ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պարգեւ

Խոս­տո­վանիմ որ կը դժո­ւարա­նամ ան­ձիս շնոր­հո­ւած պար­գե­ւի մը մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւելէ։ Բա­րեբախ­տա­բար ու­նինք աշ­խա­տակից­ներ, որոնք այդ մա­սին լրա­տուու­թիւնը կը կա­տարեն մեծ ոգե­ւորու­թեամբ եւ մեզ խնա­յած կ՚ըլ­լան ինքնա­գովու­թեան դժբախտ երե­ւոյ­թէն։ Երախ­տա­պարտ եմ իրենց։ Բայց միւս կող­մէ կ՚ու­զեմ անդրա­դառ­նալ այս պար­գե­ւը շնոր­հած միու­թեան վաս­տա­կին։ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թիւնը հիմ­նո­ւած է այդ մա­սին հա­մատա­րած պա­հան­ջի ամե­նաբարձր զգա­ցուած տա­րեթի­ւերուն՝ 1986-ին։

1980-ի զի­նու­րա­կան յե­ղափո­խու­թիւնը բո­վան­դակ երկրի տա­րած­քին գոր­ծադրած բռնու­թիւննե­րով ար­հա­մար­հած, ոտ­նա­կոխած էր մար­դու ամե­նահիմ­նա­կան իրա­ւունքը՝ կեան­քը շա­րու­նա­կելու առի­թը։ Զի­նուոր­նե­րու հա­մար եր­բեք նշա­նակութիւն չէր ու­նե­ցած մար­դու կեան­քը եւ ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը։ Անոնք գոր­ծի լծո­ւած էին նա­խապէս ծրագ­րա­ւորո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն մը իրա­կանաց­նե­լու հա­մար։ Յի­շենք որ նոյն 1980 թո­ւի 9 Յու­նո­ւարին, Թուրքիոյ ըն­կե­րատնտե­սական կեան­քին մէջ մտցո­ւեցաւ նոր ծրա­գիր մը, որ պի­տի հա­մապա­տաս­խա­նէր մեծ ըն­կե­րու­թիւննե­րու ակնկա­լու­թիւննե­րուն։ Փոքր դրա­մագ­լուխով ըն­կե­րու­թիւննե­րը, կամ սե­փական նա­խաձեռ­նութիւննե­րը պի­տի սնան­կա­նային, աս­պա­րէզը թո­ղելով հսկայ եւ շատ ան­գամ ալ մի­ջազ­գա­յին բնոյթ ու­նե­ցող ըն­կե­րու­թիւննե­րու։

Մաս­նա­գէտ­ներ կը վկա­յէին, թէ նման հա­մակար­գի փո­փոխու­թիւնը կա­րելի չէ իրա­գոր­ծել ժո­ղովրդա­վարա­կան վար­չա­կազ­մի մը պայ­մաննե­րուն տակ։ Օրի­նակ կը բե­րէին այդ եղա­նակը որ­դեգրած Պրա­զիլը, որ սոյն տա­րինե­րուն են­թարկո­ւած էր զի­նուո­րական իշ­խա­նու­թեան ճի­րան­նե­րուն։ Տե­ղին էր իրենց հաս­տա­տու­մը, ար­դա­րեւ հա­զիւ ու­թը ամիս անց նոյն զի­նուո­րական իշ­խա­նու­թիւնը հաս­տա­տուե­ցաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ։

Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան հիմ­նադրու­թիւնը կը զու­գա­դիպի այդ խա­ւար շրջա­նի յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն, ուր հա­զիւ կա­րելի դար­ձած էր նման միու­թիւն մը հիմ­նել։ Սա­կայն հիմ­նադրու­թե­նէն սկսեալ նոր միու­թիւնը ընդմիշտ հա­լածանքնե­րու են­թարկո­ւեցաւ։ Անոր վա­րիչ­նե­րը յա­ճախ ազա­տազրկման դա­տապար­տո­ւեցան կա­ռավա­րու­թեան դէմ գոր­ծե­լու մե­ղադ­րանքով։

Որ­քան հե­տաքրքրա­կան է, թէ մար­դու իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նելը ինքնա­բերա­բար կ՚ըն­կա­լուի կա­ռավա­րու­թեան դէմ գոր­ծե­լու մե­ղադ­րանքով։ Ու­րեմն առանց վե­րապա­հու­թեան կրնանք ըսել, թէ նոյն ինքն կա­ռավա­րու­թիւնն է մար­դու իրա­ւունքնե­րը բռնա­բարո­ղը։

Այս սիւ­նա­կի ըն­թերցող­նե­րը ար­դէն գի­տեն մեր հա­մոզու­մը ան­հա­տի եւ պե­տակա­նու­թեան մի­ջեւ գո­յացած հա­կադ­րո­ւածու­թիւննե­րու դի­մաց։

Մե­զի շնոր­հո­ւած մրցա­նակը իր անուանա­կոչու­մը կը ստա­նար անո­ւանի մտա­ւորա­կանի մը՝ Այ­շէ­նուր Զա­րաքօ­լուի անու­նէն։ Անուն մը, որ հիմ­նա­դիր­նե­րէն եղած է այս միու­թեան եւ ամ­բողջ կեան­քի ըն­թացքին են­թարկո­ւած է պե­տական ճնշումնե­րու, իր որ­դեգրած գա­ղափար­նե­րուն եւ գոր­ծե­րուն պատ­ճա­ռաւ։

Յա­ւելեալ եր­ջանկու­թիւն է իմա­նալ թէ նոյն մրցա­նակը նա­խապէս շնոր­հո­ւած է թեր­թիս հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քին։ Այս ալ իր կար­գին հե­տաքրքրա­կան երե­ւոյթ մըն է, քա­նի որ 2019-ին ստա­ցած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան պե­տական նշա­նը եւ Լոս Ան­ճե­լըսի Պոլ­սա­հայ Միու­թեան շքան­շա­նը նոյնպէս նա­խապէս յանձնո­ւած էին Հրանդ Տին­քին եւ Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լուին։ Ու­րեմն մեր աշ­խա­տու­թիւնն ալ եթէ կը գնա­հատո­ւի նման չա­փանիշ­նե­րով, չեմ ու­զեր թաքցնել իմ մէջ բարձրա­ցող հպար­տութեան զգա­ցու­մը։