Սարսափեցնող չէ՞ «տապան» բառը, քանզի ան, ըստ հայկական բացատրական բառարաններու կը նշանակէ «գերեզման, շիրիմ, հանգստարան, քնարան, դամբան, թաղելու սնտուկ, ընդունարան մարմնոյ վախճանելոյն»։ Եթէ նկատի չառնենք Արարատի գլխուն վրայ հանգչած Նոյեան Տապանը եւ Երեւանի Նոյան Տապան գրախանութը, ու հայկական գրականութեան լայնածաւալ ծովուն վրայ տապանով մը (բառս նաեւ կը նշանակէ լաստ) ճանապարհորդութիւն մը կատարենք, պիտի տեսնենք, թէ ան - փոխաբերական եւ քնարական լաւատեսութիւն - կը նշանակէ նաեւ յոյս։ Իսկապէս, տապանը, ըստ բազմաթիւ հայ գրիչներու, բարի ուղեկից մըն է։ Ուստի, այսօր ձեզ կը հրաւիրեմ հայկական գրական տապանի վրայ նաւարկելու, ապա հասնելու անդորր նաւահանգիստի մը՝ որ քառեակ մըն է քնարական։
Ոսկեզօծ տապաններ
«Տապան» բառը Ոսկեդարուն ստացաւ աչքառու փայլ։ Սուրբ Գիրքի մէջ ան 34 անգամ գործածուեցաւ, որպէս սնտուկ եւ որպէս դագաղ։ Այժմ խարխափենք մեր մատենագրութեան հնագոյն էջերը, որպէսզի բառս արձագանքէ, ինչպէս փայտակերտ ստնուկը ձայն կու տայ, երբ ձեռքով թակենք անոր. «Արա դու քեզ տապան՝ ի չորեքկուսի փայտից», «Մու՚տ դու ի պատանդ», «Բացեալ զտապանն ամենօրհնեալ, եւ զբաղձալին իւր ոչ գտեալ»։
Բարդ տապաններ
Տապան բառը, թէեւ կը յիշեցնէ մահ եւ անշարժութիւն, հայկական լեզուի մէջ ունեցեր է բաւական աշխոյժ կեանք։ Այս փայտակերտ սնտուկը, որպէս ժառանգութիւն, մեր բառարաններուն յանձներ է տասնեակի մը չափ բարդ բառեր։ Կը փափաքիմ բոլորը յիշել. տապանակիր, տապանագիր, տապանաքար, տապանագործ, տապանակ, տապանատուն, տապանատեղ եւ տապանաձեւ։ 403-490 թուականներուն ապրած հայ հոգեւորական գործիչ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս, վարդապետ եւ հայրապետ Յովհան Մանդակունին գրի առաւ հետեւեալ տողիկը. «Ոչ կամեցան զղջանալ եւ ապաշխարել տապանագործ քարոզութեամբն Նոյի»։ Իսկ Մատթէոս Ուռհայեցի պատմիչը, որ Աշոտ Դ.-ի մահուան մասին գրեց, գործածեց մէկ այլ ընտիր բառ. «բերաւ Աշոտ ի քաղաքն Անի, եւ թաղեցին զնա ի տապանատունն առաջին թագաւորացն Հայոց»։
Շնորհալի տապանը
Ներսէս Շնորհալի հայրապետը տապանի մէջ տեսաւ սէր եւ յարութիւն։ Ան «Տաղ յարութեան» երկի մէջ բացատրեց. «Մեռանիլ մարմնով սիրաբար. Սէր անունն դնիւր ի տապան, սիրով ողբային իւղաբերքն»։ Շնորհալին Մարիամ Աստուածածնի նկարագրութեան մէջ ալ գործածեց տապան բառը. «Աստուածածին, միշտ կոյս Մարիամ, / Դրախտ աստուածատունկ եւ Եդէմ վայելուչ / Կենսատու տապան նոյեան եւ աստուածընկալ խորան աբրահամեան… Աշտանակ լուսոյ եւ տապանակ կտակի»։ Յովհաննէս Քահանայ անուն տաղասացը, տապանը դիտեց, որպէս հանգստարան՝ Սուրբ Էջմիածնի երեք գլխատուած նուիրակներու համար. «Երեք մանկանց սրբոց նման, / Երեքն մի տապան եդան, / Արժանացան սուրբ հանգստեան, / Դուք այլ կացէք ուրախութեամբ»։
