Երեւանի Աբովեան պողոտայի վրայ երբ կը քալէինք Անի պանդոկէն դէպի հրապարակ ու մօտեցեր էինք նախկին «Մանկական աշխարհ» հանրախանութին՝ աքորտէոնի ձայն մը պատճառ եղաւ որ աշակերտներս ու ես կանգ առնենք եւ ունկնդրենք հին մեղեդի մը. «Ղարաբալա, Ղարաբալա, ծաղկավաճառ ծերունի…»։ Երբ երգը հասաւ իր աւարտին, մտածեցի, թէ մայրաքաղաքի բնակիչներու համար ի՚նչ սիրելի հէթիաթ-պատմութիւն է Ղարաբալայի կերպարը. «Երբ քայլում եմ Երեւանի Աբովեանի փողոցով / կարծես մէկը շըշնջում է ծերունազարդ իր ձայնով…»։ Պարոն, ո՞վ էր Ղարաբալան, հարցուց Էլենը։ Բախտաւորութիւնը չեմ ունեցած զինք ճանչնալու, պատասխանեցի, սակայն ծանօթ եմ այդ բարեհամբոյր պարոնին պատմութեան։ Ուստի, այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ ծաղկավաճառի երգը դեռ կը պտըտուի մտքիս մէջ, որոշեցի 1920-ականներու այդ յուզիչ պատմութիւնը բաժնեկցիլ ձեզի հետ։
Սեւ տղայ մը
Հին Երեւանի յայտնի կերպար՝ այժմ հէքիաթի փոխուած ծաղկավաճառ Ստեփան Յարութիւնեանն էր Ղարաբալան։ Ան «ղարաբալա» էր կոչուած, քանզի թխամաշկ էր. «ղարա» կը նշանակէ սեւ, իսկ «բալա»՝ տղայ։ Ղարաբալան Երեւանի մէջ ծնաւ 1900 թուականին, երբ հայոց մերօրեայ մայրաքաղաքը Ռուսական Կայսրութեան Կովկասի փոխարքայութեան մանր բնակավայր մըն էր՝ իր չափերով զիչելով շատ աւելի զարգացած Կիւմրիին։ Ըստ ընդունուած զրոյցի Ղարաբալան ունեւորի զաւակ էր։ Ընտանիքը ունէր ծաղիկներու «Ֆլորա» ընդարձակ տնկարանները (այժմ մետրոյի «Երիտասարդական» կայարանը)։ Խորհրդային տարիներուն Ղարաբալան կը շարունակէ ծաղկավաճառութեամբ զբաղիլ։ Կ՚ամուսնանայ Աշխէն անունով կնոչ մը հետ եւ կ՚ունենայ զաւակ։
Զամբիւղի ծաղիկները
Ղարաբալայի զամբիւղը լի է եղած բուրումնաւէտ ծաղիկներով։ Ան Աբովեանի պողոտայի վրայ ամէն օր քանի մը անգամ կը յայտնուէր։ Թէեւ վաճառքի համար էին իր ծաղիկները, սակայն նուրբ հոգիի մը տէր մարդը զանոնք կը նուիրէր սիրունատես օրիորդներուն, երբ յատկապէս անոնք սիրալիր վերաբերմունք եւ ժպիտ կը շնորհէին անոր։ Ղարապալայէն ծաղիկ ստացողներէն մէկը եւ ծաղկավաճառի կեանքին անսպասելիօրէն դժբախտ ուղղութիւն տուողը եղաւ այդ օրերու յայտնի եւ խիստ գրաւիչ դերասանուհիներէն Արուսը։ Քիչ վերջ պիտի անդրադառնամ այդ գեղեցկուհիին։ Սակայն, արտօնեցէք, որ աշակերտներս հրապարակի վրայ ծաղիկներ վաճառող պառաւէ մը գնեն վարդեր եւ մեխակներ, կարմիր անկասկած։
- Բարեւ, մեզի 14 հատ վարդ եւ մեխակ պէտք է։
- Էս սիրուն աղջիկների՞ համար։
- Չէ, Ղարաբալայի համար։
- Հասկացայ։ Գիտէք, չէ՞, արձանը կանգնած է Աբովեանի վրայ, մի քիչ վերեւ… 14 հազար դրամ։
- Շնորհակալութիւն։
Պոլսահայ աստղը
Պոլսահայ դերասանուհի էր բարեկեցիկ ընտանիքի դուստր, Եսայեան վարժարանի շրջանաւարտ, ուտ եւ մանտոլին նուագող, Ազգային հիւանդանոցի որբանոցի ուսուցիչ, բանաստեղծուհի Սիպիլի հայրենասիրական շունչով դաստիարակուած, շնորհալի Արուսը։ Երիտասարդ Արուսին կը գրաւէ բեմը։ Ան կը ծանօթանայ եւ Սիպիլի օրհնութեամբ կ’անդամակցի Աբելեան-Արմէնեան թատերախումբին։ Անոնց հետ կը մէկնի Կովկաս։ Կ՚ամուսնանայ թատերախումբի դերասան Յովսէփ Ոսկանեանի հետ։ Երիտասարդ ամոլը բնակութիւն կը հաստատէ հայկական բեմական արուեստի աշխոյժ քաղաք Պաքուի մէջ։ Երիտասարդ դերասանուհին բեմ կը բարձրանայ նաեւ Պաքուի արուարձաններու՝ Էրմէնի-քէնտի, Բալախանիի եւ Սեւ Քաղաքի մէջ։ Թիֆլիսի մէջ Արուսը հանդէս կու գայ Հայոց թատերական ընկերութեան կազմի մէջ ու վերջնականապէս կը հաստատուի Երեւան, որոշում մը, որ բախտորոշ պիտի ըլլար Ղարաբալայի համար։
