Իննամեայ երախան իր իմացութեամբ կը զարմացնէ բոլորս։ Ան նախ մայրենիով կ՚արտասանէ Մեսրոպեան այբուբենը, ապա ապրած երկրին լեզուով կ՚արտասանէ Էլիֆպան եւ սորված գիտելիքով ալ անգլերէնի տառաշարը։
Թավրիզեցի Սքարլէթ, իբրեւ հայ վարժարանի աշակերտուհի, գրաճանաչ է հայերէն, պարսկերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ «Մեծ մայրիկիս հետ շփուելով որոշ չափով կը հասկնամ ռուսերէնն ալ, բայց տակաւին չեմ կրնար գրել»։ Այս բացատրութենէն կը հետեւցնենք, թէ ան փոքր ինչ ջանքով, դիւրաւ պիտի տիրապետէ նաեւ կիւրեղեան տառերուն։
Թավրիզ իբրեւ Ատրպատականի կարեւոր քաղաքներէն մին, լրիւ թրքախօս է։ Ուրեմն դպրոցէ ներս դասաւանդուած հայերէն, պարսկերէն եւ անգլերէնին զուգահեռ, թրքերէնն ալ կու գայ մաս կազմելու նախակրթարանի հասակի երախաներու տիրապետած լեզուներու շարանին։
Թավրիզաբնակ հայ երախայի ունակութեան նմանը ի զօրու է նաեւ համաքաղաքացի քիւրտ տարեկիցին համար ալ, որու օրինակին մէջ հայերէնին կը փոխարինէ իր մայրենին՝ քրտերէնը։
Սքարլեթի հետ պատահած այս փորձառութիւնը թելադրեց զանազան վերյիշումներ։ Օրինակի համար յիշեցի պոլսահայ վարժարաններու կարգ մը աշակերտներու ծնողները, որոնք դպրոցներու տնօրէններէն կը պահանջէին թէ աւելի նուազ ուշադրութիւն դարձնեն հայերէնի դասապահերուն, քանի որ երախաներ կը դժուարանան նոյն շրջանին երկու լեզուներ սորվելու խնդրին մէջ։
Նման դէպք լսած էի Աբխազիոյ հայ վարժարանի մը համար, ուր աշակերտները նոյն ատեն կը սերտէին հայերէնը իբրեւ մայրենի, աբխազերէնը որպէս ինքնավար մարզի լեզուն, վրացերէնը որպէս պետական եւ ռուսերէնը իբրեւ համաշխարհային լեզու։ Ահաւասիկ դարձեալ երեք այբուբենի տիրապետելու երեւոյթ մը։
Ապա յիշեցի շուրջ տասնեակ մը տարիներ առաջ Ամիտայի մէջ քրտական հասարակական կազմակերպութեան մը ծրագրած, իմ ալ մասնակցածս ու զեկուցածս լեզուի մասին գիտաժողովը։ Այդ ժողովի քննարկման նիւթն էր մայրենիի դասաւանդութիւնը դպրոցներէ, յատկապէս նախակրթարաններէ ներս։ Իմ զեկոյցովս օրինակ բերած էի ԺԹ դարու վերջերուն եւ Ի դարու սկիզբներուն հայկական դպրոցներու ուսման ծրագիրը։ Այդ ժամանակ հայ ուսանողը Զ դասարանը աւարտած պահուն կատարեալ կերպով կը տիրապետէր հայոց տառերով մայրենիին, արաբական տառերով օսմաներէնին եւ լատինատառ ֆրանսերէնին։
Նոյն տարիներուն երբ մայրենիի դասաւանդումը կը քննարկուէր Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգի վրայ, դէմ կարծիք յայտնող մանկավարժներ կը թուէին նման ուսուցման եղանակի անպատեհութիւնները։ Անոնց տեսակէտով փոքր տարիքի աշակերտը պիտի դժուարանար մէկէ աւելի լեզու սորվելու ընթացքին։ Իբրեւ թէ այդ մոլորումը ժխտական պիտի ազդեր անոնց ակադեմական ունակութեան։
Ուսման մակարդակը ճշդելու համար պատրաստուած որոշ տուեալներով, Թուրքիոյ աշակերտութեան մեծամասնութիւնը ունակ չէ իր մայրենիով ուղղուած հարցումը ընկալելու։
Անդին, արեւմտեան երկիրներու հասարակութեան ուսում ջամբելու նպատակով գործող պետական նախակրթարանները դարձեալ բաւական հեռու են իրենց սաները ակնկալուած մակարդակով դաստիարակելէ։ Պարզուած իրողութիւն է թէ այդ վարժարաններու շրջանաւարտներու կարեւոր մէկ մասը կը դժուարանայ իր անուն-մականունը գրելու կամ թուաբանութեան չորս հիմնական գործողութիւնները կատարելու մէջ։
Ուսման տարեշրջանի վերամուտին պարտինք անգամ մը եւս տեսնել Սքարլեթի օրինակը եւ մտածել թէ ո՞ւր կ՚երթանք։