Ուշացած նախաբան մը
Ո՞ւշ ենք սիրելու համար։ Ո՞ւշ ենք սորուելու համար։ Ո՞ւշ ենք որպէս պետութիւն։ Յարգելի ընթերցող, ուշ կամ կանուխ, օր մը պէ՚տք է որ խօսէի «ուշ» բառի մասին, որպէսզի կարենայի վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխան մը տալ։ Մենք, հայերս, որպէս ազգ եւ որպէս պետութիւն, կ՚ըսէ երեւանաբնակ քաղաքագէտ մը, ուշանալու իրաւունք չունինք։ Ուստի, բանանք լրագիրները ուշի ուշով, բառարանները՝ ուշադրութեամբ, անշուշտ նաեւ հայկական ընտիր գրականութեան նմոյշները՝ քնքուշօրէն եւ հասկնանք, թէ, ինչո՚ւ եւ ե՚րբ ունեցեր ենք ուշացումներ։ Ահա ձեզի կը ներկայացնեմ «ուշ» բառի երգախառն պատմութիւնը՝ քիչ մը ուշացած։
Ուշիմ բառ
«Ուշ» բառի արմատն է «ուշ», այսինքն այն բառը որմէ սեռած են ուշադիր, ուշադրութիւն, ուշիմ եւ այլ բառեր։ «Ուշ» բառի նախնական իմաստն էր «հանդարտ», «կամացուկ», «յամր»- ի՛նչ որ ուշադրութեամբ եւ առանց աճապառելու կը կատարուի։ Խելացի եւ տրամաբանական հնարք։ Մեր հիներու համար ընտիր բառ էր «ուշ»ը։ Հին մատենագրութեան մէջ ունինք լոկ երկու ուշագրաւ յիշողութիւն. «յուշախաղաց» եւ «յուշահալ»։ Առաջինը կը նշանակէր «յամրաքայլ»։ Այսօր դժուար է, թէ մէկը գործածէ այդ ածականը։ Բայց 700 թուականներուն աստուածաբան եւ եկեղեցական գործիչ Գրիգորիս Արշարունին «Մեկնութիւն ընթերցուածոց» երկի մէջ գործածեր է զայն. «Այղ որ խոշորութեամբն առաւել յայտնէ, թէպէտ եւ յուշախաղաց է՝ պատուելի է»։ Հայկական բժշկութեան հիմնադիր Մխիթար Հերացին ուշ հալող իւղի մասին խօսելու ժամանակ գործածեց «յուշահալ» հազուագիւտ ածականը. «Դու կակուղ հուկնայ դիր ՛ի յառաջ. եւ հետ այնոր այլ ուժով հուկնայ դիր, եւ պատրաստեցոյ ՛ի խոզի մսէ, եւ յամենայն իրաց՝ որ թանծր ղորկուտ են, եւ յուշահալ»։
Այսօր շատ օշացանք
Ո՞ւշ է խօսիլ գաւառական բառերու մասին, չէ՞ որ զանոնք խօսողները այլեւս չկան։ Քաւ լիցի, երբէ՚ք ուշ չէ բարբառներու անուշութիւնը վայելելու համար։ Սալմաստի հայը, ինչպէս վիպագիր Ռաֆֆին, երբէք «ուշ» չեր մնար. անոնք կը մնային՝ «իւշ»։ Այդ խումբին կը պատկանին նաեւ Տիգրանակերտի նահանգի Սիլվան գաւառակի Ասլանբեկ գիւղի հայրենակիցները։ Մէկ այլ անուշութիւն էր Զէյթունի բարբառը։ Անոնք միշտ «օշ» կը մնային իրենց գործերուն եւ ժամադրութիւններուն։
Նուշ լինի
«Ուշ» բառը մեզի պարգեւեց քնքոյշ, բանաստեղծական, երբեմն ծիծաղաշարժ արտայայտութիւններ։ Քնարական եւ երազային պատկեր մըն է «ուշ աշուն» կոչուածը, քննադատական՝ «Ուշ ես եղբայր» խօսքը, վճռակամ՝ «ուշ կամ կանուխ» խոստումը։ Իսկ հայերուս ամենասիրածն է՝ «Ուշ լինի նուշ լինի» խօսքը։ Հայաստանեան թերթ մը վերջերս գրեց. «Ճապոնական սակուրան ծաղկեց վեց օր ուշ». Ճապոնաբնակ մեր ընթերցողները չտխրին. ուշ լինի նուշ լինի։
Կեանքն ալ ուշացաւ
