Յիշելով երէկը եւ մտահոգուելով վաղուանով յարգելի ընթերցող, կը մոռնանք՝ այսօրը։ Այսօր, երբ հայաշխարհի մէջ տխրելու եւ ուրախանալու շատ պատճառներ կան, մտածեցի այսօրուան գործը չձգել վաղուան ու գրի առնել «այսօր» բառի գրական անցեալը։ Դուք զարմանալով պիտի տեսնէք, թէ անցեալի այսօրները կը շարունակեն մնալ թարմ, լուսաւոր, ամէն տաղ վաղնջական, ամէն երգ հնական կարծես, թէ այսօր է գրուած։ Ահա հայկական գրականութեան «այսօր»ներու վիպագրութիւնը։
Այսօր ցնծան երկինք
Հայու «այսօր»ը սկսաւ աղօթքով եւ հացով։ Մեր առաջին աղօթքի մէջ ջերմեռանդօրէն ըսինք «Զհաց մեր հանապազորդ տո՚ւր մեզ այսօր»։ Ապա Ոսկեդարու մեր հոգեւոր հայրերը ստեղծեցին աղօթքներ, շարականներ, հոգեթով տաղեր, որոնք մնացին այժմէական եւ թարմ։ Գաղտնի՞քը… Անոնք կը սկսէին «այսօր» բառով։ «Այսօր»ը առաջին անգամ Սահակ Պարթեւը գործածեց իր աղօթքներու մէջ։ Թէեւ գրաբար են անոնք, բայց ժամանակակից ընթերցողի համար ո՚չ անըմբռնելի։ Ահա քանի մը տողիկ. «Այսօր կանգնեցաւ աւազան մկրտութեան», «Այսօր Տէրն մեր լուանայր զոտս աշակերտացն», «Քրիստոս այսօր ի հող մահու խոնարհեցաւ»։ Մովսէս Խորէնացիի համար չկար ժամ ու ժամանակ։ Մեր պատմահօր համար ամէն գործողութիւն կը կատարուի՝ այսօր. Ծնունդը այսօր է, յարութիւնը այսօր. «Այսօր ցնծան երկինք», «Այսօր տօնեն հրճմամբ», «Այսօր պարեն ընդ մեզ երգով»։ Նոյնպէս՝ 16-րդ դարու տաղասաց Աստուծատուր Հենեցին ըսաւ. «Այսօր տօն է Ծննդեան աւետիս»։ Հայկական շարակնոցը անժամանակ է։ Ան հաստա՚տ այսօր է գրուած. «Այսօր երկնայինքն ուրախացան, / Այսօր մանկունք Եկեղեցւոյ տօնեն ցնծութեամբ», «Այսօր աղբիւր գիտութեան բղխեալ ի սուրբ վերնատանն», «Այսօր ցնծան երկնայինքն եւ պար առեալ ի բարձունս երգեն զերգս հոգեւորս»։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալին Աստուածածնի փոխման նուիրուած տաղի ամէն երկրորդ տողը սկսաւ «այսօր»ով. «Այսաւր Գաբրիէլ հրեշտակապետն եկեալ / Այսաւր երկնայնոց խմբիցն պար առեալ, եղանակէին շուրջ ըզգերեզմանաւն / Այսաւր շնորհեցաւ բժշկութեանց պարգեւս / Այսաւր երգս առեալ գոչեմք»։ Ներսէս Լամբրոնացին, որ Գրիգոր Պահլաւունիի եւ Ներսէս Շնորհալիի հովանաւորութեամբ կրթուած էր Հռոմկլայի հայրապետանոցի բարձրագոյն դպրոցի մէջ ու Շնորհալիի ձեռքով 1170 թուականին՝16 տարեկանին քահանայ ձեռնադրուած էր, Քրիստոսի թաղման պատկերը փոխադրեց այսօրուան. «Այսօր է շաբաթ եւ լռութիւն, հանգիստ յերկրի, / Զի ի գուբ ստուերին ննջէ Արքայն եւ Տէրն երկնի»։ Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացին 1270-ներուն գրեց «Տաղ ջրօրհնեքին» եւ մեզի բացատրեց, թէ այդ արարողութիւնը առաջին անգամ կատարուեցաւ՝ այսօր. «Այսօր ձայն հայրական յերկնից իջեալ հաճոյական / Այսօր Սուրբ Հոգին իջեալ աղաւնակերպ եւ նիւթեղէն»։
