ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Կամաց

Հայաստա­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան խա­­­ղաղու­­­թեան բա­­­նակ­­­ցութիւննե՞րը… կա­­­մաց-կա­­­մաց։ Ճա­­­նապար­­­հա­­­­­­­շինու­­­թիւնը… Կա­­­մաց-կա­­­մաց։ Ժո­­­ղովուրդի որ­­­պի­­­­­­­սու­­­թի՞ւնը… Կա­­­մաց-կա­­­մաց։ Ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թիւնը եւ արեւմտեան չա­­­փանիշ­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մապա­­­տաս­­­խան բա­­­րեկե­­­ցիկ եր­­­կիր ու­­­նե­­­­­­­նալու գոր­­­ծընթա՞ցը… Կա­­­մաց-կա­­­մաց։ Իսկ խա­­­շը, կամ՝ սուրճը, զոր կրա­­­կի վրայ պա­­­հած ենք… Կա­­­մաց-կա­­­մաց։ Մենք, սխալ մի՚ հասկնաք խօս­­­քերս, որ­­­պէս ժո­­­ղովուրդ, թիւ­­­րի­­­­­­­մացու­­­թեան մը պատ­­­ճառ ալ ըլ­­­լալ չեմ ու­­­զեր, քիչ մը կա­­­մաց ենք։ Մի գու­­­ցէ լաւ բան է ան… Սուրճը աւե­­­լի հա­­­մով է, եթէ աւա­­­զի վրայ կա­­­մաց-կա­­­մաց եփի, խա­­­շը աւե­­­լի հիւ­­­թեղ կը դառ­­­նայ, եթէ փու­­­րի մէջ մնայ ամ­­­բողջ գի­­­շեր մը։ Իսկ կի­­­նը,- անշնորհք ըլ­­­լալ չէ նպա­­­տակս-, աւե­­­լի գե­­­ղեցի՞կ է, ըստ պոլ­­­սա­­­­­­­հայ բա­­­նաս­­­տեղծ Զահ­­­րա­­­­­­­տի, երբ «կա­­­մաց կա­­­մաց կը հա­­­նուի յու­­­լօ­­­­­­­րէն»։ Այս հար­­­ցումնե­­­րուն պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը, կը մտա­­­ծեմ, թէ «կա­­­մաց» բա­­­ռի ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թեան եւ պատ­­­մութեան մէջ է։ Ուստի, գի­­­տեմ գի­­­շեր է եւ ձեր տնե­­­ցինե­­­րը քնա­­­ցած եւ հա­­­ւանա­­­բար, խօ­­­սիմ կա­­­մաց եւ ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեմ «կա­­­մաց» բա­­­ռը՝ դան­­­դա­­­­­­­ղօրէն։

Գրա­­­բարի հա­­­ճելի բա­­­ռը

«Կա­­­մաց» բա­­­ռը ժա­­­ռանգե­­­ցինք գրա­­­բարի «կամք» ար­­­մա­­­­­­­տէն։ Ան բուն կը նշա­­­նակէ ըստ կամ­­­քի, յօ­­­ժարօ­­­րէն, ցան­­­կա­­­­­­­լի, ըստ ցան­­­կութեան, ազատ կամ­­­քով եւ հա­­­ճու­­­թեամբ։ Բնա­­­կանա­­­բար, երբ չկայ ար­­­տա­­­­­­­քին ճնշում, բո­­­լորս գի­­­տենք, գոր­­­ծը կը կա­­­տարո­­­ւի առանց շտա­­­պելու, ուստի բառս նշա­­­նակեց նաեւ՝ դան­­­դա­­­­­­­ղօրէն։ «Կա­­­մաց» բա­­­ռը իր նախ­­­նա­­­­­­­կան իմաս­­­տով տեղ գտաւ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչ մա­­­տեանի մէջ, ինչպէս՝ «Ըստ կա­­­մաց բա­­­րեսի­­­րաց», «Ի կա­­­մաց մարմնոյ», եւ այլն։ Սի­­­մէոն Ղա­­­փան­­­ցի տա­­­ղասա­­­ցը ահա այդ իմաս­­­տով էր, որ գոր­­­ծա­­­­­­­ծեց բառս, երբ յանձնո­­­ւած էր Հայր Աս­­­տուծոյ կամ­­­քին. «Վա­­­րեա՚ զիս միշտ ըստ կա­­­մաց քոց, հրա­­­շագործ»։

