ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Դէպի ո՞ւր

Էական, հետզհե­տէ այժմէաան դար­ձած հար­ցում մըն է «Դէ­պի ո՞ւր»ը։ Հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքա­կան գետ­նի վրայ կա­րելի է հարցնել այս հար­ցումը։ Իս­կա­պէս ալ հե­տաքրքրա­կան է իմա­նալ թէ դէ­պի ո՞ւր կը հաս­նին Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թացքին աւան­դա­կանա­ցած յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։

Վեր­ջերս վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան բո­լորո­վին ար­դարացի կեր­պով յայ­տա­րարեց թէ սխալ էր երկրի պաշտպա­նու­թիւնը բո­լորո­վին Ռու­սաստա­նի յանձնե­լու ռազ­մա­վարու­թիւնը։ Ար­դար է վար­չա­պետի խոս­տո­վանու­թիւնը, մա­նաւանդ դի­տելով Ար­ցա­խի սահ­մաննե­րուն տե­ղադ­րո­ւած ռու­սա­կան խա­ղաղա­պահ զօր­քի ան­փոյթ վե­րաբե­րու­մը Ատրպէյ­ճա­նի առա­ւելա­պաշտ քա­ղաքա­կանու­թեան դի­մաց։

Նա­խապէս ալ նշած ենք թէ հայ ժո­ղովուրդը գա­հազուրկ մնա­ցած բա­զում դա­րերէ ետք Ի դա­րու ըն­թացքին փոր­ձո­ւեցաւ պե­տակա­նու­թեան երեք գոր­ծադրու­թիւննե­րով։ Ափ­սոս որ երեքն ալ մեր կամ­քէն ան­կախ ըն­թա­ցող պայ­մաննե­րու հե­տեւան­քով գո­յացան։ Պար­զա­պէս պե­տակա­նու­թիւնը ինքնա­բերա­բար թա­կեց մեր դու­ռը եւ մենք միայն մէկ ան­գամ, ան ալ կի­սան­կախ կեր­պով օգ­տո­ւեցանք իր­մէ։ Ակ­նարկո­ւածը Հա­յաս­տա­նի Սո­վետա­կան Սո­ցիալիս­տա­կան Հան­րա­պետու­թեան շրջանն է, ուր պե­տակա­նու­թիւնը առիթ ըն­ծա­յեց ազ­գա­յին վե­րել­քի։ Գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի, ուսման եւ գե­ղարո­ւես­տի ծաղկման շրջանն էր այդ։ Կա­րելի է ըսել նոյ­նիսկ ոս­տումի շրջան մը, որու հե­տեւան­քով ու­նե­ցանք հան­ճա­րեղ անուններ հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ, կեր­տե­ցինք լու­սա­պայ­ծառ մայ­րա­քաղաք եւ աճեցան ապա­գայի հան­դէպ ան­հոգ սե­րունդներ։

Պե­տակա­նու­թեան եր­րորդ փոր­ձին չէինք նկա­տած թէ պի­տի կորսնցնենք այդ ձեռքբե­րումնե­րու կա­րեւոր մէկ հա­տուա­ծը։ Միամի­տօրէն յու­սա­ցինք թէ ու­նե­ցածը կը մնայ մեր ձե­ռին եւ կարճ ժա­մանա­կի մէջ կը գե­րազան­ցենք։ Գե­րազան­ցո­ղը եղաւ օլի­կարխնե­րու փա­ղանգ մը եւ մենք ազ­գո­վին սնան­կա­ցանք։

Այ­սօր Տի­միդ­րի Փես­քով հա­մար­ձա­կու­թիւն կ՚ու­նե­նայ ըսե­լու թէ Ռու­սաստան ինք կը որո­շէ հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ իր գո­յու­թեան ժամ­կէ­տը։

Յե­տադարձ ակ­նարկով մը յի­շենք Թուրքիոյ նախ­կին իշ­խա­նաւոր­նե­րէն Թուրկութ Էօզա­լի սպառ­նա­լիքը։ Ան հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տիրու­թեան դէմ ըսած է հե­տեւեալը. «Հա­յերը թող շատ ձայն չբարձրաց­նեն, ռազ­մա­փորձ մը կը կա­տարենք սահ­մա­նի մեր­ձա­կայ­քը եւ քա­նի մը հրթիռներ ալ պա­տահ­մամբ կը վի­ճակի իրենց քա­ղաք­նե­րուն եւ ուշքի կու գան»։

Այս յայ­տա­րարու­թեան ար­ձա­գան­գը հնչեց ոչ թէ Երե­ւանէն, այլ Մոս­կո­ւայէն Ալեք­սանդր Երգսի­նի բեր­նէն։ Ան արեւմտեան աշ­խարհին յայ­տա­րարեց թէ կը հրա­ժարի Եւոր­պա­յի եր­կիրնե­րու հետ կնքած սահ­մա­նամերձ տա­րածքնե­րը հրթիռ­նե­րէն ազա­տագ­րե­լու հա­մաձայ­նա­գիրէն, քա­նի որ լուրջ սպառ­նա­լիք կայ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նին վրայ։

Յա­ջոր­դող շա­բաթ­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի օդա­յին կամ ցա­մաքա­յին սահ­մաննե­րու հսկու­մը փո­խան­ցո­ւեցաւ Ռուս զի­նուոր­նե­րուն։

Ար­դէն Հան­րա­պետու­թեան երկրորդ մեծ քա­ղաքի մէջ խարսխած էր ռու­սա­կան ռազ­մա­պազան։ Յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն կա­րիք ալ չէր տես­նո­ւած ռու­սաց զի­նուո­րական ներ­կա­յու­թիւնը հար­ցա­կանի նիւթ դարձնե­լու։ Իսկ այ­սօր կա­րելի է մի­թէ՞։

Նշենք որ հայ ժո­ղովուրդի Ռու­սա­կան Կայսրու­թեան հետ ու­նե­ցած յա­րաբե­րու­թիւնը ու­նի պատ­մա­կան ան­ցեալ եւ այդ պատ­մութիւնն ալ ընդմիշտ խա­ղաղ չէ ըն­թա­ցած։ Նոյ­նիսկ Հոկ­տեմբե­րեան յե­ղափո­խոոթիւ­նը իր յա­ռաջ­դի­մական ըն­թացքին մէջ մեծ վնաս­ներ պատ­ճա­ռած է հայ ժո­ղովուրդին։ Ալ չեն խօ­սիր կայրսու­թեան շրջա­նին հա­յոց եկե­ղեցի­ները կո­ղոպ­տե­լու քա­ղաքա­կանու­թեան նիւ­թեր։

Նշենք Չա­րեն­ցի նշա­նաւոր խօս­քը. Հայ ժո­ղովուրդի փրկու­թեան պատ­գա­մը, որ կրնանք բա­ցատ­րել միայն մէկ բա­ռով՝ «Սար­տա­րապա­տի ոգիով»։

pakrates@yahoo.com