«Ուշ» բառը, ի՚նչ զարմանլի երեւոյթ, հայկական գրականութեան մէջ, յոռետես ըլլալ չէ նպատակս սակայն, յաճախ յայտնուեցաւ, տխուր, դժբախտ եւ ողբերգական պատկերներու մէջ։ Կ՚երեւի մեր մտածողութեան մէջ, ուշը վատ է եւ ուշացումը՝ վշտալի։ Ահա քանի մը ցնցիչ օրինակ. «Միշտ այսպէս է պատահում, եթէ մի երկը բայելի բանի մասին մարդ մի տեղից լուրի սպասէ եւ այդ լուրը ուշանայ, անպատճառ այն մարդը վատ կողմը կը սկսի մտածել»։ Միքայէլ Նալբանադեանն էր այս խօսքի հեղինակը։ Ռուբէն Սեւակը յուսահատութեան պահեր ապրեցաւ, որովհետեւ «կ՚ուշանար» կեանքը. «Հիւանդի բնական յուսահատութեամբ, անկողնիս մէջ պառկած կը սպասէի ես ալ չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ… Մահուա՞ն՝ որ չէր գար, կեանքի՞ն՝ որ կ՚ուշանայ զիս վերականգնելու»։ Օգնեցէք Նախիջեւանին, ըսաւ թեմի Պետրոս Պետիկ հոգեւոր առաջնորդը 1674-1682 տարիներուն, «Որովհետեւ այդ գաւառը վարդ մըն է փուշերու մէջ, գառնուկ մը՝ գայլերու մէջ, եւ, եթէ ուշանայ օգնութիւնը եւ Սուրբ Ժողովին միջամտութիւնը, տեղւոյն ժողովուրդը շուտով պիտի դառնայ մահմետական»։ Ընկեր մը Գրիգոր Զօհրապին կը հարցնէ սարսափած. «Երկրորդ ջարդէ՞ մը կը վախնաք ուրեմն», Զօհրապը կը պատասխանէ առանց ուշանալու. «Ափսո՜ս, երկրորդէն ալ կը վախնանք, երրորդէն ալ, չորրորդէն ալ,… մոլեռանդութիւնը ցորչափ մնայ այս երկրին մէջ… Աղէտը պիտի ուշանայ, մութին մէջ պիտի սպասէ, ակնդէտ պիտի սպասէ իր յաւիտենապէս արիւնաներկ դաշոյնը երերցնելով»։ Սմբատ Բիւրատը նկատեց, թէ Սասունի համար հանգանակուած գումարները չեն հասնիր սովեալներուն։ Հեղինակը կը բացատրէ, թէ կառավարութիւնը ինչո՚ւ կ’ուշացնէ բաշխումը. «Իրօք, կառավարութիւնը պաշտօնապէս, հրամանագրով մը խստիւ կը պատուիրէ որ եկած դրամները այսուհետեւ իրեն յանձնուին եւ ինք իր յանձնախումբին միջոցաւ կատարէ բաշխումը. յայտնի է թէ թաքուն նպատակներ կան ասոր մէջ, որոնցմէ ամենէն դիւրագուշակելին այն է, որ նպաստներուն ուշ բաշխուելովը՝ ըստ կարելւոյն աւելի շատ Սասունցիներ սովամահ կը կորնչին»։
Ուշացած սէր
Եղան օրեր, «ուշ» բառը յարմար եկաւ սիրային խօսքեր արտասանելու, հոգ չէ, թէ ուշացած էին անոնք։ Առաջին քնքոյշ խօսքը շշնջաց Նիկողոս Սարաֆեանը. «Լաւ է որ ան միշտ ուշանայ եւ դուն անոր ըլլաս գերին»։ Մեր գրագէտներուն ամենէն թափառականներէն մէկն էր այս բանաստեղծը։ Զինք պոլսահայ կրնայինք համարել, եթէ ան, Ակնէն գաղթած ընտանիքի այդ զաւակը, 1902 թուականին ծնած չըլլար Կոնստանդնուպոլիսէն Վառնա մեկնող նաւու մէջ։ Եւ այդ Սարաֆեանն էր, որ պատերազմի խառնաշփոթ օրերուն, քալելով անցաւ ամբողջ Ռումանիան, Վառնայի մէջ գտաւ ծնողները, եկաւ Կ.