Էսօրուայ փուշը
Հայը, որ միշտ անցեալի կարօտն ունի, իսկ ապագայի հանդէպ կասկած եւ անվստահութիւն՝ փորձեց սիրել այսօրը։ Անոր հետ բառախաղեր ըրաւ, շինեց բազմաթիւ դարձուածքներ։ Իր ընկերային եւ քաղաքական անելներու եւ հանելուկներու առջեւ հայը տուաւ դրական պատասխան. Խաղաղութի՞ւն… «այսօր-վաղը»։ Լաչինի միջա՞նցք… «այսօր չէ վաղը»։ Գերիներու ազատութի՞ւն՝ «այսօր-թէ վաղը»։ Իսկ գաւառախօս հայը «այսօր»ի մէջ գտաւ իմաստութիւն. «էսօր ինձ, էքուց քիզ», «էսօր կանք, էգուց չկանք», «էսօրուայ բանը էքուցուայ չեն գցի»։ Հայը նաեւ հաւատաց, թէ աւելի լաւ է այսօր փոքր բան մը ունենալ, քան սպասել վաղուայ աւելի մեծ խոստումին. «էսօրուան ձուն էգուցուան համեմին լաւ ա, էսօրուայ փուշը՝ էգսէն նուշը»։
Այսօր իմ եարին տեսայ
Միջնադարուն հայ տաղասացները, նախորդները մեր սիրելի աշուղներու, ցանկացան բնութիւնը եւ անոր բոլոր երկրային շնորհները վայելել։ Այսօ՛րն էր կարեւոր, այսօ՚ր էր արեւը ծագած եւ սիրահար երգիչը այսօ՚ր էր տեսած՝ իր եարին։ Յարգելի ընթերցող թերթեցէք 1400-ներու, 1500-ներու հայկական բանաստեղծութեան գանձարանները ու դուք կը տեսնէք, թէ մեր գրիչները երջանիկ էին այսօրով ու կը գովերգէին զայն։ Բազմաթիւ են այդ ժամանակաշրջանի «այսօրածին» ստեղծագործութիւնները։ Միտք չունիմ բոլորը ցուցադրելու, լոկ ազնիւ ընտրանի մը կը փափաքիմ ձեզի ներկայացնել։ Կոստանդին Երզնկացին օր մը, գարուն էր, ականջալուր եղաւ վարդի եւ սոխակի երկարաշունչ, անսպառ սիրաբանութեան. «Այսօր եղայ հողմն գարնան, սիրով հնչեմ ի բուրաստան… Այսօր խօսի բլբուլն համով… Այսօր մեզ տուր անուշ գինի… Այսօր եղեւ պայծառ գարուն… Այսօր է մեզի օր խնդման»։ Յովասափ Սեբաստացին, տեսէ՚ք, ի՜նչ ուրախ է այսօր, քանզի ան իր եարին տեսաւ. «Այսօր տեսայ զինք զարդարած, յիս հայեցաւ վերաց վերաց / Այսօր տեսայ մէջ պաղչային, նորա սուրաթն (դէմք, երես) էր խիստ պայծառ քան զվարդն ի մէջ կոկոնին»։ Զաքարիա Եպիսկոպոս Գնունեացը այսօր վայելեց գարնան ջերմութիւնը. «Այսօր դառնայ արեւն ի խոյն եւ մեզ բերէ պայծառ գարուն»։ Մարտիրոս Խարասարցին գրեց «Տաղ վասն ուրախութեան մարդկան» եւ կոչեց որ ուրախանանք. «Այսօր տօնեմք, ձեզ աւետիս, ահա ցնծամք յայսմ տօնիս»։ Ղարիբ Մկրտիչին ներգործեց Մայիսը, սիրելու ամիսը. «Այսօր