Պար­­­սիկն ալ կա­­­մաց է

«Կա­­­մաց» մա­­­կբա­­­յը, զար­­­մա­­­­­­­նալի եւ եզա­­­կի երե­­­ւոյթ, դուրս ելաւ հայ­­­կա­­­­­­­կան Լեռ­­­նաշխար­­­հէն, ճա­­­նապար­­­հորդեց Պարսկաս­­­տան։ Տե­­­ղական «եաւաշ» բա­­­ռի քով յայտնո­­­ւեցաւ گاماس گاماس‎ (կա­­­մաս-կա­­­մաս) ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը, որ կը նշա­­­նակէ դան­­­դա­­­­­­­ղօրէն, քնքշօ­­­րէն։

Կա­­­մաց մը խապ­­­րիկ բեր

Յետ-գրա­­­բարեան հա­­­զարա­­­մեակը կա­­­մաց էր։ Խիստ սա­­­կաւա­­­թիւ է «կա­­­մաց» մա­­­կբա­­­յի գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թիւնը հայ­­­կա­­­­­­­կան գրա­­­կանու­­­թեան մէջ։ Բա­­­ցառու­­­թիւն է 1500 կամ 1600-նե­­­րուն յօ­­­րինո­­­ւած՝ «Կռունկ» եր­­­գը, ուր պան­­­դուխտի վի­­­ճակը, յո­­­ռետե­­­սու­­­թիւն մը վշտա­­­լի, նկա­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւած է «կա­­­մաց» բա­­­ռով. «Աս­­­տը­­­­­­­նուո­­­րիս բա­­­ներն կա­­­մաց - կա­­­մաց է, / Մի­­­թէ աս­­­տո­­­­­­­ւած լսէ՝ դռնակն բա­­­ցէ, / Ղա­­­րիպին սիրտն է սուգ, աչերն ի լաց է. / Կռու՚նկ, մեր աշ­­­խարհէն խապ­­­րիկ մի չու­­­նի՞ս»։ 1750-60-ական­­­նե­­­­­­­րուն Սա­­­յաթ-Նո­­­վան բա­­­ռիս տո­­­ւաւ սի­­­րային բոյր։ Աշու­­­ղը, որ իս­­­կա­­­­­­­կան որ­­­սորդ էր սի­­­րոյ, ինչպէ՞ս պի­­­տի տի­­­րանար իր եարին, եթէ ան արագ-արագ վա­­­զէր. «Գի­­­շիր-ցե­­­րեկ ման իմ գա­­­լի էշ­­­խեդ եանայ-եանայ, գո՚զալ, / Ան­­­գաճ ա՚րա, մա­­­տաղ իմ քիզ, մէ քիչ կա­­­մաց գնա, գո՚զալ»։

20-րդ դա­­­րու կա­­­մացու­­­թիւննե­­­րը

Սեւ դա­­­գաղ մը ան­­­ցաւ Լե­­­ւոն Բա­­­շալեանի առ­­­ջե­­­­­­­ւէն եւ ան խոր յու­­­զումով գրեց. «Կա­­­մաց կա­­­մաց յա­­­ռաջա­­­նալով ան­­­յայտ եղաւ փո­­­ղոցին ծայ­­­րէն, ու ին­­­ծի այնպէս կու գար թէ սրտէս պա­­­տառ մը կը տա­­­նէին այդ սեւ մար­­­դի­­­­­­­կը»։ Մէկ այլ տխուր պատ­­­կեր նկա­­­րագ­­­րեց Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը։ «Թիապարտնե­­­րը» քեր­­­թո­­­­­­­ւածի մէջ շա­­­ռաչող մտրակ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­րուա­­­ծով թիապարտնե­­­րը աղա­­­ղակե­­­լով կը թիավա­­­րէին։ Իսկ մտրա­­­կի ան­­­փոյթ հա­­­րուա՞ծը եւ անոր ձգած հե՞տքը։ Քստմնե­­­լի տե­­­սարան. «…Եւ թո­­­ղած հետ­­­քը կա­­­պոյտ, կա­­­ղապա­­­րով խո­­­տոր­­­նակ, / Կա­­­մաց կա­­­մաց կը սկսի արեան ծի­­­լեր դուրս բխել»։

