Ո՛վ հայրեր, ո՛վ պապեր, այս գաւաթը խմում եմ, բայց առանց նուիրելու ձեր ոսկորներին։ Եթէ դուք այս վանքերի տեղ, որոնցմով լիքն է մեր երկիրը, բերդեր շինէիք.- եթէ դուք սուրբ խաչերի եւ անօթիների փոխարէն, որ սպառեցրին ձեր հարստութիւնը, զէնքեր գնէիք.- եթէ դուք այն անուշհոտութեանց տեղ, որ խնկվում են մեր տաճարներում, վառօդ ծխէիք,- այժմ մեր երկիրը բախտաւոր կը լինէր։ Այլ եւս քուրդերը մեր երկիրը չէին քանդի, մեր որդիքը չէին կոտորի եւ մեր կանայքը չէին յափշտակի… Այս վանքերից ծագեց մեր երկրի կործանումը, նրանք խլեցին մեր սիրտը ու քաջութիւնը. Նրանք ձգեցին մեզ ստրկութեան մէջ, սկսած այս օրից, երբ Տրդատը թողեց իր սուրը եւ թագը, առաւ խաչը եւ մտաւ Մանիա այրը ճգնելու համար…-Ո՛վ հայոց հին աստուածներ, ո՛վ Անահիտ, ո՛վ Վահագն, ո՛վ Հայկ, նուիրում ես այս բաժակը ձեր սուրբ յիշատակին, դո՛ւք փրկեցէք մեզ…»։
Կը շարունակուի Րաֆֆիի վէպերու վերընթերցման ոդիսականը։
Նախորդ շաբաթուայ խորհրդածութիւններու ներշնչումը եկած էր մեծ վիպագիր Րաֆֆիի «Խենթը» անուն վէպէն։ Այս շաբաթ մեր ձեռքին ունէինք հեղինակի 1905 թուին Վիյէննա, Մխիթարեան տպարանէն լոյս տեսած «Ջալալէդդին» անուն վէպը։
Եթէ «Խենթ»ի պատմութիւնը կ՚անցնէր Բայազըթի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ, այս անգամ տեղափոխուած ենք Վանի Աղբակ գաւառը։ Այս տողերու մէջ ընթերցողը կը դժուարանայ համոզուելու թէ կարդացածը որքանով փաստացի պատմական իրողութիւն է, որքանով հեղինակի երեւակայութեան թռիչքները։ Պարզ է, որ հերոսներու նկարագրումը հեղինակին կը պատկանին, բայց դէպքերը, որոնք կը ներկայացուին յայտնի վայրի մը մէջ, արդեօք մի գուցէ չափազանցուած, բայց հիմնականին իրա՞ւ են։ Օրինակի համար վերեւ նշուած մէջբերումը կ՚անցնի բազմիցս թալանուած Սուրբ Բարթողոմէոս Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ։
Ի վերջոյ մէկ կողմ թողենք Րաֆֆիի վէպերը եւ վերադառնանք մեր օրերուն։
Հայաշխարհի ներկայ իրողութեան մէջ ինչպիսի՞ն է իր չորս նուիրապետական աթոռներով հանդերձ Հայաստանեան Առաքելական Եկեղեցւոյ ընթացքը իր պատմութեան այսօրուայ հատուածին մէջ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ ինկած է նախկիններու օլիկարխական համակարգի շատագով դառնալու մուրը։ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւնը եւս ինկած է քաղաքական իր վերջին կողմնորոշումներով բաւականին վիճելի դարձած կուսակցութեան մը պաշտօնակատարի դիրքին։
Շատ հասկնալի է Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչ ըլլալու պարտադրած բազում դժուարութիւնները։ Բայց արդեօք այդ դժուարութիւններու առկայութիւնը կրնա՞յ բոլորովին արդարացնել Հայոց Պատրիրաքարանի մատնուած իշխանութեան քարոզիչի դիրքը։ Երբեք իրաւացի չէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանէն ակնկալել դրօշակ բարձրացնել հայոց հանդէպ տիրող անարդարութիւններու դիմաց։ Կան պահեր, երբ լռութիւնը անգամ ունի իր նշանակութիւնը։
Գալով Սուրբ Քաղաքի Պատրիարքարանին, այնտեղ եւս տիրող գայթակղութիւնները եւ անոնց հետեւանքները բաւարար է մրոտելու ոչ միայն Երուսաղէմի համայնքը, այլ հայ եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալները։
Հայու ինքնութեան կարեւորագոյ յայտարարներէն մէկուն իր հաւատը ըլլալու իրողութիւնը մեզ բոլորիս կը պարտադրէ աւելի լրջօրէն մերձենալ այս խնդրին։
pakrates@yahoo.com