ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Արատ

Առաջին արա­տը

Ե՞րբ արա­տաւո­րուե­ցաւ մեր քաղցրիկ լե­զուն։ Ան­վա­յելուչ ախ­տեր ե՞րբ պա­տեցան, պղտո­րեցին, պղծե­ցին մեր աչ­քը, հա­յեաց­քը, քա­ղաքա­կան կեան­քը, եւ մեր՝ մայր աթո­ռը (Քաւ լի­ցի, հա­մեստս իրա­ւասու չեմ այդպի­տի դա­տողու­թիւն մը կա­տարե­լու, Ս. Էջ­միած­նի մա­սին այդ կար­ծի­քը յայտներ է Բաբ­գէն եպս. Կիւ­լէ­սէրեանը։ Անոր մա­սին քիչ վերջ պի­տի ար­տա­յայ­տո­ւիմ) Իսկ այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ հա­յը կը փոր­ձէ իր նախ­կին արատ­նե­րէն ձեր­բա­զատո­ւիլ, որո­շեցի մեր արատ­նե­րու մա­սին խօ­սիլ, ի հարկ է գրա­կան գետ­նի վրայ եւ հա­մապա­տաս­խան ակ­նարկու­թիւննե­րով, կաս­կած չու­նե­նալով, թէ «արատ» գո­յականն է բո­լորին ար­մա­տը։ Ուստի, այժմ, փա­րատենք պատ­մութեան մշու­շը եւ խոս­տո­վանինք մեր թե­րու­թիւննե­րը, վկա­յակո­չելով անա­րատ տա­ղասաց­ներն ու իմաս­տուն գրա­գէտ­նե­րը։

Աս­տուծոյ անա­րատ շունչը

Աս­տո­ւածա­շունչ մա­տեանը առա­տօրէն գոր­ծա­ծեց «արատ» բա­ռը եւ անոր ածան­ցա­ւոր­նե­րը, ինչպէս՝ արա­տաւոր, արա­տել, արա­տեալ, անա­րատ։ Սուրբ Գիր­քի մէջ յի­շուած անա­րատ­ներն են՝ պա­տարա­գը, մար­մի­նը, հա­յելին, կար­միր երին­ջը, խո­յը, ոչ­խա­րը եւ գառ­նուկ մը։ Իսկ մար­դը ինչպէ՞ս հաս­տա­տէ մա­քուր անուն։ Շի­նել քա­ղա՞ք։ Ու­նե­նալ զա­ւա՞կ։ Գիր­քը կ’ըսէ, կայ աւե­լի լա­ւը. «Եւ շի­նուած քա­ղաքաց զա­նուն քո հաս­տա­տեն։ Եւ քան զսո­սա զեր­կո­սին լաւ հա­մարեալ է կին անա­րատ»,- անա­րատ կի­նը աւե­լի յար­գի է քան Կոնստանդնու­պո­լիսն ու Աղեք­սանդրիան։