Հմայք է դան­­­դա­­­­­­­ղու­­­թիւնը

«Կա­­­մաց» բա­­­ռը միշտ չէ, որ վշտա­­­լի տե­­­սարան­­­ներ նկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար եկաւ յար­­­մար։ Զայն գոր­­­ծա­­­­­­­ծեցինք նաեւ բնու­­­թեան հմայքնե­­­րը դան­­­դա­­­­­­­ղօրէն վա­­­յելե­­­լու հա­­­մար։ Առանց աճա­­­պառե­­­լու։ Այդ արո­­­ւես­­­տին տի­­­րացած էր Զա­­­պէլ Եսա­­­յեանը։ Իր պատ­­­մո­­­­­­­ւածքնե­­­րու եւ վէ­­­պերու մէջ օրո­­­ւան ամե­­­նէն հմա­­­յիչ ժա­­­մերը կ’անցնէին կա­­­մաց։ Հե­­­ղինա­­­կը կ’ու­­­զէր պա­­­հը վա­­­յելել լիովին։ Ահա քա­­­նի մը օրի­­­նակ. «Մեր դի­­­մացը կը խտա­­­նային Ալեմ­­­տա­­­­­­­ղիի ան­­­տառնե­­­րը։ Սայ­­­լե­­­­­­­րը կա­­­մաց-կա­­­մաց կը մօ­­­տենա­­­յին եւ կանգ կ’առ­­­նէին ան­­­տա­­­­­­­ռի մուտքին», «Շո­­­գենա­­­ւը հան­­­դարտօ­­­րէն կը յա­­­ռաջա­­­նար, Գա­­­պաթա­­­շը բա­­­ւական ան­­­ցած էր… Կա­­­մաց կա­­­մաց կը հե­­­ռանար դէպ ի Սա­­­րայ Պուրնու. մա­­­նիշա­­­կագոյն եւ ծանր ամ­­­պե­­­­­­­րուն ներ­­­քեւ վար­­­դա­­­­­­­գոյն գօ­­­տի մը միայն հո­­­րիզո­­­նին վրա­­­յէն կը գծո­­­ւէր հետզհե­­­տէ տժգու­­­նե­­­­­­­լով»։ Ար­­­փիար Ար­­­փիարեանն ալ կը զմայ­­­լէր մայ­­­րա­­­­­­­մու­­­տին Պոս­­­ֆո­­­­­­­րի կամ Մար­­­մա­­­­­­­րայի վրայ հե­­­զու­­­թեամբ ըն­­­թա­­­­­­­ցող շո­­­գենա­­­ւու մը երա­­­զային պատ­­­կե­­­­­­­րին. «Շո­­­գենա­­­ւին խել­­­քը կանգնած, կը դի­­­տեմ մա­­­րը մտնող արե­­­ւը։ Հմայ­­­քը, որ կը բխի կրա­­­կի, կա­­­պոյ­­­տի, անու­­­նէ զուրկ հրա­­­շազան գոյ­­­նե­­­­­­­րու խառ­­­նա­­­­­­­մառն կի­­­տուա­­­ծէն, կար­­­ծես կա­­­մաց-կա­­­մաց կը պար­­­պէ ու­­­ղեղս, կ՚ոչնչաց­­­նէ միտքս»։

Կա­­­մաց-կա­­­մաց բաժ­­­նո­­­­­­­ւինք

Յա­­­կոբ Պա­­­րոնեանը առտնին վի­­­ճաբա­­­նու­­­թիւն մը, զա­­­ւեշ­­­տա­­­­­­­կան պատ­­­կեր մը գրեց եւ մենք հասկցանք, թէ Թա­­­փառ­­­նի­­­­­­­կոսը եւ Մար­­­թան պատ­­­րաստ են ամուսնա­­­լու­­­ծութեան. «ՄԱՐ­­­ԹԱ։ Ամուսնու­­­թեան կա­­­պը կա­­­մաց կա­­­մաց թուլնալ սկսաւ։ ԹԱ­­­ՓԱՌ­­­ՆԻ­­­­­­­ԿՈՍ։ Տա­­­քէն անանկ կ՚ըլ­­­լայ։ ՄԱՐ­­­ԹԱ։ Բո­­­լորո­­­վին պի­­­տի քա­­­կուի, գի­­­տե՞ս։ ԹԱ­­­ՓԱՌ­­­ՆԻ­­­­­­­ԿՈՍ։ Զա­­­նիկա կա­­­պողը պինդ կա­­­պեր է. չքա­­­կուիր, քա­­­հանա­­­ներուն կա­­­պածը աշ­­­խարհա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը չեն կա­­­րող քա­­­կել։ ՄԱՐ­­­ԹԱ։ Ես կը քա­­­կեմ։ ԹԱ­­­ՓԱՌ­­­ՆԻ­­­­­­­ԿՈՍ։ Գէշ չըլ­­­լար»։ Իսկ ե՞րբ է, որ մենք, հա­­­յերս սկսանք տօ­­­նել Ապ­­­րիլ 1-ը։ Այն օրե­­­րուն, երբ Պա­­­րոնեանը գրի առաւ Խի­­­կարի օրա­­­տետ­­­րը. «1֊7 Ապ­­­րիլ։ Ապ­­­րի­­­­­­­լին առա­­­ջին օրը կա­­­տակի հա­­­մար սուտ խօ­­­սելու սո­­­վորու­­­թիւնը կա­­­մաց կա­­­մաց բնու­­­թիւն դար­­­ձաւ ամե­­­նուս քով»։

