ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը։ Զարմանալի

Զարմա­նա­լի չէ՞ հա­­յը։ Իր լե­­զուն, բնաշ­­խարհը, պատ­­մութիւ­­նը, յատ­­կա­­­պէս, ան­­շուշտ, իր խոր տա­­րիքը։ Հա­­յը, որ ըստ Դե­­րեկիկ Դե­­միր­­ճեանի, ազ­­գե­­րու մէջ թի­­ւով ամե­­նափոքրն է եւ տա­­ռապան­­քով ամե­­նամե­­ծը, զար­­մա­­­նալի է նաեւ իր տո­­կու­­նութեամբ, վառ երե­­ւակա­­յու­­թեամբ եւ փայ­­լուն ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեամբ։ Կը յի­­շէ՞ք, Գե­­ւորգ Էմի­­նը, որ կէս դար մը առաջ յայ­­տա­­­րարեր էր աշ­­խարհին, թէ հա­­յուն այնքան սեղ­­մե­­­ցին, որ ան սպի­­պուած ադա­­մանդ դար­­ձաւ ցիր ու ցան եւ աստղե­­րու նման սկսաւ ամե­­նու­­րէք փայ­­լիլ։ Իսկ այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ձեռքս ծնօ­­տիս դրած տար­­տամ, տես­­նե­­­լով, թէ առանց մեր հա­­ցի չկշտա­­ցող հա­­րեւան­­նե­­­րը, ազգս կը սեղ­­մեն եւ մեզ կրկին ադա­­մանդ դարձնե­­լու փոր­­ձեր կը կա­­տարեն՝ որո­­շեցի դե­­գերիլ եւ սփո­­փանք գտնել հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան այն էջե­­րու մէջ, ուր հա­­յը ուե­­ցեր է զար­­մա­­­նալու ըն­­դունա­­կու­­թիւնը, զար­­մա­­­ցեր է գե­­ղեցի­­կի առ­­ջեւ եւ ստեղ­­ծեր է զար­­մա­­­նահ­­րաշ տո­­ղիկ­­ներ։

Մեր զար­­մանքի ար­­մատնե­­րը

Առա­­ջին ան­­գամ ե՞բր զար­­մա­­­ցանք։ Ի՞նչ բան մեզ զար­­մա­­­ցուց։ Այս հար­­ցումնե­­րը պա­­տաս­­խա­­­նելու հա­­մար որո­­շեցի հայ­­կա­­­կան գի­­րերով գրի առ­­նո­­­ւած առա­­ջին գիր­­քին՝ Աս­­տո­­­ւածա­­շունչ մա­­տեանին դի­­մել։ Ահա որո­­նումնե­­րուս ար­­դիւնքը։ Սուրբ Գիր­­քի մէջ «զար­­մա­­­նալ» բա­­յը գոր­­ծա­­­ծուեր է 127 ան­­գամ, , «զար­­մա­­­նալի»՝ 12, «զար­­մանք»՝ 6, «զար­­մա­­­ցում»՝ 6, «զար­­մա­­­նազան»՝ 1։ Կը փա­­փագի՞ք Ոս­­կե­­­դարու լե­­զուա­­կան ճա­­շակը վա­­յելել։ Ահա քա­­նի մը աւե­­տարա­­նական մէջ­­բե­­­րում. «Գա­­զանն չոր­­րորդ ահեղ եւ զար­­մա­­­նալի», «Արք հո­­յակապք եւ զար­­մա­­­նալիք», «Պտուղս զար­­մա­­­նալիս», «Ասե­­լով զզար­­մա­­­նալիսն լսո­­ղաց բան», «Գե­­ղեցիկ իբ­­րեւ զԵ­­րու­­սա­­­ղէմ, զար­­մա­­­նալի յօ­­րինեալ»։ Իսկ մէկ այլ պատ­­կե­­­րի մէջ՝ «Դստերքն եւ թա­­գու­­հիք տե­­սան հարսu, եւ երա­­նեցին անոր. Ո՞վ է սա որ երե­­ւեալս է իբ­­րեւ զա­­ռաւօտ, գե­­ղեցիկ իբ­­րեւ զլու­­սին, ըն­­տիր իբ­­րեւ զա­­րեգակն, զար­­մա­­­նալի յօ­­րինեալ»։ 19-րդ դա­­րու բա­­ռարան մը հե­­տեւեալ ձե­­ւով կը բա­­ցատ­­րէ «զար­­մա­­­նալի» ածա­­կանը. «Ար­­ժա­­­նի զար­­մա­­­նալոյ. հիանա­­լի. սքան­­չե­­­լի. մեծ. ահա­­ւոր. արմննա­­լու, խել­­քէ դուրս»։ Դար­­ձո­­­ւածքնե­­րու բա­­ռարան­­նե­­­րը կը յի­­շեն հա­­յերուս շատ սի­­րած ծի­­ծաղա­­շարժ մէկ խօս­­քը. «Գո­­ղը գո­­ղէն գող­­ցաւ, Աս­­տո­­­ւած տե­­սաւ՝ զար­­մա­­­ցաւ»։ Յի­­շեց­­նեմ, թէ «զար­­մանք» բա­­ռիս ար­­մատն է «արմ», «զ» տա­­ռը անոր սաստկա­­կան եւ զօ­­րացու­­ցիչ նախ­­դիր է։

