ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հիւսիսային կիսագունդը շարժման մէջ

Եկած է ամա­­­ռուայ ար­­­ձա­­­­­­­կուրդի ամիս­­­նե­­­­­­­րը։ Յատ­­­կա­­­­­­­պէս հիւ­­­սի­­­­­­­սային կի­­­սագունդի վրայ զա­­­նազան եր­­­կիրնե­­­րու բնա­­­կիչ­­­ներ ամա­­­ռուայ ամիս­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նեան բար­­­բա­­­­­­­ռով եթէ ըսենք. «հանգստա­­­նալու» մար­­­մա­­­­­­­ջով կը լքեն իրենց բնա­­­կարան­­­նե­­­­­­­րը եւ կը ճամ­­­բորդեն զա­­­նազան վայ­­­րեր։ Ոմանք կը նա­­­խընտրեն ծո­­­վափեայ քա­­­ղաք­­­ներ, ուր կա­­­րելի է ծո­­­վու ըն­­­ծա­­­­­­­յած բա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րէն օգ­­­տո­­­­­­­ւիլ։

Ու­­­րիշներ այդքան ալ հաշտ չեն արե­­­ւի ճա­­­ռագայթնե­­­րու տակ մրրիլ ու կարմրի­­­լէ, եւ ապա այդ շո­­­գիներ ար­­­ձա­­­­­­­կող մար­­­մի­­­­­­­նը ծո­­­վու պաղ ջու­­­րե­­­­­­­րուն մէջ սարսռաց­­­նե­­­­­­­լու խոր­­­հուրդէն։

Այդ տե­­­սակ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար ամա­­­ռը կը նշան­­­ակէ նաեւ դէ­­­պի լեռ­­­նա­­­­­­­դաշ­­­տեր ժա­­­մանա­­­կաւոր գաղ­­­թի մը եղա­­­նակը։ Հոն եւս առօ­­­րեան բո­­­լորո­­­վին տար­­­բեր է ամ­­­բողջ տա­­­րի մը մատ­­­նո­­­­­­­ւած ապ­­­րումնե­­­րէ։ Օդը ջինջ ու մա­­­քուր է, ջու­­­լը զու­­­լալ եւ ամե­­­նու­­­րէք կը տի­­­րէ խա­­­ղաղու­­­թիւն։

Ոմանք ամա­­­ռուայ ար­­­ձա­­­­­­­կուրդը կ՚օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծեն նոր եր­­­կիրներ, նոր քա­­­ղաք­­­ներ, վեր­­­ջա­­­­­­­պէս նոր ապ­­­րումներ փոր­­­ձե­­­­­­­լու հա­­­մար։

Կան ար­­­կա­­­­­­­ծախնդրու­­­թեան սի­­­րահար­­­ներ, որոնք այն ինչ որ չէին ըրած իրենց ան­­­մի­­­­­­­ջական շրջա­­­նակին մէջ, հի­­­մա գտած են այդ բո­­­լոր գրա­­­ւիչ բա­­­ներէ ան­­­մասն չմնա­­­լու առի­­­թը։

Իմ վաղ երի­­­տասար­­­դութեան տա­­­րինե­­­րուն Եւ­­­րո­­­­­­­պայի որոշ մէկ հա­­­տուա­­­ծի հա­­­մար ամե­­­նագ­­­րա­­­­­­­ւիչ ճա­­­նապար­­­հորդու­­­թիւնը կը սկսէր Եւ­­­րո­­­­­­­պայի ցան­­­կա­­­­­­­ցած մէկ քա­­­ղաքէն ու կ՚աւար­­­տէր Քաթ­­­մանտու։

Խմբագ­­­րա­­­­­­­տան մէջ ալ օրե­­­րու թե­­­լադ­­­րած նիւ­­­թը ար­­­ձա­­­­­­­կուրդի վայ­­­րերն է։ Մեր մօտ ծո­­­վային հանգստու­­­թեան հա­­­մազօր հե­­­տաքրքրու­­­թիւն կը գո­­­յանայ, երբ կը խօ­­­սինք պատ­­­մամշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող վայ­­­րե­­­­­­­րու մա­­­սին։

