Ազգայնականը հիւանդ է, ազգայնականութիւնը հիւանդութիւն
Սուտ է, եւ մեծ սուտ է այդ հիւանդութիւնը իր ազգը սիրելով նկարագրել։ Ազգայնականութեան մէջ սէր չկայ, այլ կայ ատելութիւն ուրիշի հանդէպ։
Այս ընդհանրացման լոյսին տակ կարելի է հաստատել թէ թուրք ազգայնականութիւնը հիմնուած է ուրիշներու հանդէպ ատելութեան վրայ։
Վերջին 150 տարուայ պատմութեան մէջ այդ ատելութենէն մեծագոյն բաժինը ստացած են արաբները։ Թուրքերը որքան ատեն որ հիացումով ձգտեցան արեւմտեան քաղաքակրթութեան, այդքան խզեցին իրենց կապը արաբ աշխարհի հետ։ Արհամարեցին հսկայ մշակոյթ մը եւ անտեսեցին անոր պատմական նշանակութիւնը։
Եթէ ոչ հասարակ ժողովուրդի առումով, վերնախաւը գերադասեց ինքզինք միշտ նուազեցնելով իր կրօնակիցը։ Սկսելով Առաջին Աշխարհամարտէն, արաբներու Օսմանեան պետութեան դէմ տարած ազատատենչ պայքարը ընկալեց իբրեւ դաւաճանութիւն։ Այս մերձեցումը մինչեւ օրս վառ կը մնայ թուրք ազգայանականի ենթագիտակցութեան մէջ։ Այս ընդհանուր պատկերը որոշ չափով փոխուեցաւ վերջին 20 տարիներուն, երբ երկրի ղեկավարումը ստանձնեց նախագահ Էրտողանի գլխաւորած քաղաքական ուժը։
Այստեղ կարեւոր դերակատար դարձաւ կրօնի գործօնը։ Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն ուսման համակարգէ ներս կարեւոր փոփոխութիւններ կատարուեցան ի նպաստ արաբերէն լեզուի զարգացման։ Սակայն այս մերձեցումը սահմանուած մնաց միայն կրնական ընկալումներով։ Մշակութային գետնի վրայ նոյն թափով շարունակեց արաբ ցեղի դէմ ատելութիւնը։
Այսօր երբ երկիրը կը տառապի տնտեսական ճգնաժամով, նախագահ Էրտողան բազմանդամ պատուիրակութիւնով մը յայտնուած է ծոցի երկիրներու շեմին։ Ան յոյս ունի թէ քանի մը միլիար տոլար ապահովելով պիտի կարենայ շրջանային վարչութիւններու ընտրութեան ընդառաջ կրկին անգամ ամրացնել իր աթոռը։ Որոշ յատկութիւններ կը պահանջէ քաղաքական գործիչ կոչումը։ Օրինակի համար ձերբազատուած պիտի ըլլաս ամօթի զգացումէն։ Դիւրաւ պիտի հերքես, այն ինչ որ տակաւին երկու օր առաջ բարձրաձայնած էիր ամբոխի դիմաց։ Այս բոլորը ընելու պահուն վարանումի ոչ մէկ նշոյլ պիտի յայտնուի դէմքիդ վրայ։ Բարեբախտաբար Թուրքիոյ քաղաքական գործիչները օժտուած են այս յատկութիւններով ո՛չ միայն այսօր, այլ պատմութեան բոլոր ժամանակներուն։
Իսկ միթէ միայն Թուրքիո՞յ քաղաքական գործիչները։ Անշուշտ որ ոչ։ Թուրքիոյ քաղաքական միտքի ետին կայ օսմանեան դիւանագիտութիւնը։ Իսկ անոր ետին Բիւզանդիոնի եւ եթէ շարունակենք յետադարձ ակնարկը դիրաւ պիտի հասնինք մինչեւ Հռոմի կայսրութիւն։
Երանի թէ հասարակական դաստիարակութիւնը սահմանուած մնար ընտանեկան կրթութեամբ։ Մայրական խրատը չարիք չի ցանկար։ Ի զուր չէ թէ բանաստեղծ Մեհմետ Աքիֆ քաղաքակրթութիւնը կը բնութագրէր միայն մէկ ատամը մնացած գազանի կերպարով։ Գազանի այդ միակ ակռան բաւարար է համաշխարհային բարիքը յօշոտելու համար։
Այս բոլորը կը մտաբերենք Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի իբրեւ պայքարի ծայրայեղ միջոց իր երկրի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի՝ Վերածնունդ հրապարակի վրայ նստացոյցի դիմելու լուրերը լսելով։
Այ քեզ ՄԱԿ, այ քեզ Եւրոմիութեան Մարդու Իրաւունքներու Դատարան, Այ քեզ համաշխարհային մարդկութիւն։ Եթէ մայրս ողջ մնար եւ կարդար այս տողերը, վրայ պիտի բերէր «Որբը երբ է խնդացեր» ըսելով։