Քնա­­­րական կա­­­մացու­­­թիւն

Ան­­­շուշտ, թէ Յով­­­հաննէս Թու­­­մա­­­­­­­նեանը պի­­­տի ըլ­­­լար «կա­­­մաց» բա­­­ռին քնա­­­րական շունչ տո­­­ւողը։ «Աշուն»ի մէջ դեղ­­­նած տե­­­րեւ մը քա­­­շուե­­­ցաւ կա­­­մաց, «Տխուր հան­­­դե­­­­­­­րից / Ամեն­­­քը տրտում / Քաշ­­­ւում են կա­­­մաց / Իրենց տունն ու բոյն», իսկ «Անուշ»ի մէջ ու­­­ռին, որ կ’ըսեն, թէ աղ­­­ջիկ էր, լաց եղաւ կա­­­մաց. «Ջրե­­­րի վրայ / Գլու­­­խը կա­­­խած / Դեռ դո­­­ղում է նա / Ու լա­­­լիս կա­­­մաց»։ Եղի­­­շէ Չա­­­րեն­­­ցի «Մա­­­րիոնետ­­­կա» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը, որ վեր­­­ջերս եր­­­գի վե­­­րածո­­­ւեցաւ, նկա­­­րագ­­­րեց տիկ­­­նի­­­­­­­կի մը շար­­­ժուձե­­­ւերը։ (Բա­­­նաս­­­տեղծը, աւա՜ղ, չը­­­սաւ, թէ ո՚վ էր տիկ­­­նի­­­­­­­կը, մի՞թէ ինքն էր, եւ ո՚վ էր լա­­­րախա­­­ղացը). «Կա­­­մաց, կա­­­մաց, կա­­­մաց, կա­­­մաց, / Ոտ­­­քերն հո­­­ղին, հո­­­ղին, հո­­­ղին՝ / Եկաւ-գնաց, եկաւ-գնաց, / Գու­­­նատ, դե­­­ղին, գու­­­նատ, դե­­­ղին… / Աչ­­­քերն, ան­­­շարժ, հե­­­ռուն գա­­­մած. / Այդպէս հո­­­գի՚ս պի­­­տի մեռ­­­նի / Կա­­­մա՜ց, կա­­­մա՜ց, կա­­­մա՜ց, կա­­­մա՜ց»։ Պա­­­քուի ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժա­­­­­­­կան հիմ­­­նարկի շրջա­­­նաւարտ, Ար­­­ցա­­­­­­­խի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան քայ­­­լերգի հե­­­ղինակ, բա­­­նաս­­­տեղծ, թա­­­տերա­­­գիր Վար­­­դան Յա­­­կոբեանը, որ այս տա­­­րի Փետ­­­րո­­­­­­­ւար ամ­­­սոյն մէջ մա­­­հացաւ, «Կա­­­մաց, սի­­­րելիս» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ բա­­­ցատ­­­րեց, թէ սէ­­­րը լռու­­­թեան մէջ է հա­­­ճելի. «Կա­­­մաց, սի­­­րելիս, յան­­­կարծ կը լսեն… / Կա­­­մաց, քնքուշս, յան­­­կարծ կը լսեն… Դա ճի՞շտ է, ար­­­դեօք, որ կռունկնե­­­րը / Խաբ­­­րիկ են բե­­­րում, / Սի­­­րոյ մի տխուր կռունկ եմ տես­­­նում / Ես քո աչ­­­քե­­­­­­­րում։ / Դեհ, խօ­­­սիր բարձր՝ ամէն­­­քը լսեն»։ Ռազ­­­միկ Դա­­­ւոյեանը կա­­­մաց մը բռնեց իր սի­­­րածի ձեռ­­­քը. «Դու իմ ձեռ­­­քե­­­­­­­րից կը բռնես կա­­­մաց / եւ ինձ կը տա­­­նես թոյլ շշունչնե­­­րիդ եր­­­գով ան­­­սահման»։ Իսկ Պոլ­­­սոյ մէջ, Զահ­­­րա­­­­­­­տը ազ­­­նո­­­­­­­ւաշուք տիկ­­­նոջ մը եւ ազ­­­նո­­­­­­­ւափայլ պա­­­րոնի մը գի­­­շերա­­­յին մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մը պատ­­­մեց. «Ազ­­­նիւ Տի­­­կինը կը հա­­­նէ վե­­­րար­­­կուն / ու կա­­­մաց կա­­­մաց կը հա­­­նուի յու­­­լօ­­­­­­­րէն / Ազ­­­նիւ Պա­­­րոնին եւ Սա­­­տանա­­­յին / բեր­­­նին ջու­­­րե­­­­­­­րը կը վա­­­զեն»։

