ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ապաւինելով կանանց առաջնորդութեան

Վեր­ջին ընտրու­թիւնը յաղ­թա­նակով աւար­տե­լէ ետք նա­խագահ Էր­տո­ղանի կու­սակցու­թիւնը ալ աւե­լի սան­ձարձակ եղաւ իր կրօ­նամէտ ռազ­մա­վարու­թեան մէջ։ Նա­խապէս աւե­լի զգոյշ քայ­լե­րով ան­ցած ճա­նապար­հը, հի­մա շատ աւե­լի հարթ ու­ղի մը դար­ձած է Էր­տո­ղանի կու­սակցու­թեան հա­մար։ Այստեղ կա­րեւոր գոր­ծօն մը եղած է ընտրու­թեան ան­մի­ջապէս նա­խօրէին ար­մա­տական մահ­մե­տական շրջա­նակ­նե­րու հետ հա­մագոր­ծակցու­թիւնը։ Թէ քրտա­կան Հիւ­տա­փար եւ թէ եր­բեմնի կրօ­նամոլ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ Նեճ­սետտին Էր­պա­քանի որդւոյն՝ Ֆա­թիհ Էր­պա­քար­նի գլխա­ւորած քա­ղաքա­կան շար­ժումը շատ աւե­լի յան­դուգն պա­հանջնե­րով յայտնո­ւեցան քա­ղաքա­կան բե­մին վրայ։ Այս պա­հուն ծանր սպառ­նա­լիքի մը են­թարկո­ւած է աշ­խարհիկ ուսման դրու­թիւնը, քա­նի որ Էր­տո­ղանի նոր դաշ­նա­կից­նե­րը դէմ են երկսեռ դպրո­ցական հա­մակար­գին։ Անոնք այժմ կը պա­հան­ջեն միայն աղջկանց յա­տուկ դպրոց­ներ։ Եթէ յա­ջողին այդ ցան­կութեան մէջ մօտ ապա­գային աւե­լի հեշտ կ՚ըլ­լայ հե­տեւիլ Աֆ­խանստա­նի Թա­լիպա­նի օրի­նակին եւ իգա­կան սե­ռը բո­լորո­վին զրկել ու­սումէն։

Այս քա­ղաքա­կանու­թիւնը բնա­կան­բար իր հետ կը բե­րէ շատ ծանր դի­մադ­րութիւն մը, յատ­կա­պէս կա­նանց շար­ժումէն մեկ­նե­լով։ Գաղտնիք չէ թէ կի­ներու դէմ բռնու­թիւնը եւ մին­չեւ սպա­նու­թեան հաս­նող դէպ­քե­րը աճած են Էր­տո­ղանի իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին։

Այս պա­հուն թե­րեւս ալ Թուրքիոյ մէջ գոր­ծող կա­ռավա­րու­թեան դէմ ամե­նալուրջ դի­մադ­րութիւ­նը կու գայ կա­նանց կող­մէ։ Կի­ներն են, որ կ՚ընդդի­մանան այ­րիշխան հա­մակար­գին եւ մեծ ընդվզում կ՚ար­տա­յայ­տեն յե­տադի­մական նա­խաձեռ­նութիւննե­րու դի­մաց։ Այդ է պատ­ճա­ռը, որ պահ­պա­նողա­կան շրջա­նակ­ներ կը փոր­ձեն հա­լածել իրենց դէմ յան­դուգն կեր­պով ձայն բարձրաց­նող կա­նանց։

Այս տե­սակի վեր­ջին ամօ­թալի նա­խաձեռ­նութիւնն էր դա­տարան դի­մել «Կի­ներու սպա­նու­թիւնը պի­տի կան­խենք» անուն հար­թա­կը փա­կելու պա­հան­ջով։ 13 Սեպ­տեմբեր չո­րեք­շաբթի օր, կա­յացած նիս­տի ըն­դա­ռաջ բազ­մա­թիւ կի­ներ զօ­րակ­ցութեան հա­մար փու­թա­ցին Չաղ­լա­յանի Դա­տարա­նը եւ զօ­րակ­ցութիւն յայտնե­ցին հար­թա­կի կին գոր­ծիչնե­րուն։

Այսպէս զօ­րակ­ցութեան փու­թա­ցող­նե­րու մէջ կա­յին տար­բեր քա­ղաք­նե­րէ եկած կա­նայք եւ Ժո­ղովուրդա­հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի վա­րիչ՝ Ճա­նան Քաֆ­թանճըօղ­լու։

Մեկ­նարկող դա­տական նիս­տը մեր­ժեց դա­տախա­զի պնդումնե­րը եւ հար­թա­կի գոր­ծունէու­թիւնը դի­տեց բո­լորո­վին օրի­նաւոր։

Այս հանգրո­ւանի մէջ թէեւ յու­սադրիչ է դա­տարա­նի վճի­ռը, բայց միամ­տութիւն պի­տի ըլ­լայ կար­ծել թէ յետ այ­սու վերջ պի­տի գտնեն այս տե­սակի ցե­խար­ձա­կումնե­րը։

Անոնք հար­թա­կի աշ­խա­տու­թիւնը կը գնա­հատէին, որ­պէս սպառ­նա­լիք մը ըն­տա­նեկան հա­մակար­գի դի­մաց։

Շատ հե­տաքրքրա­կան է, որ պահ­պա­նողա­կան­ներ ամե­նու­րէք նոյն կար­գա­խօս­նե­րով կամ նոյն մե­ղադ­րանքնե­րով կը փոր­ձեն կան­խել կի­ներու ազա­տատենչ պայ­քա­րը։

Պար­տինք նշել, որ այդ պայ­քա­րը հա­մամարդկա­յին բնոյթ ու­նի եւ ամե­նու­րէք հար­կադրո­ւած է յե­տադի­մական նոյն կամ նման կար­գա­խօս­նե­րու յա­ռաջա­ցու­ցած յարձակումը կանխելու։

Եթէ պի­տի խօ­սինք մարդկու­թեան փրկու­թեան մա­սին՝ այդտեղ շատ կա­րեւոր է կի­ներու կո­րովը։ Մարդկու­թիւնը պար­տա­կան է այդ կո­րովին, որ այժմ կը ներ­կա­յանայ կա­նանց միաս­նա­կան պայքարով։

pakrates@yahoo.com