Զինուորներից միքանիսը մտել էին ծերունու տան գեղեցիկ պարտէզի մէջ, եւ որպէս արջը կամ խոզը բանջարանոցի մէջ, այնպէս ոտնակոխ էին անում, տրորում էին խնամքով մշակուած գեղեցիկ ծաղիկները, որոնց համար այնքան աշխատել էին տանուտէրի հարսերը եւ աղջիկները։ Նրանք բռնում էին ծառերի ճիւղերից քարշ էին տալիս, կոտրատում էին պտուղները քաղելու համար։ Հասածները ուտում էին, իսկ տհասները գցում էին հողի մէջ եւ կոխ էին տալիս։ Ծերունի Խաչոն այդ տեսաւ հեռուից եւ նրա սիրտը խորին կերպով խոցուեցաւ։ Նա այնքան էր սիրում իր ծառերին, որքան իր զաւակներին։ Նա իր խելացի գլուխը շարժեց եւ նոյն րոպէում նրան մտքից անցաւ պարսկական վաղեմի առածը, -Երբ որ զօրապետը խլում է այգեպանից մի խնձոր առանց փողի, այն ժամանակ նրա զօրքերը ամբողջ այգին արմատախիլ կ՚անեն-։ Այսպիսի բարբարոսութեան ընդունակ է թուրքը։ Ով որ գութ չունի դէպի կենդանի բոյսերը, նա չի կարող գութ ունենալ եւ դէպի կենդանի մարդիկ…»։
Պատահականութիւն էր, երբ տարիներ անց կրկին կը կարդայի ԺԹ. դարու մեծ վիպագիր Րաֆֆիի «Խենթը» անուն վէպը, նոյն պահուն հեռուստաէկրանի վրայ կը հաղորդուէր Աքպելենի անտառի մէջ վայրագ ծառահատումը։
Թուրքիոյ վատահամբաւ ընկերութիւններէն «Լիմաք» միջոցէ մը ի վեր կը փորձէ այս անտառը հատելով ածխահանք շահագործել։ Ընդդիմադիր շրջանակներու «Հնգեակ հրոսախումբ» կոչած ընկերութիւններէն է «Լիմաք», որու ստանձնած գործերը դոյզն իսկ շահի համար մեծ վնասներ կը հասցնեն երկրի բնութեան։ Այդ ընկերութիւնը բացի հանքարդիւնաբերութենէ կը զբաղի նաեւ ջերմաելեկտրակայաններ կառուցելով, ճանապարհաշինութեամբ եւ մեծ շինութիւններով։ Բոլորն ալ պետական պատուէրներ են, որոնք կ՚ստանձնէ առանց լուրջ մրցակցութեան մատնուելու։
Երբ կը թերթենք Պարոնեանի էջերը, կամ կը հետեւինք իր թատրերգութիւններուն, յաճախ կը զարմանանք մտածելով թէ ոչինչ փոխուած է Պարոնեանի շրջանէն մինչեւ օրս։
Պաշարուած ենք նոյն Աբիսողոմ Աղաներով, նոյն Չարշըլը Արթիններով, նոյն Թաղականի Կնիկներով եւ նոյն Մեծապատիւ Մուրացկաններով։ Այս անգամ ալ ննման բաղդատութիւնը եկաւ Րաֆֆիի գրականութեան միջոցաւ։
Նոյն անխնայ վայրագութիւնը եւ թալանի անյագ ախորժակը կը շարունակէ սպառնալ երկրի բնութեան։
Որպէս Թուրքիոյ քաղաքացիներ բնականաբար այս բոլորը կը նկատենք մեր լուսամուտէն դիտելով։ Բայց եթէ փորձենք ընդլայնել մեծ տեսադաշտը, պիտի տեսնենք թէ համատարած է շահի դրդումով բնութինը կեղեքելու աղտը։
Նոր լիպերալական դրամապաշտութիւնը մեծագոյն սպառնալիքն է, թէ երկրագունդին եւ թէ անոր ամբողջ կենդանութեան, բուսականութենէ մինչեւ մարդկային։
Քաղաքակրթութիւն կոչուածը իւրաքանչիւր գիւտով տեղի տուաւ այնպիսի աղբակոյտերու, որոնք չեն լուծուիր բնութեան մէջ։ Աւելին՝ հետզհետէ կը դառնան փորձանք։ Քաղաքակիրթ աշխարհը գտած է այդ փորձանքէն ձերբազատուելու եղանակը։ Իր աղբը կ՚արտածէ դէպի աղքատ երկիրներ։
Վերջերս անգլիացի լրագրողի մը հետապնդումով է, որ պարզուեցաւ Մեծն Պրիթանիոյ մէջ աղբ նետուած կերպընկալը յայտնուեցաւ Ատանայի դաշտային տարածքներուն։ Այս պահուն միակ մխիթարանքն է տեսնել հասարակ ժողովուրդի մօտ հետզհետէ աճող բնապահպանման գիտակցութիւնը։ Հասարակ գիւղացիներ եւ մանաւանդ ալ կանայք լուրջ դիմադրութիւն կը դրսեւորեն եւ կը դառնան համաշխարհային մարդկութեան միակ յոյսը։
pakrates@yahoo.com