Իմաստուն տապաններ
Ուշ միջնադարուն, նկատի ունիմ 1300-1700 թուականները, տապանները դարձան քառատող իմաստուն քերթուածներ։ Այդ բառը, իր մէջ պարունակեց, ո՛չ մարմին մարդոյ, այլ՝ ընտիր խօսք։ Թէեւ հեղինակները ծանօթ չեն մեզի, եւ հաւանաբար այժմ տապանի մը մէջ յաւերժական հանգիստի մէջ են, սակայն ունինք, երկու գեղեցիկ նմոյշ. «Յաշխարհս ես ի ժուռ եկայ, լուկ անգէտ մարդուկ մի գտայ. / Թողեր է զցամաքն ի բաց, երերուն ի ջուրն կու գնայ. / Շիներ է փայտեայ տապան, այն տախտակն յապով կու կենայ. / Օր մի ընկղմի տապան, լուկ լինայ ձկան նաֆաղայ»։ Մէկ այլ քառեակի մէջ հեղինակը, յայտնի է, որ այս աշխարհէն հեռացեր է առանց սիրոյ քաղցր կրակին կշտանալու.
Ով որ սիրու տէր լինի,
Իր սիրուն ճարակ չի լինի,
Թող երթայ՝ փորէ տապան
Եւ մտնու մէջն կենդանի,
Սրտին դէմն բաց թողու,
Որ ելնէ բոցն ծիրանի,
Ով անցնի՝ նա զայն ասէ,
Թէ՝ Սիրոյ տէր մարդ կու այրի։
Տաղացած տապաններ
Նոյն օրերուն, տապաններուն նուիրուած տաղերը հայոց պատմութիւնը նկարագրեցին. ո՞վ մահացաւ, ինչո՞ւ զոհուեցաւ, եւ աւելի կարեւորը՝ ո՛վ որ մտեր է տապան, կրնա՞յ ցնծութեամբ դուրս ելլել երբ համով ճաշի բոյրը առնէ… Նախ խօսի Յակոբ Թոխաթցի տաղասացը։ Ան պիտի գովաբանէ Երուսաղէմ քաղաքը. «յԱստուծոյ շինեալ քաղաք պատուական… / Սուրբ Երուսաղէմ, քաղաքդ աննման։ / Ի Գեթսամանի ձորն արքունական, / Ուր Աստուածածնի դիրն է եւ տապան»։ Օսմանեան Կայսրութեան պատմութեան մէջ արինալի էջեր են 1511-1514 թուականներուն տեղի ունեցած ապստամբութիւնները, որոնք ծանօթ են «Ղզըլպաշ» անունով։ Ապստամբութիւններու ժամանակ հայկական բնակավայրերու մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւններու նկարագրութիւնը գրի առաւ տաղասաց, գրիչ, կազմարար, մանրանկարիչ, Մշոյ Առաքելոց վանքի վանահայր՝ 35 ամեայ Կարապետ Բաղիշեցին։ Իր բանաստեղծութեան մէջ Բաղիշեցին նախ նկարագրեց ղզըլպաշները որպէս «բնութեամբ գազան» եւ «արեան ծարաւ» մարդիկ, ապա բացատրեց, թէ մարդու ազգը, սարսափելով այդ պատուհասէն՝ կը նախընտրէր տապան մտնել. «Ես ոչ կարեմ գրել ի գիրս, / Զպատուհասս, որ դիպեցան, / Զի ամենայն անձն խնդրէր / Մահու տապան