Կը շարունակուի Րաֆֆի ընթերցելու ոդիսականը։ Այս անգամ մեր ձեռքին ունինք «Խաչագողի Յիշատակարանը» Հայպետհրատի 1962 թուակիր 10 հատորանի «Երկերի ժողովածու»ի երկրորդ հատորը։
Եթէ նախորդ ընթերցումները մեզ տարած էին դէպի Պայազէթ կամ Աղպակ, այս անգամ մենք ճամբայ կ՚ելլենք հեղինակի ծննդավայրէն՝ Սալմասթէն եւ կը շրջինք թէ Պարսկաստան, թէ Թուրքիա, անցնելով Վրաստանի քաղաքներէն կը հասնինք Ռուսաստանի Կայսրութեան Սեւ Ծովեան անտառները մինչեւ։ Րաֆֆի դարձեալ 150 տարի առաջուայ անցուդարձերով զուգահեռներ կը կապէ մեր ժամանակներուն։
Ան այս վէպին մէջ իբրեւ թէ կը նկարագրէ հայ ժողովուրդի այն տեսակը, որ կը կոչէ խաչագողներ, որ ընթերցողը էջերու հոլովոյթով կը յայտնաբերէ լոկ մարդկային յատկութիւններ։
Խաչագողը մարդկային ամենահիմնական պահանջը գոհացնելու համար որդեգրած է այնպիսի շեղ ճանապարհ մը, որու ընթացքին ամէն մի քայլափոխ բարոյազրկութեան նոր հանգրուան մըն է։ Ան կը ստէ, կը խաբէ, կը կողոպտէ եւ ի պահանջեալ հարկին անվարան կը սպաննէ։ Այս բոլորը իրականացնելու համար կը լքէ իր հայրենի տունը, ընտանիքը եւ ցուպը ձեռին կը դիմէ պանդխտութեան ճանապարհին։
Ի տարբերութիւն մեզանից, բաւականին քաջասիրտ է Րաֆֆիի նկարագրած խաչագողը։
Մենք պաշարուած ենք այդ քաջութենէ զուրկ խաչագողներով։ Անոնք չ՚ունին այն համարձակութիւնը, որպէսզի լքեն իրենց երկիրն ու ընտանիքը։ Բայց բնաւ ետ չեն մնար իրենց նախնիներէն։ Նոյնպէս կը ստեն, կը խաբեն, կը կեղծեն եւ կրօնաւորին պատմուճանը հագած կը կողոպտեն եկեղեցւոյ արծաթը։ Պահ մը յիշենք աշխարհահռչակ «Սոթըպիս»ի մէջ աճուրդի դրուած հայ հոգեւոր մատենագրութեան ամենաընտիր նմոյշները։ Այդ սրբութիւնները Երուսաղէմա վանքէն կամ այլ երեկեցիներէն գողացող եւ մինչեւ Միացեալ Թագաւորութեան մայրաքաղաքը հասցնողները մերօրեայ խաչագողներն են ահա։
Ինչպէս որ ըսինք խաչագողը բառին ընդարձակ իմաստով համաշխարհային է, ազգութիւն չունի։ Չունի նաեւ կրօնք։ Րաֆֆիի պատմածները ընդմիշտ շահագործեցին մարդկանց երկնային հաւատքը։ Խաբուողները մերթ քրիստոնեայ էին, մերթ իսլամադաւան կամ մովսէսադաւան։ Նոյնիսկ Հնդկաստանի տաճարներու պրահմանները անոնց աւազակութեան զոհը դարձան։
Հապա ի՞նչ տարբերութիւն կայ Սալմասթի Սաւտա գիւղի խաչագողներու եւ Ռոքֆըլըրի, Էլըն Մասքի եւՄարք Զուքերպերկի միջեւ։
Շատ պարզ է այդ տարբերութիւնը, Րաֆֆիի խաչագողները իրենց չարագործութեան համար կը դիմէին պանդխտութեան եւ ահագին չարչարանքով է, որ կը հասնէին իրենց ակնկալած արդիւնքին։ Իսկ վերջիններս շնորհիւ զարգացած մտքի, իրենց նստած տեղէն է, որ կը կողոպտեն արար աշխարհ։ Մենք այս զարգացումին կ՚ընծայենք գովասանական ածականներ։ Յառաջդիմութիւն կը համարենք, գիտութիւն եւ վերջապէս քաղաքակրթութիւն։ Ածականները ինչ որ ալ ըլլան, իրողութիւնը նոյնն է, շրջապատուած ենք աւազակներով։ Աւազակներ՝ որոնք չեն գոհանար մեր արդար վաստակը հափշտակելով, այլ կը սպառնան նաեւ մեր կեանքի օրերուն։
Դիտեցէք ձեր շուրջ տիրող կործանիչ ու մահաբեր պատերազմները եւ վստահ եղէք որ բոլորն ալ խաչագողներու ձեռքի գործն է։