Զար­­մա­­­նալի հա­­յեր

Հա­­յը, ար­­դեօ՞ք իր զար­­մա­­­նահ­­րաշ լեռ­­նաշխա՞րհն էր պատ­­ճա­­­ռը, ու­­նե­­­ցեր է զար­­մա­­­նալու ըն­­տիր ըն­­դունա­­կու­­թիւն։ Ահա քա­­նի մը հա­­յու գա­­ղափա­­րը զար­­մա­­­նալու մա­­սին. «Զար­­մանքը հա­­սարակ բան չէ։ Զար­­մա­­­նալու ըն­­դունա­­կու­­թիւնը բնու­­թեան կող­­մից մար­­դուն տրո­­ւած մե­­ծագոյն պար­­գեւնե­­րից է», Մար­­տի­­­րոս Սա­­րեան, «Զար­­մանքը փի­­լիսո­­փայու­­թեան սկիզբն է», Ե. դա­­րու իմաս­­տա­­­սէր Դա­­ւիթ Ան­­յաղթ, «Զար­­մա­­­նալի հրաշք է հո­­ղը, հո­­ղի ու­­ժը անսպա­­ռելի է», Աւե­­տիք Իսա­­հակեան, «Հա­­յոց ժո­­ղովուրդը մի զար­­մա­­­նալի ժո­­ղովուրդ է։ Նրան սպա­­նելը, եթէ չա­­սեմ անհնա­­րին, կա­­րող եմ ասել, որ շատ դժո­­ւարին է», Րաֆ­­ֆի։ Րաֆ­­ֆին, որ զար­­մա­­­ցեր էր ազ­­գի նկա­­րագի­­րով, «Խա­­չագո­­ղի Յի­­շատա­­կարա­­նը» վէ­­պի մէջ նկա­­տեց, թէ զար­­մա­­­նալի է նաեւ սիր­­տը. «Զար­­մա­­­նալի բան է մար­­դու սիր­­տը, շատ ան­­գամ ի՚նչ բա­­նի որ փա­­փաքում է նա, խելքն էլ սա­­տանա­­յի նման այնպի­­սի ապա­­ցոյցներ է առաջ բե­­րում, որ ան­­պատճառ կա­­տարո­­ւի այդ փա­­փագը»։ Իսկ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցը իւ­­րա­­­յատուկ տկա­­րու­­թիւն մը ու­­նէր. «Մի զար­­մա­­­նալի քնքոյշ եւ խնդա­­գին զգաց­­մունք եմ ու­­նե­­­նում իւ­­րա­­­քան­­չիւր ան­­գամ, երբ յի­­շում եմ, որ այնտեղ՝ սե­­ղանիս դա­­րակում, պա­­հուած են Տե­­րեանի, հաս­­կա­­­նու՞մ էք, իս­­կա­­­կան ձե­­ռագ­­րե­­­րը»։