եւ գերեզման»։ Բանաստեղծ-հոգեւորականը մէկ այլ տեղ ըսաւ, թէ անոնք որոնք մահացան՝ արժանացան հանգիստի. «Զմեր ննջեցեալքս, որ ի հող, տապան, արժան առնել փառաց հանգստեան»։ 1510-1621 թուականներուն ապրած Մինաս Թոխաթցի տաղասացը, որ տեղափոխուած էր Սուչաւա (այժմ՝ Ռումանիա), իր «Գովասանք հերիսայի» ոտանաւորի մէջ ըսաւ, թէ մեռեալը տապանէն ցնծութեամբ դուրս կ’ելլէ երբ լսէ՝ - մի զարմանաք յարգելի ընթերցող,- հերիսայի անունը. «Մեռածքն ամէն ի հող տապան, / Յորժամ լսեն զհերիսան, / Ցնծան հոգիքն եւ զուարճանան / Եւ Արարչին զփառս տան»։ Ըստ Յովասափ Սեբաստացիի (1510-1564) տապանը ուղեկից մըն է, որ մարդուն կը փոխադրէ քաղաքի (հասկցէք՝ երկրային կեանքը) մէկ դուռէն միւսը. «Աշխարհիս սահմանն (օրէնք) է հանց (այնպէս), / Ով ծներ՝ ի մահ կու գնան, / Որպէս քաղաքի նման, / Որ երկու դրունք ունենան, / Ծնար ի մէկ դուռն ի ներս, / Մերկ յաշխարհ եկիր անցական, / Մեկալ դուռն է մահուն օրն, / Որ մերկիկ դնեն ի տապան»։
Պատմական տապաններ
Հայաստանը, որ աշխարհներու մէջ ամենահինն է եւ քրիստոնեայ ազգերու մէջ առաջինը, իր տապաններով եւ տապանատուներով արժանացաւ հայ պատմագրի ուշադրութեան։ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը Սիւնեաց աշխարհի նուիրուած աշխատասիրութեան մէջ մեզի բացատրեց, թէ Նորավանքը կարեւոր տեղ էր, այն պատճառով, որ այդ համալիրը կը պարունակէր «տապանատուն մեծափառ իշխանացն եւ եպիսկոպոսաց Օրբելեանց»։ Վարդապետ պատմաբանը ըսաւ նաեւ, թէ Քասախ գետի կիրճի վրայ նստած Յովհաննավանքն ալ ունէր նման նշանակութիւն. «Տապանատուն մեծ ունել վանացս եւ բազում մահարձանս»։ Հ. Ալիշանը «Հայբուսակ կամ հայկական բուսաբանութիւն» աշխատասիրութեան մէջ բացատրեց, թէ այն ծառը, որ ծանօթ է՝ գի, գիհի կամ գենի անուններով, հայոց ամենէն «սիրելագոյն եւ սրբագոյն» ծառերէն է, քանզի այդ ծառէ շինուած էր Լուսաւորչի տապանը։
Եթէ օր մը, յարգելի ընթերցող, Պոլսոյ Ղալաթիա թաղամասի Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին այցելելու առիթ ունենաք, բակի մէջ պիտի հանդիպիք այդ քաղաքի մէջ 1680 թուականին վախճանած Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսի այժմ ուխտատեղի դարձած գերեզմանին։ Անոր վրայ գրուած է բանաստեղծական տապանագիր մը. «Գանկատիմ ձեզ սիրելեացդ, որք եկիք այսօր յիմ տապան, / Տեսէք զիս ի հող բանդեալ, անկասկած էր ինձ ՛ւ անկիւման (անակնկալ)»։
Գրական տապաններ
