Այս սիւնակի վրայ բազում անգամներ անդրադարձած ենք համաշխարհային քաղաքականութեան մատնուած անբարոյական, սկզբունքներէ զուրկ, երկերես եւ կամայական գործընթացին։
Զարգացումները կը պարտադրեն կրկին ու կրկին վերլուծել այս անպատշաճութիւնը։
Անօրէնութիւնը, վայրագութիւնը, անարդարութիւնը, բոլորն ալ կը ծաւալին միայն ու միայն դրամական շահի ակնկալութիւնով։
Ընկերական գիտութիւններու մասնագէտներ կը տեսնեն արցախահայութեան դէմ ցցուած ցեղասպանութեան սպառնալիքը, բայց այդ սպառնալիքը կ՚անտեսուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Գիտնականները այս անտեսումի հետեւանքներ ըլլալով օրինակ կը բերեն Սրեպրենիցցաի, Տարֆուրի, կամ Ռուանտայի օրինակները։ Անվտանգութեան Խորհուրդը չէր կրցած կանխել բոլոր այդ յանցագործութիւնները։ Այս պահուն շատ ցաւալի է, որ համաշխարհային հայութիւնը զուրկ է այդ լծակներէ եւ միջոցներէ՝ որու հետեւանքով յոյսը կապած կը մնայ միջազգային կազմակերպութիւններու։
Տակաւին երէկ էր, որ բազմահարիւր Եվթոպիացիք զոհը դարձան Սաուտական զինեալ ուժերու յարձակումներուն։ Նոյնը յարատեւ կերպով կը կատարուի Իսրայէլի կողմէ Բաղէստինի խաղաղ բնակիչներուն դէմ։
Մենք դարձեալ այս սիւնակներու վրայ յաճախ անդրադարձած ենք անպատժելիութիւն կոչուած ախտին։ Այս անգամ մեր առջեւ պարզուած է պետութիւններու յանցագործութեան դէմ անպատժելիութեան երեւոյթները։
Կը շարունակենք մնալ Րաֆֆիի գրականութեան ազդեցութեան տակ։ Ան իր վէպերուն մէջ յաճախ կը փառաբանէ ինքնապաշտպանութիւնը։ Այդ ինքնապաշտպանութիւնը պայմաններու համաձայն կրնայ անհատական ըլլալ, կամ ալ հաւաքական, սկսելով գիւղի մը տարողութենէն մինչեւ քաղաքի, երկրի ու վերջապէս ժողովուրդի կամ դասակարգի մը ամբողջական դիմադրութեան տեսքով։
Դարձեալ սիւնակի ընթերցողները քաջաբար ծանօթ են մեր «ազգային» կոչումի հանդէպ վերապահութեան։
Որպէս Թուրքիոյ քաղաքացի՝ երկրի թելադրած փորձով գիտենք թէ ազգային նախածանցը ընդմիշտ կը ծառայէ շեղը, ծուռը կամ սխալը քօղարկելու համար։
Օրինակ բերենք կրթութեան ոլորտը։ Երկիրներ կ՚ունենան կրթութեան նախարարութիւն, բայց Թուրքիան ունի Ազգային կրթութեան նախարարութիւն։ Երկիրներ կ՚ունենան գիտութիւններու ակադեմնիա, բայց Հայաստան ունի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա։ Աշխարհի բոլոր դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդուի պատմութիւն, բայց Թուրքիոյ վարժարաններուն մէջ ազգային պատմութիւն։ Օսմանեան կայսրութիւնը ունէր Ռազմական նախարարութիւն, իսկ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ունի Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւն։
Ինչպէս վերի օրինակներն ալ կ՚ապացուցեն այստեղ գործածուած բոլոր «ազգային» կոչումները իրողութենէ շեղելու պատրուակներն են միայն։
Մեզի համար «ազգային» նախածանցը իմաստ կը ստանայ միայն այն ատեն, երբ կը գործածուի «գիտակցութիւն» ընկալումի հետ։
Ներկայ պահուն ոչ միայն Արցախի 120 հազար խաղաղ բնակիչներուն, այլ համայն հայութեան ապագան սերտօրէն առնչուած է, այդ ազգային գիտակցութեան հետ։ Նման գիտակցութեան բացակայումով պիտի պարտուինք կամ գոյութիւնով ալ պիտի յաղթենք։
pakrates@yahoo.com