Անա­րատ գիր­կը

Ոս­կե­դարուն «արատ» բա­ռը իր բազ­մա­թիւ հո­գեւոր ծալ­քե­րով հաս­տա­տուե­ցաւ հա­յոց մայ­րե­նիի մէջ։ Վան­քե­րու մէջ, մա­գաղաթ­նե­րու վրայ հո­սած առատ թա­նաքով հայ մա­տենա­գիր­նե­րը ար­ձա­նագ­րե­ցին բազ­մա­թիւ ար­տա­յայ­տութիւններ. «Որ­դիք արա­տոյ», «Արատ խե­ղու­թեան», «Արատ կա­ղու­թեան», «Արա­տաւ պղծե­ցին զմիտս»։ Նոյն օրե­րուն գո­յու­թիւն ու­նէր «արա­տել» (վնա­սել, պղծել) բա­յը։ Այ­նուհե­տեւ յղա­ցանք այլ բա­ռեր. 7-րդ դա­րուն՝ «անա­րատու­հի», 8-րդ դա­րուն՝ «արա­տաւոր», 12-րդ դա­րուն՝ «արա­տաւո­րու­թիւն» եւ հարստա­ցաւ մեր գրա­կան­ութիւ­նը։ Ահա քա­նի մը օրի­նակ. «Առ սե­ղանն մի՚ մա­տիցէ, զի արա­տաւոր է», «Այս է առա­ւելու­թիւն արա­տաւո­րու­թեան իւ­րեանց», «Զհա­յեցո­ւածս արա­տեցի», «Մի՚ արա­տես­ցի պաշ­տօնն»։ Իսկ «անա­րատու­հի» ածա­կա՞նը։ Մի զար­մա­նաք, շատ ըն­տիր բառ է ան, եթէ ըսեմ, թէ ան լոկ մէկ ան­գամ գոր­ծա­ծուե­ցաւ հայ­կա­կան մա­տենագ­րութեան մէջ։ Հե­ղինա՞կը. 7-րդ դա­րու հայ ճգնա­ւոր, մա­տենա­գիր, աս­տուածա­բան, Կո­միտաս Ա. Աղ­ցե­ցի կա­թողի­կոսի եղ­բո­րոր­դի, Արա­գածոտն գա­ւառի Ս. Աս­տո­ւածա­ծին վան­քի վա­նահայր, Հա­յոց կա­թողի­կոս­ներ Յով­հաննէս Գ. Օձ­նե­ցիի եւ Սա­հակ Գ. Ձո­րոփո­րեցիի ու­սուցիչ՝ Թեոդո­րոս Քռթե­նաւո­րը՝ երբ գո­վաբա­նեց կոյս Մա­րիամը. «Ամե­նասուրբ Աս­տուածա­ծին Կոյս անա­րատու­հի»։ 10-րդ դա­րուն Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին խոս­տո­վանե­ցաւ, թէ իր հո­գին,- մար­նինն էր մե­ղաւոր-, արա­տեցաւ. «Զա­նարատ հո­գիս մարմնոյս փափ­կութեամբ յա­ւէտ վտտե­ցի»։ Իսկ սուրբի հա­մար ո՞վ էր ար­ժա­նի «անա­րատ» ածա­կանին. Տի­րամայ­րը. «Գե­րահ­րաշ եւ անա­րատ»։ Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի հա­մար Սրբու­հի Հռիփ­սի­մէն էր մէկ այլ անա­րատը. «Հարսն ան­մահ փե­սային կոյս անա­րատ , ո՜վ սուրբ Հռիփ­սի­մէ»։ Իսկ Սրբու­հի Մա­րիամի հա­մար Շնոր­հա­լին գրեց ըն­տիր փա­ռաբա­նու­թիւններ. «Անա­րատ տա­ճար եւ առա­գաստ լու­սոյ»։ 1281 թո­ւակա­նին Վա­նայ ծո­վու ափին, Ար­ճիշ գա­ւառի Աս­պի­սըն­կայ վան­քի մէջ գրի առած Աւե­տարա­նին մէջ «անար­ժան» եւ «անար­հեստ» գրի­չը աղա­չեց. «Տէր, պա­հես­ցէ անա­րատ իմ կամս»։ Քու­չակ Վա­նեցիի «Գո­վասա­նու­թիւն Սուրբ Յով­հաննի­սի ասա­ցեալ է, ըն­տիր եւ անոյշ եւ գե­ղեցի­կ» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ նկա­րագ­րեց. «Բար­ձեր զՔրիս­տոս գիր­կըդ անա­րատ, առիր ի Յոր­դա­նան մտար»։

Արատ աչօք մի՚ ակ­նարկէք

1500-նե­րուն «արատ» բա­ռը աշ­խարհիկ, սի­րային եր­գե­րու մէջ սկսաւ յայտնուիլ։ Յով­հաննէս Կա­ֆացի տա­ղասա­ցը «Վասն ու­րա­խու­թեան մարդկա­ն» տա­ղի մէջ ըսաւ, թէ ո՚վ որ անշնորհք նա­յուածք տայ իր «գե­ղեցիկ, հրեշ­տա­կատիպ, լու­սա­տեսիլ, չքնա­ղագեղ, զար­մա­նալի, պայ­ծառ պատ­կե­ր» սի­րածին՝ խա­ւարի անոր աչ­քը. «Թող աչքն այն խա­ւարաս­ցի, որ առ քեզ արատ հա­յի»։ Արիս­տա­կէս Խար­բերդցի տա­ղասա­ցը խրատ մը տո­ւաւ մե­զի. «Արատ աչօք մի՛ ակ­նարկէք, / Զար­տուղի մե­ղաց դուք կա­ցէք, / Սուրբ սրտիւ զաս­տո­ւած օրհնե­ցէք, / ԶՔրիս­տոս օգ­նա­կան խնդրե­ցէք»։ Սու­քիասը, որ «մեղ­քե­րու տիղ­մի մէջ թա­ւալած» մարդ էր, մեղ­միկ խոս­տո­վանե­ցաւ. «Ան­վա­յելուչ արատ աչօք ես հա­յեցայ. / Մե­ղա՜յ, մե­ղա՜յ, բիւ­րա­պատիկ գլո­րեցայ»։ Մէկ այլ տա­ղասաց Պետ­րոս անուն՝ աղօ­թեց. «Եւ զհրա­մանն Տեառն անա­րատ պա­հեմ, / Մա­րիամ տի­րամայր, լեր ինձ օգ­նա­կան»։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, ըստ Երե­ւանի Պե­տական Հա­մալ­սա­րանի հրա­տարա­կած մէկ յօ­դուա­ծի, միջ­նա­դարու հայ առա­կագիր­նե­րու նպա­տակն էր «սուր քննա­դատու­թեան են­թարկել կեան­քի արա­տաւոր կող­մերն ու երե­ւոյթնե­րը»։ Երե­միա Չէ­լէպի Քէօմիւրճեանի եարն էր անա­րատ. «Աչ­քերդ է զերդ ծով օվ­կիանու նման, / Կան­թեղ է ի վառ ի քո ծաղ­կաստան, / Երեսդ արե­գակ, լու­սին ի լրման, / Պայ­ծառ եւ անա­րատ. ե՛կ ի մեր պաղ­չան»։ Դար մը վերջ Սա­յաթ Նո­վան փա­ռաբա­նեց իր եարը. «Խօս­քի­րըդ մա­լում իմ արի՝ անա­րատ, մա­քուր իս»։