Այ­­­սօր լու­­­րե­­­­­­­րը կա­­­մաց են

Թեր­­­թե­­­­­­­րու մէջ ինչպէ՞ս է կեան­­­քը։ Կա՞յ աշ­­­խուժու­­­թիւն, յա­­­ռաջըն­­­թաց։ Ին­­­չո՞ւ չէ։ Միայն՝ կա­­­մաց-կա­­­մաց։ Ահա քա­­­նի մը այժմէական խո­­­րագիր հայ­­­րե­­­­­­­նի թեր­­­թե­­­­­­­րէն եւ լրա­­­տուա­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րէն. «Կա­­­մաց-կա­­­մաց կը սկսէք հաս­­­կա­­­­­­­նալ, թէ որն է ԼՂ ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թիւնը ճա­­­նաչե­­­լու ու Ար­­­ցա­­­­­­­խը Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի կազ­­­մում վե­­­րահռչա­­­կելու «նուրբ» տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւնը», «Մոս­­­կո­­­­­­­ւան կա­­­մաց կա­­­մաց իրա­­­կանաց­­­նում է Խորհրդա­­­յին ժա­­­ռան­­­գութեան հո­­­ղահա­­­ւաք Հա­­­րաւա­­­յին Կով­­­կա­­­­­­­սում», «Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նում հո­­­ղը կա­­­մաց-կա­­­մաց մա­­­հանում է»։

Աղ­­­ջի, դու կա­­­մաց խօ­­­սի

Այ­­­սօր, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, կը փա­­­փաքիմ քա­­­նի մը կա­­­մաց երգ մէջ­­­բե­­­­­­­րել եւ աւար­­­տել մեր զրոյ­­­ցը։ Դուք այդ եր­­­գե­­­­­­­րու մէջ կը լսէք, թէ կա­­­մացու­­­թիւնը ու­­­նի իր քնքշու­­­թիւնը, ազ­­­նո­­­­­­­ւու­­­թիւնը եւ քնա­­­րեր­­­գութիւ­­­նը, ինչպէս «Կող­­­բա եայ­­­լի» եր­­­գը. «Կող­­­բա ելան սե­­­լերը, / Կտրաւ հո­­­գուս թե­­­լերը, / Կա­­­մաց քշէք սե­­­լերը, / Կա­­­պեմ չուլքուս թե­­­լերը»։ Իսկ Կո­­­միտաս վար­­­դա­­­­­­­պետը ական­­­ջա­­­­­­­լուր եղաւ «Բարձր սա­­­րից ջուր կը գա­­­յ» եր­­­գին, ուր կտրի­­­ճը կ’աղա­­­չէր, որ եարը խօ­­­սի կա­­­մաց, որ­­­պէսզի չա­­­րերը չլսեն իրենց սի­­­րաբա­­­նու­­­թիւնը.

Բա­­­ղի մի­­­ջին վարդ կ’ըլի,

Բա­­­ղի շու­­­նը զարթ կ’ըլի.

Աղ­­­ջի դու կա­­­մաց խօ­­­սի

Դալ­­­դա* տե­­­ղից մարդ կ’ըլի։

Դալ­­­դա։ Կա­­­րին, Ալաշ­­­կերտ, Համ­­­շէն՝ գաղտնի, ծա­­­ծուկ տեղ