Պոլիս ու Կեդրոնական վարժարանի մէջ աշակերտ դարձաւ Յակոբ Օշականին եւ Վահան Թէքէեանին։ Գուրգէն Մահարին զղջաց, թէ ուշ հանդիպում մը ունեցած էր. «Ինչո՞ւ ուշացար, գարուն աղջիկ, / Ինչո՞ւ ուշացար, վերջին կարօտ. / Ինչո՞ւ ուշացար, թեթեւ թիթեռ… / Դու չէի՞ր կարող մի քիչ շուտ գալ. / Ա՜խ, լաւ էր երբէք, քան այսպէս ուշ»։ Միսաք Մեծարենցը սպասեց, որ իր ականջը շոյէ համակրութեան «մեղրանոյշ» բառ մը, որ «նշմարել տայ խաւարին մէջ յանկարծ հին սիրական ուղին, հոգ չէ՛, այսքան ուշ»։ Ուշացած օգնութիւններէն, ուշացած կեանքերէն դար մը ետք Պայոյր Սեւակը խօսեցաւ մէկ այլ ուշացողի մասին- սէ՚րն էր ան։ «Ուղացած իմ սէր. / Դու տեսնո՞ւմ ես հիմա, իմ սիրելի՜, / Թէ մեզ ո՜ւր հասցրեց քո ուշացած սէրը»։
Լուրերը՝ աւելի ուշ
Լուրերը անկեղծ են, յաճախ։ Անոնք մեզի կը բացատրեն, թէ ո՛ւր ենք ուշացած, ինչո՚ւ ենք ուշացած։ Թերթենք քանի մը լրագիր ու տեսնենք, թէ ազգը ինչո՚վ զբաղած է այսօր. «Զոհուած զինծառայողների ծնողները ուշ գիշերին էլ շարունակում են մնալ Շենքաւիթի քննչականի մօտ», «Որպէս պետութիւն, որպէս ժողովուրդ՝ ուշանալու իրաւունք չունենք», «Փաշինեանի ձեռքը պէտք է բռնել հէնց հիմա, յետոյ ուշ կը լինի. Վարդան Օսկանեան», «Ուշ գիշերին հրաուիրուած նիստի ընթացքում ելոյթ ունեցան Արցախի խորհրդարանում», «Սովորելու համար ուշ չէ. 82 ամեայ ուսանողուհին», «Մարդիկ սիրէք իրար, յաջորդ վայրկեանը կարող է ուշ լինել. Բագրատ Սրբազան»։
Արի երբ ուշ է
«Խմողը շատ ուշ կը մեռնի»։ Հայկական երգի մը այս խօսքերը ցոյց կու տան, թէ «ուշ» բառի մէջ կայ՝ յոյս։ (Խօսքը հայրենի ջուրին կը վերաբերի։ Ահա երգի յաջորդ խօսքերը. Քըչից հարիւր տարի կապրի։ / Ոչ մի երկիր չի գտնուի, / Ա՜խ իմ հայրենիքի ջուրը։) Այժմ լսենք քանի մը ժամանակակից երգ ու հասկնանք, թէ «ուշ» բառը ի՚նչ ներշնչում կը շարունակէ տալ հայ երգահաններուն. «Ապակուց թափւում են ցած, / Այս խօսքերը, որ լսւում են / Իմ երգի մէջ ուշացած… / Ո՞ւմ է պէտք խոստովանանքդ, / Ափսոսանքդ ուշացած», Մեր սիրոյ աշունը, Ռուբէն Հախվերդեան, «Ուշ է հիմա, շատ ուշ է / Քո սէրը ինձ համար մի յուշ է», Արմէնչիկ։ Գիտեմ, շատ ուշ է, կէս գիշեր, ուստի, որպէս հրաժեշտ, յարգելի ընթերցող, այժմ կ՚առաջարկեմ ականջ տալ երգչուհի, երգահան, երաժշտական փայլուն փառատօններու հեղինակ, հնագէտ, հայկական պատմական յուշարձաններու մասնագէտ, ինչպէս նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս Արմինէ Հայրապետեանի քնքոյշ մէկ ստեղծագործութեան՝ «Արի երբ ուշ է ։ Երբ որ անցնի ամէնն ու ցաւը մոռանաս, / Երբ ինձ յիշես ու մտովի յանկարծ ժպտաս, / Արի, երբ ուշ է, / Երբ սէրը յուշ է, / Երբ աղօթքին իմ հաւատաս… / Ոչինչ, թող մի քիչ ուշ լինի / Բայց վերջում քոնէ նուշ լինի»։ Մինչեւ յաջորդ հանդիպում, կը թելադրեմ լսել քնարերգակ բանաստեղծներու խրատը եւ չուշացնել սէրը, որովհետեւ յաջորդ վայրեկանը արդէն շատ ուշ է։