գարունն է եկեր, ամիսն է մայիս, այդ քո ծով աչերովդ խոլոռ կու նայիս»։ Սիարահար Խաչատուր Խասպէկ Կաֆացին իր մօտ կանչեց սիրունատես օրիորդիկը. «Ե՛կ սիրելի, ուրախասցուք, ահա այգին ծաղկեցաւ,/ Նոր արուսեակն առաւօտուն այսօր յայգին ծագեցաւ»։ Մարտիրոս Ղրիմեցին «Վասն ուրախութեան մարդկանէ տաղի մէջ աւետեց. «Զի այսօր է բարեկենդան, որ է օր մեծ ուրախութեան… / Պարտ է այսօր ուրախանալ»։ 1592 թուականին, իր դարաշրջանի վերջին աշուղը՝ Նահապետ Քուչակը, այսօր ունեցաւ բախտաւոր օր մը. «Այսօր ինձ հազար կաղանդ՝ աչերուս, որ զքեզ տեսայ»։ Իսկ Սայաթ Նովան, երկու դար յետոյ 1792 թուականին երգեց. «Էսօր իմ եարին տեսայ»։
Այսօր հուր եմ, վաղը կ՚էրթամ
Մեր նախնիները մեզ զգուշացուցին. վայելենք այսօրը, գարունը մնացական չէ, մարդը մնացական չէ, եարը մնացական չէ… Տեսէ՛ք, ի՜նչ մեղք, Պօղոս տաղասացը այսօր ստացաւ մահուան հրամանը՝ «Այսօր է հաս (հասաւ) դառն հրաման», այնուհետեւ ցաւեցաւ ու մեզի բացատրեց, թէ մարդը յարգը գիտնայ այսօրուան . «Ղամբար էի երէկ ի մէջ ձեր փայլական, այսօր շիջուցեալ եմ, մեռեալ խաւարական… Այս իմ ճարտար լեզուս, որ կայր (էր) յոյժ քաղցրաբան, այսօր՝ կապեալ եւ կարկամեալ»։ Անցան օրերը, անցաւ գարունը, անցան զուարթաբան աշուղները՝ հայոց աշխարհը դառնացաւ։ Յովհաննէս Մշեցին ափսոսանքով, դողդողալով գրի առաւ « Տաղ վասն հայոց երկրի» ստեղծագործութիւնը եւ ըսաւ, թէ այսօր պէտք է ողբալ. «Եկա՜յք, Ադամա՛յ որդիք, արարա՛ծք ամէն միաբան, / Լացէ՚ք դուք այսօր զմեզ, զտառապեալ ազգս Հայկազեան»։ Քոսա երէց Բասենցին այս միտքերը ամփոփեց իմաստասիրական խօսքի մէջ. «Այսօր հուր եմ, վաղը կ’էրթամ»։
Երգենք այսօր
Յաջորդ յօդուածը, յարգելի ընթերցող, այսօր ձեզի ըսեմ, կը ծրագրեմ, որ ըլլայ ո՚չ հիներու, այլ՝ նորերու այսօրներու պատմութիւնը, նկատի ունիմ Վարուժանները, Թումանեանները եւ այլն։ Այսօր արտօնեցէք, որ հրաժեշտ տամ՝ Շիրակի զաւակ, մեներգիչ, բանաստեղծ, պատմագիր, Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի-պարի պետական անսամբլի հիմնադիրներէն, Գիւմրի քաղաքի մէջ աշուղական դպրոց հիմնած Գուսան Շահէնի մէկ երգով՝ «Խռոուած էր»։ Այս եգի մէջ կարելի է լսել հայկական միջնադարեան բազմաթիւ պայծառ այսօրներու ջերմութիւնը.
Այսօր ես իմ յարին տեսայ,
թուխ մազերը օլորած էր,
Բարեւ տուի, բարեւ չառաւ,
տեսնես ինչո՞ւ մոլորած էր,
Շարմաղ դէմքը կարմիր խնձոր,
լուսնի նման բոլորած էր,
Սիրտը ելած, աչքերը թաց,
անձրեւի պէս վարարած էր.
Կայծակ դառած խփեց անցաւ,
որոտի պէս վրդովուած էր։