ) հա­­յերու առաջ­­նորդն էր՝ խրա­­խու­­սեց չա­­փաւոր կեան­­քը. «Թէ լաւ, թէ վատ՝ քիչն անոյշ է»։ Նա­­ղաշ Յով­­նա­­­թանը, Սա­­յաթ-Նո­­վայի նա­­խոր­­դը եւ ներշնչո­­ղը, գե­­րադա­­սեց իմաս­­տութիւ­­նը որ­­պէս բա­­րոյա­­կան գե­­րագոյն ար­­ժէք. «Լաւ է ընդ իմաստնոց միշտ քաղ­­ցած մնալ, քան ընդ տգի­­տաց ու­­տել ու ցնծալ»։ Իսկ Սա­­յաթ-Նո­­վան «Աշ­­խարհս մէ փան­­ջա­­­րա է» եր­­գի մէջ բա­­ցատ­­րեց, թէ ինչպէ՚ս պի­­տի ըլ­­լայ լաւ մար­­դը. «Լաւ մարդն էն է՝ գլուխն պա­­հէ աշ­­խարհումս էյ­­թի­­­բարով»։

Լաւ որ սի­­րես դու զիս

1500-ական­­նե­­­րուն տա­­ղասաց Յով­­հաննէս Թլկու­­րանցին, որ մեր առա­­ջին աշ­­խարհիկ բա­­նաս­­տեղծնե­­րէն էր, լաւ աչ­­քով նա­­յեցաւ իր հո­­ղեղէն գե­­ղեց­­կուհիին ու ըսաւ. «Աղէկ պատ­­կեր բո­­լոր եւ գե­­ղեցիկ ես... / Լաւ որ սի­­րես դու զիս՝ սի­­րեմ ես քեզ»։ Նոյն դա­­րաշրջա­­նի ժո­­ղովրդա­­կան խա­­ղիկ մը, լոկ քա­­ռեակ մը հա­­մեստ, բա­­ցատ­­րեց, թէ սի­­րով է կեան­­քը քաղցր. «Լաւ ձին նա՞լն ինչ կ’անէ, / Սի­­րու­­նը խա՞լն ինչ կ՚անէ. / Սի­­րածը սրտով լի­­նի, / Աշ­­խարհը մա՞լն ինչ կ’անէ»։

