Հազիւ 1965-էն ետք է, որ մեզ՝ հայերուս համար իմաստ ստացաւ 24 Ապրիլ 1915 թուականը։
Բոլորս գիտենք թէ Պոլսոյ տարբեր թաղերէն շուրջ 250 հանրածանօթ հայեր այդ գիշեր բերման ենթարկուած են եւ ուղարկուած Չանքըրը եւ Այաշի նման աքսորավայրեր, որոնք իրենց մահավայրը հանդիսացած է նաեւ։
Յաջորդող օրերուն կանոնաւոր կերպով գործադրութեան դրուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանը հայաթափ ընելու չար միտքը։
Հին տոմարով Ապրիլի 11-ն էր այդ ողբերգութեան մեկնակէտը։
Ապա աշխարհասփիւռ հայութիւնը համարեա 50 տարիներ լռութիւն պահելէ ետք, հազիւ մեծ եղեռնի յիսնամեակին համազգային կերպով վերյիշեց իր նահատակները։
Մինչ այդ համաշխարհային հասարակութիւնը, ներառեալ աշխարհասփիւռ հայութիւնը երկրորդ անգամ ապրեցաւ համաշխարհային պատերազմի սարսափը։ Այդ ողբերգութեան յաջորդեց սառ պատերազմի պատճառած բեւեռացումը։ Հայը ամբողջութեամբ հատուցեց այդ դաժան ժամանակներու բոլոր բնոյթի դժուարութիւնները։
Յիսնամեակը անկիւնադարձային եղաւ ցեղասպանութեան բարձրաձայն աղաղակման առումով։
Թուրքիոյ պետական այրերը եւ անոնց խօսքի ազդեցութեան մատնուած հասարակութիւնը խրտչեցաւ ցեղասպանութիւն եզրէն, քանի որ ան ունէր իրաւական բնոյթ եւ իր հետ կրնար բերել որոշ հարկադրանքներ։
Այսպէսով գոյացաւ թուրքիոյ պետութեան ժխտողական ու մերժողական ծանօթ պետական դիրքորոշումը։
Եկուր տես որ ցեղասպանութեան հետ առնչուած միակ թուականը 24 Ապրիլը չէ։ Վերջերս պոնտեցի յոյները 19 Մայիս եւ Մարտինի ու շրջակայքի, այլ բացատրութեամբ Թուր Ապտինի ասորի հասարակութիւնն ալ 15 Յունիս թուականը իւրացուցած են իբրեւ ցեղասպանութեան յիշատակման օր։
Հետաքրքրական է տեսնել թէ պոնտեցի յոյներու ճշդած թուականը կը զուգադիպի Թուրքիոյ պատմութեան յատկանշական օրին, ուր հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ ոտք կը դնէր Սամսունի նաւամատոյցը։ Այդ օրը արդի թուրք պատմութեան մէջ կը յիշուի իբրեւ ազատագրական պատմութեան մեկնակէտը։
Երեւոյթը շատ տարբեր չէ ասորի հասարակութեան համար։ Անոնք ալ հազիւ Թուրքիայէ հեռանալով Հիւսիս եւրոպական երկիրներ գաղթելէ ետք է, որ ձերբազատուեցան հոգեւորականաց դասի ճնշումներէն եւ սկսան պատմութիւնը դիտել ու ընկալել ազգային գիտակցութեան մը մէջ։
Պարզ է որ հանրապետութեան հռչակման տարիներուն մեծագոյն մարմաջը եղած է երկիրը մաքրագործել «օտար» համարուած տարրերէ։
Եթէ մինչեւ երեկ Թուրքիոյ պետութիւնը կը փորձէր պայքարիլ հայկական պահանջներու դէմ, ըստ երեւոյթի հիմա աւելի լայն ճակատի մը վրայ պիտի հարկադրուի հիմնադրութեան տարիներուն վերագրուած ծանր մեղադրանքները դիմագրաւելու։
Պետական միտքը այդ պահանջները կը դասաւորէ երեք գլուխներու մէջ։ Առաջինը խոստովանութիւնն է։ Զոհերու ժառանգորդները կը պահանջեն կատարուած յանցագործութեան դիմաց ցաւակցութեան կամ ներողութեան մերձեցում։ Երկրորդ վախը կը վերաբերի հատուցման։ Չէ որ Գերմանիան երկրորդ պատերազմէն ետք հարկադրուած էր շատ ծանր հատուցումներու, հրեայ ժողովուրդի դէմ գործադրած ցեղասպանութեան համար։ Երրորդը հողային հատուցումն է, որ կրնայ տակն ու վրայ ընել Թուրքիոյ մշակած ժողովրդագրական բոլոր ծրագիրները երկրի շատ ընդարձակ տարածքի մը վրայ։
Վիճելի կը մնայ թէ այս պահանջները որքանո՞վ իրաւացի են եւ գործադրելի։ Բայց որքան ատեն որ ցեղասպանները պիտի փառաբանուին ազգային հերոս համարուելով, նոյն թափով պիտի շարունակէ նաեւ տուժածներու պահանջատիրութիւնը։
pakrates@yahoo.com