ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յիշատակում կրկնութենէ խուսափելով

Օրացոյ­ցի էջե­րը հա­մարեա ամէն տա­րի նման կրկնու­թիւննե­րով կը յա­ջոր­դեն իրա­րու։

Ահա­ւասիկ հա­սած է 24 Ապ­րի­լի շա­բաթը։ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շատակ­ման օրն է այդ թո­ւակա­նը։ Հա­կառակ որ Թուրքիա իր պե­տական բո­լոր կա­ռոյցնե­րով յա­մառ պայ­քար կը մղէ 24 Ապ­րիլ թո­ւակա­նի «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շատակ­ման օր» կո­չու­մով նշո­ւելուն ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար, այս բնոյ­թի յի­շատա­կումնե­րը ամե­նաշատ կը կա­տարո­ւին իր երկրին մէջ։ Երե­ւոյթ մը, որ եր­կու տաս­նա­մեակ առաջ երե­ւակա­յելն իսկ անհնար էր։

Ու­րեմն յայտնի է թէ շատ ջու­րեր հո­սած են որոշ կա­մուրջնե­րէն ներ­քեւ եւ հի­մա այ­լեւս կա­րելի չէ սրա­ծայր նի­զակը պար­կի մը մէջ պա­հել։ Եր­կար տա­րիներ փոր­ձե­ցին այդ մէ­կը, որու հե­տեւան­քով պար­կը ծակն ու ծակ եղաւ։

Նոյ­նիսկ կա­րելի է պնդել թէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ու­սումնա­սիրող հրա­տարա­կու­թիւննե­րու քա­նակի եւ որա­կի առու­մով ալ Թուրքիա եւ թրքե­րէնը անմրցե­լի են։ Բա­ցի այս մա­սին գրուած հա­մաշ­խարհա­յին գրա­կանու­թեան ծա­նօթ հրա­տարա­կու­թիւննե­րէ տե­ղացի, պատ­մա­բան­նե­րու կամ քա­ղաքա­գէտ­նե­րու ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը եւս մեծ ծա­ւալ կը կազ­մեն։

Իմա­նալու, հասկնա­լու եւ վեր­ջա­պէս մեկ­նա­բանե­լու կամ վեր­լուծե­լու պա­պակ մը կը տի­րէ։ Մին­չեւ օրս չէ յա­գեցած այս պա­պակը։ Իսկ այս ան­յագ երե­ւոյ­թի դի­մաց կը տի­րէ զգա­լի ճա­րահա­տու­թիւն։ Ամէն տա­րի սա­կաւա­թիւ ան­ձեր են որ կը հար­կադրո­ւին այս նիւ­թով եկած առա­ջարկնե­րը պա­տաս­խա­նելու։ Հետզհե­տէ կրկնու­թեան տա­նող ան­պա­տեհու­թիւն մը կայ այդ երե­ւոյ­թին մէջ։ Կազ­մա­կեր­պիչներ իրենց վրայ պար­տա­կանու­թիւն կը հա­մարեն որոշ թո­ւակա­նի մը հա­մար յա­տուկ ծրա­գիր մը մշա­կելու առա­քելու­թիւնը։ Այս ընե­լու հա­մար ալ իւ­րա­քան­չիւն ան­գեամ կը դի­մեն որոշ, նոյ­նիսկ յա­ճախ նոյն ան­ձե­րու։

Ըն­դա­մէնը 50 կամ 60 հա­զարա­նոց փոք­րա­թիւ հա­մայնքի մը հա­մար ծանր է այս բե­ռը։ Ի տար­բե­րու­թիւն տի­րող ընդհա­նուր հա­մոզու­մէն նախ եւ առաջ ան­հիմն է կար­ծել թէ իւ­րա­քան­չիւր հայ այս մա­սին որոշ տե­ղեկու­թիւն եւ գի­տելիք ու­նի։ Իրա­կանու­թեան մէջ շա­տերուն գիտ­ցա­ծը միայն իր ըն­տա­նիքի ան­մի­ջական շրջա­նակի ապ­րումնե­րով սահ­մա­նուած է։ Շա­տեր գի­տեն իրենց նախ­նեաց ապ­րումնե­րը, բայց կը դժո­ւարա­նան այդ եզա­կի պա­տումնե­րը ընդհա­նուր պատ­կե­րացու­մի մը մէջ տե­ղադ­րե­լու։ Իսկ այդ կա­րողու­թիւնը ու­նե­ցող­նե­րէն ոմանք պար­զա­պէս կը խրտչին խօ­սելէ, եւ ոմանք ալ մեծ թե­րահա­ւատու­թիւնով հա­մոզո­ւած կը մնան թէ այս նիւ­թե­րը խօ­սելով ոչ մէկ բան կը փո­խուի։

Թէ խրտչող­նե­րը եւ թէ թե­րահա­ւատ գտնո­ւող­նե­րը իրենց վար­քը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար բա­զում օրի­նակ­ներ կրնան բե­րել։ Բայց միւս կող­մէ կայ իս­կա­պէս ալ իրո­ղու­թիւնը բա­ցայայ­տել ու­զողնե­րու յատ­կա­պէս ալ երի­տասարդնե­րէ բաղ­կա­ցած փա­ղանգ մը։

Ու­րեմն հայ ան­հա­տը պա­տաս­խա­նատու է թէ իր ար­դա­րու­թեան կա­րօտ նախ­նեաց հան­դէպ եւ թէ իմա­նալ ու­զող երի­տարա­դին հան­դէպ։ Յի­շենք մին­չեւ մեր ժո­ղովրդա­կան բա­նահիւ­սութեան մաս կազ­մած անէծ­քը՝ «Աշ­խարհում ով մո­ռանայ, ջուխտ աչ­քով թող քո­րանայ»։

Այս անէծ­քը նա­հատակ­նե­րուն կտա­կը հա­մարե­լով ձեռ­քի մատ­նե­րով համ­րե­լու չափ սա­կաւ մար­դիկ այս տա­րի ալ պի­տի փոր­ձեն ուխտ մը կա­տարել։ Իրա­զեկ դարձնել բո­լոր այն սիր­տե­րը, որոնք կը բա­բախեն իրո­ղու­թեան հաս­նե­լու տեն­չով։

Էլի պի­տի անցնին օրա­ցոյ­ցի էջե­րը եւ մենք 19 Յու­նո­ւար, 24 Ապ­րիլ, 1 Մա­յիս ապա հետզհե­տէ նո­րանոր թո­ւական­նե­րով պի­տի շա­րու­նա­կենք անի­րաւո­ւած­նե­րու աղա­ղակը բարձրա­ձայ­նել։

pakrates@yahoo.com