Գեղապաշտ շրջանի հայ գրողները, յոռետես, թէ՝ լաւատես, իրենց ինքնուրոյն ընկալումով արտայայտուեցան կեանքի եւ տապանի մասին։ Եղիա Տէմիրճիպաշեանը, որ առաջիններու խումբին կը պատկանի, Երկրագունտ պարբերականի մէջ 1884 թուականին գանգատեցաւ. «Ամենուրէք է տրտմութիւն, / Օրօրանէն մինչեւ տապան»։ 1911-ին, զուարթ գարուն էր, Ռուբէն Սեւակը սարսափեցաւ իր տապանի պատկերին առջեւ. «Ծիլ֊ծաղկով եկար, / Տապանս նսեմ / Ծաղկելո՞ւ եկար…։ / Դուն ո՞ւստի եկար՝ / Տապանի՚ս նկար»։ Խրիմեան Հայրիկի Պապիկը իր թոռնիկին ըսաւ. «Թոռնիկ, գերեզմանիս վերայ մի խաչքար տնկէ, եւ այսպէս գրէ յիշատակս։ Այս է տապան Առջակեցի Պապկէն, որ հող ու մաճ սիրէ, իւր Թոռնիկին հողագործութեան դասեր խօսեց, իւր կտակն աւանդեց ու մեռաւ»։ Իսկ Զարթօնքի սերունդին ամենէն գործոն եկեղեցական գրագէտը, Խորէն Նարպէյը, ձայնեց թռչնիկի մը. «Թռչնիկ իմ սիրուն / Երբ գաս ի գարուն, / Մարդիկ զիս մոռնա՜ ն…/ Յիշէ՜ զիմ տապան»։
Քնարական տապաններ
Քարաշէն տապանները, գրական հին աւանդութիւն, փոքր տարածութիւն մը կազմեր են հրաժեշտի քնարական տողիկ մը ստորագրելու համար։ Դարերու ընթացքին հայերս ստեղծեր ենք տապանագիրերու հարուստ աւանդութիւն մը։ Անոնք, սովորաբար հանգուցեալին կամ անցորդին ուղղուած, չափածոյ մակագրութիւններ են եւ կը ներկայացնեն գեղարուեստական արժէք։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, ձեզի փոխանակ երգով մը հրաժեշտ տալու, որոշեցի մէջբերել երկու ընտիր տապանագիր, որոնք յոյժ քնարական են եւ յուզիչ։ Առաջինը փորագրուած է 1722 թուականին Նոր Ջուղայի մէջ Փանոս անուն նահատակուած որդեակի մը տապանաքարի վրայ. «Այս է տապանս Փանոսի, / Անմեղ մանկան նահատակի, / Կրտսեր որդին Խօջամալի, / Խելօք տղայս քաղցր եւ բարի, / Կսկիծ եթող եղբարց սրտի»։ Իսկ երկրորդը տեսնելու համար վերադառնանք Սուչաւա, կը յիշէ՞ք, Ռումանական այն քաղաքը, ուր շրջան մը ապրած էր Մինաս Թոխաթցին, հերիսայի երգիծական ոտանաւորի հեղինակը, ահա այդ քաղաքի հայկական Ս. Սիմոն եկեղեցւոյ պարտէզի մէջ դուք կը գտնէք 1788 թուականին ընտիր գեղագրութեամբ փորագրուած քնարական ազնիւ քառեակ մը.
Տապանս Խանումին.
Է՜ անցաւոր ճանապարհի
Գեղածիծաղ յոյժ գովելի
Բարեպաշտօն երկիւղի
Թառամեցաւ նման վարդի
Այս տապանագիրը գեղեցկագոյն ապացոյցն է, որ տապանը, այդ փայտեայ կամ քարաշէն «ընդունարան մարմնոյ վախճանելոյն», գրական թանկագին մտածումներ ներշնչող ուղեկից է։ Ան խաղաղ նաւահանգիստ է հիւրընկալ։ Մինչեւ յաջորդ յօդուածը մնացէք գեղածիծաղ եւ կենսուրախ։