Հա­­­յաս­­­տանցին Ան­­­թա­­­­­­­լիա գա­­­ցեր է։ Գը­­­նալըի այ­­­սինչեան­­­նե­­­­­­­րը այս տա­­­րի ալ Պոտ­­­րում գա­­­ցեր են։ «Մենք եր­­­կար ար­­­ձա­­­­­­­կուրդ չենք կրնար ընել, հե­­­տեւա­­­բար շա­­­բաթա­­­վեր­­­ջին Յու­­­նաստան կ՚եր­­­թանք քա­­­նի մը ան­­­գամ» ըսող­­­նե­­­­­­­րու փո­­­խարէն «Կիպ­­­րոս կ՚եր­­­թանք, չէ որ խա­­­ղալը կը սի­­­րենք» ըսող բա­­­րեկամ­­­ներ ալ ու­­­նիմ։

Ըսած էինք որ խօս­­­քը կը վե­­­րաբե­­­րի կի­­­սագունդի հիւ­­­սի­­­­­­­սային հա­­­տուա­­­ծին։ Ու­­­րեմն բազ­­­մա­­­­­­­միլիոն մար­­­դու տանջն է ամառ­­­նա­­­­­­­յին ար­­­ձա­­­­­­­կուրդը։ Անոնց հետ միասին զբօ­­­սաշրջա­­­կան ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րու անձնա­­­կազ­­­մը, օդա­­­յին, ծո­­­վային եւ ցա­­­մաքա­­­յին փո­­­խադ­­­րութեան մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը եւ իրենց հետ միասին սպա­­­սարկման, ծա­­­ռայո­­­ղական ոլոր­­­տի նոյնքան մար­­­դիկ տե­­­ղաշար­­­ժի մէջ են։

Մեր նա­­­խասի­­­րու­­­թեան սլաք­­­նե­­­­­­­րը այս ան­­­գամ ու­­­ղո­­­­­­­ւած է երկրի հա­­­րաւ արե­­­ւելեան շրջան­­­նե­­­­­­­րը։ Պի­­­տի այ­­­ցե­­­­­­­լենք Մար­­­տին, Տի­­­յար­­­պե­­­­­­­քիր եւ Տէր­­­սիմ։ Կրկին յու­­­զումնե­­­րու պի­­­տի մատ­­­նո­­­­­­­ւինք Սուրբ Կի­­­րակո­­­սի կա­­­մար­­­նե­­­­­­­րուն ներ­­­քեւ։ Ախոր­­­ժա­­­­­­­բեր պա­­­հեր պի­­­տի ապ­­­րինք Տաղ­­­գա­­­­­­­բը թա­­­ղին մէջ թո­­­քի խո­­­րոված համ­­­տե­­­­­­­սելով։ Բայց բո­­­լորէն աւե­­­լի գրա­­­ւիչ է ծա­­­նօթա­­­նալ տեղ­­­ւոյն հայ հա­­­մայնքին հետ, քա­­­նի որ կի­­­սելու ահա­­­գին նիւ­­­թեր ու­­­նինք մեր մտքին մէջ։

Բնա­­­կանա­­­բար կ՚աճա­­­պարենք, այս մեր գո­­­նէ ժա­­­մանա­­­կաւո­­­րապէս վեր­­­ջին աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քա­­­­­­­յին օրն է։ Վրայ կը հաս­­­նի պայ­­­րա­­­­­­­մի ար­­­ձա­­­­­­­կուրդը եւ «Ակօս» լոյս չի տես­­­ներ յա­­­ջորդ շա­­­բաթ։

Մենք թե­­­թեւ­­­ցած կ՚երե­­­ւինք, բա­­­րի ար­­­ձա­­­­­­­կուրդ նաեւ ձեզ։

pakrates@yahoo.com