Քնա­­րական լա­­ւու­­թիւններ

Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանը 1908 թո­­ւակա­­նին նկա­­րագ­­րեց իր երա­­զած տու­­նը. «Ամե­­նից սի­­րուն, լաւ տու­­նը, որ կայ, / Էս գորշ խրճիթն է, / Էս հին խրճիթն է, / Գե­­տի եզեր­­քին, / Ծա­­ռերի տա­­կին»։ Նոյնքան մեղ­­մօ­­­րօր եւ քնքոյշ էին «Անուշ» պոէմի խօս­­քե­­­րը. «Համ­­բարձում, եայ­­լա, / Եայ­­լա ջան, եայ­­լա, / Լաւ օրեր, եայ­­լա, / Եայ­­լա ջան, եայ­­լա»։ 24 Դեկ­­տեմբեր 1917ին բա­­նաս­­տեղծը գրեց քա­­ռեակ մը ու նկա­­րագ­­րեց իր նե­­րաշ­­խարհը. «Ինչքան ցաւ եմ տե­­սել ես, / Նենգ ու դաւ եմ տե­­սել ես, / Տա­­րել, նե­­րել ու սի­­րել,- / Վա­­տը՝ լաւ եմ տե­­սել ես»։ Եւ ահա բա­­նաս­­տեղծի վեր­­ջին խրա­­տը. «Հէ՛յ, պա­­րոն­­նե՚ր, ականջ արէք / Թա­­փառա­­կան աշու­­ղին, / Սի­­րո՚ւն տիկ­­նայք, ճա­­հե՚լ տղերք, / Լա՚ւ ուշ դրէք իմ խա­­ղին։ / Ես լա­­ւու­­թեան խօսքն եմ ասում, / Որ ժպտում է մեր սրտին. / Ո՞վ չի սի­­րում, թէ­­կուզ դուշման, / Լաւ արար­­քը, լաւ մար­­դին»։ Տէ­­րեանը յայտնեց իր սրտի երկմտու­­թիւնը. «Չգի­­տեմ՝ այս տխուր աշ­­խարհում / Որն է լաւ, որը վատ. / Ես սի­­րում եմ աչ­­քերդ խո­­հուն / Եւ խօս­­քերդ վհատ»։ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցը, որ յայտնի է որ­­պէս հու­­րի եւ բո­­ցի եր­­գիչ՝ ըսաւ. «Ինչ որ լաւ է՝ վառ­­ւում է ու վա­­ռում, / Ինչ որ լաւ է՝ միշտ վառ կը մնայ»։ Պա­­րոյր Սե­­ւակը գրի առաւ քա­­նի մը «լաւ» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն։ Այսպէս էին վեր­­նա­­­գիր­­նե­­­րը. «Եթէ լաւ է այն», «Ինչ լաւ է», «Լա­­ւից դժգոհ», «Որ լաւ կը լի­­նի», «Լա­­ւագոյ­­նը»։ Վեր­­ջի­­­նի մէջ բա­­նաս­­տեղծը գո­­վեր­­գեց ամէն ին­­չի լա­­ւագոյ­­նը. «Լա­­ւագոյն ժպիտ ասո­­ւածը, ան­­շո՚ւշտ, / Փակ աչ­­քե­­­րովն է։ / Իսկ լա­­ւագոյ­­նը երա­­զանքնե­­րի՝ Բա՚ց աչ­­քե­­­րովը»։ Ապա բա­­նաս­­տեղծը սի­­րոյ մէկ այլ խոս­­տո­­­վանու­­թիւն կա­­տարեց. «Ինչ լաւ է, որ դու աշ­­խարհի մէջ կաս... / Ինչ լաւ է, որ դու լոկ պատ­­մութիւն չես… / Եւ ինչ լաւ է, ինչ լաւ է, որ բա­­նաս­­տեղծ եմ ես»։ Իսկ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ինչպէ՞ս չյի­­շել ար­­ձա­­­կագիր մը, Զա­­պել Եսա­­յեանը, որ իր ըն­­տա­­­նիքի մէջ ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւած միտ­­քե­­­րը մե­­զի փո­­խան­­ցեց «Սի­­լիհ­­տա­­­րի պար­­տէզներ» ինքնա­­կեն­­սագրա­­կան վէ­­պի մէջ. «Դա­­յեակը այն յոյ­­սը կը սնու­­ցա­­­նէր որ երբ ռուսնե­­րը գրա­­ւեն մայ­­րա­­­քաղա­­քը, «քրիս­­տո­­­նեանե­­րը պի­­տի ազա­­տագ­­րո­­­ւին», մինչ հայրս որե­­ւէ լաւ բան չէր սպա­­սեր ռուս բա­­նակի յա­­ջողու­­թե­­­նէն… Իմ սի­­րելի հայ­­րիկս, իր պայ­­ծառ աչ­­քե­­­րը դարձնե­­լով ինձ, ըսաւ խա­­ղաղու­­թեամբ. – Աղ­­ջի՛կս, չկայ գէշ ժո­­ղովուրդ այս աշ­­խարհիս վրայ։ Կան գէշ մար­­դիկ եւ լաւ մար­­դիկ»։

Ինձ ասա լաւ բա­­ռեր

«Լաւ» բա­­ռը Վա­­նաձո­­րի մէջ 1996 թո­ւակա­­նին դար­­ձաւ հայ­­կա­­­կան «ռոք» նո­­ւագա­­խումբ՝ «Լաւ էլի», որ մին­­չեւ այ­­սօր իր աշ­­խոյժ եր­­գե­­­րով կը ցնցէ հայ­­կա­­­կան երաժշտա­­կան բե­­մը։ Իսկ «Yellowheart» անու­­նով յայտնո­­ւած երգչու­­հին, իր ժա­­մանա­­կակից ճա­­շակով հրա­­պարա­­կեց «Լաւ բա­­ռեր» սի­­րային եր­­գը եւ ըսաւ. «Ինձ ասա լաւ բա­­ռեր, / որ կու­­րօ­­­րէն հա­­ւատամ»։

Մեր յօ­­դուա­­ծը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, աւար­­տենք Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանի մէկ եր­­գով, որ կաս­­կած չու­­նիմ, թէ լաւ տպա­­ւորու­­թիւն ձգած է բո­­լորիդ յի­­շողու­­թեան մէջ։ Իսկ մին­­չեւ յա­­ջորդ յօ­­դուածս, կը մաղ­­թեմ, որ թող ար­­ցախցին եւ դուք կա­­րենաք «լոխ լա­­ւա» ըսել ամէն օր.

Շրջում եմ ես տրտում,

Քո պատ­­կերն իմ սրտում,

Քո խօս­­քերն իմ մտքում,

Իմ լաւ, իմ լաւ։