Զար­­մա­­­նալի է ինձ

Հայ­­կա­­­կան մա­­տենագ­­րութիւ­­նը լի է զար­­մա­­­նալի տո­­ղիկ­­նե­­­րով։ 11 դա­­րուն Գրի­­գոր Մա­­գիստրոս Պահ­­լա­­­ւու­­նին գրի առաւ Ջրօրհնե­­քի տա­­ղը, ուր ար­­տա­­­յայ­­տեց իր զար­­մանքը. «Ով զար­­մա­­­նալի խոր­­հուրդ այս մեծ յայտնեալ»։ Տա­­ղասաց Յա­­կոբ Թո­­խաթ­­ցին թէ՚ զար­­մա­­­ցաւ եւ թէ՝ ող­­բաց կոր­­ծա­­­նուած Եւ­­դո­­­կիա շքեղ քա­­ղաքի վրայ. «Եկե­­ղեցիք ի քեզ կա­­յին, / Զար­­մա­­­նալի հրաշք գոր­­ծէին, / Պաշ­­տօ­­­նեայք իւր խրա­­խանա­­յին, / Փա­­ռօք սրբոցն ճո­­խային»։ 12-րդ դա­­րուն Կի­­լիկիոյ մէջ, Պահ­­լա­­­ւու­­նի­­­ներու տոհ­­մէն՝ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի աւագ եղ­­բօր՝ Վա­­սիլ Պահ­­լա­­­ւու­­նիի որ­­դին Գրի­­գոր Տղան իմաս­­տա­­­սիրա­­կան տաղ կը գրեց ու զայն կո­­չեց՝ «Տեառն Գրի­­գորի­­սի, որդւոյ Վա­­սիլ իշ­­խա­­­նի ասա­­ցեալ բան պի­­տանի եւ զար­­մա­­­նալի»։ Իրօք այդ տա­­ղը լի է զար­­մա­­­նալի միտ­­քե­­­րով. «Ու­­նիմ եւ լոյս պայ­­ծառ, բայց խա­­ւարեալ է… Կայ եւ հուր սի­­րոյ, բայց սա­­ռու­­ցեալ է… Ջերմ եմ առ աս­­տո­­­ւած, այլ ցուրտն մերձ է. / Կա­­միմ բու­­սուցա­­նել, բայց տօթն չար է»։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող հայ­­կա­­­կան հնա­­գոյն մա­­տենագ­­րութեան ամե­­նէն զար­­մա­­­նալի տո­­ղերը կը պատ­­կա­­­նին երա­­նելի աղջկան մը։ Ան 700ական­­նե­­­րուն ապ­­րած երաժշտու­­հի Խոս­­րո­­­վիդուխտ Գողթնա­­ցին է, Գողթնի իշ­­խան Վա­­հան Գողթնա­­ցու քոյ­­րը, որ իր եղ­­բօր նա­­հատա­­կու­­թեան կսկի­­ծով (737 թո­­ւական) յօ­­րինեց «Զար­­մա­­­նալի է ինձ» գով­­քը, ու եր­­գեց եղ­­բօր նկա­­րագի­­րը։ Հայ­­կա­­­կան շա­­րակ­­նո­­­ցի մէջ նե­­րառո­­ւած այս եր­­գի մէջ երա­­ժիշտ քոյ­­րը կը զար­­մա­­­նայ իր եղ­­բօր քա­­ջու­­թեան վրայ, կը զար­­մա­­­նայ նաեւ, թէ բա­­րեպաշտ երի­­տասար­­դի կրած չար­­չա­­­րանքնե­­րը փո­­խանակ ող­­բա­­­լի ըլ­­լա­­­լու՝ կը հնչէին ազ­­նիւ մե­­ղեդիի մը նման. «Զար­­մա­­­նալի է ինձ, / Քան զերգս երաժշտա­­կանաց, / Ձայնս ող­­բոց քոց հնչմունք, / Ո՜վ երա­­նելի տէր Վա­­հան, ընտրեալ յաս­­տուծոյ»։

Քա­­րէ զար­­մանքներ

Մեր լեռ­­նաշխար­­հը լի է զար­­մա­­­նազան շի­­նու­­թիւննե­­րով։ Հա­­յու հան­­ճա­­­րի պտուղներն են անոնք։ Մեր երկրի հա­­րաւա­­յին կո­­ղի՝ Վա­­յոց Ձո­­րի մէջ դե­­գերե­­ցէք եւ դուք կը հան­­դի­­­պիք Արե­­նիի կա­­մուրջին, որ շի­­նուած է 1270-80 թո­­ւական­­նե­­­րուն «բա­­րեպաշտ եւ մե­­ծափառ» իշ­­խա­­­նապետ Տար­­սա­­­յիճ Օր­­բե­­­լեանի հրա­­մանով։ Այդ «յոյժ բարձր» եւ «հիացու­­ցիչ տե­­սողաց» կա­­մուրջի հա­­մար կայ հե­­տեւեալ պատ­­մա­­­կան վկա­­յու­­թիւնը. «Այս Տեր Սար­­գիս… եւս առա­­ւել արար գործ մի երե­­ւելի, զի ի գիւղն Ար­­փա­­­յի վե­­րայ գե­­տոյն կանգնեաց կա­­մուրջ զար­­մա­­­նալի»։ Ճար­­տա­­­րապե­­տական մէկ այլ զար­­մանք է Քա­­սաղ գե­­տի կիր­­ճի աջ եզ­­րին, բարձր ու գե­­ղատե­­սիլ վայ­­րի վրայ կանգնած Յով­­հաննա­­վան­­քը։ 1250 թո­­ւակա­­նին կա­­ռու­­ցո­­­ւած շէնքն էր՝ «զար­­մա­­­նալի լու­­սանցօք խա­­չաձե­­ւիւք»։