Պայ­ծառ ու անա­րատ ջու­րեր

Գե­ղապաշտ գրա­գէտ­նե­րու գրի­չով ին­չե՜ր չկո­չուե­ցան «արա­տաւոր» կամ «անա­րատ»։ Ահա 20-րդ դա­րու մե­ղաւոր­նե­րը եւ մաք­րա­մաքուրնե­րը. «Միշտ բարձր դա­սի պա­տիւն անա­րատ, / Եւ ով զրկուած է այդ ան­գին գան­ձից, / Նա՛ է կեան­քի մէջ ամե­նից աղ­քատ», Ալեք­սանդր Ծա­տու­րեան, «Առի զքեզ իր ձեռ­քէն, / Որ շու­շա՜ն մ’է անա­րատ», Դա­նիէլ Վա­րու­ժան, «Մա՜հը, գե­րագոյն ազա­տարարս ու գե­րագոյն թշնա­միս, որով­հե­տեւ դող­դոջ եւ արա­տաւոր հո­գիս պի­տի առաջ­նորդէ Վե­րին դա­տաս­տա­նին», Տիգ­րան Չէօքիւ­րեան, «Եւ քո անա­րատ զգա­յուն հո­գին լի­նի ինձ աղ­բիւր վառ եր­ջանկու­թեան», Յով­հաննէս Յով­հաննի­սեան։ Իսկ Գե­ղամ բար­սե­ղեանի «Շանթ» պատ­կե­րազարթ շա­բաթա­թեր­թի 19 Ապ­րիլ 1919-ի թի­ւի մէջ, «սփիւռքա­հայ գրա­կանու­թեան մեծ տի­կին» Զա­րու­հի Գա­լէմ­քեարեանը ստո­րագ­րեց «Աւագ շաբ­թո­ւան ներշնչումներ-Իմ վե­րապ­րած քոյ­րե­րուս» յօ­դուա­ծը ու բա­ցատ­րեց, թէ ո՛չ հե­ռաւոր ան­ցեալի մէջ հա­յը ազ­գութեամբ նմա­նեցաւ Խա­չեալին. «Փու­շէ պսակ դրին քու գլխիդ եւ արիւն կա­թեցաւ ճակ­տէդ. Եաթա­ղանէ ան­կո­ղին փռե­ցին իմ ցե­ղիս եւ արիւ­նը կո­հակ կո­հակ հո­սեցաւ անոր մար­մի­նէն. Խաչդ արա­տաւո­րուե­ցաւ արիւ­նէն»։ Բայց, Գե­ղամ Բար­սե­ղեանը իր ջինջ գրի­չով եկաւ ու վե­րականգնեց հա­յու սրբու­թիւննե­րը. «Տաղ առ Աղ­թա­մար։ Ըսէ՜, ըսէ՜, ով ան­գին ու վի­րաւոր Աղ­թա­մար։ Եր­գէ քու ծի­րանի հե­ռաւոր փառքդ։ Ահա պայ­ծառ ու անա­րատ ջու­րերդ… Ու դո՚ւն, որ ազ­նո­ւական տրտմու­թիւնդ կ՛ար­ձա­նաց­նես, Աղ­թա­մա՚ր, եր­գէ պահ մը քու բիւ­րե­ղացած փառքդ»։