Դանակահարութիւն յանուն սիրոյ
Ղարաբալան կը նկատէ իրիկունները Աբովեան պողոտայի վրայ թատրոնէն տուն վերադարձող Արուսը։ Սիրավառ մարդը ամէն օր նոյն ժամուն անհամբեր կը սպասէ, որ յայտնուի Արուսը, անոր ծաղիկ մը նուիրելու յոյսով։ 1926 թուականին Ղարաբալան Արուսին հետապնդող օտար երիտասարդի մը կը դանակահարէ ու կը յայտնուի Երեւանի ուղղիչ տան մէջ։ Իր բանտակի՞ցը… Նոյն յանցանքով բանտարկուած Եղիշէ Չարենցն էր։ Բանաստեղծը իր յիշատակարանի մէջ պիտի գրէր. «… Երգեցին ու պարեցին մի շարք կալանաւորներ… Ղարաբալան, Երեւանի հռչակաւոր ծաղիկ ծախողը, որ Ուղղիչ Տուն էր ընկել մէկին դանակով վիրաւորելու համար»։
Հայ բանաստեղծը
Ղարաբալայի համար
Մայրաքաղաքի բարեսիրտ, ժպտերես, ազնիւ բնակիչը, եւ սա զարմանալի չէ, արժանացաւ հայ բանաստեղծի սիրալիր ուշադրութեան։ Անոր արժէքը գրականօրէն արտայայտող առաջին մարդն էր Եղիշէ Չարենցը, որ ծաղկավաճառին նուիրեց հետեւեալ տողիկները. «Հագնում էր նա մէկ մակինթոշ, / Մէկ էլ տեսար՝ չուլ ու փալաս, / Չգիտէիր՝ արտի՞ստ է նա, / Թէ՞ ծաղիկ ծախող Ղարա-Բալա»։ Ապա Համօ Սահեանն էր, որ պատառիկ մը գրի առաւ. «Ծաղիկ ծախող Ղարաբալան / Յայտնի մարդ է Երեւանում, / Ամէնքի հետ քէֆ է անում / Ծաղիկ ծախող Ղարաբալան»։
Քարացած ծաղիկները
«Ծաղկավաճառ ծերունին». այսպէս կը կոչուի քանդակագործ Լեւոն Թոքմաճեանի 2 մ. բարձրութիւն ունեցող արձանը։ Ղարաբալայի պղնձաձուլ մարմնացումն է ան, թեւէն կախուած զամբիւղով եւ գլխին՝ ծրած-մրած գլխարկով։ Ան տեղադրուած է, մայրաքաղաքի իշխանութիւններու տեղին որոշում, Աբովեան պողոտայի վրայ՝ նախկին Մանկական աշխարհ հանրախանութի առջեւ։
Սառած սէրը
Բանտէն արձակուած Ղարաբալան իր ծաղկանոցը կը գտնէ քանդուած։ Աշխէնը արդէն լքած էր իրեն։ Ղարաբալան իր վերջին տարիներուն, ընկճուած, անցորդներէն սէր եւ համակրանք յուսալով կը շարունակէ ծաղիկներ նուիրել անցորդներուն։ Ան բնակութիւն կը գտնէ Հանրախանութի պահեստանոցի մէջ։ Իսկ օր մըն ալ, 1970ի ձմրան, զայն կը գտնեն մայթի վրայ ցրտահար, մահացած։
Վարդեր զամբիւղի մէջ
Ի՞նչ կը մնայ կեանքէն, կը հարցնէր Թէքէեանը։ Ի՚նչ որ տուիր ուրիշին՝ ան միայն։ Այսօր Ղարաբալայի նուիրած ծաղիկները անոր կը վերադառնան աւելի անուշցած։ Մայրաքաղաքի օրիորդիկները, կամ ՝ պատմութեան տեղեակ անցորդները, ինչպէս մենք, ժպիտով եւ համակրանքով ծաղիկ մը կը դնենք անոր պղնձեայ զամբիւղի մէջ։
- Պարոն, կ’ուզեմ Ղարաբալայի հետ լուսանկարուիլ։
Արձանի աջեւ աշակերտուհիները մէկ-մէկ կը լուսանկարուին՝ վարդ մըն ալ նուիրելով ծաղկավաճառին։
Բուրումնաւէտ աւարտ մը
Ղարաբալան, այսօր, շնորհիւ մայրաքաղաքի բնակիչներու բարեխիղճ յիշողութեան եւ ուշադրութեան՝ կը շարունակէ ապրիլ՝ թէեւ քարացած, կամ պղնձաձուլ։ Սակայն, անոր զամբիւղի ծաղիկները թարմ են եւ բուրումնաւէտ, ինչպէս էին հարիւր տարի առաջ… Յարգելի ընթերցող, ամէն պատմութիւն կամ առասպել ունի իր աւարտը։ Այժմ, ես կ’առաջարկեմ անգամ մը եւս ականջ տալ Աբովեանի վրայ հնչած այդ հին եղանակին, որ երգիչ Պապին Պօղոսեանի նուէրն էր Ղարաբալային, ու հարժեշտ տալ Երեւանի սիրելի բնակիչին.
Ղարաբալան է կանգնել
Դողդողացող նրա ձեռքին
Ծաղիկներ են քարացել։
Ղարաբալա, Ղարաբալա
Ծաղկավաճառ ծերունի
Ծաղիկներիդ անոյշ բոյրը
Ոչ մի ծաղիկ դեռ չունի։