Զար­­մա­­­նալի քաղցրա­­համ ես

Ի՞նչ զար­­մա­­­նալի պատ­­կեր պատ­­ճառ եղաւ, որ հայ տա­­ղասա­­ցը, միջ­­նա­­­դարուն, 1200 - 1700 թո­­ւական­­նե­­­րը նկա­­տի ու­­նիմ, գրէ գո­­վասանքներ, ըն­­տիր քնա­­րական տո­­ղիկ­­ներ։ Մի՚ զար­­մա­­­նաք. հո­­ղածին գե­­ղեց­­կուհի մըն էր ան, զոյգ մը աչք, փունջ մը վարս եւ շրթունք շա­­քարա­­համ։ Օր մը տա­­ղասաց Յով­­հաննէս Կա­­ֆացիին յայտնո­­ւեցաւ այդպի­­տի նո­­րաբող­­բոջ օրիոր­­դիկ մը, եւ ներշնչեց բա­­նաս­­տեղծին. «Յայտնեաց նո­­րաբող­­բոջ մի ինձ այսպի­­սի, / Որ էր գե­­րապա­­ճոյճ յոյժ զար­­մա­­­նալի, / Լու­­սա­­­տես, հրա­­շատես, մաք­­րա­­­տես ի մի, / Առ իս ցու­­ցա­­­նելով ի սէր բոր­­բո­­­քէ»։ 17-րդ դա­­րուն ապ­­րած Քո­­սայ Երէ­­ցի ներշնչման աղ­­բիւրը Ան­­նա անուն գե­­ղեց­­կուհի մըն էր. «Քե­­զիկ Ան­­նայ կ՚ասեն եր­­կիրն Ղար­­սայ, / Զսքան­­չե­­­լի, զար­­մա­­­նալի բան մի տե­­սայ»։ Բա­­նաս­­տեղծ, հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ Երե­­միա Չէ­­լէպի Քէօմիւրճեանը, 1660-70 թո­­ւական­­նե­­­րուն, չենք գի­­տեր Պոլ­­սո՞յ մէջ, թէ Ադ­­րիանա­­պոլ­­սոյ, Պրու­­սա­­­յի, Ան­­տիոքի, կամ՝ Ար­­մա­­­շի (շատ ճամ­­բորդած դի­­ւանա­­գէտ էր ան), յոյժ զար­­մա­­­ցաւ երբ տե­­սաւ «նո­­րազո­­ւարճ» պատ­­կե­­­րը մը (դէմք, երես). «Նո­­րազո­­ւարճ պատ­­կերդ է յոյժ զար­­մա­­­նալի, / Փառք եւ գո­­հու­­թիւն քո ստեղ­­ծո­­­ղի, / Նման կար­­միր վար­­դի ի դէմ պուլպու­­լի»։ Պաղ­­տա­­­սար Դպի­­րը, 1700-նե­­րու սկիզ­­բը, հա­­ւանա­­բար Պոլ­­սոյ Գում Գա­­փու ծո­­վեզե­­րեայ թա­­ղամա­­սի մէջ տեն­­ջաց զար­­մա­­­նալի աղա­­նի մը. «Արի, իմ քաղցրիկ աղաւ­­նի, / Ոս­­կի խնձոր զար­­մա­­­նալի, / Զքեզ տես­­նո­­­ղին բիւր երա­­նի, / Դու բա­­րի եկիր, բա­­րի եկիր»։ Ցա­­ւօք սրտի մեր վեր­­ջին զար­­մանքի հե­­ղինա­­կը ան­­յայտ է։ Գի­­տենք միայն, թէ ան իր սի­­րոյն գե­­րին է, հրա­­պու­­րած անոր քաղցր բոյ­­րէն. «Զար­­մա­­­նալի քաղցրա­­համ ես, / Զստոյգն ասեմ՝ մա­­նանայ ես, / Զքիմս ամե­­նեցուն կու մայ­­լես. / Հոտդ կու բու­­րէ, կու բու­­րէ»։

