Եթէ մէկ բառով բնութագրել փորձենք մեր ապրած ներկայ ժամանակները, ամենապատշաճող արտայայտութիւնը պիտի ըլլար. «տարօրինակ»։
Հաւանաբար մարդկային պատմութեան մէջ աննախադէպ է այս վերջին տարիները, ուր մարդիկ համատարած եւ համասփիւռ կերպով մէկ կողմ թողած ըլլան մինչ այդ արժէք վերագրուած ամէն ինչ։ Սուտը անշուշտ որ մարդկային պատմութեան համազօր անցեալ ունի։ Բայց երբեք այսքան չէր օրինականացած։ Մինչեւ երեկ երբ ստախօսին սուտը երեսին տայիր, կը խպնէր։ Այսօր երեսին տուող ալ չկայ, քանի որ գիտես թէ պիտի չխպնի։ Ընդ հակառակը պիտի ծաղրէ քու միամտութիւնդ։ եւ պիտի ըսէ. «Ձի հեծնողը Սկիւտար անցաւ»։ Նոր յայտնաբերում մը չէ այս։ Անցեալին ալ լսած էինք. «Երեկը երեկ էր, այսօրը այս օր»։ Ներկայ սկզբունքը շատ աւելի պարզ է, շատ աւելի հասկնալի։ Այս սիւնակին մէջ նախապէս ալ նշած ենք «Իրաւունքը զօրաւորինն է» հաստատումը։ Ես ոճիր պիտի գործեմ եւ ապա բոլորին պիտի արգիլեմ զիս ոճրագործ կոչելուն։ Հերոս պիտի համարեմ արիւնարբու ոճրագործները եւ ապա պիտի դատապարտեմ յանուն արդարութեան այդ ոճրագործներուն հետ հաշիւ մաքրողները։
Ինքնակոչ կերպով պիտի խուժեմ հարեւան երկրի տարածքին ու ապա պիտի արդարանամ իմ անվտանգութիւնը ապահովելու պատրուակով։ Աւելին՝ աշխարհի գերտէրութիւններն ալ պիտի հաստատեն իմ այդ պատրուակը։
Ես եմ որ պիտի յայտարարեմ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու կանչը, եւ ապա ամէն առիթով պիտի խափանեմ բնականոնացման գործընթացը։ Իսկ խօսակիցս իմ այդ կոչը լուրջի առնելով վազնիվազ պիտի փութայ իմ թագադրութեան հանդէսին։ Ցաւալի է, շատ ցաւալի է աշխարհի այս տարօրինակութիւնը։ Պարտողը պարտուողի կը պարտադրէ իր պայմաններով հաշտութեան պայմանագիր մը։ Առաւելապաշտութիւն է այդ պարտադրուածը, երբ դիմացինդ քանի կը վարանի իրմէ պահանջուած ծանր հարկադրանքին ենթարկուելու դուն ալ աւելի կը բարձրացնես պահանջներուդ ցանկը։ Այս պահուն մենք որպէս հայ ժողովուրդ կը զղջանք թէ անցեալին ինչո՞ւ համար չէինք մտաբերած պարտուածին հանդէպ նման ճնշում բանեցնելու։ Ինչպէս միշտ սիրած էինք ռոմանթիկ տեսլականը եւ Երեւանի Կոնեակի գործարանին մէջ կղպանքի տակ դրած ընտիր կոնիակով լեցուն տակառ մը, խոստանալով որ այդ կապանքը պիտի բանանք հաշտութեան համաձայնութեան մը կնքման պահուն։ Երազ էր ու երազ մնաց։ Մէկ բան կայ որ չի մնար իր եղած տեղը՝ այդ ալ առեւտուրն է, գերտէրութիւններու շահը եւ համաշխարհային մարդկութեան կողոպտումը։ Միայն այն է, որ յարատեւ կը շարունակէ ոտնակոխելով բոլոր սրբութիւնները։ Այդ սրբութիւններէն մի գուցէ կարեւորագոյնն է արդարութիւնը, որուն վախճանին ականատես եղանք «Թագուհին կը ցաւակցի ձեր կորուստներուն, բայց պէտք է հասկնաք թէ մեր նաւատորմը չի կրնար անցնիլ Հայաստանի լեռներէն» գրութիւնը ստանալով։
Էրտողան կրկին անգամ բազմեցաւ նախագահի աթոռին։ Ճշդեց նախարարաց խորհուրդը։ Հայրենի երկրի մեր պաշտօնակիցները կ՚ուզեն իմանալ թէ նորանշանակ Արտաքին Գործոց Նախարարին հետ ինչպիսի՞ զարգացում մը կ՚ունենայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Կը փորձենք բացատրել թէ պատմութենէ ժառանգուած նման խրթին նիւթի մը ուղղութիւնը անձերու փոփոխութեամբ չի շեղեր իր ընթացքէն։ Առկայ տարօրինակութիւնը տակաւին մեր կամքով ուղղութիւն փոխելէ բաւականին հեռու է։
pakrates@yahoo.com