Անա­րատ ար­տա­յայ­տութիւններ

Օր մը, ճշգրտօ­րէն 5 Յու­նիս 1847-ին Պոլ­սոյ մէջ «անա­րատ» ածա­կանը միացաւ «յղու­թիւնէ գո­յակա­նին ու ծունդ առաւ «Անա­րատ Յղու­թեան Հայ Քոյ­րե­րու Միաբա­նու­թիւնը», որուն գլխա­ւոր նպա­տակն էր դաս­տիարա­կել հայ ազ­գը, մաս­նա­ւորա­պէս՝ աղ­քատ դա­սակար­գի աղ­ջիկ զա­ւակ­ներ։ Իսկ 1868 թո­ւակա­նին մէկ այլ բախ­տա­ւոր ծնունդ ցնծա­ցուց Պո­լիսը, երբ գոր­ծել սկսաւ Անա­րատ Յղու­թիւն Վար­ժա­րանը, Պոլ­սոյ ամե­նահին աղջկանց վար­ժա­րան­նե­րէն մէ­կը, Սա­մաթիա ծո­վեզե­րեայ հնա­գոյն հա­յաբ­նակ թա­ղամա­սի մէջ։ «Անա­րատը» այ­սօր Հա­յաս­տա­նի՞ մէջ։ Բա­ցատ­րեմ։ Երա­նելի երե­ւոյթ. ամէն գիւղ, ամէն հա­մայնք այ­սօր հպար­տութեամբ շու­կայ կը հա­նէ իր «անա­րատ» կա­թը, սե­րը, մեղ­րը եւ կա­րագը։

Մա­մու­լի արա­տաւոր խօս­քեր

Հայ­կա­կան մա­մու­լը կը շա­րու­նա­կէ խօ­սիլ մեր ազ­գա­յին արատ­նե­րու մա­սին։ Բազ­մա­թիւ խո­րագիր­ներ նոր ու հին կը վկա­յեն անոր մա­սին. «Հայ­րե­նի պե­տու­թեան գա­ղափա­րը արա­տաւո­րուե­ցաւ», «Արա­տաւո­րուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի անու­նը», «Սու­րէն Պա­պիկեանը սպա­ներին յանձնա­րարել է ան­հանդուրժող լի­նել զօր­քե­րում յայտնա­բերո­ւող արա­տաւոր երե­ւոյթնե­րի նկատ­մամբ», «Զի­ջենք, որ վեր­ջա­նայ, փրկո­ւենք» արա­տաւոր մտայ­նութիւնն ու մեր անե­լիքը», «Արա­տաւոր ենք մենք. Սօս Սարգսեան»։ Իսկ 50 տա­րի մը առաջ, եկե­ղեցա­կան գոր­ծիչ, պատ­մա­բան, բա­նասէր, խմբա­գիր, Երու­սա­ղէմի միաբան, Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ աթո­ռակից կա­թողի­կոս Բաբ­կէն Կիւ­լէ­սէրեանը, ի՚նչ դժո­ւար էր լսել, ըսաւ, թէ 1441 թո­ւակա­նին «Էջ­միած­նի աթոռն ալ արա­տաւո­րուե­ցաւ»։

Սիւ­նեաց հո­ղը անա­րատ է

Հայ­կա­կան աշու­ղա­կան արո­ւես­տի մէջ «անա­րատ» բա­ռը նախ բոյն դրաւ Աշուղ Ճի­ւանիի «Ով սի­րուն, սի­րուն» եր­գի մէջ։ Դժո­ւար չէ գու­շա­կել, թէ ո՛վ էր աշու­ղի հպարտ անա­րատը. «Հո­գիդ անա­րատ, տեսքդ գե­րազանց, / Մէկ հատ օրի­նակ, ո՜վ սի­րուն, սի­րուն։ / Վարք ու բար­քով, սրտով անա­րատ»։ Հա­պա, Սիւ­նեաց սա­րերը… Անոնք քի՞չ անա­րատ են։ Լսենք Քա­ջարան հա­մայնքի ղե­կավա­րի խօս­քե­րը. «Սիւ­նեաց անա­րատ հո­ղում չա­րի սեր­մը բուն չի դնի»։ Իսկ, ո՞վ էր այդ մա­քուր միտ­քե­րու հե­ղինա­կը… Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող ձե­զի հրա­ժեշտ տամ, ճիշդ գու­շա­կեցիք, Գու­սան Աշո­տի «Սիւ­նեաց Սա­րեր» եր­գով։ Մին­չեւ մեր յա­ջորդ հան­դի­պու­նը վա­յելե­ցէք անա­րատ սէ­րը, ինչպէս նաեւ մեղ­րը եւ կա­րագը։

Սիւ­նեաց հո­ղը անա­րատ է,

Չա­րի սեր­մը բուն չի դնի, անար­մատ է.

Մարդն ար­ծիւ է, լեռ­նա­ծին է, հրա­հատ է,

Հա­զար հող­մեր ձեզ չեն մա­շել,

Սիւ­նեաց սա­րեր,

Ինձ մօր նման ձեր գիրկն առէք,

Սիւ­նեաց սա­րեր։