Զար­­մա­­­նալի շռայ­­լը

2 Մա­­յիս 1921 թո­­ւակա­­նին 52 տա­­րեկան Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանը, զգա­­լով իր վատ­­թա­­­րացող առող­­ջութիւ­­նը եւ ան­­խուսա­­փելի վախ­­ճա­­­նը՝ քա­­ռեակ մը գրեց եւ շնոր­­հա­­­կալու­­թեամբ զրու­­ցեց Շռայ­­լի հետ. «Զար­­մա­­­նում եմ, թէ՝ ո՜վ Շռայլ, ի՜նչքան շատ ես տո­­ւել ինձ, / Ի՜նչքան շատ եմ դեռ Քեզ տա­­լու, որ միանանք մենք նո­­րից»։ Իսկ Գա­­րեգին Սրո­­ւանձտեան­­ցը, հո­­ղի սի­­րահար ազ­­գա­­­սէր բա­­նահա­­ւաք եպիս­­կո­­­պոսը, գրի առաւ «Ի վե­­րայ կո­­րեկին» աղօ­­թախառն եր­­գը, որ­­պէսզի առատ ըլ­­լան մեր սե­­ղան­­նե­­­րը. «Աս­­տո­­­ւած կո­­րեկ պա­­կաս չա­­նէ մեր տա­­նէն, / Զար­­մա­­­նալի կռութ (հասկ) ու­­նիս կար­­միր հա­­տերով, / Զար­­մա­­­նալի կռութ ու­­նիս կա­­նաչ խօ­­րօտիկ»։ Նա­­խորդ դա­­րու հայ մտքի բոյ­­լը յայտնի էր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, իր «զար­­մա­­­նալի» ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րով։ Ահա երեք օրի­­նակ. «Զար­­մա­­­նալի աշու­­ղը», հէ­­քիաթ, Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեան, «Զար­­մա­­­նալի աշուն», բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն, Եղի­­շէ Չա­­րենց, «Զար­­մա­­­նալի հայ», բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն, Գե­­ւորգ Էմին։

Զար­­մա­­­նալի ադա­­ման­­դը

Այ­­սօր, երբ հա­­յը զար­­մա­­­նալի բե­­կումներ կա­­տարե­­լու եր­­կունքի մէջ է, այ­­տօ­­­նեցէք մէջ­­բե­­­րեմ Երե­­ւանի գլխա­­ւոր ճար­­տա­­­րապետ, նկա­­րիչ, յօ­­րինող, եր­­գա­­­հան, բա­­նաս­­տեղծ եւ եր­­գիչ Ար­­թուր Մես­­չեանի «Զար­­մա­­­նում եմ ես» եր­­գը, որ­­պէս հրա­­ժեշ­­տի պատ­­գամ։ Մի գու­­ցէ, այս եր­­գը բա­­ցատ­­րէ, թէ մենք ին­­չու դար­­ձանք տո­­կուն ինչպէս ադա­­մանդ, ըստ Գե­­ւորգ Էմի­­նի, կամ՝ թոյլ ու մո­­լորեալ՝ ըստ Մես­­չեանի. «Զար­­մա­­­նում եմ ես մեր առ­­ջեւ փա­­կուող հա­­զար դռնե­­րից, / Զար­­մա­­­նում եմ ես նո­­րից համ­­բե­­­րող իմ ժո­­ղովուրդից, / Զար­­մա­­­նում եմ ես դա­­տարկ ու պա­­րապ ինչ-որ յոյ­­սե­­­րից, / Զար­­մա­­­նում եմ ես, որ չեմ զար­­մա­­­նում էլ ոչ մի բա­­նից, / Խուլ ու հնա­­զանդ չա­­րին յանձնո­­ւած այս մեծ աշ­­խարհից / Եւ մարդկանց ան­­դունդը տա­­նող ճա­­նապարհնե­­րից»։ Խա­­ղաղ մնա­­ցէք մին­­չեւ մեր յա­­ջորդ հան­­դի­­­պու­­մը։