ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Անունի ուրացումը եւ հետեւանքները

Երուանդ Օտեանի նշա­նաւոր թատ­րերգու­թեան մէջ Չար­շը­լը Ար­թին Աղան զայ­րա­ցած կը բո­ղոքէր իր քաղ­քե­նի տիկ­նոջ՝ «Փաս­կալ տի­յէ փալ­յա­չոյին կ՚ըսեն, իմ անունս Ար­թին է պէ Ար­թին է»։ Ար­թին աղա­յի այս պոռթկու­մը մտա­բերե­ցի, երբ լսե­ցի թէ դէմ­քով եւ ստանձնած դե­րերով հան­րա­ծանօթ դե­րասան Ռա­նա Ճապ­պար հայ կա­թողի­կէ մըն էր եւ անու­նի լրա­ցու­ցի­չը, այ­սինքն մա­կանու­նը Սո­լաքեան էր։

Այս լսե­լով յի­շողու­թեանս մէջ վե­րակեն­դա­նացան բա­զում անուններ, որոնք հա­սարա­կու­թեան մէջ մեծ զգու­շութեամբ քօ­ղար­կած էին իրենց հա­յեցի անու­նը։ Օրի­նակի հա­մար Տի­յար­պե­քիրի հա­յոց շատ ծա­նօթ Սա­մուէ­լը, որ գե­ղաձայն էր եւ բե­մերու վրայ իրեն պատ­շա­ճեցու­ցած էին «Հա­զին­սես» մա­կանու­նը, իբ­րեւ անուն ալ օգ­տա­գոր­ծեծ Սա­մի, փո­խանակ Սա­մուէ­լի։ Անուննե­րու այս շար­քը կա­րելի է եր­կա­րել։ Գրի­գոր Ճեզ­վե­ճիեանը, դար­ձեալ թրքա­կան շար­ժանկա­րի եր­բեմնի հան­րա­ծանօթ դէմք, հա­սարա­կու­թեան ներ­կա­յացաւ Քե­նան Փարս անու­նով։ Փարս որ ըսինք ակա­մայ մտա­բերե­ցի այս վայր կա­տուազ­գի անու­նէն ներշնչո­ւած մի ու­րիշ Փարս, այս ան­գամ Թուղլա­ճը մա­կանու­նով, որ մեծ աւանդ մը թո­ղած է թէ պատ­մագրու­թեան եւ թէ բա­ռարա­նագի­տու­թեան իր հսկայ պա­շարի շնոր­հիւ։ Ար­դեօք փո­խանակ Փար­սի, իր աւա­զանի անու­նով Բար­սե­ղով ներ­կա­յացած ըլ­լար հան­րութեան ի՞նչ կը պա­կասէր անոր նո­ւաճումնե­րէն։

Ծանր բեռ մըն է անու­նը փո­խել եւ այսպէ­սով ալ ինքնու­թիւնը քօ­ղար­կե­լու մար­մա­ջը։Քա­նի որ նիւ­թը անընդհատ վեր­յի­շումներ կը թե­լադ­րէ, թո­ւել կ՚ու­զեմ օրի­նակ մը եւս։ Թուրքիոյ ծաղ­րանկար­չա­կան արո­ւես­տի պա­շարին մէջ շատ փայ­լուն անուն մըն է Թու­րան Սել­չուք։ Ան իր հե­ղինա­կած Ապ­տիւլճամ­պազ կեր­պա­րով, գո­թական եւ քու­պի­քական ոճի յա­տուկ գի­ծերով եւ սրամ­տութեամբ իւ­րա­յատուկ դպրո­ցի մը հիմ­նա­դիրն է ծաղ­րանկար­չութեան մէջ։ Թե­րեւս շա­տեր առա­ջին ան­գամ պի­տի լսեն որ Թու­րան Սել­չուք այ­ցե­լեց իր մօ­րը բնա­կարա­նին ամե­նամօ­տիկ եկե­ղեցին եւ այնտեղ մին­չայդ իրեն ան­ծա­նօթ Հայր Պօ­ղոս Վար­դա­պետէն խնդրեց որ բա­րի ըլ­լայ այ­ցե­լելու իրենց տու­նը եւ հա­ղոր­դութիւն տայ հո­գեվար­քի մատ­նո­ւած իր սի­րելի մօր։ Հայր Պօ­ղոս կա­տարեց իր­մէ պա­հան­ջուածը եւ խոս­տա­ցաւ այս մա­սին լռու­թիւն պա­հել։ Յար­գեց իր խոս­տումը, բայց չես գի­տեր ինչ եղա­նակ­նե­րով այդ գաղտնի­քը եթէ ոչ հրա­պարա­կային, բայց գո­նէ հա­րեւան­նե­րու հա­մեստ շրջա­նակի մը հա­մար յայտնու­թիւն դար­ձաւ։

Մեր ապ­րած երկրի մէջ, ուր կը տի­րէ հա­յատեացու­թեան որոշ տա­րածում մը, որ­քան ալ անի­մաստ թո­ւի, մի գու­ցէ հասկնա­լի ըլ­լայ ինքնու­թիւնը քօ­ղար­կե­լու այս ջան­քե­րը։ Ոմանք սե­փական մաշ­կի հան­դէպ մտա­հոգ են, ոմանք ալ շու­կա­յական շա­հերու առու­մով։ Ամէն մարդ իրեն յա­տուկ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն մը կրնայ ու­նե­նալ։

Խնդրի էական կող­մը այն է թէ անու­նը քօ­ղար­կե­լով ան­հա­տը իր ինքնու­թիւնն ալ ու­րա­նալու ճամ­բան որ­դեգրած կ՚ըլ­լայ։ Այ­սօ­րուայ դրու­թեամբ մտէք ցան­կա­ցած հայ­կա­կան վար­ժա­րանէ ներս եւ աշա­կերտնե­րուն հար­ցուցէք իրենց անուննե­րը։ Զար­մա­նալով պի­տի տես­նէք թէ միայն բա­ցառու­թիւն պի­տի ըլ­լայ հան­դի­պիլ աւան­դա­բար հա­յեցի ան­ձա­նու­նի։

Չա­փազանց յո­ռետե­սու­թիւնով մե­ղադ­րո­ւելէ խու­սա­փելու հա­մար չեմ ու­զեր ըսել թէ ան­ձա­նու­նի ու­րա­ցու­մը ամ­բողջ ինքնու­թեան մը, ազ­գի մը, նոյ­նիսկ ծնո­ղի ու­րա­ցում է։ Բայց հա­մոզո­ւած եմ թէ այդպէս է։

pakrates@yahoo.com