Երբ կը հետեւինք համաշխարհային զարգացումներուն յաճախ կը տարուինք մտածելու թէ ե՞րբ պիտի հասնի սթափելու պահը։ Համաշխարհային մարդկութիւնը պատմութեան բոլոր ժամանակներէն աւելի ծանր փորձութիւններով կը ցնցուի վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին։ Պատմաբաններու վկայութեամբ գիտենք թէ մարդկութեան աւելի քան 10 հազար տարիներու ընթացքին միայն 350 տարի նշուած է խաղաղութեան մէջ անցած։ Այդ պատերազմներու ամենակործանիչը, ամենաշատ կեանքեր խլողը, քաղաքներ փլողը պատահեցան այս վերջին տարիներու ընթացքին։ Տակաւին քանի մը օր առաջ, Օգոստոսի վերջին նշեցինք Հիրոշիմայի հիւլէական զէնքով փլուզման տարեդարձը։ Քանի մը օր վերջ նոյն տեսակի ռումբը այս անգամ խորտակած էր Նակազաքի քաղաքը ։ Այդպէսով աւարտած համարուեցաւ Բ. համաշխարհային պատերազմ կոչուած աղէտը։
Յետ պատերազմեան շրջանի ամենայայտնի կարգախօսն էր. «Անգամ մըն ալ երբեք»։ Զարմանալի միամտութիւն։ Մեծ յոյսերով այդ կարգախօսը արտասանողները միամիտօրէն անտեսեցին դրամապաշտ քաղաքականութեան բնազդը։ Չի կրնաց գիտակցութեան բերել թէ այդ բոլորը համաշխարհայնացած դրամապաշտութեան պահանջած անհրաժեշտութիւնն է։
Պատերազմ հրահրողները լաւագոյնս շահագործեցին իրենց գաղափարախօսութեամբ մարմնաւորուած ազգայնականութիւնը։ Անգամ մը որ այդ թունաւոր, իր մէջ ատելութեան թոյնը պարունակող ազգայնականութիւնը կամ աւելի մեղմ բառով ազգասէրութիւնը, որ մտնէ մարդկանց մտքերուն այլեւս շատ հեշտ է ատելութիւն սերմանել եւ ցանկացած պահուն ալ, ցանկացած երկրէ ներս նոր պատերազմի մը կայծը արձակել։
Տակաւին երէկ էր դարձեալ, երբ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը կը սպառնար հիւլէական զէնք գործածելով, եթէ Ուկրաինական բանակը հակայարձակումով մը թիրախաւորէ Ռուսաստանի տարածքը։
Մենք ալ նոյն միամտութեամբ պիտի շարունակենք յուսալ թէ այդ սպառնալիքին դէմ բողոքի ամենաբարձր ձայնը բարձրանայ, նոյն ինքն Ռուսաստանէն։
Իսկապէս յիմարութեան աստիճանի միամտութիւն մըն է այս, քանի որ Ռուսիոյ հասարակութիւնը ինչպէս բոլոր երկիրներու՝ վաղուց մոռացած է պատերազմի սարսափը։
Նոյնիսկ չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք որ համաշխարհային հասարակութիւնը այս բոլորը կը դիտէ ֆուդպոլային մրցումի մը համազօր հետաքրքրութեամբ։
Արցախի մէջ 120 հազար հայեր օրհասական դրութեան մէջ են։ Արայիկ Յարութիւնեանի սրտցաւ աղաղակները չեն լսուիր ամենամօտ երկիրներէն իսկ։ Մեր էջերուն վրայ տեղ տուինք Անգլիական կառավարութեան գաղթականներու ներխուժումը կանխելու համար դիմած անմարդկային միջոցներուն։
Յարատեւ եւ յաճախակի բնոյթ ստացած են Միջերկրականի ալիքներուն մէջ անդենական գացող գաղթականներու լուրերը։
Գիտութեան մեծ ոստումներով զարգացած այս դարուն մարդիկ կ՚ապրին եւ կը գործեն ամենանախնական դրդումներով։
Ելքի միջոցը պարզ է՝ համաշխարհային ապստամբութիւն բուռ մը դրամատոէրերու դիմաց։ Ինչպէս լոր կ՚ըսուէր «Արշաւիր Ուոլ Սթրիթը» ցոյցերու ժամանակ, յիշենք որ մենք՝ տուժողներս 99 տոկոս ենք։
Գիտեմ որ այս ալ միամտութիւն պիտի թուի, բայց ուրիշ ելքի միջոց մըն ալ գոյութիւն չունի։
Պահի ոչ թէ թելադրանքը, այլ անյետաձգելի հրամայականն է սթափիլ այս թմրութենէն։
pakrates@yahoo.com