Մայիս ամսուայ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններէ ետք հասարակութեան միտքը տանջող գլխաւոր հարցականն էր Էրտողանի իշխանութեան յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին ո՞ր եղանակով գործելու մասին հարցադրումը։ Ոմանք կը յուսային թէ ընտրութեան նախորդող քարոզարշաւի շրջանի լարուածութիւնը հետզհետէ պիտի նուազի։ Իսկ ոմանք բոլորովին տարբեր կարծիք ունէին։ Անոնք ալ համոզուած էին թէ իր դիրքերը ալ աւելի հաստատած Էրտողան հիմա աւելի յստակ եւ համարձակ քայլերով պիտի ընթանայ իր նպատակադրած իսլամական հանարապետութիւնը հաստատելու համար։ Չէ որ Էրտողանի կուսակցութեան հիմնական գաղափարի համաձայն հանրապետական շրջանը հարիւր տարուայ փակագիծ մըն էր թուրք պետականութեան պատմութեան մէջ եւ այժմ հասած էր այդ փակագիծը փակելու պահը։
Անցնող մէկ ամսեայ փորձը կ՚ապացուցէ թէ Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ երկրորդ վարկածը արդարացնելու։ Այս համոզումի ազդանշաններէն մէկն է «Թելէ-1» հառուստակայանի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Մերտան Եանարտաղի բերման ենթարկուելու եւ ապա ձերբակալուելու գործը։ Այս ձերբակալութիւնը խօսքի ազատութեան կոպիտ խախտումն է։ Եանարտաղ ձերբակալուած է այնպիսի մեղադրանքներով, որոնք բացարձակապէս յանցագործութիւն չեն համարուիր աշխարհի ցանկացած որեւէ քաղաքակիրթ պետութեան մէջ։ Նախ նշենք թէ լրագրողը ճաղերու ետին զնտանող խօսքերը ոչ թէ իր միտքերն էին, այլ արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան պատգամաւորի մը խօսքերուն կրկնութիւնը։ Զարմանալի է թէ այդ խօսքերու հանդէպ խուլ մնացած դատական համակարգը Եանարտաղի ելոյթը ընդունած է որպէս ահաբեկչութեան քարոզչութիւն։
Այս մեղադրանքը ինքնին խօսքի ազատութիւնը ոտնակոխելու գլխաւոր պատճառաբանութիւնն է։ Դատախազներ ցանկացած նախադասութեան մէջ կրնան որոշ բառերը մասնայատել եւ լոկ այդ բառերու գործածութիւնը պատրուակելով ահաբեկչութեան քարոզչութեան մասին մեղադրանք շարադրել։
Այս խնդրին մէջ ամենամտահոգիչը կատարուած անարդարութեան դիմաց հասարակութեան մատնուած չէզոքութիւնն է։ Նոյնիսկ կայ աւելին։ Յատկապէս իշխանամէտ մամուլի բազմաթիւ սիւնակագիրներ կը փորձեն արդարացնել դատական համակարգի գայթակղութեան համազօր այդ որոշումը արդարացնել։ Անոնք եւս կը փորձեն փաստել թէ Եանարտաղ իր այդ խօսքերով ինչպիսի ծառայութիւն մը մատուցած է ահաբեկիչ կազմակերպութիւններու։
Իրաւագիտութեան բոլոր սկզբունքները շրջանցող քաղաքականութիւն մը կայ մեր դիմաց, որ գործադրած անօրինութիւններով կը փորձէ ամբողջ հասարակութեան մօտ վախ ու սարսափի մթնոլորտ մը գոյացնել։
Պարտինք խոստովանիլ թէ Էրտողանի կառաջարութիւնը յաջողած է իր այս ռազմավարութեան մէջ անձայնութեան մատնելով բովանդակ երկիրը։ Երբ որ կը խօսինք բովանդակ երկրի մասին պիտի իմանանք թէ այդ ամբողջի առնուազն կէսը արդէն անվերապահօրէն կը համակերպին նախագահին եւ անոր կառավարութեան բոլոր որոշումներուն։ Իսկ մնացեալ կէսը, որ առարկութիւն ընելու տրամադիր է, կը զգուշանայ ու կը խուսափի իր բողոքի ձայնը բարձրացնելէ, նկատի ունենալով որ ինք եւս նոյն մեղադրանքներու թիրախ կրնայ դառնալ։
Ուրեմն լրագրող Մերտան Եանարտաղի բանտարկութիւնը պէտք է դիտել այս տրամաբանութեան տեսլադաշտին մէջ։ Ապագան ոչ թէ յուսադրիչ է, այլ մտահոգիչ։
pakrates@yahoo.com